28 Մայիսը՝ անկախ պետականութեան խարիսխը
28 Մայիս 2025
Հայ ժողովուրդը 28 Մայիսին կերտեց Հայաստանի անկախ Հանրապետութիւնը, որովհետեւ կը հաւատար, որ անկախութիւնն է որ կ՛երաշխաւորէ
ազգի գոյութիւնը, աճն ու զարգացումը իր պատմական հայրենիքին վրայ, պետականութիւնն է, որ կը պահպանէ հայկական քաղաքակրթութիւնը, հայուն ազգային ինքնութիւնը եւ մշակոյթը։
Հայութիւնը ինը դար զրկուած էր անկախութենէն ու ապրելու, բարգաւաճելու իր թռիչքը կը բախէր յաճախ ծաւալապաշտ երկիրներու յարձակումներուն, սպանդներուն, թալանին ու աւերին։
Հայաստանի անկախութեան կերտումը եկաւ ամրագրելու հայոց պետականութեան գոյութիւնը, պահպանելու հայուն ազգային ինքնութիւնը, մշակոյթը եւ վերահաստատելու անոր դերը տարածաշրջանին ու աշխարհին մէջ։
Հայ ժողովուրդը իր անկախութեան տիրացաւ համաշխարհային առաջին պատերազմին յաջորդող թոհուբոհին մէջ, Հայոց Ցեղասպանութենէն լոկ երեք տարի վերջ, աշխարհաքաղաքական բարդ հաշիւներու պրիսմակին վրայ, սակայն յաջողեցաւ կերտել իր պետականութիւնը շնորհիւ իր աննահանջ մարտնչումին, հաւատքին ու միասնութեան։
Պայքարեցաւ ցեղասպանութեան մահասփիւռ սարսափը թօթափելով, պայքարեցաւ հաւատալով իր պատմութեան, ժառանգութեան, հայրենի հողի ուժին ու ազատ ապրելու անկապտելի իրաւունքին։
Մայիս ամսուն վերջին օրերը Ղարաքիլիսայի, Սարդարապատի եւ Բաշ Ապարանի մէջ հայութիւնը մէկ բռունցք դարձաւ ու կենաց մահու կռիւ մղեց իր զօրավարներով, կղերականներով, մտաւորականներով ու աշխատունակ ժողովուրդով, ետ շպրտելով Երեւանի սահմանները հասնող թրքական զօրքերը։
Պայքարին զուգահեռ ընթացաւ հայկական դիւանագիտութիւնը եւ սէյմի լուծարումէն ետք, Ազգային խորհուրդը յայրատարարեց Հայաստանի Անկախութիւնը։
Դիւանագիտական աշխատանքը շարունակուեցաւ մինչեւ Սեւրի դաշնագրի կնքումը, որ սակայն աշխարհաքաղաքական փոփոխութիւններու հետեւանքով կեանքի չկոչուեցաւ։
Անկախ Հայաստանի հռչակագիրով ամրագուեցաւ հայ ժողովուրդի դարերու տենչը ու Մայիսեան պայքարը դարձաւ ներշնչման աղբիւր Հայաստանի, Արցախի ու Սփիւռքի հայութեան համար։
Անկախ պետականութիւնը կերտելու չափ ալ կարեւոր է անոր պահպանումը, յատկապէս դարադարձի մերօրեայ ժամանակներուն մէջ։ Այսօր միեւնոյն հրամայականներն են ցցուած մեր ազգին ու պետութեան դիմաց՝ առաջնորդուիլ ազգային տեսլականներով, ըլլալ միասնական, պատմութիւնը աղաւաղելու փորձերը ձախողութեան մատնել ու ձեռքբերուած պատմական մեր ժառանգութեան տէր կանգնիլ պայքարով եւ դիւանագիտութեամբ։
Եթէ միասնութեան տրամաբանութիւնը տիրող դառնայ, իւրաքանչիւրը իր դերը կ՛ունենայ, իր լծակներով կը սատարէ նոյն նպատակին՝ Հայաստանի ու հայ ժողովուրդի ապահովութեան ու վերելքին։
«Գանձասար»ի խմբագրական