Մուսա Լերան Հերոսներուն Յիշատակը Կը Պարտաւորեցնէ Պահպանել Մեր Ինքնութիւնն Ու Այնճարի Հայեցի Դիմագիծը, Զօրացնել Հայաստանը Եւ Պահպանել Լիբանանի Հայկական Ներկայութիւնը
24 Սեպտեմբեր 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեանի խօսքը՝ Մուսա Լերան հերոսամարտի 111-ամեակի եւ Այնճարի հիմնադրութեան 87-ամեակի պաշտօնական հանդիսութեան:
Այսօր հաւաքուած ենք յիշելու հայ ժողովուրդի նորագոյն պատմութեան ամէնէն նշանակալից էջերէն մէկը` Մուսա Լերան հերոսամարտը:
Մուսա Լերան հերոսամարտը պատմական դէպք մը չէ միայն: Ան հայ ժողովուրդի կամքին, արժանապատուութեան, միասնականութեան եւ գոյատեւելու վճռականութեան վկայութիւնն է:
1915-ին, երբ Օսմանեան կայսրութեան տարածքին հայ ժողովուրդը ենթարկուած էր Ցեղասպանութեան եւ բռնագաղթի, Մուսա Լերան հայութիւնը մերժեց ենթարկուիլ իր ճակատագիրը որոշող բռնութեան: Քառասուն օր իրենց սահմանափակ միջոցներով մուսալեռցիք կազմակերպեցին ինքնապաշտպանութիւն եւ դիմադրեցին թշնամիին:
Այդ պայքարը միայն զէնքի պայքար չէր: Ան հաւաքական կամքի արտայայտութիւն էր: Մուսալեռցիները գիտէին, որ իրենց դիմադրութիւնը կեանքի եւ մահուան միջեւ ընտրութիւն մըն էր, բայց անոնք ընտրեցին արժանապատուութեամբ ապրելու եւ իրենց ինքնութիւնը պահպանելու ուղին:
Այդ պատճառով Մուսա Լեռը դարձաւ խորհրդանիշ:
Խորհրդանիշ մը, որ մեզի կը յիշեցնէ, թէ ժողովուրդ մը կրնայ գոյատեւել, երբ ունի միասնականութիւն, կազմակերպուածութիւն եւ սեփական ուժին նկատմամբ հաւատք:
Սակայն Մուսա Լերան պատմութիւնը այստեղ չ՛աւարտիր:
Հերոսամարտէն ետք մուսալեռցիներու մեծ մասը տեղափոխուեցաւ Միջերկրական ծովու արեւելեան ափերը եւ ի վերջոյ հաստատուեցաւ Լիբանանի Այնճար շրջանին մէջ:
Այնճարը դարձաւ Մուսա Լերան նոր տունը:
Այստեղ` Լիբանանի հողին վրայ, մուսալեռցիները ոչ միայն վերակազմակերպեցին իրենց կեանքը, այլ նաեւ պահպանեցին իրենց լեզուն, բարբառը, մշակոյթը, եկեղեցին, դպրոցը եւ ազգային արժէքները: Եւ այս բոլորը` բիւր զոհողութիւններով, քրտինքով եւ արեամբ:
Այս իմաստով, Այնճարը շարունակութիւնն է Մուսա Լերան հերոսամարտին` այլ պայմաններու մէջ:
Մուսա Լեռը զէնքով պաշտպանեց իր ժողովուրդի կեանքը, իսկ Այնճարը տասնամեակներ շարունակ պաշտպանեց անոր ինքնութիւնը:
Մուսա Լերան շարունակութիւնը հանդիսացող Այնճարը ուրեմն, նաեւ հերոսամարտի դաւանած արժէքները պահող միջավայրն է, հայկական աւանն է, մեր բերդն է: Ուստի հանդուրժելի չէ այս հրաշալի բերդին նկատմամբ որեւէ ոտնձգութիւն: Հողին կառչած մնալը Մուսա Լերան աւանդ է ու կտակ, օտարին հող վաճառելը համազօր է բնօրրանը օտարին ծախելուն: Նիւթականի գերադասումը` հաւաքականին, ազգայինին, դիմագիծին եւ աւանդութեան, ուրացում է եւ դաւաճանութիւն` Մուսա Լերան հերոսներուն եւ անոնց յաջորդած այնճարցի նահատակներուն, դրժում է այս գիւղը ծաղկեցուցած եւ փոքր Հայաստանի վերածած մեր նախահայրերու անսահման զոհողութեանց:
Այս հողը մեր բնօրրան հերոսներու արեամբ կերտուած Մուսա Լերան շարունակութիւնն է եւ այս հողէն հրաժարիլը, բնօրրանէն, ինքնութենէն, պատկանելիութենէն հրաժարիլ է:
Հողային պատկանելիութեան մասին երբ կը խօսինք, չենք կրնար չխօսիլ նաեւ Հայաստանի մասին:
Հայաստանի Հանրապետութիւնը մեր ազգային տունն է: Եթէ Մուսա Լեռը մեզի կը փոխանցէ գոյատեւելու կամքը, Հայաստանը այդ գոյատեւումը պետական կեանքի վերածելու պատասխանատուութիւնը ունի:
Այսօրուան Հայաստանը ունի իր մարտահրաւէրները` անվտանգութիւն, սահմաններ, ինքնիշխանութիւն, ժողովրդագրութիւն, արտագաղթ եւ ազգային միասնականութիւն:
Ազգային միասնականութեան վերականգնման համար դարձեալ լսելի է այսօր Մուսա Լերան արդիական հնչող պատգամը:
Մուսալեռցիները փոքրաթիւ էին, սակայն անոնք գիտէին, որ իրենց ուժը միայն իրենց թիւին մէջ չէր: Անոնց ուժը միասնականութեան, կազմակերպուածութեան եւ նպատակին հաւատալու մէջ էր:
Այսօր մեզի համար եւս հարցը միայն այն չէ, թէ որքան մեծ է մեր թիւը: Հարցն այն է, թէ որքանո՞վ ենք մենք կազմակերպուած, միասնական եւ պատրաստ` պաշտպանելու մեր հայրենիքն ու ազգային արժէքները:
Մուսա Լերան հերոսամարտի կազմակերպման մղիչ եւ համախմբող ուժը Դաշնակցութիւնն էր, ճիշդ այնպէս, ինչպէս մայիսեան հերոսամարտերը: Եւ Սարդարապատի նման Մուսա Լեռը եւս համախմբեց համայն հայութեան բոլոր ուժերը: Բոլորին նպատակը մէկ էր. բոլորին նուիրուածութիւնը` իրենց բնօրրանը պահպանելու եւ փրկելու, միեւնոյնն էր:
Մուսա Լերան հերոսներու կտակը այսօր կը թելադրէ`
– հեռու մնալ պառակտիչ քաղաքականութենէ
– խտրութիւն չդնել հայ ժողովուրդի տարբեր հատուածներուն միջեւ
– կարեւորել սփիւռքի կարողականութիւնը եւ արժեւորել հայրենիքին նկատմամբ անոր հսկայական օժանդակութիւնն ու պետութեան հզօրացման համար տարուած աշխատանքները:
Այդ հերոսները անդամներ էին հայ ազատագրական շարժման նուիրուած կուսակցութիւններու եւ անոնց առաջին դիրքերը գրաւած Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան: Դաշնակցութիւնը, զոր կարելի չէ արմատախիլ ընել` ոչ միայն հերոսական Մուսա Լեռէն, այլ նաեւ ընդհանրապէս հայ ժողովուրդէն:
Դաշնակցութիւնը ոչ միայն արմատախիլ չէ եղած ու պիտի չըլլայ, այլ նաեւ պիտի շարունակէ հիասթափեցնել, ինչպէս անցեալի, նաեւ այսօրուան սին յայտարարութիւններով հանդէս եկող անհատները:
Մուսա Լերան հերոսամարտը ղեկավարած ուժերը ժողովուրդը փրկեցին աղէտէն, ցեղասպանութեան ենթարկուելու վտանգէն: Ամրացուցին եւ ոչ թէ ախտահարեցին հայ քաղաքական միտքը, շեշտեցին ինքնապաշտպանութեան հրամայականը, երբ հայ ցեղը բնաջնջելու եւ հայրենիքները ամայացնելու նպատակ կը հետապնդէ թշնամին:
Այո՛, Մուսա Լեռը միասնականութիւն է եւ ոչ թէ պառակտում:
Մուսա Լեռը նաեւ Արարատին հանդէպ հաւատք է, եւ ոչ թէ հայկական խորհրդանիշներու անտեսում:
Մուսա Լեռը պայքար է մեր իրաւունքներուն համար, եւ ոչ թէ անոնցմէ հրաժարում:
Մուսա Լեռը մեր Անկախութեան հռչակագիրին մէջ նշուած համայն հայութեան իղձերու կատարումն է, եւ ոչ թէ Անկախութեան հռչակագիրի մերժում:
Մուսա Լեռը հայկական ուժին համախմբումն է, եւ ոչ թէ հայրենիք-սփիւռք տարանջատում, կամ` «մեր գործերուն մի խառնուիք»-ի քաղաքականութիւն:
Այստեղ է նաեւ Հայաստանի եւ Լիբանանի հայութեան կապի կարեւորութիւնը:
Հայաստանը եւ սփիւռքը իրարու հակադիր իրականութիւններ չեն: Անոնք նոյն ժողովուրդի տարբեր կենսատարածքներն են: Հայաստանը` պետական հայրենիքն է, իսկ սփիւռքը` պատմական փորձառութեամբ, կառոյցներով եւ համայնքային կեանքով հարստացած ազգային ներկայութիւն մը:
Լիբանանի հայութիւնը այս ամբողջութեան մէջ ունի իւրայատուկ տեղ:
Այստեղ հայութիւնը հարիւրամեակ մը շարունակ ապացուցած է, որ կարելի է նոր հայրենի միջավայրի մէջ ապրիլ` միաժամանակ պահպանելով ազգային ինքնութիւնը եւ հաւատարիմ մնալով Հայաստանի հետ կապին:
Մուսա Լերան պատգամը ուրեմն անցեալին նայելու հրաւէր չէ միայն: Ան նաեւ ապագային նայելու կոչ է:
Մուսա Լեռը հայոց հերոսական պատմութեան իւրացումն է, եւ ոչ թէ պատմութեան վերաշարադրումը:
Այսօր մեր հերոսները յիշելու լաւագոյն ձեւը միայն անոնց անունները կրկնելը չէ: Անոնց ժառանգութիւնը պահպանելու համար պէտք է զօրացնենք մեր դպրոցները, մեր եկեղեցիները, մեր մշակութային կեանքը, մեր համայնքային կառոյցները եւ Հայաստան-սփիւռք կապերը:
Պէտք է նաեւ հասկնանք, որ ազգային միասնականութիւնը ինքնաբերաբար չի ստեղծուիր: Ան աշխատանք կը պահանջէ, պատասխանատուութիւն կը պահանջէ եւ երբեմն նաեւ անձնական շահերէն վեր բարձրանալու կարողութիւն:
Մուսա Լերան հերոսամարտը մեզի կը պատգամէ.
