ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • ՀՅԴ Այլ շրջաններ
  • Լուրեր

ԼԵՄ-ի 45-ամեակի նշում

21 Դեկտեմբեր 2018 26 մայիս 1973-ին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին հրապարակած յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ հայութեան գոյատեւման եւ Հայ դատի իրագործման համար մղուած պայքարներուն մէջ հայ երիտասարդութիւնը ներգրաւելու համար հիմը կը դրուի Լիբանանի երիտասարդական միութեան:

Այդ յայտարարութենէն անցած 45 տարիները մտաբերելով կարելի է հաստատօրէն ըսել, որ նման միութեան ստեղծման նպատակը արդարացուած է, որովհետեւ ԼԵՄ-ականներ գործօն ներկայութիւն եղած են եւ կը շարունակեն ըլլալ տարբեր բնագաւառներու եւ տարբեր վայրերու մէջ, տարբեր ժամանակներու, սակայն միշտ հոն, ուրկէ հնչած է ահազանգը` հայ ժողովուրդին ու հայրենիքին ծառայելու:

Երէկ հինգշաբթի, 20 դեկտեմբեր 2018-ին, ժամը 8:30-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցած ԼԵՄ-ի 45-ամեակի հանդիսութեան ընթացքին երիտասարդութեան կողմէ ԼԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Յարութ Լափաճեանին եւ օրուան պատգամախօս Անի Բագրատունիին խօսքերուն մէջ, ԼԵՄ-ի հիմնադիր սերունդի ներկայացուցիչներ Երուանդ Փամպուքեանի եւ Տիգրան Ճինպաշեանի, ինչպէս նաեւ ԼԵՄ-ի մէջ դերակատարութիւն ունեցած անձերէն Սեզար Զարմէնեանի, Մարալ Մխճեանի եւ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի տուած վկայութիւններուն մէջ կը հաստատուէր այս իրողութիւնը` տարբեր դիտանկիւններով եւ մօտեցումներով:

Յարութ Լափաճեան իր խօսքին սկիզբը լուսարձակի տակ առաւ այն երեւոյթը, որ նոր սերունդներու եւ յատկապէս երիտասարդութեան առողջ ազգային հոգեմտաւոր դաստիարակութիւնը ապագային սատարող ամէնէն էական ու նուիրական աշխատանքն է` աւելցնելով, որ երբ բազում են մարտահրաւէրները, նոր սերունդը պէտք է դաստիարակել եւ օժտել այնպիսի կարողութիւններով, որոնցմով ան պիտի յաջողի շրջանցել ո՛չ միայն երիտասարդութեան, այլ նաեւ ազգի գոյատեւման սպառնացող ամէն տեսակի դժուարութիւն:

Ապա ան անդրադարձաւ ԼԵՄ-ի հիմնադրութեան նպատակին` դիտել տալով, որ ան կոչուած էր հիմնականին մէջ ըլլալու ինքնադաստիարակման եւ մարդակերտման դպրոց: «Միութիւնը դարձաւ կեանքի դպրոց, որուն նպատակն էր համախմբել հայ երիտասարդութիւնը, անոր մէջ թրծել ազգային, յեղափոխական ու բարոյական հաւաքական դիմագիծ, անոր շարքերուն մէջ խթանել հասարակական համոզում` գործելու ազնուաբար, միաժամանակ` համեստօրէն, ձօնելու ամէնէն թանկը եւ ծառայել առանց փոխադարձ ակնկալութեան», ըսաւ ան` նշելով, որ այդ դպրոցին աշակերտեցին իրենց շրջապատէն տարբերող տարրեր, որոնց մէջ գերակշռող էին ազգասիրութեան, կարգապահութեան եւ բարոյականութեան բարձր արժէքները:

Լուսարձակի տակ առնելով Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն ԼԵՄ-ականներու ուսերուն դրուած ծանր պարտականութիւնը` Յարութ Լափաճեան ըսաւ. «Միութիւնը դարձաւ լիբանանահայութեան պաշտպան վահանը: Կրակոտ աչքերով երիտասարդ տղաք նետուեցան գործի դաշտ` զոհելով իրենց թանկագին գարուն կեանքերը, որպէսզի գոյատեւէ գաղութ մը ամբողջ, պաշտպանելու համար ակումբները, տուները, եկեղեցիներն ու դպրոցները: ԼԵՄ-ականը հոն էր, ուր կարիքը կը զգացուէր հայու օգնութեան, խառնելով արիւն եւ քրտինք` հանգիստ քուն պարգեւելու հայահոծ թաղերու բնակիչներուն: Երկար տարիներ հայութեան հաւաքական գոյութիւնը վտանգած քաղաքացիական պատերազմին ԼԵՄ-ը զոհաբերած էր աւելի քան 20 նահատակներ եւ ունեցած բազմաթիւ վիրաւորներ»: Ան շարունակեց ըսելով, որ Հայ դատի աշխատանքներուն մէջ հիմնասիւները պիտի կազմէին դաշնակցական երիտասարդի անմնացորդ զոհողութիւնը եւ նուիրումի բարձր գիտակցութիւնը, ուր աղմկարար գործը զիջած էր արդէն լուռ աշխատելաոճին: Անկէ ետք եկաւ արցախեան գոյամարտը, որուն ընթացքին եւս ԼԵՄ-ական երկու գարուն կեանքեր` Վիգէն Զաքարեանն ու Մհեր Ջուլհաճեանը միացան հայրենիքի համար նահատակուողներու մեծ երամին` յոյս, կորով եւ հաւատք ներշնչելով հայուն:

Իր խօսքին երկրորդ բաժինով Յարութ Լափաճեան խօսեցաւ ներկային մասին եւ ըսաւ, թէ համեմատաբար խաղաղ պայմաններու մէջ միութեան գործունէութիւնը նոր ուղիներով եւ ուղղութիւններով կ՛ընթանայ: «Հայաստանի Հանրապետութեան հզօրացումը, Արցախի անկախութեան ճանաչումը, Հայ դատի աշխատանքներու հետապնդումը եւ լիբանանահայ գաղութի վերականգնման ի խնդիր ի գործ դրուած ճիգը կամ հայ երիտասարդին դէմ ցցուող մարտահրաւէրները հետապնդելի ամէնօրեայ խնդիրներ են», իսկ այս բոլորին համար կարիք կայ հայ մարդու ուժեղ եւ գաղափարապաշտ նկարագիրի կերտումին, մանաւանդ որ աշխատանքի սահմանները անծայրածիր են:

Իր խօսքի վերջին բաժինով Յարութ Լափաճեան հաստատեց. «Մեր երթը անշեղ է, ու մեր քայլերը հաստատ, ինչքան ալ դժուարութիւններ փորձեն խոչընդոտել մեր ուղին, անսակարկ նուիրումի դրօշը մեր ձեռքերուն եւ մեր նահատակ ընկերներու բոցավառող հոգիները ջահ դարձած կը լուսաւորեն մեր ընթացքը կեանքի սպառնացող արահետներով դէպի ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի սպասուած արեւածագը: Եւ ունինք այն հաստատ համոզումը, որ երբ մեր կողքին ունինք հայ երիտասարդութեան եւ ընդհանրապէս ամբողջ հայութեան նեցուկը, մեր երթը պիտի մնայ աւելի ապահով, իսկ գերագոյն նպատակը` անկասկած իրագործելի: 45-ամեակի մեր երդումի վերանորոգման այս երեկոյին, կու գանք ձեր առջեւ հաստատելու, որ մեր միութիւնը կեանքի կոչուած է ծառայելու հայութեան հաւաքական շահերուն եւ պիտի շարունակէ մնալ իր կոչումի բարձրութեան վրայ` աներկիւղ ոգիով նուիրուելով ազգի ընդհանրական հարցերուն` միշտ յանձնառու սլացքով»:

Ապա ցուցադրուեցաւ տեսերիզ, որուն մէջ տրուեցան վկայութիւններ, ընթերցուեցան կենսագրականները նահատակ ԼԵՄ-ականներուն, նաեւ վերանորոգուեցաւ Լիզպոնի անձնազոհ տղոց պայքարի ուղին շարունակելու ուխտը: Այս բաժինին իրենց մասնակցութիւնը բերին Լոռի Գորեսեան, Պարոյր Սթանպուլեան, Արազ Էլէյճեան, Աւօ Մարտիրոսեան, Սոնիա Հաւաթեան, Արտակ Կէօքճեան, Քրիստ Բրուտեան եւ Լարա Սիւրմէնեան:

