ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • ՀՅԴ Այլ շրջաններ
  • Լուրեր

Լոս Անճելըսի Մէջ Հանդիսաւոր Կերպով Նշուեցաւ Արամ Ա. Կաթողիկոսի Գահակալութեան 30ամեակը

30 Հոկտեմբեր 2025 ՄՀԵՐ ՏԷՐ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆ ԱՐԺԱՆԱՑԱՒ «ԿԻԼԻԿԵԱՆ ԻՇԽԱՆ» ՇՔԱՆՇԱՆԻՆ

Արժանավայել ու մեծաշուք հանդիսութեամբ մը Լոս Անճելըսի հայութիւնը նշեց իր հովուապետին՝ Արամ Ա. կաթողիկոսին գահակալութեան ու օծման 30ամեակը, Կլենտէյլի «Ալեքս» թատերասրահին մէջ, 26 Հոկտեմբերի երեկոյեան: Հանդիսութիւնը կազմակերպուած էր Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի Ազգային առաջնորդարանին կողմէ եւ անոր գեղարուեստական յայտագիրը մշակուած էր Ազգային առաջնորդարանի «Մհեր եւ Սաթիկ Տէր Յովհաննէսեան» հիմնադրամին կողմէ եւ կը վայելէր անոր հովանաւորութիւնը: Ներկայ էր նաեւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Տարօն Տէր Խաչատուրեան։

Հանդիսութեան բացման խօսքը կատարեց Կլենտէյլի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր տեսուչ Զարեհ Ծ. վրդ. Սարգիսեան, որ իր խօսքին մէջ ըսաւ հետեւեալը. «Երեսուն տարիներու ընթացքին, վեհափառ հայրապետը եղած է հովիւ, ուսուցիչ, ղեկավար եւ մարգարէական ձայն մեր ժամանակակից աշխարհին մէջ՝ առաջնորդ մը, որուն սիրտը կը բաբախէ իր ժողովուրդի հաւատքով, ցաւերով եւ յոյսերով։ Ծանօթներ միայն լաւ գիտեն, որ վեհափառ հայրապետի խօսքն ու գործը եղած են Աստուծոյ ճշմարտութեան հայելիներ՝ արդարութեան ձայնի, հովուական կարեկցութեան եւ նուիրական ծառայութեան»։ Խօսելով վեհափառին յաճախական յիշեցումներուն մասին, թէ եկեղեցին պէտք է տանիլ ժողովուրդին՝ հայր սուրբը ընդգծեց. ««Եկեղեցին պատեր եւ տանիք չէ, այլ՝ հաւատացող ժողովուրդն է»: Սուրբ Յովհան Ոսկեբերանի այս խօսքը կեանքի բնաբանի վերածած՝ վեհափառը իր առաջնորդութեամբ մեր Եկեղեցին դարձուց կենդանի տաճարի՝ գործող հաւատքով, սրտապնդող դաստիարակութեամբ եւ աննահանջ ծառայութեամբ լեցուն։ Վեհափառ հայրապետին շունչով թրծուածներ լաւ գիտեն, թէ եկեղեցւոյ ծառայելը՝ մարդկութեան ծառայել է, իսկ Աւետարանը սիրելը՝ Աստուծոյ ստեղծագործութիւնը սիրել է»։

Բացման խօսքէն անմիջապէս ետք բեմ բարձրացաւ օրուան առաջին բանախօսը՝ Սուրէն սարկաւագ Հազարեան։ Անգլերէնով իր արտասանած խօսքին մէջ ան ըսաւ հետեւեալը. «Խօսիլ Արամ Ա. կաթողիկոսին մասին, կը նշանակէ խօսիլ միշտ իր հօտը դէպի լոյսը առաջնորդող քաջ հովուապետին մասին։ Անոր ընտրութիւնը եւ օծումը իբրեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս բացաւ նոր էջ մը Հայ եկեղեցւոյ կեանքին մէջ։ Իր գահակալութեան առաջին իսկ օրէն ան ունէր յստակ տեսլական՝ եկեղեցւոյ վերանորոգում, ժողովուրդին ուղղուած ծառայութիւն, ծուխերու հզօրացում եւ եկեղեցին տանիլ ժողովուրդին։ Նորին սրբութիւնը երբեք թոյլ չտուաւ, որ եկեղեցին դառնայ թանգարան։ Իր պատգամներուն, հռչակագիրներուն եւ սրբատառ կոնդակներուն մէջ, ան միշտ շեշտած է, որ հայ եկեղեցին պէտք է ըլլայ իր ժողովուրդին հետ եւ պատերէն անդին։ Իր գահակալութեան անցնող 30 տարիներուն ընթացքին, վեհափառ կաթողիկոսը միշտ քաջալերած է երիտասարդներուն եւ իգական սեռին մասնակցութեան կարեւորութիւնը եկեղեցւոյ առաքելութեան մէջ»։ Իր խօսքին աւարտին, Հազարեան իր որդիական ջերմ բարեմաղթութիւնները յայտնեց հայրապետին՝ անոր մաղթելով քաջառողջ ու արեւշատ օրեր եւ երկար ու բեղուն գահակալութեան տարիներ։

Ապա, բեմ բարձրացաւ օրուան երկրորդ բանախօսը՝ Թորգոմ արք. Տօնոյեան։ «Շատ գրուած ու խօսուած է Կիլիկիոյ Հայրապետական աթոռոյ բարի դերակատարութեանց, միջկրօնական եւ միջեկեղեցական փոխյարաբերութեանց, փոխադարձ հասկացողութեանց ու մանաւանդ՝ համազգային առումով, անձնդիր ծառայութեանց մասին: Այս բոլորին առաջնորդող դէմքը եւ ճարտար ղեկավարը Արամ Ա. վեհափառ կաթողիկոսն է, որ իր կենաց տարիները առաքելատիպ ծառայութեամբ լուսեղէն ներկայութիւն դարձուց բազմաթիւ մարզերէ ներս եւ իր եզակի, ուրոյն տեղը ունեցաւ ու կը շարունակէ նոյն իմաստութեամբ ունենալ՝ մանաւա՛նդ մեր ազգի շնչաւոր հորիզոնին վրայ», ըսաւ Թորգոմ սրբազանը՝ աւելցնելով. «Երեք տասնամեակներու ծառայութեամբ հզօրացած վեհափառ կաթողիկոսը հայ ազգի ճգնաժամային եւ անդոհալից պահերուն, իր հզօր հեղինակութեամբ կը մնայ փնտռուած ներկայութիւն՝ իբրեւ խորարմատ հաւատք, միտքի շտեմարան, խոհուն մտաւորական, աներկիւղ պատգամաբեր, կեցութեան հսկիչ, հաշտարար հայր, կենսաբեր քարոզիչ, հայրենիքի ու Սփիւռքի միաբանութեան ջատագով, ու մանաւանդ, համայն հայութեան լինելութեան արթուն պահակ՝ օժտուած երկնային զօրութեամբ»։ Եզրակացնելով իր խօսքը՝ Թորգոմ արքեպիսկոպոսը ըսաւ. «Մեր խորին համոզումով, դուք իտէալ հայրապետն էք ձեր հօտին ու մեր բոլորի՛ն, որովհետեւ դուք Հայ եկեղեցին վերածեցիք դէպի համայնական ծառայութիւն առաջնորդող անսասան դուռի, որ ամէն հեղ ընդառաջ բացուեցաւ ազգի բոլոր խաւերուն ու խմբաւորումներուն, ինչպէս նաեւ վերջին երեք տասնամեակներուն անասելի կարիքներու մէջ ծովացած հայրենեաց դիմաց՝ տեսակ-տեսակ ծառայութիւններով դարմանելով ցաւը անկարին ու վիրաւորին, հայրենեաց զինուորներուն, վիրաւոր փաղանգներուն եւ ազգի բոլոր զաւակներուն անխտիր։ Կանաչ երթ, դէպի աստղածորան նո՜ր արշալոյսներ, ամենասիրելի վեհափառ տէր»։

Արտասանուած խօսքերէն ետք, ներկայացուեցաւ հայ թէ օտար դասական երաժշտութենէ պատառիկներ՝ մասնակցութեամբ մեծահռչակ արուեստագէտներու, ինչպէս նաեւ Համազգայինի երգչախումբին։

Աւարտին, բեմ հրաւիրուեցաւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան։ Ան իր ուրախութիւնը յայտնելով հայրապետին գահակալութեան 30ամեակը նշելու առիթով՝ ըսաւ. «Ուրախ ենք, որ հպարտառիթ այս երեկոն մենք տօնախմբեցինք ձերդ սրբութեան ներկայութեան՝ եւ միատեղ ըմբոշխնեցինք ի պատիւ ձեզի կազմակերպուած այս շքեղ՝ համերգը, որ Արեւմտեան թեմի ուժերով եւ յատուկ կերպով պատրաստուած, նպատակ ունի ձերդ սրբութեան մեր շրջանը հովուապետական վեցերորդ այցելութիւնը եւ ձեր գահակալութեան 30ամեակը նշել շռնդալից կերպով ու գեղեցիկ արուեստով եւ յաւերժացնել պահը՝ հովուապետ ու հօտ այս գեղեցիկ հանդիպման առթած սրտաբուխ, անկեղծ ու ցնծագին ապրումներով»։ Իր խօսքին աւարտին, յանուն թեմի ժողովական կառոյցներուն, մարմիններուն, կազմակերպութիւններուն ու ժողովրդեան՝ սրբազանը աղօթք բարձրացուց առ ամենակալ Աստուած, որպէսզի երկինքը կաթողիկոսին պարգեւէ արեւշատ երկար օրեր ու լուսաշող բազում տարիներ, ու անոր ասային նուիրէ շէն ու ծաղկուն բազում նոր ամեակներ։

Վերջապէս, Արամ Ա. կաթողիկոսը հանդէս եկաւ իր հայրական խօսքով՝ շեշտելով եկեղեցւոյ եւ եկեղեցականի առաքելութեան էութիւնը կազմող ծառայութիւնը: «Եկեղեցին ծառայութիւն է իր էութեամբ ու առաքելութեամբ։ Ա՛յս գիտակցութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը կը գործէ, ա՛յս գիտակցութեամբ նաեւ անցնող 30 տարիներուն, որպէս կաթողիկոս, մենք գործեցինք ու ծառայեցինք եւ փորձեցինք միշտ հաւատարիմ մնալ Քրիստոսի խօսքին, թէ Ան աշխարհ եկաւ ո՛չ թէ ծառայութիւն ստանալու, այլ ծառայելու համար», ըսաւ վեհափառը՝ աւելցնելով. «Վեհափառ հայրապետին 30ամեակը նշել կը նշանակէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան 30 տարիներու կեանքն ու գործունէութիւնը արժեւորել: Վեհափառ հայրապետին ու կաթողիկոսութեան երեսնամեայ գործունէութիւնը լուսարձակի տակ բերել կը նշանակէ ծառայական առաքելութեան մը արժեւորումը կատարել։ Ծառայական առաքելութիւն մը, որ եղաւ գերազանցօրէն ամբողջական, համապարփակ ու նպատակասլաց։ Ծառայական առաքելութիւն մը, որ յատկանշուեցաւ իր որակով ու յանձնառութեամբ։ Ծառայական առաքելութիւն մը, որ անդրանցաւ նոյնիսկ մեր Սուրբ աթոռին սահմանները ու դարձաւ համահայկական, համաժողովրդային ու համազգային: Ծառայական առաքելութիւն մը, որ նոյնիսկ ներառեց միջազգայինը, յատկապէս միջեկեղեցական ու միջկրօնական եւ նոյնիսկ պետական ու քաղաքական սահմանները: Զգացական պոռթկումներ չեն այս հաստատումները, այլ՝ փաստացի իրողութեան նշումներ: Բացէ՛ք վերջին 30 տարիներու պատմութիւնը մեր Սուրբ աթոռին: Կարդացէ՛ք այն ինչ որ ըսուած է ու գրուած, յատկապէս մեր լուրերը: Կարդացէ՛ք այն, ինչ որ չէ ըսուած ու չէ արտաբերուած, յատկապէս մեր արխիւները: Վստահաբար պիտի հաստատէք ու վկայէք, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը ո՛չ միայն Սփիւռքի հայութեան կեանքին մէջ կեդրոնական ներկայութիւն դարձած է, այլ նաեւ մեր համազգային կեանքին մէջ առանցքային ներկայութիւն դարձած է՝ ո՛չ սոսկ իր յստակ խօսքով ու ամուր կեցուածքով՝ մեր հայրենիքն ու ազգը յուզող հարցերուն նկատմամբ, այլ նաեւ իր գործով ու նուիրումով՝ մեր հայրենիքին ու ազգին արժէքներու ու իրաւունքներու պաշտպանութեան գծով: Այն իրագործումները, զորս կատարեցինք, Աստուծոյ փառք ու գոհութիւն կու տանք, որովհետեւ Իր օրհնութեամբ, օգնութեամբ ու պաշտպանութեամբ կատարեցինք: Հոն ուր թերացանք կամ սխալեցանք, թող Աստուած ներէ, որովհետեւ մեր կեանքին ու գործին նպատակը միշտ ձգտեցաւ ըլլալ աստուածահաճոյ ու ժողովրդանուէր: Մեր ծառայական առաքելութեան արդիւնքներուն արժեւորումն ու գնահատանքը կը ձգենք մեր ժողովուրդին եւ պատմութեան, իսկ մեր ծառայական առաքելութեան քննական ու ինքնաքննական փորձը մենք է որ պէտք է կատարենք՝ որպէս կաթողիկոս ու կաթողիկոսութիւն, որպէսզի կարենանք կատարուածին ամբողջական քննարկումով կատարելիքը ճշդել: Կեանքը կաղապարուած ու զմռսուած իրականութիւն մը չէ, ան եղափոխութեան ու յեղափոխութեան մնայուն ընթացքի մէջ է, մանաւանդ համաշխարհայնացած ու ճարտարագիտութեամբ տիրապետուած ներկայ աշխարհին մէջ: Աշխարհ մը, ուր կ՛ապրի մեր ժողովուրդը եւ որուն անմիջական ազդեցութեան տակ կը գտնուի ամէն տեղ ու ամէն վայրկեան: Հետեւաբար, մեր մօտեցումները, մեր ըսելիքներն ու ընելիքները, մեր ծրագրումներն ու աշխատանքները պէտք է համապատասխանեն ներկայ աշխարհին ու մեր ժողովուրդի կեանքի պայմաններուն ու սպասումներուն»:

Իր խօսքին աւարտին, հայրապետը յատուկ կերպով անդրադարձաւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի եւ Սուրբ աթոռի բարերարներէն՝ Մհեր Տէր Յովհաննէսեանի կարատած ազգանուէր եւ օրինակելի ծառայութիւններուն ու կատարած բարերարութիւններուն։ Կաթողիկոսը բարերար Տէր Յովհաննէսեանի կատարած նիւթական ու բարոյական օժանդակութիւններուն մասին խօսելով՝ զանոնք որակեց որպէս ծառայական հարազատ նկարագիրով դրոշմուած եւ իրագործուած բարերարութիւններ։ Արդարեւ, իբրեւ շօշափելի արտայայտութիւն անոր բերած ներդրումին մեր եկեղեցական ու ազգային կեանքին մէջ, վեհափառը Մհեր Տէր Յովհաննէսեանի կուրծքը զարդարեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Կիլիկեան Իշխան» շքանշանով։

Տեսանիւթն այստեղ

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Լոս Անճելըսի Մէջ Հանդիսաւոր Կերպով Նշո

Արժանավայել ու մեծաշուք հանդիսութեամբ մը Լոս Անճելըսի հայութիւնը նշեց իր հովու

30 Հոկտեմբեր 2025
ՔՊ-ականները դեմ քվեարկեցին արցախցիների

ՀՅԴ անդամ, Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցության պատգամավոր Արթուր Խաչատրյանը

30 Հոկտեմբեր 2025
ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմ

Արամ Ա. կաթողիկոսը ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի անդամներուն եւ Հ

30 Հոկտեմբեր 2025
Ensemble Montréal կուսակցութեան ղեկավա

Շաբաթ, 25 Հոկտեմբեր 2025-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Ensemble Montréal կուսակց

30 Հոկտեմբեր 2025
Պատմութեան կրկնութեան «Օրինաչափութիւնը

Որպէս ամենահայաստանամերձ համայնք, (յատկապէս դարերից ի վեր իսլամադաւան իրանական

30 Հոկտեմբեր 2025
ՔՊ-ի հիստերիան թուլությունից ծնված վախ

ՔՊ-ն մոտեցել է իր իշխանության վերջնախաղին, վերջին գործողությունները ցուցիչ են,

30 Հոկտեմբեր 2025
Թո՛ւրքիա, ե՞րբ կդադարեցնեք օգտագործել

«Քանի որ մեզ հետ են Թուրքիայի խորհրդարանի ներկայացուցիչներ, ուստի հարցս՝ ե՞րբ

29 Հոկտեմբեր 2025
Մեկնարկեց Հ.Մ.Ա.Կ.-ի 31-րդ Պատգամաւորա

«ԱԼԻՔ», Կ. Դ. – Հոկտեմբերի 28-ի երեկոյեան, «Արարատ» մարզաւանի «Վաչիկ Ղարաբէգեա

29 Հոկտեմբեր 2025
Ակնարկ. 81-ամեայ աւանդի ժառանգները՝ նո

(Հ.Մ.Ա.Կ.-ի 31-րդ Պատգամաւորական ժողովի առիթով) Արամ Շահնազարեան 81 տարի

29 Հոկտեմբեր 2025
ՀՕՄ-ի 115-Ամեակի Նախաձեռնութիւններ Հայ

24 hոկտեմբերին, ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան հովանաւորութեամբ եւ Հայաստանի Շրջա

29 Հոկտեմբեր 2025
Բողոքի ակցիա ՝ ի պաշտպանություն Հայաստ

Չի կարելի լռել Հայաստանում տեղի ունեցող գործընթացների վերաբերյալ, այլապես այդ

29 Հոկտեմբեր 2025
Իրական Հայաստան Եւ Իրական Ամբարիշտներ

Պետութիւն եւ եկեղեցի հակամարտութիւնը գոյութիւն ունեցած է եկեղեցական նուիրապետո

29 Հոկտեմբեր 2025
Փաշինյանին պետք է արտաքսել եկեղեցուց և

Իրավիճակը Հայաստանում օրեցօր ավելի աղետալի է դառնում։ Երկիրը հարձակման է ենթար

28 Հոկտեմբեր 2025
Այս վեհաժողովն առանց վարանելու պետք է

Բոլորը ցանկանում են խաղաղություն, բայց տևական խաղաղության համար այն պետք լինի

28 Հոկտեմբեր 2025
Տեղի ունեցավ «Հայաստան» խմբակցության մ

Այսօր՝ հոկտեմբերի 28-ին «Հայաստան» խմբակցության պատգամավորներ Թադևոս Ավետիսյան

28 Հոկտեմբեր 2025
ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական Կոմի

(նամակները փոխանցուած են Ֆրանսայի, Հոլանտայի եւ Պելճիքայի մէջ Հայաստանի դեսպան

28 Հոկտեմբեր 2025
Հաղորդագրութիւն ՀՄԸՄ-ի Գանատայի շրջանի

Ուրբաթ, 24 Հոկտեմբեր 2025-ին, երեկոյեան ժամը 8։30-ին, Լաւալի Հայ կեդրոնի Պարոն

28 Հոկտեմբեր 2025
Քրիստոնէական Զօրակցութեան Միջազգային Կ

Շաբաթ, 25 Հոկտեմբերին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը իր իջեւանած պանդոկին մէջ ընդո

28 Հոկտեմբեր 2025
Արամ Ա. Կաթողիկոսը Հոլիվուտի Սուրբ Կար

Հինգշաբթի, 23 Հոկտեմբերին, Հոլիվուտի Սուրբ Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ մէջ հաւատացե

28 Հոկտեմբեր 2025
Ակնարկ. Անգարա-Պաքու Միացեալ Խաղը` Կազ

Կազայի շուրջ ընթացող քաղաքական առեւտուրներուն մէջ Թուրքիան հետեւողականօրէն կը

28 Հոկտեմբեր 2025
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company