Գանատայի խորհրդարանի անդամները կը դատապարտեն Հայաստանի սահմանէն ներս ատրպէյճանական ներթափանցման արարքները
16 Մայիս 2021
Գանատայի խորհրդարանի անդամ Ֆայսալ Ալ Խուրի կը դատապարտէ Հայաստանի դէմ ուղղուած ատրպէյճանական սահմանային
Մայիս 15-ին հրապարակուած հաղորդագրութեամբ մը Գանատայի խորհրդարանի անդամ Ֆայսալ Ալ Խուրի խստօրէն դատապարտեց Հայաստանի պետական սահմանագիծ ներխուժման ատրպէյճանական ոտնձգութիւնները, կատարուածը որակելով միջազգայնօրէն ընդունուած օրէնքներու խախտում։ Այս մասին կը տեղեկացնէ Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը։
Ֆայսալ Ալ Խուրի հաղորդագրութեան աւարտին յիշեց նաեւ պատերազմէն ետք հայ ռազմագերիները տուն վերադարձնելու անհրաժեշտութիւնը եւ իր ամբողջական զօրակցութիւնը յայտնեց Գանատայի հայ համայնքին։
Գանատայի խորհրդարանի անդամներ Մէյ եւ Քութրաքիս կը դատապարտեն Հայաստանի սահմանէն ներս ատրպէյճանական ներթափանցման արարքները
Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, որ Գանատայի խորհրդարանի անդամ եւ Գանատա-Հայաստան խորհրդարանական բարեկամութեան խմբակցութեան նախագահ Պրայըն Մէյ ընկերային ցանցերու վրայ յատուկ գրառումով դատապարտած է Հայաստանի Հանրապետութեան տարածք ատրպէյճանական զինուած ուժերու ներխուժման արարքները, հաստատելով, որ նման գործողութիւններ կրնան լարուածութեան խթանման պատճառ հանդիսանալ եւ վտանգել խաղաղութեան:
Ազատական կուսակցութեան խորհրդարանի անդամ Աննի Քութրաքիս այս առթիւ հրապարակեց պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը եւ խստօրէն դատապարտեց Ատրպէյճանի նախայարձակ վարքագիծը։ «Ատրպէյճանը պէտք է յարգէ Հայաստանի տարածքային անձեռնմխելիութիւնը և անյապաղ դուրս բերէ իր ուժերը», գրուած է Քութրաքիսի հաղորդագրութեան մէջ։
horizonweekly.ca

