ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • ՀՅԴ Այլ շրջաններ
  • Հարցազրույցներ

Ազրպէյճան Արցախի Մէջ Գործադրեց Ցեղային Զտման Նոր Օրինակ` Նոր Ցեղասպանութիւն

30 Ապրիլ 2024

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի «Հաքի Մաուզուն» հարթակի սեփականատէր Ռոնի Ալֆայի հետ կատարած իր հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան, պաղեստինցի ժողովուրդին դէմ գործադրուող այսօրուան ցեղասպանութեան, Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու բնականոնացման, լիբանանեան ու հայկական ինքնութեան եւ անձնական որոշ տուեալներու:

Ցեղասպանութեան դրդապատճառներուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի ըսաւ, որ Օսմանեան կայսրութեան հիմնական «արժանիքը» ոճրագործութիւնն էր, անիրաւութիւնն ու բռնակալութիւնը:

Ան շեշտեց, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը գործադրելու իմաստով հիմնական դրդապատճառն էր Օսմանեան կայսրութեան հետապնդած համաթուրանական ծրագիրը յաջողցնել, իսկ Հայաստանի աշխարհագրական դիրքը արգելք կը հանդիսանար Օսմանեան կայսրութեան այս երազին իրականացման:

«Կայ նաեւ պատմական այլ իրողութիւն մը, որ ոմանք կը մոռնան. Հայոց ցեղասպանութիւնը միայն 1915-1918 Ա. Աշխարհամարտի ընթացքին չէ կատարուած, այլ սկսած է Ապտիւլ Համիտ Բ. սուլթանին օրերուն, երբ 300 հազար հայեր սպանդի ենթարկուած են եւ անոնցմէ ոմանք փախուստ տալով հասած են Լիբանան, տակաւին 1890-ին: Հայ ժողովուրդը բնաւ առանձին պետութիւն հիմնելու նպատակը չէ հետապնդած: Հայութեան ձգտումը այն էր, որ ունենայ կարգ մը առանձնաշնորհումներ, ինչպէս էր պարագան Լեռնալիբանանին: Այսինքն` Օսմանեան կայսրութեան մէջ գտնուող հայկական շրջանները ձեւով մը ինքնիշխան ըլլալու կարգավիճակ ունենային` ընկերային, մշակութային եւ կրօնական առումով», ըսաւ ան:

Յ. Բագրատունի աւելցուց, որ Ա. Աշխարհամարտին ընթացքին, երբ Միութիւն եւ յառաջդիմութիւն կուսակցութիւնը ստանձնեց իշխանութիւնը, ան հետապնդեց հայ ժողովուրդը բնաջնջելու քաղաքականութիւնը: «Պէտք չէ մոռնալ նաեւ, որ Միութիւն եւ յառաջդիմութիւն կուսակցութեան ղեկավարներ Թալէաթ եւ Էնվեր փաշաները հրէական արմատներ ունին եւ կրօնափոխ եղած են հրէութենէ հրաժարելով եւ իսլամութիւնը ընդունելով», շեշտեց ան:

Անդրադառնալով այն հարցումին, թէ արդեօք հայոց դէմ գործադրուած ցեղասպանութիւնը նաեւ կրօնական դրդապատճառներ ունեցա՞ծ է, Յ. Բագրատունի հաստատեց, որ եթէ նկատի պիտի ունենանք Ցեղասպանութեան դրդապատճառները, ապա կրօնական հանգամանքը վերջին մակարդակին վրայ կարելի է զետեղել:

Հայկական դիմադրութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի ընդգծեց, որ հայերը դիմեցին ինքնապաշտպանութեան` աւելցնելով, որ առաջինը 1888-1890-ին էր, երբ ՀՅ Դաշնակցութիւնը հիմնուեցաւ, ինչպէս նաեւ հայկական այլ կուսակցութիւններ եւ ֆետայական խումբեր կազմուեցան` դիմադրելու թրքական եաթաղանին:

«Տակաւի՛ն, ինքնապաշտպանութեան օրինակներ արձանագրուեցան Սասնոյ, Հաճընի, Զէյթունի, Ուրֆայի եւ այլ քաղաքներու մէջ: Հայոց կարելիութիւնները այդքան ալ շատ չէին, իրենք իրենց ուժերուն վստահելով կը զինուէին: Տակաւին կայ Մուսա լերան հերոսամարտը, որ Այնճարի մեր հայրենակիցներուն նախահայրերուն դիմադրութիւնն է ու ինքնապաշտպանութիւնը: Անոնք լեռ բարձրացան, եւ ֆրանսական նաւ մը հասնելով կրցաւ փրկել զանոնք եւ աւելի ուշ` 1939-ին, երբ Ֆրանսա Ալեքսանտրեթը յանձնեց Թուրքիոյ, անոնք վերջնականապէս դուրս եկան իրենց հողերէն ու հասան Լիբանան, որ օրին կը գտնուէր ֆրանսական հոգատարութեան տակ», ըսաւ ան:

Եւրոպական եւ ամերիկեան դրամատուներուն մէջ գտնուող հայ քաղաքացիներուն գումարները վերստանալու մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ կարգ մը ամերիկեան ընկերութիւններ, որոնց մօտ ապահովագրութիւններ ունէին հայերը, կատարած են նիւթական իրենց պարտաւորութիւնը եւ ոչ թէ անհատական, սակայն ապահովագրութիւն ունեցող հայոց ժառանգորդները նկատուող միութիւններուն եւ համայնքներուն կատարած են այդ հատուցումները:

«Հայ դատի պայքարին անցած տարբեր փուլերուն շնորհիւ, այսօր աշխարհի վրայ կան 34 երկիրներ ու պետութիւններ, որոնք կը ճանչնան Հայոց ցեղասպանութիւնը: Պապը, Ռուսիան, Միացեալ Նահանգները, ինչպէս նաեւ տարբեր երկիրներու խորհրդարաններ, որոնց մէջ նաեւ Լիբանանի եւ Սուրիոյ խորհրդարանները, ճանչցած են Հայոց ցեղասպանութիւնը: Լիբանանի խորհրդարանը ոչ միայն ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը, այլ նաեւ Թուրքիայէն կը պահանջէ ճանչնալ ցեղասպանութիւնը եւ այդ իմաստով պատասխանատուութիւն ստանձնել», հաստատեց ան:

Հայոց ցեղասպանութեան եւ պաղեստինցիներուն դէմ Կազայի մէջ այսօր գործադրուող ցեղասպանութեան միջեւ նմանութիւններուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` երեսփոխան Բագրատունի ըսաւ. «Անշուշտ նման են, սակայն այն տարբերութեամբ, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը 109 տարի առաջ գործադրուեցաւ, երբ լրատուամիջոցներ չկային: 1915-ին Միացեալ Նահանգներու նախագահը ցեղասպանութեան սկիզբէն մէկուկէս ամիս ետք գիտցաւ այդ մասին` ամերիկացի դեսպանին յղած հեռագիրներէն, իսկ այդ հեռագիրները Օսմանեան կայսրութեան ներքին գործոց նախարարին արտօնութեամբ կ՛ուղարկուէին: Այսօր` մարդիկ իրենց բջիջայիններուն վրայ ականատես կ՛ըլլան եւ կը վկայեն ցեղասպանութիւնը, իսկ Ապահովութեան խորհուրդը մնայուն կերպով կը յետաձգէ իր նիստերը` զինադուլի յանգելու կարելիութիւնը շօշափելով, առանց մտածելու, թէ նման նիստեր յետաձգելու իւրաքանչիւր որոշում կը նշանակէ հազարաւոր նոր զոհեր»:

Յ. Բագրատունի անհրաժեշտ նկատեց նաեւ նկատի ունենալ պաղեստինեան դիմադրութիւն ըլլալու տուն տուող պատճառները: «Կազայի մէջ այսօր կատարուածը ցեղասպանութիւն է, որ կը գործադրուի աշխարհին եւ ղեկավարներուն անտարբերութեան մթնոլորտին մէջ: Այսօր Կազայի մէջ ապրող այն երեխաները, որոնք վկայեցին իրենց ընտանիքներուն եւ հարազատներուն սպանութիւնը, արդէն իսկ դիմադրութեան նոր մարտիկներ կը նկատուին, այլապէս` անոնք ինքնութիւն ունեցող եւ անուն ունեցող քաղաքացիներ չեն ըլլար, այլ` թիւեր», ընդգծեց ան:

