ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • ՀՅԴ Այլ շրջաններ
  • Ելույթներ

Դաշնակցութեան Ճամբով Հայութեան Եւ Հայաստանին Ծառայելու Դռները Լայնօրէն Բաց Են Ձեր Առջեւ

10 Հուլիս 2024

ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէի Ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունիի խօսքը՝ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի 50-ամեակի ձեռնարկին.

ՀՅԴ ԼԵՄ-ի հիմնադրութենէն յիսուն եւ մէկ տարիներ ետք կը կայանայ մեր այս հանդիսութիւնը` «Դէպի երկրորդ յիսնամեակ» ընդհանուր խորագիրին տակ: Խորագիրը, ըստ էութեան, խորհուրդ կը պարունակէ, վճռակամութիւն, նոր ու մշտապէս վերանորոգուող ներուժ` ապագան տեսնելու, նոր հորիզոններ նուաճելու, թիրախներ վերադասաւորելու, աշխատելաձեւային պատշաճեցումներ կատարելու:

Այլ խօսքով, դէպի նոր յիսնամեակը պայքարը շարունակելու վերանորոգ ուխտ մըն է դաշնակցական երիտասարդութեան` ՀՅԴ-ին ճամբով մեր ժողովուրդին ու հայրենիքի դատին ծառայութեան մէջ մնալու:

Առհասարակ երիտասարդութեան վերակազմակերպումը եւ անոր ներուժի օգտագործումը մեր ժողովուրդին համար տեւաբար եղած են Դաշնակցութեան գործելադաշտի հիմնական օրակարգերէն մէկը: Իր պատմութեան ընթացքին ամէն ժողով ու հանդիպում մնայուն կերպով անդրադարձած են երիտասարդութեան կարեւորութեան, անոր դերակատարութեան անվիճելի անհրաժեշտութեան եւ մեր ժողովուրդի կեանքի բոլոր ոլորտներուն մէջ անոր մասնակցութեան հրամայականին:

Այս իմաստով, Վիեննայի մէջ գումարուած ՀՅԴ 20-րդ Ընդհանուր ժողովը անգամ մը եւս ու նոր յանձնառութեամբ կը կարեւորէր հայ երիտասարդութեան դերը` իբրեւ անմասնատելի բաժին հայ ժողովուրդի ընդհանուր պայքարին եւ կու տար համապատասխան որոշումներ` նոր շունչ եւ կեանք տալու դաշնակցական երիտասարդութեան` սփիւռքի մէջ վերակազմակերպելով երիտասարդական կառոյցը: Միաժամանակ, նոյն ժողովը Հայ դատի հետապնդման գծով կ՛որոշէր վերադառնալ յեղափոխական աւանդներուն, իր գաղափարական եւ քաղաքական լիցքաւորումներով ու զայն գործնականացնելու եւ իրականութիւն դարձնելու համապատասխան ծրագիրներ կը մշակէր:

Այս ոգիին ծնունդ էր ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութիւնը:

Տարբեր էր աշխարհը, ու տրամաբանօրէն հայաշխարհը` այդ թուականներուն: Հայաստան կը շարունակէր մնալ խորհրդային վարչակարգի տակ: Ոչ ոք կ՛ակնարկէր Արցախի անկախութեան, հանգիստ պայմաններու տակ կ՛ապրէր մեր ժողովուրդը առհասարակ: Հայապահպանումի փուլէն ետք սփիւռքի քաղաքականացման փուլը ընթացքի մէջ էր, եւ կը բացուէր նոր շունչ ներարկելու եւ նոր հորիզոններ բանալու փուլը: Չկային համաշխարհայնացման հովերը, նուազագոյնն էր հայութենէն հեռանալու հոսքը: Յարաբերաբար հանդարտ էին միջինարեւելեան հայահոծ գաղութները, ամուր` մեր կառոյցները:

Բայց նաեւ տարածուած էին` կեանքի պարտադրած իրականութեան հետ հաշտուողականութիւնը, հանգիստը, պահպանողական մօտեցումը, կացութենէն գոհ ըլլալու ինքնախաբէութիւնը, ամէն ինչ վարդագոյն ու գեղեցիկ տեսնելու սիրամարգեան մտածելակերպը:

Նոր փուլ մը, գէթ սփիւռքի պատմութեան մէջ նոր էջ մը բանալու վճռակամութեամբ դիմաւորեցինք 70-ական թուականները: Եւ յիսուն տարուան ընթացքին այս ծիրին մէջ անուրանալի եւ հսկայական դեր ունեցաւ ԼԵՄ-ը:

Գաղափարական էութեան, քաղաքական մտածողութեան, մարտունակ դիմագիծի, ամուր կազմակերպութեան եւ կարգապահութեան հաւատացող երիտասարդներու համախմբումն է ՀՅԴ ԼԵՄ-ը:

Երբ անոր կազմութենէն ետք կը բռնկէր Լիբանանի պարտադրուած ներքին պատերազմը, ապա ԼԵՄ-ը ինքն ալ պարտադրուած եղաւ ըլլալու հայութեան ինքնապաշտպանութեան կռիւի առաջին խրամատի կարգապահ մարտիկը, բայց` ո՛չ միլիսիայի զինեալը: Մարտերը մղեց պատուով ու պահեց Լիբանանի հայութեան հայեցի դիմագիծը, անոր քաղաքական ինքնութիւնը եւ դերակատարութիւն ունեցաւ երկիրը բաժանումի տանող ծրագիրները վիժեցնելու պայքարին:

Յիսուն տարի ԼԵՄ-ականը եղաւ հոն, ուր հայութիւնը կարիք ունէր իրեն: Եղաւ` ինքնապաշտպանութեան մարտիկ, աւազի տոպրակ շալկող բեռնակիր, ելեկտրականութեան թելերը միացնող կամ ջուր կրող բանուոր, հիւանդատար ինքնաշարժի վարիչ, հայ քաղաքացիին կարիքներուն հասնող ծառայ, թաղամասերու աղբերը հաւաքող երիտասարդ, հայ մանուկն ու պատանին խնամող ուսուցիչ, դեղ, հաց ու սննդամթերք բաժնող մարդ, վիրաւորներ ու զոհեր երբեմն իր իսկ ուսերով տեղէ տեղ փոխադրող հայորդի, դպրոցական աշակերտ եւ համալսարանական ուսանող, բուժքոյր ու բժիշկ: Եղաւ ամէնուրեք, հոն, ուր կարիք կար, հոն, ուր ցաւ կար, հոն, ուր կանչ կար: Վտանգեց ինքզինք եւ «Քորոնա»-ի ամենավատ օրերուն հասաւ հայորդիներուն, Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին մոռցաւ իր սեփական տան վնասները եւ հասաւ ուրիշին:

Ու եղաւ Հայ դատի հետապնդման պայքարի առաջամարտիկ: Պահեց Լիբանանի հայութեան ինքնութիւնը, բայց միաժամանակ դարձաւ արդարութիւն հաստատելու ձգտող մարտիկը: Արդարեւ, մեր Դատին արդարացիութեան եւ իրաւունքներու ձեռքբերման հաւատքով դաստիարակուած ԼԵՄ-ականը չէր կրնար ձեռնածալ մնալ ցեղասպան Թուրքիոյ անպատժելիութեան եւ անոր ոճիրին մեղսակից աշխարհի լռութեան ու անտարբերութեան դիմաց: Ու երբ հնչեց կռիւի զանգը, ան եղաւ առաջինը` ընկալելու հրաւէրը: Հակաթուրք ցոյցերու կազմակերպիչը չեղաւ միայն եւ ոչ ալ դասախօսական ու մշակութային երեկոյթներու նախաձեռնողը: Լսեց զանգը, զանգը` թշնամին հարուածելու եւ աշխարհը արթնցնելու: Եղաւ` առաջին դիրքի վրայ: Վախ ու սարսափ չունեցաւ, տատամսում չճանչցաւ, չվարանեցաւ: Եղաւ` տիպար, հաւատացեալ ու համոզուած դիմադրութեան տիպար, քաղաքական բանտարկեալ, խոնարհ ու անյայտ հերոս, եւ տուաւ իր ամէնէն թանկագինը` կեանքը, եւ հանգիստ ննջեց Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատան մէջ, իր շիրիմը վերածելով մշտաբորբ պայքարի, յոյսի, հաւատքի եւ յարատեւ կռիւ ներշնչող ուխտավայրի:

Յիսուն տարի շարունակ ամէնէն դժնդակ պայմաններու մէջ գործեց, ու երբ հայրենիքի պայքարը զինք կանչեց, եղաւ հոն, Արցախի մէջ մասնակից` ազատագրութեան պատերազմին ու եղաւ նահատակ` Լիբանանէն ցոլացող աստղ աւելցնելով Եռաբլուրի մէջ: Եղաւ Արցախի բնակիչ, տեղւոյն բնակչութեան պատանեկանի թէ երիտասարդներու ներշնչման աղբիւր:

Եղաւ հայրենադարձ ու պաշտպանեց Հայաստանը, անզիջող մարտունակ պայքարողը դարձաւ ու պիտի մնայ այդպէս Հայաստանի թրքացումը գործադրող ոստիկանական խունթային ու անոր ղեկավարութեան դէմ, պայքարող մարտիկ, որպէսզի բարձր մնայ Արարատը, միշտ ծածանի եռագոյն դրօշը, անխաթար մնայ Հայաստանի զինանշանը, անհպելի` հայկական ազգային արժէքները եւ անկործանելի` հայութեան հպարտութիւնը:

ԼԵՄ-ը դարձաւ գաղափարական հնոց եւ ՀՅ Դաշնակցութեան ճամբով հայութեան ծառայութեան համար քատրային համակարգ: Արագ ակնարկ մը նետեցէք մեր ազգային հասարակական կեանքին մէջ գործ վերցուցած պատասխանատուներուն շրջանակին վրայ: Լիբանանի մէջ թէ սփիւռքի: Ազգային կեանքի ամէնէն պարզ մակարդակէն մինչեւ բարձրագոյն պատասխանատուներու շրջանակ, ԼԵՄ-ը, ԼԵՄ-էն անցած ու ԼԵՄ-ի դպրոցին մէջ կրթութիւն ստացած հաւատաւորները հոն են: Դպրոցի ուսուցիչ թէ տնօրէն, լրագրող, խմբագիր թէ խմբագրապետ, ազգային հաստատութիւններու մէջ գործող պաշտօնատարներ, միութիւններու պատասխանատուներ, թէ զուտ դաշնակցական մարմիններու, կոմիտէներու մէջ գործ ստանձնածներէն մինչեւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամներ: Հսկայ բանակ մը` ի սպաս մեր ժողովուրդին:

Այո՛ սիրելիներ,

Ա՛յս է ԼԵՄ-ը, անցնող յիսնամեակի անոր արգասիքը:

Հսկայական, ընդարձակածաւալ, արդիւնաւէտ եւ ապագայասլաց կազմակերպութիւն, որուն նմանը ունենալու համար պետութիւններ բազմամիլիոն գումարներու ներդրումներ կը կատարեն, եւ նոյնքան ալ կը ծախսուի զիրենք վտանգող նման կազմակերպութիւն մը տկարացնելու կամ քանդելու համար:

Իսկ հիմա` այսօր, յիսուն տարի ետք, դէպի երկրորդ յիսնամեակ, նոր յիսնամեակ:

Տարբեր են պայմանները այսօր` թէ՛ համաշխարհային դրուածքով, թէ՛ Հայաստանով, թէ՛ սփիւռքեան իրավիճակով եւ թէ՛ Լիբանանով:

Յանձնուած է ազատագրուած Արցախը:

Վտանգուած են Հայաստանն ու անկախութիւնը:

Գազանացած են Թուրքիան ու Ազրպէյճանը:

Պապանձած է աշխարհը, այսպէս ասած քաղաքակիրթ ու մարդու իրաւունքներու պաշտպան աշխարհը:

Հիասթափութիւնը համատարած է մեր ժողովուրդին մէջ:

Մակերեսայնութիւնը, թեթեւամտութիւնը, անձնակեդրոնութիւնը, ազգայինէն անդին` սեփական կեանքի հաճոյամոլութիւնը, բովանդակութենէ զուրկ ժողովրդահաճոյ երեւնալու սնափառութիւնը, հաշտուողականութիւնը` ի խնդիր սեփական շահի, հայկական հաւաքականութեան արժեհամակարգի փոխան համամարդկային մոլորեցնող, ապազգային եւ ինքնութիւնը հարուածող շարք մը գաղափարներու տարածումը, օտարէն հնչող ամէն մտածումի թմբկահարումը դարձած են մեր ժողովուրդի նոր հոգեվիճակին եւ առօրեային մէջ հետզհետէ արմատացող միտք ու կենցաղ:

Մոռցուած է պատմութիւնը: Նոյնիսկ յանցանք եւ յետադիմութիւն կը նկատուի յաղթանակներ յիշելը կամ անցեալի հերոսապատումի պանծացումը:

Պէտք է ապրինք, ուրախ եւ երջանիկ ապրինք, դրամ շահինք հասկացողութիւնները բնական ըլլալով հանդերձ, գերակշիռ դարձած են` հայ ապրինք, արժանապատիւ ապրինք, ազատ ապրինք հասկացողութիւններուն:

Կ՛արժեզրկուին` հայ մշակոյթը, գիրը, գրականութիւնը, հայ դպրոցը, Հայ եկեղեցին, կը քանդուին հեղինակութիւնները, արժէքները, մոռացութեան կը տրուին ազատութեան ու հայրենի հողին համար զոհուած բազմահազարներու յիշատակները:

Միայն ապրինք, աշխարհաքաղաքացիի պէս ապրինք: Այլեւս յոգնեցանք:

Դէպի երկրորդ յիսնամեակ դաշնակցական երիտասարդը կու գայ ըսելու բարձրաձայն ո՛չ` բանիւ եւ գործով: Պէտք է ըսեն ո՛չ: Չեն կրնար այո՛ ըսել:

Մեր երիտասարդները սուրբեր չեն, եւ կը սխալին ու պիտի սխալին բնականաբար:

Անոնք մերօրեայ հասկացողութեամբ խենթեր են, որոնք կը մերժեն կեանքի հանգիստը, սովորական արարածներ ըլլալու վարկածը եւ ջահը բարձր կը պահեն` շարունակելու սկսուած պայքարը:

Մասնագիտացման հրաւէրներուն ընդառաջ, անոնք գաղափարական երիտասարդներ են` ուսումնատենչ ու կրթուած, համալսարանական, բայց միաժամանակ` հաւատաւոր երիտասարդներ:

Ազատ մտածողներ են, երբեմն նաեւ շատ ազատ, քննական մտածողութեան ջատագով տղաք ու աղջիկներ են, որոնք, սակայն, կը հաւատան մեր ժողովուրդին եւ ՀՅ Դաշնակցութեան ազգային-գաղափարական-քաղաքական եւ կազմակերպական արժեհամակարգին:

Անոնք` այս տղաքն ու աղջիկները, փոփոխութեան եւ նորարարութեան համար պայքարող առաջամարտիկներ են, միաժամանակ ճանչնալով անցեալը, արժեւորելով հինէն եկած փորձառութիւնը: Յանձնառու են եւ պայքարող` այն նորին համար, որ հայկական է, ազգային է, կառուցողական է, եւ ոչ թէ «արուեստը արուեստին համար» վարկածով առաջնորդուող, փոխենք` պարզապէս փոփոխութեան համար, անհեռանկար, ապազգային ու քանդիչ նորին:

