Յայտարարութիւն ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի
28 Մայիս 2025
107 տարի առաջ, այսօր, հայ ժողովուրդը իր սեփական ուժով որոշեց իր ճակատագիրը։
Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսէի ճակատամարտներու յաղթանակը՝ հիմնասիւնը հանդիսացան այսօրուան մեր անկախ պետութեան։
Մայիս 28 կը նշանակէ պետութեան կերտում։
Մայիս 28 կը նշանակէ Հայաստանի ամբողջութիւնը վերականգնելու եւ միաւորելու ազգային գաղափար։
Այսօր նոյնպէս, Մայիսեան անկախութիւնը մեզի յառաջ մղելու օր է, որպէսզի ամրացնենք մեր հայրենիքը եւ անկախութիւնը վերադարձնենք պատմական Արցախին։
Մայիս 28-ի յաղթական երթով, հայ ազգը իր հաւատքն ու յոյսը վերականգնելու եւ վերստին կենսագործելու պատմական առիթը ունեցաւ։
Փա՜ռք Մայիս 28-ը կերտած սերունդին։
Շնորհաւոր Մայիս 28։