Օրուան պատգամաբերն էր Անի Բագրատունի, որ անդրադարձաւ 45 տարի առաջ ՀՅԴ Ի. Ընդհանուր ժողովին յղացուած գաղափարին` ստեղծելու երիտասարդական միութիւն մը: «ԼԵՄ-ը հիմնուած է իբրեւ ՀՅԴ-ի դաստիարակչական միաւոր: Միաւոր, որ նախ պիտի դաստիարակուի ծանօթանալով ՀՅԴ-ի պատմութեան եւ հերոսներուն: Միաւոր, որ պիտի սորվի ու հասկնայ ՀՅԴ Կանոնագիրն ու Ծրագիրը: Միաւոր, որ ամէն բանէ վեր պիտի դասէ հայ ժողովուրդին ծառայութիւնը: Միաւոր, որ գործի մէջ խտրութիւն պիտի չդնէ: Միաւոր, որ պիտի գիտնայ ծառայել պատերազմի եւ խաղաղութեան մէջ: Միաւոր, որ Հայ դատը պիտի դարձնէ իր մտասեւեռումի առարկան: Միաւոր, որուն մէջ պիտի թրծուի նաեւ ՀՅԴ-ի հաւատարիմ համակիրը», ըսաւ ան: Ան շարունակեց, որ իր ծնունդէն երկու տարի ետք, սակայն, լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմի բռնկումով, միութիւնը փորձաքարի զարնուեցաւ եւ յաջող ու հպարտ դուրս եկաւ` ստանձնելով տարբեր պարտականութիւններ եւ ինքզինք արդարացնելով ամէն ճակատի վրայ: Ա. Բագրատունի աւելցուց, որ պատերազմը երկարեցաւ, սերունդներ փոխուեցան, եւ ԼԵՄ-ը իր շարքերէն աննման տղաք զոհեց: Անկէ ետք Հայ դատի պայքարի նոր փուլ թեւակոխեց հայութիւնը, հոն եւս ԼԵՄ-ականը եղաւ դերակատար:

«Երբ կը յիշենք այս բոլորը, երբ կը մէկտեղենք այս բոլորը, միայն այն ատեն կ՛անդրադառնանք կատարուած գործին տարողութեան եւ կը զարմանանք ու կը հիանանք նոյն ատեն, թէ` այդ ի՜նչ մղում էր, ո՞ւր թաքնուած էր այդ քաջութիւնը, կազմակերպութիւնը մինչեւ 1973: Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին նոր Սերոբ Աղբիւրներ, ԳԷորգ Չաւուշներ, Նիկոլ Դումաններ ծնած էին կարծէք: Իսկ Հայ դատի մարտիկները կարծէք երէկ կը գործէին Դրոներու, Թեհլիրեաններու, Շիրակեաններու հետ, հակառակ անոր որ 50-է աւելի տարիներ կը բաժնէին զիրենք անոնց ժամանակաշրջանէն», հաստատեց ան` հարց տալով, թէ ի՞նչ պիտի ըլլար կացութիւնը առանց ԼԵՄ-ին:

Անի Բագրատունի ըսաւ, թէ 45 տարի ետք կրնանք յայտարարել, որ ԼԵՄ-ը արդարացուց իր հիմնադիրներուն կողմէ իր վրայ դրուած յոյսերը, յաջողեցաւ միշտ գործօն ու աշխուժ ներկայութիւն ըլլալ լիբանանահայ գաղութին մէջ: Անդրադառնալով մերօրեայ ժամանակներուն` ան նշեց, որ ՀՅԴ-ն պէտք ունի մտաւորականներու, քարոզչական աշխատանք տանողներու, նաեւ` մարտիկներու` աւելցնելով, որ մարտական ըլլալ չի նշանակեր զէնք գործածել գիտնալ, ատիկա դիւրին կրնայ ըլլալ, այլ կարեւորը ճիշդ ժամանակին գործածելն է կամ հարցերը լուծել առանց արիւնահեղութեան: Առ այդ, ան անհրաժեշտ նկատեց, որ ԼԵՄ-ականը ըլլայ զարգացած, ոչ անպայման ուսման առումով, մարզուած եւ պատրաստակամ, որպէսզի ամէն կացութեան մէջ տալիք ունենայ:

«Փառաւոր 45 տարիներ, հարուստ պատմութիւն մը, որ սակայն կը դժուարացնէ ներկան: Այսպիսի անցեալ ունեցող միութեան մը անդամ ըլլալը հպարտալի է, բայց նախորդներու գործը շարունակելը` դժուար: Դժուար է նաեւ անոնց արժանի ըլլալը եւ ոչ թէ անոնց «փառքերով» հպարտանալը: Դժուար է դիմագրաւել անծանօթ ապագան, բայց ո՛չ անկարելի», հաստատեց Անի Բագրատունի:

Իր խօսքը եզրափակելով` պատգամախօսը ըսաւ, որ այսօր ԼԵՄ-ականը ունի անցեալի փորձառութեան ամուր հիմք, անկախ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ գործելու կարելիութիւն, բայց եւ այնպէս պարտաւոր է պայքար մղել համաշխարհայնացման, արհեստագիտութեան, այլասերումի, ապազգայնացման եւ ձուլումի դէմ, իսկ այս ճակատներուն վրայ յաղթանակ ապահովելու համար կարիք կայ համապատասխան ռազմավարութեան եւ մարտավարութեան` միշտ պահելով դաշնակցական գաղափարական ու կազմակերպական պատրաստութեամբ հաւատաւոր երիտասարդի դիմագիծը:

aztagdaily.com

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Երբ ասում են` Արցախը երբեք հայկական չի

ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթելյանը հանդես է եկել տեսաուղերձով․