Մեր երիտասարդները ժողովրդավարութեան հաւատացող ու զայն պաշտպանող տարրերն են, որոնք կը մերժեն յանուն ժողովրդավարութեան եւ ազատ խօսքի իրաւունքին ներկայիս գործադրուող միտումնաւոր շատախօսութիւնը, բամբասանքը, վարկաբեկումը, քանդենք` ետքը կը շինենքի տրամաբանութիւնը:

Ու շարքը կարելի է երկարել, շա՜տ երկարել:

Մեր երիտասարդները հայեր են, դաշնակցական հայեր:

Երկրորդ յիսնամեակի սեմին անոնք աւելի քան երբեք, պատասխանատուութիւն ստանձնելու պատրաստակամութիւնը ունին այնպէս, ինչպէս զիրենք կանխող սերունդները:

Իսկ ՀՅ Դաշնակցութիւնը, ինչպէս միշտ, իր բարձրագոյն պատասխանատու ժողովներով ու մարմիններով միշտ կը պահանջէ` անոնց ներկայութիւնը, դերակատարութիւնը, որոշումներու մասնակցութիւնը, պատասխանատուութեանց ստանձնումը:

Զուր տեղը, աւելորդաբանութիւններով չարհամարհենք երիտասարդութիւնը, ոչ ալ ամբաստանենք, թէ անոնց տեղ չի տրուիր:

Մեր ուժը, մարդկային, քատրային, գաղափարական, կազմակերպական եւ մարտունակութեան զինապահեստը դո՛ւք էք, սիրելի՛ երիտասարդներ, սիրելի ԼԵՄ-ականներ, վաղուան պատասխանատուներ, դերակատարներ, ղեկավարներ, սիրելի ընկերներ:

Մի՛ ընկրկիք, մի՛ կոտրուիք:

Գիտակցեցէք, որ ձեզ կ՛ուզեն` հարուածել, սխալի մէջ ձգել, մոլութիւններով ձեզ քանդել, ուղեղալուացումով ձեր գաղափարական մարդու հաւատքը չէզոքացնել, բամբասանքով ձեր մարտունակութիւնը ջլատել:

Դէպի երկրորդ յիսնամեակը սրբազան հրաւէր է ձեզի` ամուր մնալու, տոկուն մնալու, հայ եւ դաշնակցական մնալու:

Ազատ մտածելու, անկախ մտածելու եւ ուրիշներն ալ ձեր գաղափարական մարտունակութեամբ վարակելու հրաւէր է այս նոր յիսնամեակը:

Դաշնակցութեան ճամբով հայութեան եւ Հայաստանին ծառայելու դռները լայնօրէն բաց են ձեր առջեւ: Այսօրուան մարտահրաւէրը վերցնելու, արժանապատիւ ձեւով ընդառաջելու խիզախութիւնը ցուցաբերեցէք:

Արժանի եղէք ձեզմէ առաջ եկողներուն ժառանգին: Մեր բոլորին սիրելի ԼԵՄ-ական նահատակներուն կտակը ձեր վզին պարտքն է:

Բաց են ճանապարհները, լայն են հորիզոնները, յստակ են թիրախները:

Ո՛վ որ քաջ է` ինչ կը սպասէ:

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Շիրակի նահանգապետ Կարո Սասունու արձանի

