Խաժակին՝ հին զինուորը չի մահանար, ան պարզապէս կ՚ անյայտանայ
29 Ապրիլ 2021
Թանկագին Խաժակ,
Կը հեռանաս հին զինուորի նման։ Մեր ճանապարհը, ուրկէ քալեցինք միասին, կը մնայ անշեղ։ Երկար է այդ ճանապարհը, այնքան դժուար նոյնքան քաղցր։ Համոզուած էինք, որ այդ ճամբուն վրայ անմահը գաղափարն է, մնայունը պայքարն է։ Այդ ճանապարհին վրայ, դուն եղար առաջամարտիկներէն մեր քաղաքականացման, յեղափոխականացման, նաեւ մարտականացման։
Մեր վերջին զրոյցը երկար էր։ Սրտցաւ զրոյց էր։ Բայց, ինչպէս միշտ, դուն կը պահէիր քեզի յատուկ ողջմտութիւնդ։ Միշտ ալ արահետներ բացուած են մեր քալած ճանապարհի երկայնքին։ Այդ պայքարի ճամբուն վրայ, մեր պարտքն էր նաեւ փակել այդ արահետները, ճանապարհին վերադարձնել հոն ինկածները։ Ի վերջոյ այս եւս մաս կը կազմէր մեր ընտրած պայքարի առաքելութեան, որուն դուն մնացիր հաւատարիմ, աներեր, յանձնառու։
Հիմա կը հեռանաս։ Հարկ չկայ բացատրելու հեռացումը։ Բայց հարկը կայ որոնելու մեզի թողած քու ողջմտութիւնդ, նուիրումդ, մանաւա՛նդ ընկերականութիւնդ։ Բայց կը վերագտնենք այդ բոլորը, քանի կը մնանք նոյն ճանապարհին վրայ։
Կը վերագտնենք, որովհետեւ չի մահանար գաղափարը, ինչպէս չի մահանար հին զինուորը։
Միշտ ընկերդ,
Սեդօ