Թէ Այա Սոֆիայի եկեղեցին մզկիթի վերածելու որոշումը զինք մղա՞ծ է զայրոյթի, Յ. Բագրատունի ըսաւ. «Այա Սոֆիայի եկեղեցին մէկն է այն բոլոր եկեղեցիներէն, որոնք Թուրքիոյ տարածքին մզկիթի վերածուած են: Տակաւին ամիսներ առաջ` 2023-ի սեպտեմբերին Ազրպէյճանը Արցախի մէջ նոյն ցեղասպան քաղաքականութիւնը որդեգրեց եւ 2022-էն ի վեր` 9 ամսուան ընթացքին Արցախը շրջափակելէ ետք, յարձակեցաւ Արցախի վրայ, ճիւաղային իր սպանութիւնները գործեց եւ պատճառեց 120 հազար բնիկ ժողովուրդի բռնի տեղահանութիւնը իր պապենական հողերէն` գործադրելով ցեղային զտման նոր օրինակ մը` նոր ցեղասպանութիւնը: Ի տես այս բոլորին, աշխարհը մնաց լուռ. որոշ երկիրներ ամօթխած հաղորդագրութիւններ հրապարակեցին, իսկ ուրիշներ արցախցիներուն ուղարկեցին մարդասիրական օժանդակութիւն, որուն մուտքը չարտօնուեցաւ նոյնիսկ: Պատմական բոլոր եկեղեցիները քանդեցին, խաչերը վար առին, որմնանկարները հրկիզեցին եւ կարգ մը եկեղեցիներ վերածեցին մզկիթներու` աշխարհին աչքի առջեւ, քրիստոնեայ Արեւմուտքին աչքին առջեւ»:

Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման կարելիութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ սկսելու համար Հայաստանը չէ, որ իր սահմանները փակած է Թուրքիոյ դիմաց, այլ` Թուրքիան իր սահմանները փակած է: Ան շեշտեց, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը կ՛ընդունի յարաբերութիւններու բնականոնացման կարելիութիւնը` Թուրքիոյ կողմէ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու եւ հայ ժողովուրդին նիւթաբարոյական հատուցումները կատարելու նախապայմանով: «Սակայն Հայաստանի ներկայ իշխանութիւնները եւ կառավարութիւնը կը գործեն այդ ուղղութեամբ: Ասիկա մեր կեցուածքը չէ, եւ հասկնալով հանդերձ երկիրներու միջեւ փոխադարձ յարաբերութիւններու կարեւորութիւնը, կը հաւատանք, որ այս քայլը ճիշդ ձեւը չէ` յարաբերութիւններու բնականոնացման առումով», ընդգծեց ան:

Լիբանանեան եւ հայկական ինքնութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ ինք լիբանանցի հայ է` հաստատելով, որ երկու ինքնութիւնները իրարու հետ չեն հակադրուիր:

