Զաւէն Թաշճեան Իր Ժողովուրդին Ծառայութեան Համար Դարձաւ Ամուր Յենասիւն
26 Հունիս 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեանի խօսքը՝ Զաւէն Թաշճեանի նահատակութեան 40-ամեակին նուիրուած հանդիսութեան.
Խորհրդաւոր այս օրը կը խորհրդանշէ` գաղափարի նուիրուածութիւն, անձնազոհութիւն, ծառայութեան գերագոյն օրինակ, եւ` այս բոլորի նուիրական արգասիքը հանդիսացող նահատակութիւն:
Ստանձնել պատասխանատուութիւն ամէնէն դժնդակ եւ ծանր պայմաններուն մէջ, հսկել գիւղի անվտանգութեան, օտարածին թափանցումներու դէմ դնել, պահել ներքին համերաշխութիւն եւ համախմբուածութիւն, պահել դիրքը եւ իյնալ դիրքին վրայ` պարտականութեան ճամբուն վրայ:
Ասկէ աւելի ի՞նչ մարմնացում կրնայ ըլլալ գաղափարականութեան, դաշնակցականութեան, պատասխանատուութեան բարձր գիտակցութեան եւ գործնապէս, փաստացի` երդումին տէր կանգնելու անգերազանցելի օրինակ:
Այս բոլորը եւ աւելին է Զաւէն Թաշճեանը:
Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ամէնէն թէժ օրերուն, պետութեան բացակայութեան, համայնքներու մէջ գործող տիրական ուժերը իրենք ստանձնած էին ժողովուրդի ծառայութիւններն ու անվտանգութիւնը:
Այդ պայմաններու տակ սփիւռքի մէջ եզակի երեւոյթ հանդիսացող հայկական Այնճարը շարունակեց գործել, զարգանալ եւ ապահով մնալ` շնորհիւ ընկ. զաւէններու եւ դաշնակցական «Կարմիր Լեռ» կոմիտէութեան մատուցած ծառայութիւններուն եւ նուիրուածութեան:
Թշնամին` գիտակից այս հայկական միջավայրի ազդեցիկ իւրայատկութիւններուն, լուսարձակի տակ պիտի առնէր զայն եւ վարձկաններ ուղարկէր թիրախաւորելու համար Այնճարի հաւաքական կեանքը հմտօրէն ղեկավարող Զաւէն Թաշճեանը:
Այս «իւրայատուկ միջավայրը», նորօրեայ «հնոցը», Պետիկ Ինճէեանով արդէն իր առաջին ծիծեռնակը տուած էր հայկական ուժական պայքարին, ատով իսկ ընդգծած` այս միջավայրի կազմաւորման պայմաններուն իւրայատկութիւնը: Այստեղ էր, որ կազմաւորուեցան թշնամիին դէմ ուժի լեզուով խօսողներու պետիկինճէեանները, որոնց արիւնը փշրեց Ցեղասպանութեան ճանաչման դէմ քաշուած լռութեան պատը:
Հայկական իմաստութիւնը հերոսներու ֆիզիքական մահը կը նկարագրէ ծառերէն ամէնէն խրոխտ ու ձիգ հասակով ներկայացող կաղնիով` հաստատելու համար, որ կաղնիները կը մեռնին կանգուն:
Այս բնութագրումը հարազատ է գաղափարական հաւատամքը կանգուն պահած եւ անմահ հերոսներուն շարքերը համալրած Զաւէն Թաշճեանին:
Ան կը սիրէր երգել նայիրեան բարտի ծառին մասին: Այն բարտիին, որ արագօրէն աճելով` կը հասնի մեծ բարձրութեան: Ա՛յն բարտիին, որուն արմատները կ՛ամրացնէ հողը, եւ անոր տերեւները կը կանաչապատեն շրջապատը:
Զաւէն Թաշճեանը շատ արագ նուաճեց գաղափարական բարձրութիւն, իր ժողովուրդին ծառայութեան համար դարձաւ ամուր յենասիւն, եւ որ` ակօսեց այնպիսի հաւատքի արմատներ, որոնց վրայ իրենց հերթին կազմաւորուեցան հետագայ դաշնակցական սերունդները: Նահատակ ընկերոջ կեանքի ծառին տերեւներու սօսափիւնը այսօր կը լսուի մեր ականջներուն մէջ` գիտակցելու հայկական այս իւրայատուկ միջավայրի կարեւորութեան, մարդուժի կազմաւորման անզուգական պայմաններուն, հայկական աւանդութիւններու պահպանման անգերազանցելի օրինակներուն:
Զաւէն Թաշճեան իր կեանքով եւ իր նահատակութեամբ համասփիւռքեան նշանակութիւն ունեցող այս բերդը ներսէն ամուր պահելու անջնջելի դասը ամրագրեց բոլորիս հոգիներուն մէջ:
Թերացած կ՛ըլլանք եւ նոյնիսկ դասալիք, եթէ չշարունակենք այս բերդը ամրակուռ պահել:
Մեր հերոսներն ու նահատակները կ՛անմահանան, մեր հոգիներուն մէջ յաւերժ կ՛ապրին իրենց ապրած արժէքներով, գաղափարներով եւ սկզբունքներով:
Այդ կարգով նահատակ մեր ընկերը ապրեցաւ ու գործեց, նաեւ նահատակուեցաւ` իր հոգիին, խղճին, սրտին մէջ պահելով Մուսա Լերան հերոսամարտը մղած հերոսներու աւանդը:
Զաւէն Թաշճեան ապրեցաւ, գործեց, նահատակուեցաւ` հաւատարիմ մնալով արեւմտահայութեան, համայն հայութեան մասունքը դարձած Այնճարը կերտած մեր մեծ հայրերուն ու մայրերուն աւանդին: Այդ ու անոր յաջորդած սերունդներու քրտինքը, արցունքը, արիւնը այս հողին շաղախուելով` ճահիճը վերածեց Պեքայի գոհարներէն մէկուն:
Մուսա Լերան հայութիւնը բիւր զոհողութիւններով փրկած հերոսներուն, այս ճահիճները շքեղ գիւղի վերածած տատերուն քրտինքին ու արցունքներուն, զայն կեանքի ու արեան գնով պահած մեր նահատակներուն յիշատակին, աւանդին, պատգամին հաւատարիմ մնալ ու պահպանել` կը նշանակէ նոյն անմնացորդ նուիրումով ծառայել ու պահպանել ժողովուրդն ու հողը:
Հայակերտ ու հայապատկան Այնճարի դիմագիծի աղաւաղման տանող ամէն յանցանք, մեղսակցութիւն, նոյնիսկ` հանդուրժողութիւն, ուրացում է Մուսա Լերան հերոսներուն, դրժում է այս գիւղը ծաղկեցուցած եւ փոքր Հայաստանի վերածած մեր նախահայրերու քրտինքին, դաւաճանութիւն է պետիկներու, զաւէններու, զէյթլեաններու եւ բիւրաւոր ուրիշներու զոհողութեանց:
Մնա՛նք հաւատարիմ Զաւէն Թաշճեանի փոխանցած գաղափարական կտակին:
Յանուն Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին կը խոնարհինք ընկերոջ յիշատակին առջեւ:
