ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • ՀՅԴ Այլ շրջաններ
  • Հարցազրույցներ

Բոլորս պէտք է միասնաբար գործենք Լիբանանի բարգաւաճման ու քաղաքացիին բարօրութեան ի խնդիր

10 Դեկտեմբեր 2024

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի «Լեպանոն Ֆայլզ» կայքի «Հաքի Նեթ» յայտագիրին հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձաւ լիբանանեան իրադարձութիւններուն, յետպատերազմեան շրջանի զարգացումներուն եւ յունուարին կայանալիք նախագահական ընտրութեան հաւանականութեան:

9 յունուար 2025-ի խորհրդարանական նիստին հանրապետութեան նախագահ մը ընտրելու հաւանականութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի այդ հրաւէրը յայտարարեց, նաեւ հաստատեց, որ նիստին պիտի հրաւիրէ Լիբանանի մէջ օտար երկիրներու դեսպանները, «սակայն Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Տանըլտ Թրամփի միջինարեւելեան հարցերու խորհրդական Մասաատ Պուլոսի յայտարարութիւնը, թէ լիբանանցիները աւելի քան երկու տարի սպասելէ ետք քանի մը ամիս եւս կրնան սպասել, թիւրիմացութիւն մը ստեղծեց: Բայց եւ այնպէս նախագահական ընտրութիւնը պիտի կատարուի, եւ Պըրրի յորդորած է քաղաքական ուժերը համաձայնելու անձնաւորութեան մը շուրջ», յայտնեց ան:

Յ. Բագրատունի նշեց նաեւ, որ կարգ մը քաղաքական ուժեր նախաձեռնութիւններ առաջադրած են` նախագահական ընտրութեան հոլովոյթը դիւրացնելու եւ համախոհական թեկնածուի մը յանգելու նպատակով:

Ան հաստատեց, որ նախագահական ընտրութեան խորհրդարանի նիստին օրինաթիւ չգոյացնելու պատասխանատուութիւնը քաղաքական ոչ մէկ ուժ կրնայ ստանձնել, «սակայն յոռեգոյն պարագային նիստին յետաձգումը կրնայ հաւանական ըլլալ, թէեւ համոզուած ենք, որ նիստը յետաձգելը բաւական դժուար է ու բարդ», ըսաւ ան:

Նախագահական ընտրութեան մասին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի կեցուածքին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Բագրատունի վերահաստատեց, որ Կեդրոնական կոմիտէն համաձայն է նախագահական համախոհական թեկնածուի մը ընտրութեան եւ անյարմար կը գտնէ, որ Լիբանանի նախագահը ընտրուի խորհրդարանին կէս առաւել մէկին քուէներով, «որովհետեւ նորընտիր նախագահը պիտի ունենայ հանրապետութեան իշխանութիւնը ստանձնելու վեցամեայ նստաշրջան մը, որ լեցուն պիտի ըլլայ դժուարութիւններով: Նախագահը պիտի ստանձնէ իր պատասխանատուութիւնները եւ պիտի ըլլայ ատակ` երկրին դիմագրաւած լուրջ հարցերը լուծելու, նկատի ունենալով, որ Լիբանանի անկախութենէն ի վեր երկիրը իր վատագոյն եւ ամէնէն վտանգաւոր վիճակին մէջ կը գտնուի», հաստատեց ան:

Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ այս բոլորը իրագործելու համար համախոհական նախագահը պէտք է ընտրուի նուազագոյնը խորհրդարանին երկու երրորդին քուէներով եւ ամբողջ պաշտօնավարութեան ընթացքին վայելէ այդ համախոհութիւնը, որպէսզի կարենայ երկիրը ապաքինման հունին մէջ դնել:

Հայկական երեսփոխանական պլոքին ներկայացուցիչը դարձեալ ընդգծեց, որ Կեդրոնական կոմիտէն բացայայտ կերպով չ՛անուաներ, թէ ո՛ր թեկնածուին ի նպաստ պիտի քուէարկէ, «այդ մէկը կը կատարուի խորհրդարանին մէջ, ընտրութեան ընթացքին, եւ ընտրութենէն ետք յստակ կը դառնայ, թէ ո՛վ ստացած է անոր քուէն», աւելցուց ան:

Նախագահական ընտրութենէն ետք, վարչապետի եւ թափուր մնացած 30 պետական պաշտօններու նշանակումին հաւանականութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ նախագահական ընտրութեան համար գոյանալիք համախոհութիւնը պիտի ըլլայ ընդարձակ եւ ներառէ նաեւ նշանակումներն ու երկիրը յուզող հիմնական այլ հարցեր: «Ատոր պիտի յաջորդեն լիբանանեան պետութիւնը կերտելու եւ պետական հաստատութիւններուն աշխատանքները համակարգելու քայլերը», ըսաւ ան:

Նախագահական ընտրութեան հոլովոյթը դիւրացնելու նպատակով կազմուած միջազգային հնգեակին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ գաղտնիք չէ, որ հնգեակին մէջ գոյութիւն ունին տարակարծութիւններ` աւելցնելով, որ հնգեակի դեսպանները մնայուն կերպով կը շեշտեն հանրապետութեան նախագահ ընտրելու կարեւորութիւնը եւ ոչ մէկ անգամ յստակ թեկնածու առաջադրած են:

«Նախագահական ընտրութիւնը պիտի կատարուի նախ` միջլիբանանեան համախոհութեամբ, եւ ապա` միջազգային զօրակցութեամբ», աւելցուց Յ. Բագրատունի:

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան հետ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի յարաբերութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի նշեց, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը մաս կը կազմէ Հզօր Լիբանան համախմբումին եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան հետ ունի դաշնակիցի բնականոն յարաբերութիւններ: «Իսկ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութենէն հրաժարած երեսփոխաններուն հետ կայ անձնական բարեկամութիւն, որ կը շարունակուի», յայտնեց ան:

Յ. Բագրատունի ըսաւ նաեւ, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան հետ եւս ՀՅԴ-ն ունի յարաբերութիւններ:

Մեհրապի մէջ կայացած ընդդիմութեան հանդիպումին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ Կեդրոնական կոմիտէն չէր հրաւիրուած այդ հանդիպումին, հետեւաբար կարելի չէ կարծիք յայտնել: «Բայց եւ այնպէս լիբանանցի քաղաքական անձնաւորութիւններուն հանդիպումները քաջալերելի են, եւ ի վերջոյ այս երկրին հարցերը երկխօսութեամբ եւ փոխադարձ խորհրդակցութեամբ պիտի լուծուին: Մենք հայրենիք կորսնցուցած ժողովուրդ ենք, երանի մեր փորձառութենէն մեկնելով շարժին երկրին քաղաքական ուժերը եւ վերջ տան փայտեայ բառամթերքին, վարկաբեկիչ արտայայտութիւններուն ու ցեխարձակումներուն: Բոլորս պէտք է միասնաբար գործենք Լիբանանի բարգաւաճման ու քաղաքացիին բարօրութեան ի խնդիր», հաստատեց ան:

Մուսթաքպալ հոսանքի եւ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի Պէյրութ վերադարձի կարելիութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի մաղթեց, որ Հարիրի վերադառնայ Լիբանան եւ ստանձնէ վարչապետի պաշտօնը, որովհետեւ Լիբանանէն անոր հեռանալը երկրին վրայ վատ ազդեցութիւն ձգեց: «Հարիրի իր գործունէութեամբ փաստեց Լիբանանին նկատմամբ իր հաւատարմութիւնը, եւ երբ նշմարեց, որ իր գործունէութեան շարունակութիւնը երկրին մէջ յաւելեալ բեկում կը յառաջացնէ` հեռացաւ երկրէն, սակայն անոր վերադարձը բաղձալի է», յայտնեց ան:

«Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար շէյխ Նայիմ Քասեմի կողմէ երկխօսութեան ընդառաջումը արդեօք նո՞ր ոճ է» հարցումին պատասխանելով Յ. Բագրատունի ըսաւ. «Երբեք նոր ոճ չէ. Հըզպալլան միշտ բաց եղած է երկխօսութեան: Սէյիտ Հասան Նասրալլա անձամբ կը մասնակցէր 2006-ի ազգային երկխօսութեան նիստերուն, որոնք կը գումարուէին խորհրդարանին մէջ, նախքան յուլիսեան պատերազմը: Ան բաց սրտով կը խորհրդակցէր բոլորին հետ»:

Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչը յայտնեց, որ ի վերջոյ Հըզպալլան պիտի վերածուի քաղաքական կուսակցութեան` պահելով իր զօրութիւնն ու գաղափարաբանութիւնը:

Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ յայտարարուած զինադադարին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի նշեց, որ ինք մտահոգ է, որովհետեւ զինադադարը խախուտ կը թուի` նկատի ունենալով իսրայէլեան ուժերուն արձանագրած խախտումները: «Մէկ շաբթուան մէջ Իսրայէլ 180 խախտում արձանագրած է, հետեւաբար զինադադարին ճակատագիրը մտահոգիչ կը թուի», ըսաւ ան:

Սուրիոյ դէմ զինեալ խմբաւորումներուն յարձակումին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ անոր ժամկէտը ուղղակիօրէն առնչուած է Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ յայտարարուած զինադադարին` աւելցնելով, որ այդ խմբաւորումները կը վայելեն Թուրքիոյ զօրակցութիւնը, բացի Սուրիական ժողովրդավարական ուժերէն (Քաստ): «Թուրքիան ուղղակիօրէն յարձակում կը մղէ Սուրիոյ դէմ, այլապէս Թուրքիոյ դրօշը ինչո՞ւ պէտք է Հալէպի բերդին վրայ ծածանի, եւ ինչպէ՞ս կը պատահի, որ այդ զինեալները թրքերէն կը խօսին: Նաեւ պէտք չէ մոռնալ Թուրքիոյ նախկին վարչապետ Թուրկութ Օզալի եւ Թանսու Չիլերի արտայայտութիւնները, թէ Հալէպը Թուրքիոյ անբաժանելի մէկ մասնիկն է: Պէտք է նկատի ունենալ Միջին Արեւելքի քարտէսը փոփոխութեան ենթարկելու ճիգերը, իսկ արաբական երկիրները պէտք է մտածեն, որ Սուրիոյ բաժանումը ի՞նչ կը նշանակէ. միայն Սուրիայո՞վ սահմանափակուած պիտի ըլլայ, թէ՞ պիտի հասնի մինչեւ Իրաք եւ արաբական այլ երկիրներ», շեշտեց ան` աւելցնելով, որ այս բոլորէն օգտուող հիմնական կողմը Իսրայէլն է:

Հալէպը քրիստոնեաներէն եւ հայութենէն պարպելու ծրագիրի մը գոյութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ քրիստոնեաները ամբողջ Արեւելքէն պարպելու ծրագիր մը գոյութիւն ունի: «Քրիստոնեաները Լիբանանէն պարպելու ծրագիր գոյութիւն չունի՞», հարց տուաւ ան:

Յ. Բագրատունի հաստատեց, որ Հալէպի հայութեան հետ կապը մնայուն է, եւ ցարդ կեանքը բնականոն կերպով կ՛ընթանայ:

Լիբանանի մէջ քաղաքական ահաբեկումներու վերադարձին մասին հարցումի մը պատասխանելով Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ այդ մէկը հաւանական է, սակայն պէտք չէ այս կամ այն անձնաւորութեան սպանութեան լուրը հրճուանք պատճառէ միւսին: «Պէտք է մտածել, թէ ինչպէ՛ս կարելի է պահել Լիբանանը եւ վերադառնալ օրէնքին ու կանոնին», եզրափակեց Յ. Բագրատունի:

«Ազդակ»

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Հայ Ուսանողութիւնը Արցախի համար 2025-ի

ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակի նախաձեռնութեամբ, 2025–2026 թուականներուն

03 Նոյեմբեր 2026
Թշնամիները՝ դրսից, Փաշինյանը՝ ներսից․

Անցյալ շաբաթ ՀՀ Ազգային ժողովի տասնյակ պատգամավորներ ներքաշվեցին խայտառակ ծեծկ

03 Նոյեմբեր 2026
«Դրօշակ»ի Առաջնորդող. Կարմիր գծերի հա

2026 թ. գարնանն ու ամռանը տեղի ունեցած նախընտրական և հետընտրական գործընթացները

03 Նոյեմբեր 2026
Ամուր կանգնել եւ «ո՛չ» ասել Փաշինյան

Սահմանադրության մասին. Նախ պետք է փաստել, որ Փաշինյանը տապալել է Սահմանադրո

02 Նոյեմբեր 2026
Լույս է տեսել ՀՅԴ պաշտոնաթերթ «Դրօշակ»

Ընթերցողին է ներկայացվել «Դրօշակ»ի հոկտեմբերի համարը։ ՀՅԴ պաշտոնաթերթի հերթակա

02 Նոյեմբեր 2026
Տեղի ունեցավ «Հայաստան» խմբակցության մ

Այսօր՝ նոյեմբերի 2-ին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագույն մարմնի անդամ, ԱԺ «Հայաստան» խմբա

02 Նոյեմբեր 2026
Նախագահական Ընտրութիւններէն 6 Ամիս Առա

Ֆրանսայի վերջին իրադարձութիւնները եկան հաստատելու, որ երկիրը կը դիմագրաւէ մէկէ

31 Հոկտեմբեր 2026
Խմբագրական. Նախապայմաններ Եւ Բախումներ

Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովին մէջ գործող մեծամասնութեան սադրած ֆիզի

31 Հոկտեմբեր 2026
Արծվիկ Մինասյանն ընտրվեց Մրցակցության

ՀՅԴ անդամ, Ազգային ժողովի նախկին պատգամավոր Արծվիկ Մինասյանն ընտրվեց ՀՀ մրցակց

30 Հոկտեմբեր 2026
Հայաստանի Սահմանադրութիւնը՝ Ադրբեջանը

Խորապէս մտահոգիչ է հետեւել, թէ ինչպէս Հայաստանի կառավարութիւնը բացէիբաց քննարկ

30 Հոկտեմբեր 2026
Հայ դատի կենտրոնական խորհուրդը հրապարա

Հայ դատի կենտրոնական խորհուրդը (ՀԴԿԽ) հրապարակել է «Հայ պատանդներն Ադրբեջանում

30 Հոկտեմբեր 2026
Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններու Ըն

25 հոկտեմբեր 2026-ին Հայաստանի 21 համայնքներու մէջ տեղի ունեցան տեղական ինքնակ

30 Հոկտեմբեր 2026
Սփյուռքի ջախջախիչ մեծամասնությունը դեմ

Հոկտեմբերի 28-ին ՀՅԴ Բյուրոյի անդամ, Լիբանանի խորհրդարանի պատգամավոր, Միջին Ար

29 Հոկտեմբեր 2026
Հանդիպում «Միասնական Ռուսաստան» և «Արդ

ՀՅԴ Բյուրոյի ներկայացուցիչ Արմեն Ռուստամյանը, ՀՅԴ Բյուրոյի անդամ Սևան Դանիելյա

29 Հոկտեմբեր 2026
Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի եւ Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Ամ

Երկուշաբթի, 26 Հոկտեմբեր 2026-ի երեկոյեան, Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի

29 Հոկտեմբեր 2026
ՀՅԴ ԶՈՄ վարչութեան եւ յարաբերական յանձ

28 հոկտեմբեր, 2026-ին Հ.Յ.Դ. «Զաւարեան» Ուսանողական Միութեան վարչութեան եւ յար

29 Հոկտեմբեր 2026
Խմբագրական. Ռազմավարական գործընկերութի

2020-ի Արցախեան պատերազմը պէտք էր անջնջելի դաս մը ըլլար Գանատայի արտաքին քաղաք

28 Հոկտեմբեր 2026
Ընտանեկան բռնության մասին առաջարկվող օ

ՀՅԴ Բյուրոյի անդամ, ԱԺ «Հայաստան» խմբակցության պատգամավոր Լիլիթ Գալստյանի ելու

28 Հոկտեմբեր 2026
Ճանապա՞րհ, թե՞ միջանցք

Քանի որ Ազգային ժողովում ելույթներին հատկացվող ժամանակը խիստ սահմանափակ է, ստո

27 Հոկտեմբեր 2026
Բաքվի դատավճիռը հերքում է ինքն իրեն. Հ

Հայ դատի կենտրոնական խորհուրդը հրապարակում է “Justice” According to Azerbaijan

27 Հոկտեմբեր 2026
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company