ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • ՀՅԴ Այլ շրջաններ
  • Լուրեր

Ալեքսանդր Խատիսեանի վերանորոգուած շիրմաքարի բացումը

28 Հունիս 2025

Շաբաթ, Յունիս 21, ժամը 11.30-ին, Père Lachaise-ի գերեզմանատան մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի 1918-1920 թուի անդրանիկ հանրապետութեան երկրորդ վարչապետ Ալեքսանդր Խատիսեանի վերանորոգուած շիրմաքարի բացումը:

Հանդիսութիւնը կազմակերպուած էր ՀՅԴ Արեւմտեան կեդրոնական կոմիտէի կողմէ: Ներկայ էին հայ եկեղեցւոյ ներկայացուցիչներ՝ գերաշնորհ Նորվան սրբազան եւ Արնուվիլ քաղաքի քահանայ տէր Մանուէլ Ռաշօ Յովհաննէսեան, Հայաստանի դեսպանատան կցորդ տիար Շիրազ Յովակիմեան եւ շուրջ 50 ազգայիններ, որոնց մէջ ՀՅԴ ԿԿ-ի գրեթէ ամբողջ կազմն ու ՀՅԴ Բիւրոյի Ֆրանսայի երկու ներկայացուցիչները: Ծաղկեպսակներ զետեղուեցան ՀՅԴ-ի եւ դեսպանատան կողմէ, ինչպէս նաեւ Ալեքսանդր Խատիսեանի եւ իր տիկնոջ լուսանկարով յուշաքար մը մեր ազգային նուիրեալներու գերեզմանները խնամող խումբ մը ազգայիններու կողմէ, գլխաւորութեամբ՝ Հրանդ Նորշէնի:

Նորվան սրբազան եւ Տէր Մանուէլ քահանան կրօնական արարողութեամբ եւ աղօթքներով ծէս մը կատարեցին նոր շիրմաքարին առջեւ, որմէ անմիջապէս ետք Նորվան սրբազան խօսք առաւ: Իր խօսքին մէջ ան շնորհաւորեց այս գործին իրականացման եւ կազմակերպութեան համար ՀՅԴ-ն եւ բոլոր անոնք որոնք իրենց ներդրումը ոնեցած էին: Ան յուզումով պատմեց թէ ինչպիսի տխուր մտահոգութիւններ էր ունեցած լսելով Խատիսեանի շիրիմին նախկին անմխիթար վիճակին մասին:

Սրբազանէն յետոյ խօսք առաւ արարողութիւնը վարող Ալֆորվիլ քաղաքի փոխքաղաքապետ Կարօ Խաչիկեան եւ հրաւիրեց Ալեքսանդր Խատիսեանի թոռը՝ Քրիսթոֆը որպէսզի իր սրտի խօսքը արտասանէ: Քրիսթոֆ ֆրանսերէնով իր խօսքին մէջ նաեւ իր երկու եղբայրներուն անունով խորին շնորհակալութիւններ յայտնեց ՀՅԴ ԿԿ-ին եւ բոլոր անոնց որոնք իրենց ներդրումը ունեցան շիրմաքարի վերանորոգման, յուշաքարին եւ ՀՀ-ի առաջին զինանշանին տեղադրման եւ ծախսերու մասնակցութեան մէջ: Իր խօսքի աւարտին Քրիսթոֆին նուէր տրուեցաւ 2023 թուին լոյս տեսած «ԱԼԵՔՍԱՆԴՐ ԽԱՏԻՍԵԱՆ»-ի նուիրուած՝ ակադեմիկոս Վլադիմիր Յարութիւնեանի հաստափոր գիրքը: Սոյն աշխատասիրութեան մէջ տեղ գտած են Խատիսեանի անտիպ գործերը, նամակները, նիւթերն ու փաստաթուղթերը՝ հայերէն եւ ռուսերէն լեզուներով:

Երկրորդ խօսք առնողը Դրօ էքմէքճեանն էր, որ պատմականը ըրաւ թէ ինչպէ՛ս 2024-ի Ապրիլին ընկերոջ Վարանդին հետ՝ Père Lachaise այցելելէ յետոյ երբ ականատես կ’ըլլայ շիրմին տխուր վիճակին, ուր փոս մը յառաջացած էր, շիրմաքարը նորոգելու գաղափարը կը յղանայ: Երբ Լիբանան՝ դպրոցական ընկերոջը Ս-ին հետ այս մասին խօսելէ ետք, վերջինս կը խոստանայ շիրիմը նորոգելու պարագային՝ բերել իր նիւթական աջակցութիւնը, Էքմէքճեան ասկէ քաջալերուած՝ իր անմիջական շրջանակին մէջ կը ձեռնարկէ ապագայ ծախսերու հանգանակութեան: Նկատի առնելով Père Lachaise-ի գերեզմանատան մէջ որեւէ փոփոխութեան կամ շինարարութեան հետ կապուած դժուարութիւնները, պէտք էր նախ եւ առաջ կապ հաստատել շիրիմին տէր Խատիսեան ընտանիքի անդամներէն մէկուն հետ, նորոգման արտօնութիւն ստանալու համար: Համացանցի միջոցով հնարաւոր կ՚ըլլայ կապ հաստատել Ալեքսանդր Խատիսեանի միջնեկ թոռնիկին՝ Քրիսթոֆի հետ:

Ալեքսանդր Խատիսեանի թոռը՝ Քրիսթոֆ կ՚արտասանէ իր խօսքը

Père Lachaise-ին հետ, շիրմաքարի նորոգութեան եւ բոլոր տեսակի հարցերը լուծելու համար կը դիմեն Komitas pompe funèbre-ին, թաղման կարգերով զբաղող Ռաֆֆիին: Անոր միջնորդութեան շնորհիւ Père Lachaise-ի հետ կապուած դժուարին արտօնութիւնները կը հարթուին եւ այս տարուան Ապրիլի կէսին շիրմաքարը կը պատրաստուի ու կը տեղադրուի: Նկատի ունենալով Ալեքսանդր Խատիսեանի դաշնակցական ըլլալու հանգամանքը, կապ կը հաստատուի ՀՅԴ-ի ԿԿ-ի հետ, որպէսզի հանդիսութիւն մը կազմակերպուի մօտալուտ Մայիս 28-ի առթիւ: ՀՅԴ-ի ԿԿ-ը անմիջապէս դրականօրէն կ’ընդառաջէ սոյն առաջարկին եւ կը խոստանայ կոկիկ գումարով մըն ալ իր մասնակցութիւնը բերել ծախսերուն:

Յուշաքարի տեսակի եւ ՀՀ զինանշանի (նկարի հեղինակ՝ Սեյրան Խաթլամաջեան) մասին Ռաֆֆիի առաջարկած տարբերակը կ՚ընդունուի։ Թէպէտ կարելի չ՚ըլլար հանդիսութիւնը հասցնել Մայիսի 28-ին, սակայն կը յաջողուի այդ երկուքը շիրիմին վրայ զետեղել ճի՛շդ Մայիս 28-ի օրը:

Խատիսեան հեղինակ է ի մասնաւորի երկու կարեւոր աշխատութիւններու՝ «Հայաստանի Հանրապետութեան ծագումն ու զարգացումը» եւ «Քաղաքապետի մը յիշատակները»
Ալեքսանդր Խատիսեան փոքր եղբայրն էր Կոնստանտին Խատիսեանի որ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան ամենակարկառուն հիմնադիրներէն մէկն էր, որ կը մահանայ 1913 թուին: Խատիսեան եւ իր միւս երկու եղբայրները իրենց ընտանիքներով, շքեղ Թիֆլիսը թողլով կ՚երթան հաստատուիլ նոր բայց անորոշ ապագայ խոստացող՝ այդ օրերուն խեղճուկրակ ու անապահով Հայաստան, զայն վերակառուցելու համար: Փոքր եղբայրը՝ Գէորգը, իրաւաբան էր որ իր ներդրումը ունեցաւ նորաստեղծ Հայաստանի օրէնսդրութեան մէջ, հետագային՝ 1919 Յունիսին ընտրուելով Հայաստանի անդրանիկ խորհրդարանի անդամ: Կրտսեր եղբայրը՝ Լեւոնը որ ճարտարապետ էր, 1920 Սեպտեմբեր 23-ին, թրքական անակնկալ յարձակումով սկսած պատերազմին կը գտնուի Կարս եւ երբ Հոկտեմբեր 30-ին բոլշեւիկներու աւերիչ քարոզչութեան հետեւանքով գրեթէ առանց փամփուշտ մ՛իսկ արձակելու, անառիկ համարուող Կարսի բերդը կը յանձնեն թուրքերուն, Լեւոն՝ վիրաւոր, գերի կ՚իյնայ թուրքերու ձեռքը եւ քանի մը օր յետոյ ալ կը մահանայ:

Խատիսեան իր դիւանագէտի փորձառութիւնը ի սպաս կը դնէ Հայաստանի հանրապետութեան եւ հայոց պատմութեան ամենաբախտորոշ օրերուն: Սկիզբը՝ որպէս Արտաքին գործոց նախարար Քաջազնունիի հետ կը ստորագրէ Բաթումի դաշնագիրը, ապա Արամի մահէն յետոյ կը ստանձնէ նաեւ Ներքին գործոց նախարարութիւնը: 1919 Փետրուարին Քաջազնունիի արտասահման մեկնումէն ետք, նախ կը դառնայ վարչապետի գործակատար եւ ապա լիիրաւ վարչապետ 1919 Ապրիլէն մինչեւ 1920 Մայիս 5: 1920 Սեպտեմբերին, թրքական արշաւանքին եւ աւելի ուժեղ երկու բանակներու՝ թրքական ու բոլշեւիկեան ճնշումներուն եւ սպառնալիքներուն չդիմանալով, նոյնպէս Ալեքսանդր Խատիսեանին կը վիճակի գլխաւորել թուրքերու հետ հաշտութիւն կնքելու տխուր պարտականութիւնը: Խատիսեան դիւանագիտական կարելի բոլոր միջոցներուն կը դիմէ ուշացնելու համար ստորագրութիւնը, մինչեւ Դեկտեմբեր 2 երբ անկախ Հայաստանի իշխանութիւնը խաղաղօրէն կը փոխանցուի Երեւան հասած բոլշեւիկեան Յեղկոմին: Կէս գիշերէն ետք՝ Դեկտեմբեր 3-ի առաւօտուն կը ստորագրուի դաշնագիրը: Նկատի առնելով որ հայկական կողմէն, Հայաստանի հին իշխանութեան ներկայացուցիչն էր որ ստորագրած էր դաշնագիրը, ինչպէս նաեւ նկատի ունենալով այն հանգամանքը, որ Հայաստանի իշխանութիւնը պաշտօնապէս արդէն յանձնուած էր բոլշեւիկներուն, վերջիններուս շատ դիւրիւն էր չեղեալ համարել այդ դաշնագիրը: Սակայն բոլշեւիկներուն համար քաւութեան նոխազ էր պէտք: Ասոր անմիջական փաստը այն եղաւ, որ անոնք շատ չանցած, նախ 1921 Մարտ 16-ին, առանց որեւէ փոփոխութեան, թուրքերու հետ ստորագրեցին ռուս-թրքական եղբայրութեան Մոսկուայի պայմանագիրը, ապա աւելի ուշ, նոյն տարուան Հոկտեմբեր 13-ին Կարսի մէջ ստորագրեցին ռուս-թրքական դաշնագիրը:

Խատիսեան հարիւր տարի առաջ, Լօզանի խորհրդաժողովէն յետոյ գրած է, թէ Հայ ազգային միտքը, Լօզանէն յետոյ իր առջեւ դրած է չորս խնդիրներ՝

1-Առաջին՝ ամէն կերպ ամրացնել Հայաստանի Հանրապետութեան հիմքերը թէ՛ տնտեսապէս, թէ՛ մշակութային տեսակէտով, թէ՛ ֆիզիքապէս՝ բոլորովին անկախ անոր մէջ տիրող վարչաձեւէն։

2-Երկրորդ՝ պահպանել ի սփիւռս աշխարհի ցրուած հայ զանգուածներուն մէջ ազգային ոգին, լեզուն, մշակոյթն ու ազգային-քաղաքական իտէալները։

3-Երրորդ՝ պահպանել, յաչս եւրոպական կառավարութիւններու, քաղաքական կուսակցութիւններու եւ ազգերու դաշնակցութեան՝ հայ ժողովուրդի հիմնական պահանջները եւ հող պատրաստել անոնց իրագործման համար։

4-Չորրորդ՝ ամէն գնով պահպանել մարդասիրական եւ բարեսիրական կազմակերպութիւններու նիւթական օժանդակութիւնը թէ՛ հայաստանի ազգաբնակչութեան եւ թէ՛ գաղթականներուն։

Ցաւօք սրտի այս չորս կէտերն ալ, գրեթէ անփոփոխ, մինչեւ այսօր ալ կը մնան այժմէական:

Յաջորդ խօսք առնողը ՀՅԴ-ի կողմէ Յակոբ Սազճեանն էր, որ ֆրանսերէնով նախ հակիրճ պատմականը ներկայացնելէ ետք Խատիսեանի ընտանիքին, հանգամանօրէն խօսեցաւ անոր քաղաքական ու ազգային գործունէութեան մասին՝ սկսելով անոր՝ Թիֆլիսի քաղաքապետի գործունէութենէն մինչեւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի պաշտօնը, ընդհուպ մինչեւ իր մահը՝ 1945-ին: Խատիսեան մաս կը կազմէ Հայոց ազգային խորհուրդին, որ առաջին աշխարհամարտի նախօրեակին կը կազմակերպէ հայ կամաւորական գունդերը, որոնք ռուսական բանակին հետ միասին առաջիններէն կ՚ըլլան, որ կը մտնեն Արեւմտահայաստան, մինչեւ Վան ու Էրզրում, փրկելով հարիւրհազարաւոր հայերու կեանքը: Հետագային հայ կամաւորական գունդերը պիտի կազմէին անկախ հայաստանի բանակին կորիզը: Ազգային խորհուրդի անդամի եւ Թիֆլիսի քաղաքապետի իր հանգամանքէն օգտուելով՝ Խատիսեան օգնութիւն կը հայթայթէ Կովկաս ապաստանած հարիւրհազարաւոր հայ գաղթականներուն: Ան իր ամբողջ կարելիութիւները ի սպաս կը դնէ հայրենիքի եւ հայ ժողովուրդին, որպէս քաղաքապետ, նախարար, վարչապետ, ՀՀ պետութեան փոխառութիւններ հաւաքող եւ ոսկիի հիմնադրամի հիմնադիր:

Հայաստանի անկախութեան անկումէն ետք, Խատիսեան հաստատուեցաւ Փարիզ: Սակայն ճակատագիրը մինչեւ վերջ ալ չխնայեց իրեն, հակառակ անոր որ ան պատերազմի տարիներուն Փորթուկալ կ՚ապրէր, 1944-ին հայ համայնավարները զայն բանտարկել տուին՝ գերմանացիներու հետ գործակցելու մեղադրանքով: Թէպէտ մի քանի ամիս յետոյ անպարտ կ’արձակուի, սակայն բանտը իր աւերները արդէն գործած էր: Խատիսեան իր մահկանացուն կը կնքէ 10 Մարտ 1945-ին եւ կը թաղուի Père Lachaise-ի գերեզմանատան մէջ:

Վերջին խօսքը տրուեցաւ ՀՅԴ արեւմտեան Եւրոպայի ԿԿ-ի ներկայացուցիչ Հրաչ Վարժապետեանին։ Ան զուգահեռներ գծեց մէկ կողմէ առաջին Հանրապետութեան նուիրեալ քաղաքական այրերու անշահախնդիր նուիրումին եւ միւս կողմէ այսօրուան հայաստանի իշխանաւորներուն միջեւ, որոնց ստորաքարշ, ապաշնորհ եւ ապազգային քաղաքականութինը կը քանդէ մեր երկրի հիմերը, զայն հասցնելով անդունդի եզրին:

Ներկաները «Վէրքերով լի ջան ֆետայ եմ» երգով փակեցին արարողութիւնը, նուազագոյն պարտականութիւն մը կատարած ըլլալու գոհունակութեամբ:

Այս առիթով մեր յատուկ շնորհակալութիւնները կը յայտնենք, սիրայօժար ընդառաջած լուսանկարիչներուն՝ Պաղտիկ Գույումճեանին եւ Ռատիօ Այբ Էֆ-Էմ-էն Մելքոն Աճէմեանին, ինչպէս նաեւ Ժան-Մանուկ Երեմեանին՝ արարողութեան նկարահանման համար:

Դ. է.

Շիրմաքարի նորոգութեան համար հետեւեալները կատարած են նուիրատւութիւններ.-

Խատիսեան ընտանիք՝2.000 եւրօ,
Հ. Յ. Դաշնակցութիւն՝ 1.000 եւրօ,
Ս. ..սեան (Լիբանան)՝ 300 եւրօ,
Սաչիկ Քէլէշեան՝ 300 եւրօ,
Յարութ Ապրիլեան՝ 300 եւրօ,
Դրօ Էքմէքճեան՝ 300 եւրօ,
Ալեքս Հալլաճեան՝ 150 եւրօ,
Րաֆֆի Քերթէշեան՝ 50 եւրօ,
Մասիս Գոչու՝ 50 եւրօ,
Հրաչ Եոնթան՝ 50 եւրօ,
Քրիսթոֆ Քեպաճեան՝ 50 եւրօ,
Միսաք Սարգիսեան՝ 50 եւրօ,
Արթիւր Ագըլեան՝ 25 եւրօ,
Մանօ Մկըրեան՝ 25 եւրօ,
Ռոստոմ Պալթայեան՝ 25 եւրօ,
Ժոզէֆ Էօքսիւզեան՝ 25 եւրօ։
Ընդհանուր գումար՝ 4.700 եւրօ

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Երբ ասում են` Արցախը երբեք հայկական չի

ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթելյանը հանդես է եկել տեսաուղերձով․

19 Սեպտեմբեր 2026
Քանի դեռ կա թուրք-ադրբեջանական մոտեցու

Այսօր՝ Արցախի հայաթափման 3-ամյա տարելիցին, տեղի է ունեցել «Հիշատակի օր» խորագի

19 Սեպտեմբեր 2026
Արցախցիների հավաքական և անվտանգ վերադա

Արցախի Հանրապետության Ազգային ժողովի նախագահի պարտականությունները կատարող Գագի

19 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Այնճարը` Սփիւռքի Փոփոխուող

Մուսա լերան հերոսամարտի հերթական նշումը կը զուգակցուի Սուրբ Խաչի տօնին հետ: Հե

18 Սեպտեմբեր 2026
«Հայաստան» խմբակցության անդամները Շվեդ

ԱԺ «Հայաստան» խմբակցության ղեկավար Աննա Գրիգորյանը, խմբակցության քարտուղար Արթ

18 Սեպտեմբեր 2026
«Արմատախիլ անել» դաշնակցականությունը.

ՀՀ ԱԺ ամբիոնից իշխանական մեծամասնության պատգամավոր Արման Եղոյանի՝ սեպտեմբերի 1

18 Սեպտեմբեր 2026
Փաշինյանն ի զորու չէ իրավական պատասխան

«5-րդ ալիք» հեռուստաընկերության «Օրագիր» հաղորդման հյուրն է ՀՅԴ Հայ Դատի գրասե

17 Սեպտեմբեր 2026
Արամ Համբարեանի Մեկնաբանութիւնը՝ Հայ Հ

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ․- Ա․Մ․Ն․ նախագահ Տանըլտ Թրամփ, Սպիտակ տան մէջ Սեպտեմբեր 16-ին հանդի

17 Սեպտեմբեր 2026
Բաց նամակ՝ Ալիևի հրավերով օկուպացված Ա

ԲՐՅՈՒՍԵԼ, 17 սեպտեմբերի, 2026 թ․ — ՀՅԴ Եվրոպայի Հայ դատի գրասենյակը (EAFJD) բա

17 Սեպտեմբեր 2026
Ցույց ԱԺ-ի դիմաց. արցախցիները պահանջու

Արցախցիներն այսօր` սեպտեմբերի 17-ին բողոքի ցույց անցկացրեցին Ազգային ժողովի շե

17 Սեպտեմբեր 2026
Հայ Դատի Կոչը՝ Գերիներու Ազատ Արձակման

Աւելի քան տասնեակ մը քոնկրեսականներ Սեպտեմբեր 15ին պահանջեցին, որ Ատրպէյճան ազ

17 Սեպտեմբեր 2026
Ակնարկ. Հիմնական Դերակատարութիւն

Ակնկալելի էր, որ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նիստերուն Դաշնակցութե

17 Սեպտեմբեր 2026
Գազի թանկացումը բերելու է կատաստրոֆիկ

Խորհրդարանական քառօրյան բավականին թեժ է ընթանում։ ՔՊ-ական Արման Եղոյանն ԱԺ ամբ

16 Սեպտեմբեր 2026
Եթե Դաշնակցությունն արժեք ու ուժ չունե

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցության թիրախավորման պատճառները հասկանալու համար անհրաժե

16 Սեպտեմբեր 2026
Խայտառակ բռնաճնշումներ՝ ՏԻՄ ընտրւթյուն

Այսօր՝ սեպտեմբերի 16-ին Ազգային ժողովում տեղի ունեցավ ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ ներկայ

16 Սեպտեմբեր 2026
Պաքուի Պատրաստած Դատարկ Յուշամատեանը Ե

Անընդունելի է լռել, կուլ տալ պատահածը եւ լուսանցքի մէջ դնելով՝ էջը դարձնել, նո

16 Սեպտեմբեր 2026
Սփիւռքի Ազգային Զօրաշարժի Խորհրդաժողով

Սփիւռքի զօրաշարժի խորհրդաժողովին (Փարիզ, Ապրիլ 11-12) ընթացքին տեղի ունեցած չո

16 Սեպտեմբեր 2026
Սպասելով համազգային կամքի յաղթական արձ

1.Վերջին 8-ը տարւայ հայաստանեան թուրքահպատակ իշխանազաւթներն ու իրենց ապազգային

16 Սեպտեմբեր 2026
Փաշինյանը չի խրախուսում սփյուռքահայերի

Հայաստանի ներքին գործերի նախարարությունն առաջարկում է հնգապատկել Հայաստանի քաղ

15 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Նոր Ռազմավարութիւն` Ազրպէյ

Ազրպէյճանի մէջ հաւատարմագրուած դեսպաններու այցելութիւնը Արցախ առաջին քարոզչակ

15 Սեպտեմբեր 2026
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company