19 Սեպտեմբեր 2026
Քանի դեռ կա թուրք-ադրբեջանական մոտեցու

Այսօր՝ Արցախի հայաթափման 3-ամյա տարելիցին, տեղի է ունեցել «Հիշատակի օր» խորագի

19 Սեպտեմբեր 2026
Արցախցիների հավաքական և անվտանգ վերադա

Արցախի Հանրապետության Ազգային ժողովի նախագահի պարտականությունները կատարող Գագի

19 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Այնճարը` Սփիւռքի Փոփոխուող

Մուսա լերան հերոսամարտի հերթական նշումը կը զուգակցուի Սուրբ Խաչի տօնին հետ: Հե

18 Սեպտեմբեր 2026
«Հայաստան» խմբակցության անդամները Շվեդ

ԱԺ «Հայաստան» խմբակցության ղեկավար Աննա Գրիգորյանը, խմբակցության քարտուղար Արթ

18 Սեպտեմբեր 2026
«Արմատախիլ անել» դաշնակցականությունը.

ՀՀ ԱԺ ամբիոնից իշխանական մեծամասնության պատգամավոր Արման Եղոյանի՝ սեպտեմբերի 1

18 Սեպտեմբեր 2026
Փաշինյանն ի զորու չէ իրավական պատասխան

«5-րդ ալիք» հեռուստաընկերության «Օրագիր» հաղորդման հյուրն է ՀՅԴ Հայ Դատի գրասե

17 Սեպտեմբեր 2026
Արամ Համբարեանի Մեկնաբանութիւնը՝ Հայ Հ

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ․- Ա․Մ․Ն․ նախագահ Տանըլտ Թրամփ, Սպիտակ տան մէջ Սեպտեմբեր 16-ին հանդի

17 Սեպտեմբեր 2026
Բաց նամակ՝ Ալիևի հրավերով օկուպացված Ա

ԲՐՅՈՒՍԵԼ, 17 սեպտեմբերի, 2026 թ․ — ՀՅԴ Եվրոպայի Հայ դատի գրասենյակը (EAFJD) բա

17 Սեպտեմբեր 2026
Ցույց ԱԺ-ի դիմաց. արցախցիները պահանջու

Արցախցիներն այսօր` սեպտեմբերի 17-ին բողոքի ցույց անցկացրեցին Ազգային ժողովի շե

17 Սեպտեմբեր 2026
Հայ Դատի Կոչը՝ Գերիներու Ազատ Արձակման

Աւելի քան տասնեակ մը քոնկրեսականներ Սեպտեմբեր 15ին պահանջեցին, որ Ատրպէյճան ազ

17 Սեպտեմբեր 2026
Ակնարկ. Հիմնական Դերակատարութիւն

Ակնկալելի էր, որ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նիստերուն Դաշնակցութե

17 Սեպտեմբեր 2026
Գազի թանկացումը բերելու է կատաստրոֆիկ

Խորհրդարանական քառօրյան բավականին թեժ է ընթանում։ ՔՊ-ական Արման Եղոյանն ԱԺ ամբ

16 Սեպտեմբեր 2026
Եթե Դաշնակցությունն արժեք ու ուժ չունե

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցության թիրախավորման պատճառները հասկանալու համար անհրաժե

16 Սեպտեմբեր 2026
Խայտառակ բռնաճնշումներ՝ ՏԻՄ ընտրւթյուն

Այսօր՝ սեպտեմբերի 16-ին Ազգային ժողովում տեղի ունեցավ ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ ներկայ

16 Սեպտեմբեր 2026
Պաքուի Պատրաստած Դատարկ Յուշամատեանը Ե

Անընդունելի է լռել, կուլ տալ պատահածը եւ լուսանցքի մէջ դնելով՝ էջը դարձնել, նո

16 Սեպտեմբեր 2026
Սփիւռքի Ազգային Զօրաշարժի Խորհրդաժողով

Սփիւռքի զօրաշարժի խորհրդաժողովին (Փարիզ, Ապրիլ 11-12) ընթացքին տեղի ունեցած չո

16 Սեպտեմբեր 2026
Սպասելով համազգային կամքի յաղթական արձ

1.Վերջին 8-ը տարւայ հայաստանեան թուրքահպատակ իշխանազաւթներն ու իրենց ապազգային

16 Սեպտեմբեր 2026
Փաշինյանը չի խրախուսում սփյուռքահայերի

Հայաստանի ներքին գործերի նախարարությունն առաջարկում է հնգապատկել Հայաստանի քաղ

15 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Նոր Ռազմավարութիւն` Ազրպէյ

Ազրպէյճանի մէջ հաւատարմագրուած դեսպաններու այցելութիւնը Արցախ առաջին քարոզչակ

15 Սեպտեմբեր 2026
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company