Չհրաժարիլ, չմոռնալ, չբաժնուիլ եւ ամէնէն կարեւորը` ապագայ կառուցել:
Մուսա Լեռէն մինչեւ Այնճար, Այնճարէն մինչեւ Լիբանանի հայկական համայնքները, եւ Լիբանանէն մինչեւ Հայաստան` այս պատմութիւնը կը շարունակուի:
Այսօր մենք պարտաւոր ենք այդ պատմութեան նոր էջերը գրել ոչ միայն անցեալի հերոսութիւնները յիշելով, այլ նաեւ մեր ներկայ պատասխանատուութիւնը ստանձնելով:
Թող Մուսա Լերան հերոսներուն յիշատակը մեզի համար ըլլայ ոչ միայն հպարտութեան, այլ նաեւ պարտաւորութեան աղբիւր:
Պարտաւորութիւն` պահպանելու մեր ինքնութիւնը:
Պարտաւորութիւն` պահպանելու Այնճարի հայեցի դիմագիծը:
Պարտաւորութիւն` զօրացնելու Հայաստանը:
Պարտաւորութիւն` պահպանելու Լիբանանի հայկական ներկայութիւնը:
Եւ պարտաւորութիւն` մեր զաւակներուն փոխանցելու այն արժէքները, որոնց շնորհիւ հայ ժողովուրդը կարողացաւ վերապրիլ, վերականգնիլ եւ շարունակել իր ճանապարհը:
Մուսա Լեռը դիմադրեց` ապրելու համար: Այնճարը վերակառուցուեցաւ` ազգայինը պահպանելու համար: Իսկ այսօր Հայաստանի եւ սփիւռքի մեր սերունդին պատասխանատուութիւնն է կառուցել ապագան:
Կը գտնուինք Հայաստանի անկախութեան տօնի նախօրեակին: Այդ իմաստով տօնական չէ մթնոլորտը: Կորուսեալ Արցախ, ներխուժուած հայաստանեան տարածքներ, պարտադրուող նախապայմաններ:
Տօնական չէր մթնոլորտը նաեւ Մուսա Լերան հերոսամարտի օրերուն: Սակայն մուսալեռցիք գիտցան թօթափել ամէն յուսահատական տրամադրութիւն, մաքառիլ ազատութեան համար, չենթարկուիլ ցեղասպանութեան:
Պայքարի այդ ոգին էր, որ վերստին յարութիւն առաւ այս անգամ հայկական Այնճարի մէջ`
– որպէսզի այդ ոգիով դաստիարակուին սերունդները
– որպէսզի մնա՛յ Մուսա Լերան միասնականութիւնը
– որպէսզի անտեղիտալի մնան հերոսամարտի նահատակներուն աւանդն ու ժառանգութիւնը
– որպէսզի հզօրանայ հայրենիքը եւ պետականութիւնը
– որպէսզի համախմբուի ազգը:
Հայկական Այնճարէն մինչեւ Վագըֆի այսօրուան գիւղը եւ մինչեւ հայրենի Մուսա Լեռ, հերոսամարտ կերտած ժողովուրդի ժառանգորդները վերստին կը պարզեն ազատութեան դրօշը, կը վերահաստատեն հերոսներուն ուխտը եւ կը պայքարին վաղուան հզօր ու միացեալ հայրենիքին համար:
Կը պայքարին թէ՛ Արարատին եւ թէ՛ Արագածին համար:
Կը պայքարին թէ՛ Հայաստանի Հանրապետութեան հզօրացման, թէ՛ Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներուն եւ թէ՛ Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման համար:
Կը պայքարին սփիւռքի մէջ հայապահպանման համար:
Իրենց դասագիրքերուն մէջ ամրագրուած կը պահեն հերոսապատումներն ու հայ եկեղեցւոյ դասանիւթերը:
Կը պայքարին հայկական Այնճարի դիմագիծի պահպանման համար, որպէսզի վառ մնան Մուսա Լերան նահատակներուն աւանդն ու ոգին:
Կը պայքարի՛ն վաղուան ամբողջական-հայրենիքին ու ազգային պետականութեան հզօրացումին համար:
