ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէն Հանդիպում Մը Ունեցաւ Արամ Ա. Կաթողիկոսին Հետ
30 Հոկտեմբեր 2025
Արամ Ա. կաթողիկոսը ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի անդամներուն եւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամին հետ
ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէն Շաբաթ, 26 Հոկտեմբերին հանդիպում մը ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին հետ։ Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Տարօն Տէր Խաչատուրեան։
Շրջանի հայութեան վերաբերող հարցերուն նուիրուած բաց եւ խոր քննարկումներուն ընթացքին շեշտուեցաւ շրջանիս կենսական դերակատարութեան կարեւորութիւնը Սփիւռքի հայութեան կեանքին մէջ։ Խորհրդակցութիւններու առանցքը հանդիսացաւ Սփիւռքի եւ յատկապէս Արեւմտեան Ամերիկայի հայութեան դերակատարութիւնը՝ ազգային ինքնութեան պահպանման, համայնքներու կազմակերպման եւ համահայկական նպատակներու իրականացման ջանքերուն մէջ։
Քննարկուեցան նաեւ Ազգային վարժարանները ընդարձակելու աշխատանքները եւ շեշտուեցաւ Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ կարեւոր դերակատարութիւնը՝ Արեւմտեան Ամերիկայի հայութեան կեանքը առաջնորդելու եւ համայնքը հզօրացնելու գործին մէջ։ Եկեղեցւոյ դերը կենսական նկատուեցաւ ներհամայնքային միասնութիւն սերմանելու, հոգեկան եւ մշակութային ժառանգը պահպանելու եւ Հայ Դատը ջատագովելու աշխատանքներուն մէջ։
Յոյժ կարեւոր նկատուեցաւ ՀՅԴի եւ Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ միջեւ գործակցութեան սերտացումը՝ նկատի ունենալով այն իրողութիւնը, որ համայնքին մէջ անոնց առաքելութիւններուն նպատակները զիրար կ՛ամբողջացնեն։ Շեշտուեցաւ նաեւ հայկական այլ կազմակերպութիւններու հետ յարաբերութիւնները սերտացնելու կարեւորութիւնը։
Աւելի ուշ, քննարկումին միացան նաեւ Ազգային Կեդրոնական վարչութեան համաատենապետ Ստեփան Տէր Պետրոսեան եւ Ազգային վարչութեան փոխատենապետ Ճեք Հաճինեան։
ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Կարօ Մատէնլեան յայտնեց, թէ քննարկումը անգամ մը եւս ցոյց տուաւ, թէ մեր զօրութիւնը մեր միասնականութեան մէջ է, յատկապէս համահայկական կարեւորութիւն ներկայացնող հարցերու եւ Հայ Դատը յառաջ մղելու աշխատանքներու պարագային։





