Հայ Դատը Դարձեալ «ՀայՎոթց»ը Գործի Կը Լծէ
28 Մայիս 2025
2026ի նախնական եւ ընդհանուր ընտրութիւններու սեմին, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը դարձեալ իր «ՀայՎոթց» ենթայանձնախումբը գործի լծած է՝ քաղաքական կեանքին մէջ շրջանի հայութեան մասնակցութեան համեմատութիւնը բարձրացնելու նպատակով։
«2026ի ընտրութիւնները անկիւնադարձային են ամերիկահայ համայնքին համար, որ պէտք է իր ձայնը վերարժեւորէ տեղական, նահանգային եւ դաշնակցային ընտրութիւններու ընթացքին», կը յայտնէ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Օշին Յարութիւնեան։
2012էն ի վեր, «ՀայՎոթց» նախաձեռնութիւնը յատկանշական աշխատանք տարած է հայութիւնը քաղաքացիական աշխուժութեան մղելու գործին մէջ։ «ՀայՎոթց»ի հիմնական նպատակը՝ քուէարկողներ արձանագրելը եւ անոնց՝ ընտրութիւններուն մասնակցիլ քաջալերելը, ինչպէս նաեւ ընտրութիւններուն վերաբերող կարեւոր եւ անկողմնակալ տեղեկութիւնը համայնքին հասանելի դարձնելն է։ «ՀայՎոթց»ը ցարդ առաւել քան 50,000 հայ քուէարկողներ արձանագրած է։
«ՀայՎոթց»ը սկսած է տեղական կազմակերպութիւններու հետ շփումներ ունենալ եւ ծանօթացման հաւաքներ կազմակերպել՝ յատկապէս մեծաթիւ հայ բնակչութիւն ունեցող շրջաններու մէջ, կամաւորներ անդամագրելու նպատակով:
Անոնք, որոնք կը փափաքին մասնակցիլ այս աշխատանքին կրնան այցելել HyeVotes.org կայքը: