ՀՅԴ-ի Պատմութեան Մէջ Կարեւոր Եւ Ուրոյն Արժէք Ներկայացնող «Սիմոն Զաւարեանի Անտիպ Նամակները» Հատորի Շնորհահանդէս
04 Փետրվար 2025
Հինգշաբթի, 30 յունուար 2025-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ գրասէր հոծ բազմութեան մը ներկայութեան տեղի ունեցաւ պատմաբան, բանասէր ՀՅԴ Բիւրոյի երկար տարիներու անդամ Երուանդ Փամպուքեանի խմբագրութեամբ եւ «Վէմ» մատենաշարի նախաձեռնութեամբ լոյս տեսած «Սիմոն Զաւարեանի անտիպ նամակները» հատորին շնորհահանդէսը:
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի քարոզչական մարմինին անունով ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց Յարութ Մարկոսեան, որ յայտնեց, թէ նամակագրութիւնը ընդհանրապէս հարուստ ատաղձ կը կազմէ պատմութեամբ հետաքրքրուողներուն, որովհետեւ անիկա հաւաստի եւ արժանահաւատ աղբիւր է պատմագիրին եւ ընթերցողին համար:
Այս ծիրին մէջ ան ըսաւ, որ նոր հրատարակուած «Սիմոն Զաւարեանի անտիպ նամակները» հատորը շարունակութիւնն է Սիմոն Վրացեանի եւ Հրաչ Տասնապետեանի սկսած արխիւներու հաւաքագրումին: «Նման հատորի մը պատրաստութիւնը եւ հրատարակութիւնը յատկապէս այս օրերուն, երբ ամէնուրեք ազգային արժէքները խնդրոյ առարկայ կը դառնան, պայքար եւ Ցեղասպանութիւն հարցականի կ՛ենթարկուին, արժանի է լայն ուշադրութեան եւ գնահատանքի», նշեց ան` աւելցնելով, որ նամակագրութեան հատորները լաւագոյն առիթը կ՛ընծայեն ծանօթանալու ո՛չ միայն կուսակցութեան, այլ նաեւ կուսակցութեան պատմութիւնը կերտած կարեւորագոյն դէմքերուն: «Դաշնակցութեան խիղճը` Սիմոն Զաւարեան, կը պատկանի փաղանգին անոնց, որոնք նամակագրական հարուստ վաստակ ձգած են իրենց ետին: Այդ նամակներով Զաւարեան կ՛ապրի իր մահէն 112 տարի ետք: Ան կ՛ապրի եւ նորահաս սերունդները կ՛ապրեցնէ Դաշնակցութեամբ, բայց մանաւանդ` դաշնակցականութեամբ»:
Յարութ Մարկոսեան յայտնեց, որ նամակները Դաշնակցութեան արխիւին մէջ ունին իրենց կարեւոր տեղն ու նշանակութիւնը, անոնց ընթերցումը ամուր հիմք եւ ոգեշնչող ուժ կը հանդիսանայ իրենց հաւատքին մէջ տկարացողներուն եւ պայքարի մէջ ընկրկողներուն, իսկ նման հատորները զիրար կ՛ամբողջացնեն` կազմելով 134-ամեայ կուսակցութեան մը պատմութիւնը եւ նորահաս սերունդներուն փոխանցելիք պատգամը:
Այնուհետեւ հատորը ներկայացուց Սալբի Քիւրքճեան-Թաշճեան, որ նախ անդրադարձաւ Սիմոն Զաւարեանին` իբրեւ անհատականութեան. «Պատմութեան բազկերակին բաբախուն դէմքերէն մին, որ տառապանքին մէջ արհամարհած է պարտուողականութիւնն ու տկարութիւնը, իբրեւ յառաջատար մարտիկ` պայքար մղած է իր դիւցազուն կամքով, իբրեւ «աշխարհիկ սուրբ», իբրեւ յեղափոխական գործիչ, մաքրամաքուր իտէալներու, անկաշառ ազնուութեան մկրտումով` ՍԻՄՈՆ ԶԱՒԱՐԵԱՆ»:
Ապա ան անդրադարձաւ Դաշնակցութեան երրորդութեան ապրած ժամանակաշրջանի կացութեան` հայութեան ապրած իրավիճակը թրքական լուծի տակ, յեղափոխական գործիչներու ձերբակալութիւնները, բանտն ու աքսորը, գաւառներու մէջ արիւնահեղութիւնը, հայութեան դիմագրաւած օրհասական կեանքի պայքարը, որոնք մղեցին Դաշնակցութեան գործիչները` բազմապատկելու ճիգերը:
Այս կացութեան մէջ անաղարտ հայրենասիրութեամբ ու անշահախնդիր նուիրուածութեամբ գործող Սիմոն Զաւարեան նամակագրութեան ճամբով հետամուտ կը դառնար զանազան շրջաններու մէջ կուսակցութեան համատարած գործունէութեան. կը խրախուսէր, կը թելադրէր, կը յորդորէր, կը պահանջէր դաշնակցական ընկերներէն` մի՛շտ կառչելու ծրագրաւորուած ու կազմակերպուած աշխատանքին, իր նամակներուն մէջ յաճախ ընդգծելով, որ` «միջոցները պիտի ծառայեն գործին»:
«Սիմոն Զաւարեանի անտիպ նամակները, այս շարքին մէջ ամփոփուած 111 հատը, ստորագրուած կամ ոչ, մեծ մասամբ գրուած են գաղտնի թանաքով, ծածկանուններով, տեղ-տեղ գաղտնագրութիւններ կիրարկելով, եւ առաքուած են հասցէներուն` մի՛շտ զգուշութեամբ:
«Ընթերցողին համար այս նամակները սովորական բովանդակութենէն շատ աւելին փոխանցող տեղեկութիւններ են 1900-ական թուականներու առնչութեամբ, մանաւանդ` հայաշխարհը յուզող համապարփակ իրավիճակին եւ այդ լոյսին տակ առնուելիք քայլերուն մասին», շեշտեց բանախօսը:
Սալբի Քիւրքճեան-Թաշճեան դիտել տուաւ, որ Զաւարեան իր նամակներով զգաստութեան կը հրաւիրէ ընկերները, զանոնք կը յորդորէր դրամը խնայողաբար ծախսելու, իսկ միւս կողմէ` միջոցներ գտնելու զինավարժական գործը զարգացնելու համար. կ՛առաջարկէ, որ հմուտ ընկերներ մաս կազմեն զօրքին եւ ուսումնասիրեն զինուորական գործը, մէկ այլ խմբակ ուսումնասիրէ, թէ ինչպէ՛ս կարելի է` վառօդ պատրաստել, պայթուցիկ նիւթեր գործածել ու զինագործութիւն կատարել: Ան յայտնեց, որ թղթակցութեան բնոյթով յաճախ կը ներկայանայ բովանդակութիւնը նամակներուն, որոնց մէջ նշուած են նաեւ յեղափոխական գործիչներու ծածկանուններ, որոնց կողքին դրուած թուանշանը ընթերցողներուս կ՛օգնէ յետգրութեան ճանչնալու անոնց ինքնութիւն:
Ան ըսաւ, թէ Զաւարեան ո՛ւր ալ գտնուեցաւ, այդ վայրի կացութեան, պայմաններուն, անհրաժեշտութիւններուն մասին նամակներ յղեց համապատասխան անձնաւորութիւններուն կամ մարմիններուն, նաեւ բծախնդրութեամբ հսկեց «Դրօշակ»-ի թիւերուն ապահով տեղ հասնելուն ու ցրւումի աշխատանքին, իր նամակներուն մէջ անհրաժեշտ նկատեց նաեւ զանազան վայրերու մէջ տեղադրել գրադարաններ` ի նպաստ հայ ուսանողին:
«Օսմանեան կայսրութեան 1908-ի սահմանադրական իշխանութեան կազմութենէն անմիջապէս ետք, Թիֆլիսէն Զաւարեան կը յղէ նամակ մը Արեւմտեան Բիւրոյին` հայ ժողովուրդին համար առնուելիք քայլերուն մասին գործնական յստակ քայլերու դիմումով: Իսկ 1909-ի Ատանայի կոտորածէն ետք Սիմոն Զաւարեան կը հասնի Կիլիկիա, աղէտի վայրը, մանրամասնօրէն կը քննէ ջարդի հետեւանքները` թուային ցուցակով կը ներկայացնէ Կոստանդնուպոլսոյ ՀՅԴ Պատասխանատու մարմինին` բացատրելով օգնութեան կարիքներն ու տեղայնական ծանր իրավիճակը», խօսքը եզրափակեց Սալբի Քիւրքճեան-Թաշճեան` նշելով, որ 111 նամակներու շարքը կը փակուի Սիմոն Զաւարեանի ձօնուած բանաստեղծութիւններով: (Ս. Քիւրքճեան-Թաշճեանի խօսքը ամբողջութեամբ կը հրատարակենք հետագային):