«Լիբանանեան խճանկարը նկատի ունենալով կրնանք ըսել, որ մենք ընտրած ենք լիբանանեան ինքնութիւն ունենալ: Երբ հայրս Լիբանան հասած է` Ցեղասպանութենէն ճողոպրած, տակաւին Մեծն Լիբանանը չկար, եւ երկիրը տակաւին Օսմանեան կայսրութեան ենթակայ էր: 1926-ի սահմանադրութեամբ եւ առաջին մարդահամարին ընթացքին հայերը արդէն իսկ Լիբանանի մէջ էին: Լիբանան իր անկախութիւնը ստացաւ աւելի ուշ, եւ հայութիւնը եղաւ այդ անկախութեան կերտիչներէն: Հետեւաբար ես լիբանանցի եմ հայկական պատկանելիութեամբ, ինչպէս որ ուրիշ մը լիբանանցի է ասորի պատկանելիութեամբ, մարոնի պատկանելիութեամբ, սիւննի, շիի կամ տիւրզի պատկանելիութեամբ, մէկ տարբերութեամբ սակայն, որ իմ ազգութիւնս արաբ ազգութենէն տարբեր է, սակայն ես ինքզինքս կարգ մը արաբներէ շատ աւելի արաբ կրնամ նկատել: Եթէ մենք հայրենիքին հանդէպ հաւատարմութեան եւ նուիրումի մակարդակը նկատի պիտի ունենանք, ապա հայ համայնքը հաւատարիմ է Լիբանանին: Շատ մը հայեր նախընտրեցին Սուրիա մնալ եւ կամ այլ երկիրներ գաղթել, ինչպէս Իրաք, Իրան, Եգիպտոս եւ Եւրոպա, սակայն մենք ընտրեցինք Լիբանանը` իբրեւ վերջնական հայրենիք: Անշուշտ պէտք չէ մոռնանք մեր իսկական ինքնութիւնը, որովհետեւ եթէ նման բան կատարենք, ապա լիբանանեան ինքնութիւնն ալ կրնանք մոռնալ: Լիբանանի միասնականութեան, անկախութեան, ազատութիւններուն եւ ազգային գոյակցութեան ու համերաշխութեան նկատմամբ մեր յանձնառութիւնը արդիւնք է համոզումի: Մենք 1918-ին ունէինք անկախ երկիր Հայաստան, հետեւաբար շատ լաւ գիտենք ի՛նչ ըսել է հող եւ հայրենիք, ինչպէս նաեւ անկախութիւն կորսնցնել: Այս դիտանկիւնէն մեկնելով կը հաստատենք, որ կարելի չէ քինախնդրութեամբ վարուիլ եւ քաղաքական բարձր առաստաղի բառամթերք օգտագործել: 1975-ի պատերազմին մենք յանձնառու չէզոքութեան կեցուածքը որդեգրեցինք եւ պատերազմի ամբողջ տեւողութեան երկխօսութիւն պահանջեցինք, որովհետեւ զէնքին դիմաց զէնքը եւ բռնարարքներուն դէմ բռնարարքները ահաբեկչութեան կ՛առաջնորդեն: Դժբախտաբար ոչ ոք լսեց մեզի, 15 տարուան պատերազմի «անհրաժեշտութիւն» կար ըստ երեւոյթին, եւ անկէ ետք երկխօսութիւն կատարելու առիթ` Թաէֆի մէջ: Պատմութիւնը ինքզինք կրկնեց նաեւ 7 մայիսին, երբ զգուշացուցինք սադրանքներու նախապատրաստութենէն. ոչ ոք ականջ տուաւ մեզի, եւ ուղղուեցանք Տոհա: Այսօր նոյն իրավիճակն է, հայրենիքի միասնականութեան, հայրենիքի ապագային եւ նորահաս սերունդներուն ապագային հանդէպ մեր նախանձախնդրութենէն մղուելով կ՛ըսենք, որ ստիպուած ենք երկխօսութիւն կատարել` նոյնիսկ եթէ երկխօսութեան հանդէպ վստահութիւն չունինք», ըսաւ ան:

Անձնական հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի նշեց, որ ինք հօրենական ընտանիքին եւ մեծ հօր մասին գրեթէ բան չի գիտեր: «Նոյնիսկ հայրս չէ տեսած իր հայրը, որուն սպաննած են թուրքերը», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ ծնողքէն սորված է արժանապատուութեան տէր կանգնիլ, ոչ ոքի ձեռք բանալ եւ ինքն իրեն համար ոչինչ պահանջել:

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Արարատն ու կեղծ երկընտրանքը. պետականու

Կան ազգային խորհրդանիշներ, որոնց խորհուրդն ու նշանակությունը վեր են ժամանակի ո

04 Նոյեմբեր 2026
Տոն սրբոց թարգմանչաց

Նույնիսկ մարտնչող անաստվածության տարիներին ոչ մեկը չէր կարող կտրել այն բազմաթի

04 Նոյեմբեր 2026
Հայաստանի իշխող վարչակարգի «խաղաղությա

Հոկտեմբերի 13-ը Կարսի ապօրինի պայմանագրի կնքման օրն է: Այդ պայմանագիրը հայ ժող

04 Նոյեմբեր 2026
Ընկերվարութիւնը համայնավարութիւն չէ

Մելիտինեցու սոյն վերտառութեամբ հրապարակագրութեան միջոցով կարելի է որոշակի պատկ

04 Նոյեմբեր 2026
Գիտելիք և կարողունակություն

Կարողունակությունը՝ որպես իրական կյանքում դրսևորվող գիտելիք Վերջին շրջանում

04 Նոյեմբեր 2026
Բացարձակ վերահսկողություն, թե՞ սոցիալա

Ադրբեջանում 2026 թվականի սեպտեմբեր-հոկտեմբեր ամիսներին հանրակրթական դպրոցներու

04 Նոյեմբեր 2026
«Մեկ ազգ, երկու պետություն» սկզբունքի

Տասնամյակներ շարունակ Թուրքիայի և Ադրբեջանի հարաբերությունները բնութագրվել են

04 Նոյեմբեր 2026
ՀՀ-ում չեն գործում Սահմանադրությունն ո

Ժողովրդավարությունը Հայաստանում ոչ թե հետընթաց է ապրում, այլ մահացել է. նոյեմբ

03 Նոյեմբեր 2026
Հայաստանի թուրքացումը. խորհրդարանական

Հոկտեմբերի 29-ին Հայաստանի Ազգային ժողովում տեղի ունեցած խայտառակ տեսարանները,

03 Նոյեմբեր 2026
Հայ Ուսանողութիւնը Արցախի համար 2025-ի

ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակի նախաձեռնութեամբ, 2025–2026 թուականներուն

03 Նոյեմբեր 2026
Թշնամիները՝ դրսից, Փաշինյանը՝ ներսից․

Անցյալ շաբաթ ՀՀ Ազգային ժողովի տասնյակ պատգամավորներ ներքաշվեցին խայտառակ ծեծկ

03 Նոյեմբեր 2026
«Դրօշակ»ի Առաջնորդող. Կարմիր գծերի հա

2026 թ. գարնանն ու ամռանը տեղի ունեցած նախընտրական և հետընտրական գործընթացները

03 Նոյեմբեր 2026
Ամուր կանգնել եւ «ո՛չ» ասել Փաշինյան

Սահմանադրության մասին. Նախ պետք է փաստել, որ Փաշինյանը տապալել է Սահմանադրո

02 Նոյեմբեր 2026
Լույս է տեսել ՀՅԴ պաշտոնաթերթ «Դրօշակ»

Ընթերցողին է ներկայացվել «Դրօշակ»ի հոկտեմբերի համարը։ ՀՅԴ պաշտոնաթերթի հերթակա

02 Նոյեմբեր 2026
Տեղի ունեցավ «Հայաստան» խմբակցության մ

Այսօր՝ նոյեմբերի 2-ին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագույն մարմնի անդամ, ԱԺ «Հայաստան» խմբա

02 Նոյեմբեր 2026
Նախագահական Ընտրութիւններէն 6 Ամիս Առա

Ֆրանսայի վերջին իրադարձութիւնները եկան հաստատելու, որ երկիրը կը դիմագրաւէ մէկէ

31 Հոկտեմբեր 2026
Խմբագրական. Նախապայմաններ Եւ Բախումներ

Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովին մէջ գործող մեծամասնութեան սադրած ֆիզի

31 Հոկտեմբեր 2026
Արծվիկ Մինասյանն ընտրվեց Մրցակցության

ՀՅԴ անդամ, Ազգային ժողովի նախկին պատգամավոր Արծվիկ Մինասյանն ընտրվեց ՀՀ մրցակց

30 Հոկտեմբեր 2026
Հայաստանի Սահմանադրութիւնը՝ Ադրբեջանը

Խորապէս մտահոգիչ է հետեւել, թէ ինչպէս Հայաստանի կառավարութիւնը բացէիբաց քննարկ

30 Հոկտեմբեր 2026
Հայ դատի կենտրոնական խորհուրդը հրապարա

Հայ դատի կենտրոնական խորհուրդը (ՀԴԿԽ) հրապարակել է «Հայ պատանդներն Ադրբեջանում

30 Հոկտեմբեր 2026
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company