Գյումրու Պռոշյան և Գարեգին Նժդեհ փողոցների խաչմերուկում բացվեց Շիրակի ազդեցիկ

17 Հուլիս 2026
Երեւանէն մղոններ հեռու… Պրիւքսէլ

Հ․Հ․ կառավարութեան նիստերուն, 19 Բաղրամեան պողոտայի պետական կառոյցի աթոռներուն

17 Հուլիս 2026
ՀՅԴ Բիւրոն Կը Ցաւակցի Քաթարի Նախկին Իշ

Քաթարի իշխան շէյխ Թամիմ Պըն Համատի հօր` նախկին իշխան Համատ Պըն Խալիֆա Ալ Թանիի

16 Հուլիս 2026
«Սփյուռքը չի լռելու». Մոսկվայում բողո

Մոսկվայի հայկական եկեղեցու բակում երեկ հայ համայնքի ներկայացուցիչները հավաքվել

16 Հուլիս 2026
Հորմոզի նեղուցը պատւար ԱՄՆ-Իսրայէլ տան

1. Հոգեւոր առաջնորդ Ալի Խամենէիի յուղարկաւորութեան արարողութիւնները իրաւամբ վե

15 Հուլիս 2026
Իսրայելի համար հետեւանքները սարսափելի

Հորմուզի նեղուցի մերձակայքում իրականացված օդային հարվածներից հետո Միացյալ Նահա

15 Հուլիս 2026
Հայոց ցեղասպանութեան հարցը Հայաստանի ի

Իսրայէլի կառավարութեան կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան միաձայն ճանաչումը նոր փուլ մ

15 Հուլիս 2026
Եվրոպական խորհրդարանը վերահաստատում է

ՀՅԴ Հայ դատի Եվրոպայի գրասենյակի աջակցությամբ և Եվրոպական խորհրդարանի պատգամավ

15 Հուլիս 2026
Պաքուի Մէջ Հայ Բանտարկեալներու Մասին Հ

Ժողովին ընթացքին խօսք առաւ Արցախի Ազգային ժողովի նախագահ Դաւիթ Իշխանեանի որդին

15 Հուլիս 2026
Գիտէ, Բայց Չէ Տեսած

Ամէն հինգշաբթի, կառավարութեան հերթական նիստէն ետք, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ճեպ

15 Հուլիս 2026
Լավ լուր. ԵՄ-ն մտադրությունների հուշագ

Փաստաթղթում նշվում է, որ երկու կողմերը «հետաքրքրություն են հայտնում ուսումնասի

14 Հուլիս 2026
Ակնարկ. Հանրային կարծիքի նոր ճարտարապ

Նախորդ ակնարկում անդրադարձել էինք հանրային կարծիքի ձեւաւորմանը՝ որպէս ժամանակա

14 Հուլիս 2026
Ակնարկ. «Վերջապէս»

Թուրքիոյ նախագահին հրաւէրին ընդառաջումով Լիբանանի վարչապետին Թուրքիա կատարած ա

14 Հուլիս 2026
Միջազգային իրավունք․ երբ արժեքները դառ

Իրենց ժողովրդավար հռչակած պետություններն այսօր խոսում են ժողովրդավարության, մա

13 Հուլիս 2026
Օշականում նշվել է Քրիստոսի Պայծառակեր

Համազգային հայ կրթական և մշակութային միության Երևանի գրասենյակի նախաձեռնությամ

13 Հուլիս 2026
Ակնարկ. Դեմոկրասիայի անունով՝ յանուն բ

Հասարակական կարծիքի ձեւաւորման մասին խօսելիս նախ պէտք է հասկանալ, թէ ինչի՞ համ

13 Հուլիս 2026
Ցավակցագիր

Խորը վշտով ու ցավով տեղեկացանք. - Մեր սիրելի հայրենակից, ազգային ու հասարակ

12 Հուլիս 2026
ՆԱԹՕ-ի Ճգնաժա՞մ, Թէ՞ Զարգացման Նոր Փու

Քաղաքականութեան կողքին ի յայտ եկած էր նաեւ նիւթական եւ տնտեսական թնճուկը, զոր

10 Հուլիս 2026
ՀՅԴ Բյուրոյի հայտարարությունը

Հունիսի 7-ին Հայաստանում տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրությունները մեր նորօր

09 Հուլիս 2026
Սա քաղաքական պատվերով դատավարություն է

Արցախի Ազգային ժողովի նախկին նախագահ Դավիթ Իշխանյանի պատգամը Բաքվի բանտից.

09 Հուլիս 2026
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company