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան իր խօսքին մէջ դիտել տուաւ, որ Զաւարեանի նամակներուն եւ աշխատութիւններուն անդրադարձած են Սիմոն Վրացեանը, Հրաչ Տասնապետեանը, եւ այսօր այդ գործը կը շարունակէ Երուանդ Փամպուքեանը, որուն ուղղելով իր խօսքը` նշեց, թէ ան պատմաբան է, Դաշնակցութեան պատմութեան տարեգիրք, մանկավարժ, արխիւագէտ, կամ` ազգային կուսակցական գործիչ, որ շատ կարեւոր ու մեծ աշխատանք կը ծաւալէ: Ան դիտել տուաւ, որ ներկայ պայմաններու մէջ, երբ մեր անցեալը, պատմութիւնը կը խեղաթիւրուի, այն գործունէութիւնը, զոր Ե. Փամպուքեան կ՛ընէ կուսակցութեան պատմութիւնը եւ մեր գործիչներուն ճանապարհը եւ գործունէութիւնը ներկայացնելու, շատ կարեւոր աշխատանք է` հասկնալու, գնահատելու, խորանալու եւ նոր սերունդներու դաստիարակութեան իմաստով:
Շարունակելով իր խօսքը` Ի. Սաղաթէլեան ըսաւ, որ կան գործիչներ, որոնց կենսագրութիւնը մեր կուսակցութեան կամ ժողովուրդի պատմութենէն կարելի չէ առանձնացնել եւ անոնցմէ մէկն է Սիմոն Զաւարեան, որուն կենսագրութեան երբ ծանօթանանք, կ՛ապշինք, թէ ինչպէ՛ս Հայաստանի հեռաւոր գիւղերէն մէկուն մէջ ծնած երիտասարդը ըլլար` այնքան լուսաւոր, յեղափոխական, կազմակերպուած, իր ժողովուրդին ցաւով տառապող, իր ժողովուրդին իրաւունքներուն համար պայքարող: Զաւարեան հոն էր, ուր որ հայութիւնը իր կարիքը ունէր, ուր որ կուսակցութիւնը յեղափոխական, կազմակերպական եւ լուսաւորչական գործ ունէր. Սոֆիայէն մինչեւ Ժընեւ, Կովկաս, Պէյրութ, Արեւմտեան Հայաստան: Սաղաթէլեան հաստատեց, որ Զաւարեան իր յեղափոխական եւ կազմակերպական գործունէութեան մէջ միշտ մեր ժողովուրդի ազատագրութեան գործը կը կապէր եւ կը պայմանաւորէր մեր ժողովուրդը կրթելու, ազգային գիտակցութիւնը բարձրացնելու հնարաւորութիւններով, եւ այդ հարցը մենք ունինք ներկայիս:
ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Յովսէփ Տէր Գէորգեան իր խօսքի սկզբնաւորութեան անդրադարձաւ ՀՅԴ Բիւրոյի հրատարակութիւնը հանդիսացող «ՎԷՄ»-ի մասին, որ համահայկական պատմամշակութային եռամսեայ հանդէս է եւ լոյս կը տեսնէ Երեւանի մէջ 2009 թուականէն ի վեր, հեղինակաւոր, գիտական շրջանակներու կողմէ փնտռուած պարբերական մըն է, իսկ «ՎԷՄ» մատենաշարը ազգային հարցերու, Դաշնակցութեան վերաբերող նիւթերու եւ դէմքերու նուիրուած հրատարակութիւններ լոյս կ՛ընծայէ:
Անդրադառնալով «Սիմոն Զաւարեանի անտիպ նամակները» հատորի լոյս ընծայման` Տէր Գէորգեան ըսաւ, որ անիկա վերոյիշեալ շարքի իններորդ հատորն է, որ պատմաբան Երուանդ Փամպուքեանի աշխատանքի արգասիքն է, նկատել տալով, որ Փամպուքեան իր տասնամեակներու գիտահետազօտական աշխատանքներուն ընթացքին տարբեր աղբիւրներէ, արխիւային փաստաթուղթերէ, նամակագրութիւններէ, յուշագրութիւններէ եւ մամուլէն հսկայական աշխատանք կատարելով` երեւան հանած եւ հանրութեան ներկայացուցած է Դաշնակցութեան գործը եւ դէմքերը:
Տէր Գէորգեան յայտնեց, որ ՀՅԴ-ի պատմութեան մէջ իր ուրոյն արժէքը ունի Սիմոն Զաւարեան, որուն միտքերը, աշխատանքը եւ հոգեկան կառոյցը իրենց անժամանցելի դրոշմը ձգած են դաշնակցական տիպարին վրայ, աւելցնելով, որ Զաւարեանի ապրած ժամանակաշրջանէն շատ բան փոխուած է մեր կեանքին մէջ, հիմնական փոփոխութիւններ կրած են` ընկերային-մշակութային հասկացողութիւնները, անհատ-հաւաքականութիւն յարաբերութիւնը, ղեկավարութեան ըմբռնումներն ու գործելակերպը, ինչպէս նաեւ փոխուած է մեր ազգային կազմակերպական կեանքը` իբրեւ նկարագիր, հոգեկան արժէքներ, բարոյական ըմբռնում: Ան հաստատեց, որ ինչպէս անցեալին, այսօր ալ հայկական իրականութեան մէջ, Հայաստան թէ սփիւռք, դրական բազմաթիւ երեւոյթներու կողքին, կան բազմաթիւ եւ բազմացող ժխտական երեւոյթներ` փտածութիւն, անսկզբունքայնութիւն, ստախօսութիւն, անձնական շահեր, փառամոլութիւն, աթոռատենչութիւն: Աւելի՛ն. Հայաստանի իշխանութիւններու ներկայի վարքագիծն ու յայտարարութիւնները, ապազգային ըլլալէն անդին, հայ մարդը կը վերածեն անհատապաշտ, վախկոտ եւ նիւթական արժէքներ հետապնդող էակի:
«Միայն Զաւարեանի արժէքներու նկատմամբ հաւատարմութիւնը եւ իր խստապահանջութիւնն է, որ կրնան սանձել ժխտական երեւոյթները մեր կեանքին մէջ: Զաւարեանի նամակները, խօսքերը, հրաւէր մըն են զգաստութեան, մաքրամաքրութեան եւ բիւրեղացած խղճի», շեշտեց Տէր Գէորգեան` հաստատելով, որ Զաւարեան համեստութեան, խոնարհութեան ու ազնուութեան խորհրդանիշ մըն է, եւ այսօր առանց այդ արժէքներուն` չի կրնար յաջողիլ ազգային գործը, առաւել եւս անկարելի կ՛ըլլայ վերադառնալ մեր յեղափոխական, գաղափարական ամբողջական պայքարին, եւ եզրափակելով իր խօսքը` շեշտեց, որ այսօր զաւարեանական աւանդը հոգիի եւ խղճի, կեցուածքի եւ վարմունքի սրբազան օրինակներ պէտք է ըլլան մեր բոլորին համար, յատկապէս` մեր նորահաս սերունդներուն:
Հատորի խմբագիր Երուանդ Փամպուքեան իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ պէտք է յիշենք, թէ Զաւարեան մեր կուսակցութեան հիմնադիր երրորդութեան մաս կը կազմէ եւ գործած է հիմնադրութենէն ետք շուրջ 12 տարի Կովկասի մէջ, աւելցնելով, որ ան ցարական իշխանութիւններու կողմէ բանտ մտած է, Արեւելեան Բիւրոյի ներկայացուցիչ դարձած է եւ նամակագրութեան հեղինակ է Թիֆլիսէն սկսեալ: Ապա 12-13 տարիներ` մինչեւ իր մահը, գտնուած է արտասահման, նախ` Ժընեւ, ուր Արեւմտեան Բիւրոյի ներկայացուցիչի հանգամանքով գործեց, վարեց «Դրօշակ»-ի խմբագրութիւնը եւ նամակագրութիւն պահեց պատասխանատու ընկերներու, բայց մանաւանդ մարմիններու, կեդրոնական կոմիտէին հետ շուրջ տարի մը, ապա 1904 թուականին մասնակցելէ ետք Դաշնակցութեան Ընդհանուր ժողովին, ընտրուեցաւ Կիլիկիոյ Լեռնավայրի պատասխանատու մարմինի անդամ եւ այդ հանգամանքով անցաւ այս կողմերը, գլխաւորաբար` Աղեքսանդրիա եւ Գահիրէ, նաեւ` Պէյրութ, որ մնացեալ երկիրներու հետ կապի կարեւոր շրջան էր, եւ անոր գլխաւոր զբաղումներէն մէկը եղաւ ամերիկեան եւ ֆրանսական համալսարաններու ուսանողութեան հետ գործելը:
Փամպուքեան դիտել տուաւ, որ Զաւարեան բաւական բեղուն գործունէութիւն ունեցած է Լիբանանի մէջ, իրեն հետ նաեւ` Խանասորի արշաւանքի հրամանատար Վարդանը, որ նոյնպէս Լեռնավայրի պատասխանատու մարմինի անդամ էր: Երկու տարի վերջ, երբ Կովկասի մէջ բռնկեցան հայ-թաթարական կռիւները, Զաւարեան եւ կարգ մը պատասխանատու հեղինակաւոր անձնաւորութիւններ անցան Կովկաս` մօտէն հետեւելու եւ ղեկավարելու: Զաւարեան երկու տարի մնաց Կովկաս` մինչեւ օսմանեան սահմանադրութեան հռչակումը 1908 թուականին, որմէ ետք անցաւ Պոլիս կարճ ժամանակաշրջանի մը համար, որովհետեւ յաջորդ տարի տեղի ունեցաւ Ատանայի կոտորածը սահմանադրական թուրքերու ձեռքով: Փամպուքեան ըսաւ, որ Զաւարեան մեզի շատ կարեւոր տեղեկութիւններ կը փոխանցէ Կիլիկիոյ դէպքերուն մասին, որովհետեւ գնաց եւ մօտէն հետաքրքրուեցաւ այնտեղի վիճակով եւ գրի առաւ ամէն ինչ. առ այդ, այդ նամակներու հաւաքածոն թանկագին սկզբնաղբիւր է: Տարի մը ետք ան հրաւիրուեցաւ Տարօն, ուր Սասնոյ շրջանի դպրոցներուն մէջ երկու տարի վարեց տեսչական պաշտօն եւ կազմակերպեց կրթական գործը: Ապա վերադարձաւ Պոլիս, ուր կնքեց իր մահկանացուն:
Երուանդ Փամպուքեան ըսաւ, որ բազմաբեղուն գործունէութիւն ծաւալած, Դաշնակցութեան խիղճը համարուող հիմնադիրն է Զաւարեան, որուն նուիրուած բազմաթիւ գործերուն մէջ կան շատ հետաքրքրական տեղեկութիւններ այդ բոլորին մասին: Ան ըսաւ, որ այս բոլոր գիտելիքները կը գտնուին Դաշնակցութեան արխիւներուն մէջ` հիմնադրութեան առաջին օրերէն, եւ հիմնադիրներէն գլխաւորը եղած է Ռոստոմը, որ կազմակերպած է հաւաքելու բոլոր փաստացի տեղեկութիւնները, եւ անոնք բոլորը բաւական դժուարին պայմաններու մէջ կ՛ուղարկուէին Ժընեւ, որ այդ տարիներուն Հայ դատի հետապնդման կեդրոնն էր: 1925 թուականին այդ արխիւները փոխադրուեցան Փարիզ, ուր մնացին մինչեւ շուրջ 1950 թուականը, եւ հոն այդ արխիւները կը գտնուէին փակուած ծրարներու մէջ ու պահ դրուած էին դրամատան մէջ եւ ուսումնասիրելի չէին: Ան տեղեկացուց, որ Համաշխարհային Բ. պատերազմին այդ արխիւները ապահովութեան համար փոխադրուեցան Միացեալ Նահանգներ, ներկայիս այդ արխիւները կը գտնուին Միացեալ Նահանգներու «Հայրենիք»-ի շէնքին մէջ, ուր յատուկ յարմարութիւններ ստեղծուած են թէ՛ կլիմայական եւ թէ՛ այլ տեսակէտով: Այդ արխիւներէն կ՛օգտուին շատ մը հայ եւ օտար ուսումնասիրողներ, պատմաբաններ: «Այսօր մեր արխիւներու մեծամասնութիւնը կը գերազանցէ բազմապատիկ անգամներով միւս բոլոր կուսակցութիւններուն ունեցածը: Բացառիկ հարուստ արխիւներ են մեր նորագոյն պատմութեան մասին: Այդ հարստութիւնը ազգային հարստութիւն է, եւ մենք պէտք է գուրգուրանք անոնց վրայ», եզրափակեց Փամպուքեան:
Իր խօսքի աւարտին ան շնորհակալութիւն յայտնեց իր քարտուղարին` Թամար Սնապեան-Սուրճեանի, նաեւ Սագօ Գասապեանին` մաղթելով, որ այս գործը շարունակող ըլլայ, որովհետեւ անսպառ նիւթ ունինք` ուսումնասիրութեան առարկայ:
Ձեռնարկի աւարտին տեղի ունեցաւ հատորներու մակագրում` խմբագիրին կողմէ: