Ensemble Montréal կուսակցութեան ղեկավար Սուրէյիա Մարդինէզ Ֆերրատա եւ իր խումբը հանդիպում ունեցան Մոնթրէալի Հայ Դատի յանձնախումբին հետ
30 Հոկտեմբեր 2025
Շաբաթ, 25 Հոկտեմբեր 2025-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Ensemble Montréal կուսակցութեան ղեկավար Սուրէյիա Մարդինէզ Ֆերրատա եւ իր խումբը՝ Ալէն Տեսուզա (Saint-Laurent շրջանի քաղաքապետական թեկնածու), Վանա Նազարեան (Côte-de-liesse շրջանի քաղաքապետական թեկնածու), Մոտ Թերիո-Սեկուին (Ahuntsic-Cartierville շրջանի քաղաքապետի թեկնածու), Էֆֆի Ճիանու (Bordeaux-Cartievile շրջանի քաղաքապետական թեկնածու) եւ Վիքթոր Էսբոսիթօ (Saint-Sulpice շրջանի քաղաքապետական թեկնածու) այցելեցին Մոնթրէալի Հայ կեդրոն, մօտէն ծանօթանալու կեդրոնին յարկէն ներս գործող միութեանց աշխատանքներուն եւ ներդրումին:
Այցելութեան ընթացքին իրենց ընկերացան Մոնթրէալի «Միհրան Փափազեան» նորընտրեալ կոմիտէի հերթապահ եւ Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Յարութ Դաւիթեան եւ անդամներ՝ Վարանդ Եափուճեան, Աւօ Քէշիշեան, Ճորճ Զատոյեան, Շողիկ Սարգիսեան Գաթարոյեան եւ Սօսի Տայեան:
Կեդրոնէն ներս շրջագայութեան աւարտին պատուիրակութիւնը հանդիպում ունեցաւ Հայ Դատի յանձնախումբի անդամներուն հետ, որուն ընթացքին քննարկուեցան Հայոց Ցեղասպանութեան եւ Արցախի զոհերուն յիշատակին միջոցառումներու իրագործման կարելիութիւնները քաղաքապետարանէն ներս, հայկական մշակութային ձեռնարկներու շարունակականութեան ապահովումը, համայնքային կրթական եւ այլազան ծրագիրներու աջակցութիւնը, ինչպէս նաեւ երիտասարդութեան ներգրաւման նպատակաուղղուած ծրագիրներու մշակումը, որոնց հանդէպ անսակարկ աջակցութիւն խոստացան պատուիրակութեան անդամները:
Նշենք, որ Քեպէգ նահանգի քաղաքապետական ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան այս շաբաթավերջին:
Սոնա Թիթիզեան Կէտիկեան
«Հորիզոն»
Լուսանկարը՝ Մայք Թաշճեանի
