Նիկոլ Աղբալեանի Ծննդեան 135-Ամեակի Արժանավայել Յիշատակում
19 Դեկտեմբեր 2025
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, չորեքշաբթի, 3 դեկտեմբեր 2025-ին, երեկոյեան ժամը 8։00-ին «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Նիկոլ Աղբալեանի ծննդեան 150-ամեակին նուիրուած հանդիսութիւն։
Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անունով հանդիսութեան բացման խօսքը արտասանեց Սագօ Եագուպեան, որ դիտել տուաւ, թէ մեծանուն ուսուցիչ, մանկավարժ, գրագէտ, խմբագիր եւ պետական ու քաղաքական գործիչ էր Նիկոլ Աղբալեան, որ իր ամբողջ կեանքը ձօնած էր մէկ ճշմարիտ կոչումի՝ հայ ազգին ծառայելուն։ Ան շեշտեց, որ Աղբալեան անբեկանելի նուիրումով կը պաշտպանէր հայ լեզուի գոյատեւման ու զարգացման սրբազան գործը՝ հաւատալով, որ ազգի վերելքը կը սկսի լեզուէն, կրթութենէն եւ միացեալ ոգիէն։
Եագուպեան յայտնեց, որ Համազգային կրթական եւ մշակութային միութիւնը, որուն հիմնադիրներէն եղաւ Աղբալեան 1928 թուականին, այսօր ալ կը շարունակէ իր առաքելութիւնը աշխարհի տարբեր գաղութներուն մէջ՝ իր գաղափարով, իր ոգիով եւ անվերապահ նուիրումով։ Ան աւելցուց, որ այս ձեռնարկը վերապրում մըն է այդ ոգիէն, որ մեզի կը միացնէ` մեր արմատներուն, մեր լեզուին, մեր մշակոյթին եւ մեր պատմական պատասխանատուութեան։
Խօսքի աւարտին Սագօ Եագուպեան հաստատեց. «Նիկոլ Աղբալեան մեզի կը սորվեցնէ, որ մշակոյթը երբեք միայն գիրք չէ, բեմ կամ դասարան մը չէ. մշակոյթը հոգեվիճակ մըն է՝ ապրելու հայ ըլլալու հպարտութեամբ, եւ այսօր, այստեղ, մեր պարտականութիւնն է շարունակել այդ հպարտութիւնը, շարունակել այդ ժառանգութիւնը՝ մեր աշխատանքով, մեր նուիրումով եւ մեր միութեամբ»։

Օրուան առաջին պատգամախօսն էր գրող եւ կրթական մշակ Սալբի Քիւրքճեան, որ ըսաւ. «Կեանքը պատմութեան յուշարարն է, ցայտուն՝ դրօշի պէս, բարձունքին կը յանձնէ իր յաղթապանծ թռիչքը, եւ իբրեւ փարոս՝ կը համախմբէ բոլորս ամէն անգամ, երբ մեր հայեացքը ուղղենք դէպի անհունին` գտնելու համար անցեալ մը բեղուն, հո՛ն, ուրկէ մեր մեծերը կը հսկեն մեզ, մեր իւրաքանչիւր շարժումը, եւ, իբրեւ թելադրանք` կը յղեն` իրենց կոչն ու հրամայականը, պահանջը, յորդորը, հայու վեհութիւնը ամրագրող ճակատագրակա՛ն պայքարը։ Մեր մեծերուն շարքին մէջ, 20-րդ դարու սկիզբին, Նիկոլ Աղբալեան անունը կը տարածուի, երբ ան հազիւ 25 տարեկան էր, սկսնակի քայլերէն հետզհետէ դառնալու՝ գրական-քննադատական ու մշակոյթի առաքեալ, հայ ժողովուրդի դաստիարակ, մանկավարժ ու հասարակական-գաղափարական գործիչ»։
Ճանչնալ ու հաղորդակից ըլլալ գրականութեան` Աղբալեանի համար կը նշանակէ լաւապէս սերտած ըլլալ գրական գործունէութիւնը, որուն հեղինակները գրական հանդիպումներով յաճախ շէնցուցած են Յովհաննէս Թումանեանի «Վերնատուն»-ը։ Անոնք ժողովուրդին տուած են միայն մատչելին` զայն առաջնորդելով դէպի զարգացման ուղիներ։ Դերակատար եղած են, որ գիրն ու գրականութիւնը առօրեայ միտքի պահանջ դառնան իւրաքանչիւր անհատի։
Աղբալեանի համար առաջին հերթին ընթերցումը ինքնին մարտահրաւէր մըն է, որ մարդ անհատը կը քաղէ ընթերցուած տողերուն ընդմէջէն` մղում ունենալով ճշգրիտ իմաստին թափանցելու, խորանալու, կշռադատուած արուեստագէտի արդար չափանիշով, եւ այս լոյսին տակ Աղբալեան իր զեկոյցներուն ընթացքին մտերմաբար կը յայտնէր, որ իր գրախօսականը աւելի շատ կը նմանէր անկեղծ արտայայտութեան, սրտբաց նախաձեռնութեան, դիւրին ու ըմբռնելի՝ ամբողջ ժողովուրդին համար եւ ոչ թէ ուղղուած` յատուկ հատուածի։
Քիւրքճեան ըսաւ, որ 1930-1947 տարիներուն Նիկոլ Աղբալեան Պէյրութի մէջ ժողովուրդին փոխանցած է ջանասիրութեան այն կրակը, որ գիտելիքի ձեռքբերումով կը բոցավառի։ Ան աւելցուց, որ Աղբալեանի գրաւոր թէ բանաւոր ելոյթներուն մէջ իր անձնական կնիքը կար, իր տեսակէտը, ինքնուրոյն ու ինքնատիպ ըլլալու իր ջանքը, ժողովուրդին մէջ սերմանելու, որ մեր արժէքները կը յարատեւեն մեր յառաջացած մտածելակերպով ու ստեղծագործութեամբ, մինչ հայ գրիչը կը չորնայ, երբ զայն գործածութենէ դադրեցնենք։
Գեղարուեստական յայտագիրի Ա. բաժինով Համազգայինի «Բ. Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի «Մեղեդի քառեակ»-ը նուագեց «Ալ այլուղս», «Հոյ նազան» եւ «Երկինքն ամպելա» ստեղծագործութիւնները, որոնցմէ ետք Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանէն աշակերտներ կատարեցին «Նիկոլ Աղբալեանը եւ Հայ Ճեմարանը» ներկայացումը։

Հանդիսութեան երկրորդ բանախօսն էր Հայաստանէն Լիբանան հրաւիրուած ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ եւ Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւոր Գեղամ Մանուկեան։ Առաջին հերթին ան թուարկեց Աղբալեանը ներկայացնելու գլուխները՝ գրականագէտ ու արուեստի մշակ, ազգային հասարակական գործիչ, պետական-քաղաքական գործիչ, Երեւանի պետական համալսարանի հիմնադիր, ՀՀ լուսաւորութեան նախարար, սփիւռքի կառոյցներու հիմնադիր, Հայաստանի հայացման նախաձեռնող, ՀՅԴ տեսաբան եւ ՀՅԴ Բիւրոյի երկարամեայ անդամ։
Ապա ան յայտնեց, որ Ռուբէն Տէր Մինասեանի հետ, ֆետայական փորձառու խմբերու օգնութեամբ, Աղբալեան դարձաւ Հայաստանի հայացման ճարտարապետը, եւ Արագածի փէշերու տակ պատսպարուեցան տասնեակ հազարաւոր գաղթականներ, ու այսօր այդ շէնացած բնակավայրերու ժողովուրդը պարտական է նոյնինքն աղբալեաններուն ու ռուբէններուն, մօրուք Կարոներուն ու չոլոներուն՝ իրենց ապահով կեանքին համար։
Գեղամ Մանուկեան նշեց, որ Աղբալեանի նախարարութեան օրերուն կը հաստատուի պարտադիր հանրակրթութիւն, կը հիմնադրուին` մատենադարանը, երաժշտանոցը, Ազգային գրադարանը, կþաշխուժանայ մշակութային կեանքը, կը ֆինանսաւորուին Կովկասի բոլոր դպրոցները, հայրենիքի մէջ կը հաստատուի ՀՄԸՄ-ի կառոյցը, կը սկի մշակութային-գիտական ներգաղթը, եւ կը հիմնուի «Մայր համալսարան»-ը՝ Երեւանի պետական համալսարանը։
Ան աւելցուց, որ Հայաստանի անկախութեան կորուստէն ետք, օտարութեան պայմաններուն մէջ, գաղափարական-կազմակերպական փնտռտուքի, շփոթի պայմաններուն մէջ Աղբալեան քանի մը գործերով անդրադարձած է կուսակցութեան, դաշնակցականի կերպարին, ՀՅԴ կազմակերպական կառոյցին ու կանոնագրին` հաւատալով այն բանաձեւումին, որ «դաշնակցականը» կը կորսնցնէ անձնական շահերը ու թանկագին կապեր, որովհետեւ մէկ կողմէ` կը խթանէ կանոնագիրին պահանջը՝ «ամէն ջանք թափել», որուն ինք անձամբ յանձնառու եղած է, իսկ միւս կողմէ կը յարգէ նահատակ ընկերները, որոնք ոչ մէկ բանով պակաս էին եւ յաճախ շատ բանով աւելին էին, եւ որոնք, սակայն, նահատակուեցան պայքարի ճամբուն վրայ։
Խօսքի աւարտին Մանուկեան ըսաւ, որ Աղբալեան ջանք չխնայեց համահայկական գերդաստան Դաշնակցութեան երեւելի գործիչներուն յուշերու կազմութեան, կազմակերպման, անոնց տեսակաւորման ու հանրութեան սեփականութիւնը դարձնելու համար, եւ ան իր կարգապահութեամբ, գործով փորձեց ապրիլ իր գծած նուիրեալ դաշնակցականի կերպարի սահմանագիծներով։
Գեղարուեստական յայտագիրի երկրորդ բաժինով Համազգայինի «Գուսան» երգչախումբը երգեց Սայաթ Նովայի «Քանի վուր ջան իմ»-ը եւ «Ձայն մը հնչեց»-ը։ Ապա Համազգայինի «Բ. Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի «Նայիրեան» նուագախումբը ներկայացուց Բարսեղ Կանաչեանի «Օրօր»-ը եւ «Բամբ որոտան»-ը, Մելիք Մաւիսաքայեանի «Ջան Հայաստան»-ը։ Նիկոլ Աղբալեանին նուիրուած հանդիսութիւնը փակուեցաւ Էդգար Յովհաննիսեանի «Սարդարապատ» յաղթերգի կատարումով։






