ՀՕՄ-ի 115-Ամեակի Նախաձեռնութիւններ Հայաստանի Մէջ
29 Հոկտեմբեր 2025
24 hոկտեմբերին, ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան հովանաւորութեամբ եւ Հայաստանի Շրջանային վարչութեան կազմակերպութեամբ, տեղի ունեցաւ «Լաւագոյն ուսանող» ծրագիրը, որուն ծիրին մէջ պարգեւատրուեցան ուսանողներ` Հայաստանէն, Ջաւախքէն եւ Արցախէն:
Ձեռնարկը սկիզբ առաւ Հայաստանի, Արցախի եւ ՀՕՄ-ի քայլերգներով: Ապա ուսանողներուն եւ ներկաներուն իր ողջոյնի խօսքը ուղղեց Հայաստանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Մարօ Քէշիշեանը: Իր սրտի խօսքը ուղղեց նաեւ Կեդրոնական վարչութեան անդամ Զոյա Քոչարեանը:
ՀՕՄ-ի արդէն իսկ մէկդարեան պատմութեան, գործունէութեան եւ կատարած ծրագիրները ներկաներուն ծանօթացնելու նպատակով տեղի ունեցաւ ժապաւէնի ցուցադրութիւն, որմէ ետք խօսք առաւ ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Արուս Մելքոնեան` նշելով, որ երիտասարդութիւնն է մեր վաղուան ապագան, եւ այս մէկը շատ կարեւոր է:
Աւարտին ուսանողները հանդիսաւոր կերպով պարգեւատրուեցան:
115-ամեակի նախաձեռնութիւններու ծիրին մէջ ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը եւ մեծ թիւով ՀՕՄ-ականներ այցելեցին Եռաբլուր, ուր մատուռին մէջ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն` ննջեցեալ ՀՕՄ-ականներու հոգիներուն համար:
Այնուհետեւ անոնք այցելեցին անյայտ հերոսներու յուշարձան, Արցախի կանչը յուշահամալիր եւ Սօսէ Մայրիկին գերեզմանը, ուր զետեղուեցան ծաղկեպսակներ:
ՀՕՄ-ականները նաեւ այցելեցին հերոս նահատակներու շիրիմներ եւ իրենց յարգանքի տուրքը մատուցեցին հայրենիքին պաշտպանութեան համար իրենց կեանքը զոհած նահատակներուն:
ՀՕՄ-ականները 23 հոկտեմբերին այցելեցին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին, ուր զիրենք ընդունեց Մայր Աթոռի Արտաքին յարաբերութիւններու եւ արարողակարգի բաժինի տնօրէն Նաթան արք. Յովհաննիսեանը:
Հանդիպումին սրբազան հայրը միութեան անդամներուն փոխանցեց Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի հայրական օրհնութիւնն ու բարեմաղթանքները:
Շնորհաւորելով ՀՕՄ-ի հիմնադրութեան 115-ամեակին առիթով` Նաթան արքեպիսկոպոսը գոհունակութեամբ արձանագրեց ընկերային, առողջապահական, կրթական ոլորտներուն մէջ կազմակերպութեան անուրանալի առաքելութիւնը հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ եւ յատուկ անդրադարձ կատարեց հայրենազրկուած արցախահայերուն ցուցաբերած աջակցութեան եւ զօրակցութեան:
Անդրադառնալով Հայաստանի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն, Նաթան սրբազանը յորդորեց ՀՕՄ-ի անդամները` գործուն ներգրաւուածութիւն ունենալ անոնց յաղթահարման գործին մէջ:
Աւարտին սրբազան հայրը պատգամ յղեց ներկաներուն` ամուր պահել կապը մայր հայրենիքի եւ Հայոց եկեղեցւոյ հետ, նախանձախնդրօրէն շարունակել իրենց օգտակարութիւնը բերել հայորդիներուն:



