Ակնարկ. Աբրահամեան Համաձայնագիրին Երկրորդ Փուլը
16 Մայիս 2025
Սէուտական Արաբիայէն եւ այնտեղ կայացած հանդիպումներուն առիթով այս օրերուն բազմաթիւ ուղղութիւններով կը հնչեն խաղաղասիրական, աւելի ճիշդը զանազան հակամարտութիւններու վերջ դնելու ուղղութեամբ յայտարարութիւններ:
Կազայի պատերազմի դադրեցում, Սուրիոյ դէմ կիրարկուող պատժամիջոցներու վերացում, Աբրահամեան համաձայնագիրի վերագործարկում եւ նոր կողմերու ներառում, Լիբանանին աջակցութիւններու նոր թափ եւ անշուշտ` Ուաշինկթըն-Թեհրան բանակցութիւններու արդիւնաւորման մասին ակնարկներ:
Երեւութապէս կը թուի, որ արագօրէն հարցերու լուծման, զինադուլներու հաստատման եւ խաղաղութեան պայմանագիրներու կնքման նոր շրջափուլի մէջ կը մտնէ երկրագունդը, Միացեալ Նահանգներու թելադրանքով եւ առաջնորդութեամբ:
Երկու ուշագրաւ երեւոյթի վրայ փորձենք կեդրոնանալ այս առիթով: Մեծ օրակարգը Միացեալ Նահանգներ-Իրան բանակցութիւններն են, որոնց 4-րդ փուլը առկախուած էր եւ հիմա վերսկսած: Պաշտօնական Թեհրանը նախ կը յայտնէր, որ Իրան երբեք չէ նպատակադրած հիւլէական զէնք յառաջացնել, ապա կը հաստատէր, որ պատրաստ են վերացնելու բարձր հարստացուած իւրանիոմի պաշարները: Բաւական առաջ գացող յայտարարութիւն է այս մէկը ընդգծելու համար, որ պաշարներու վերացումով Իրանը պատրաստ է Միացեալ Նահանգներու կամ ընդհանրապէս համաշխարհային հիւլէական կեդրոններուն հետ համաձայնագիր կնքելու:
Այս կ՛ենթադրէր, որ կնքուելիք համաձայնագիրներէն առաջնային տեղը սկսած է գրաւել Իրան-Միացեալ Նահանգներ պայմանագիրը: Փաստօրէն, Միացեալ Նահանգներու նախագահին Միջին Արեւելքի բանագնացը յայտարարած էր, որ Իրանի հետ կարելի է համաձայնութիւն գոյացնել նախքան Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ միջեւ խաղաղութեան հասնիլը:
Այս մէկը տակաւին կնճռոտ է. Ռուսիոյ դաշնութեան եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահներուն չմեկնիլը Պոլիս կ՛ազդարարէ այն մասին, որ գործընթացը տակաւին իր վճռական փուլին մէջ չէ մտած: Երկկողմանիօրէն հնչած նախապայմանները ի զօրու են, եւ զինադուլի շուրջ եթէ նոյնիսկ համաձայնութիւն գոյանայ, պիտի ըլլայ ժամանակաւոր եւ իբրեւ այդպիսին դիւրաբեկ: Բանակցութեան վայր ժամանած խումբերը նոյն խումբերն են, որոնց նախընթաց փորձը չյաջողեցաւ գոյացնել որեւէ համաձայնութիւն:
Իրանի շուրջ տեղի ունեցող գործընթացներէն հեռու չի թուիր ըլլալ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի աւագ խորհրդական եւ օգնական Սթիւ Ուիթքոֆի յայտարարածը, թէ` Սպիտակ տունը կ՛ակնկալէ, որ յառաջիկայ ամիսներուն տեղի պիտի ունենայ Աբրահամեան խաղաղութեան համաձայնագիրներու հաւանական ընդլայնում. անոր նախատեսութեամբ` Հայաստանն ու Ազրպէյճանը եւս համաձայնագիրներուն կրնան միանալ:
Այստեղ ժամկէտ նշուած է. հետեւաբար դէպքերուն արագ կշռոյթ ապահովելու միտումը պաշտօնական է: Հաւանական ընդլայնումը կը խօսի Աբրահամեան համաձայնութեան ներառուած երկիրներու աշխարհագրութեան ընդլայնումին մասին: Բնականաբար, ընդլայնումի առաջին փուլը պիտի ներառէ արաբական երկիրներ: Միջին Արեւելքի քաղաքական քարտէսի վերագծման ճարտարապետութեան հիմը Աբրահամեան համաձայնագիրը կը թուի ըլլալ: Հետաքրքրական է շատ, որ դաշնագիրին ներառելու կոչ կ՛ուղղէ Ուաշինկթընը այս ձեւով Ազրպէյճանին եւ Հայաստանին:
Աշխարհագրութեան ընդլայնումը իբրեւ երկրորդ փուլ թիրախաւորած է Հարաւային Կովկասը: Աշխարհագրական այս միջավայրը եթէ դիտարկենք այս պարագային Թել Աւիւի յարաբերակցութեամբ, ապա պարզ կը դառնայ, որ ընտրուած միջավայրը իրանամերձ երկիրներն են: Ուաշինկթըն այս կերպ կը փորձէ իրանամերձ երկիրները ներգրաւել իսրայէլեան առանցքով դաշնագիրի մը մէջ:
Բանակցութիւններ վարել Իրանի հետ, համաձայնութեան սեմին գտնուած ըլլալու յայտարարութիւններ հնչեցնել տալ եւ հնչեցնել, առընթեր վերագործարկել Իսրայէլի հետ շրջապատող երկիրներու դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատումը եւ ապա նշել երկրորդ փուլի թիրախը:
Հայաստանին ուղղուած ուղերձը Իրանին է, ըսել կ՛ուզուի, որ եթէ Իրանը Հայաստանի վրայով պիտի ապաշրջափակուի եւ դուրս գայ դէպի Արեւմուտք, ապա նկատի պիտի ունենայ, որ Հայաստանին առջեւ պարզուած է Աբրահամեան դաշինքին մաս կազմող պետութիւն դառնալու ընտրանք, եթէ ոչ թելադրանք:
Չմոռնալ, որ Ազրպէյճանի հետ գործակցող Իսրայէլը արդէն ռազմական յենարանային առկայութիւն ունի իրանամերձ շրջաններուն մէջ, ազրպէյճանական տարածքներու վրայ: Հայաստանը այսպիսով կը շարունակէ պահպանել Իրանի համար ամէնէն ապահով կենսաճանապարհը նկատուիլ:
Այս հանգամանքներով ալ կը բացատրուի «Զանգեզուրեան միջանցք»-ի փակ մնալը: Բայց նաեւ` արցախեան պատերազմին հետզհետէ երեւցող աշխարհաքաղաքական շարժառիթները:
«Ա.»
«Ազդակ»