ՀՅ Դաշնակցութեան համար Հայաստանը եղած է ու կը մնայ գերագոյն արժէք, ի՛ր իսկ գոյութեան իմաստը
10 Դեկտեմբեր 2018ՀՅԴ-ի 128-ամեակի Տօնակատարութեան ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Ներկայացուցիչ, Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի Արտասանած Խօսքը
Ինչպէս միշտ, դարձեալ միասին ենք, սիրելի՛ ժողովուրդ,
Հո՛ս են մեր ժողովուրդի տարբեր խաւերէն եկած եւ Հայաստանի ու հայութեան ջերմութեամբ ապրող անկեղծ, արժանապատիւ ու հպարտ հայորդիները:
Հո՛ս էք բոլորդ,
Հոգեւորական եւ աշխարհական,
Կին ու այր,
Պատանի, երիտասարդ, երէց ու ալեհեր,
Աշակերտ, ուսանող եւ արհեստաւոր,
Հո՛ս էք բոլորդ,
Մշակ, բանուոր, ազատ ասպարէզի տէր, ուսուցիչ, գործատէր, պաշտօնեայ, առեւտրական թէ գործարանատէր:
Հո՛ս էք, քաղաքական այրեր, մտաւորականներ, պետական բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, ազգային հասարակական գործիչներ, բարերարներ, ազգային քաղաքական կուսակցութեանց թէ տարաբնոյթ գործունէութիւն ծաւալած հայկական միութիւններ եւ հաստատութիւններ:
Հո՛ս էք, ընկերուհիներ եւ ընկերներ,
Երիտասարդ դաշնակցականներ,
Եւ հո՛ս էք, մանաւանդ, մեր ժողովուրդի պաշտպանութեան համար ինկած նահատակ ընկերներու հայրեր ու մայրեր, քոյրեր, եղբայրներ:
Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Լիբանանի մեծ ընտանիքին անունով` բարի գալուստ ձեզի, ձեր ընտանիքին մէջ, ձեր կուսակցութեան 128-ամեակին առիթով:
Մենք ուզեցինք, որ այս տօնակատարութեան ընթացքին նախ հանդէս գայ մեր երիտասարդ ընկերուհին` մեկնելով 128-ամեայ երիտասարդ կուսակցութեան այն մեկնակէտային խոր ու մնայուն հաւատքէն, որ երիտասարդութիւնը մշտական յեղափոխութիւն է եւ վերանորոգող ուժ` յեղափոխական կուսակցութեան մէջ ի՛սկ: Երիտասարդութեան խօսքը տարբեր պէտք է ըլլայ` ե՛ւ խիզախ, ե՛ւ խրոխտ, ե՛ւ գաղափարական, ե՛ւ ապագայասլաց:
Եւ դեռ` երիտասարդութեան խօսքը կը փոխանցէ ընկերուհի մը` իբրեւ ներկայացուցիչ մեր ընկերութեան կէսը կազմող կնոջական զանգուածին, որուն հանդէպ Դաշնակցութեան սիրտը ո՛չ միայն հպարտութեամբ լեցուած է, այլ զայն տեւաբար նկատած է իր զինանշանը բարձր պահող բռունցքին, արդար աշխատանքի խորհրդանիշ բահին, ճշմարիտ, պատասխանատու եւ ազատ խօսքի խորհրդանիշ փետուրին ու ամէն տեսակ իրաւազրկումի դէմ ցցուող ու մարդը, հա՛յ մարդը ազատագրող սուրին կրքոտ պաշտպանը, ֆետային, մտաւորականը, կազմակերպիչը, պատասխանատուն, ազատամարտիկը, մշակն ու բանուորը, ուսուցիչն ու դաստիարակը: Այլ խօսքով, հայ ժողովուրդի գերագոյն նպատակներուն հաւատացող ու մարտնչող գիտակից զանգուածին գործին ու խօսքին հաւասարազօր մղիչ ուժը եւ ուժականութիւնը:
Մեզի համար բացարձակ ճշմարտութիւն է նաեւ այն, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը կուսակցականներու համախմբում չէ միայն: Դաշնակցութիւնը գաղափարական շարժում է, եւ այդ շարժումը խորքով ու տարողութեամբ կարելի չէ սահմանափակել կազմակերպական նեղ սահմաններու մէջ: Եւ ճիշդ այս իրականութեան ու հաւատքին արտայայտութիւնն է, երբ ոչ կուսակցական անձնաւորութիւն մը խօսք կ’առնէ այս բեմէն` Դաշնակցութեան մասին: Ոչ կուսակցականներու մասնակցութիւնը ՀՅ Դաշնակցութեան ընդհանրական գործին` լաւագոյն փաստն է այն վստահութեան, որ կուսակցութիւնը ունի իր գործին հանդէպ, եւ մեզ շրջապատող ժողովրդային զանգուածները ունին մեզի հանդէպ: Կուսակցութեան մը գոյութիւնը կ’արժեւորուի իր համակիրներուն հաւատքով, վստահութեամբ եւ նեցուկով: Մենք հպարտ ենք ձեզմով, ոչ կուսակցական, Դաշնակցութեան համակի՛ր հայորդիներ:
Սիրելի՛ հայորդիներ,
Անցնող 128 տարիներու հայոց պատմութեան մէկ անքակտելի մասն է ՀՅ Դաշնակցութիւնը: Պատմական առարկայականութիւնը տարբեր բան չի կրնար եզրակացնել, նոյնիսկ` Դաշնակցութեան հակադիր, թշնամի, զինք ոչնչացնել ցանկացող շրջանակներու համար:
Այսօր փորձութիւնը ունենանք մտածելու, երեւակայելու, հարցադրումներ կատարելու եւ այդ ճամբով պատկերացնելու, թէ ինչպիսի՛ պատմութիւն պիտի ունենայինք անցնող 128 տարիներուն, եթէ գոյութիւն չունենար Դաշնակցութիւնը: Կրնայ գիտական մօտեցում չըլլալ այս մէկը, սակայն թերեւս մեր առջեւ կը բանայ նոր հորիզոններ, մեր մտածումները վերարժեւորելու ենթահող ու վաղուան մեր հաւաքական գործը յաւելեալ կազմակերպուածութեամբ հունաւորելու կարելիութիւն: Առաւելագոյն առարկայականութեամբ փորձենք կիսել այս փորձութիւնը` առանց թերագնահատելու նոյն ժամանակաշրջանին մեր կեանքին մէջ դերակատարութիւն վերցուցած այլ ուժերու, կուսակցութիւններու եւ միութիւններու ներդրումը:
Եւ ահա` փորձութիւնն ու հարցադրումները:
19-րդ դարու հայկական զարթօնքը կարիքը ունէր կազմակերպական ենթահողի եւ գաղափարական խմորումները բիւրեղացնող, միաւորող եւ զանոնք գործի վերածող ուժի: Չըլլար Դաշնակցութիւնը` յեղափոխական խմբակները միացնող Հայ յեղափոխականների դաշնակցութիւնը, պիտի ըլլա՞ր ուրիշը:
Հայ գիւղացիութիւնը երկրին մէջ ու հայութիւնը առհասարակ իր հողին վրայ` Արեւմտահայաստանի մէջ ենթակայ էր թրքական ամենավայրագ ճնշումին, հարստահարութեան, բռնաբարումի, սպանդի, ինքնուրոյնութեան եւ հայկականութեան կորուստի: Չըլլար Դաշնակցութիւնը, նոյն ուժգնութիւնը պիտի ունենա՞ր հայկական յեղափոխութիւնը:
Հայ բանուորը կը շարունակէր շահագործուիլ Արեւելահայաստանի մէջ: Հոն եւս ինքնութիւնը կորսնցնելու վտանգին առջեւ էր հայութիւնը: Բանուորին, գիւղացիին ու հայ մարդուն դատը պաշտպանող ընկերվարական Դաշնակցութիւնը եթէ չըլլար, ի՞նչ դիմագիծ պիտի ունենար արեւելահայութիւնը:
Կարելի՞ է երեւակայել թրքական բռնատիրութեան դէմ ցցուող ժողովրդային ապստամբութիւնները, հերոսամարտերը` առանց Դաշնակցութեան մարտիկներու մասնակցութեան, իբրեւ զինուոր կամ հրամանատար, իր ժողովուրդի զաւակներուն կողքին, թեւ եւ թիկունք ու մանաւանդ նահատակ` բարձր պահելու համար հայութեան դրօշը, պատիւը, անկոտրում կամքը, ինքնութիւնը:
Ինչպէ՞ս երեւակայել Ցեղասպանութեան զոհ գացած, տեղահանուած ու արաբական անապատներուն մէջ իր հոգին քաշկռտող հայ մօր տառապանքը` առանց անոր զուգորդուած տեսնելու Դաշնակցութեան ու դաշնակցականներու ոգեշնչող ներկայութիւնը, վիշտը ամոքելու, կեանքը իմաստաւորելու, հայութիւնը վերընձիւղելու, գաղթաշխարհի կեանքը կազմակերպելու ու Թուրքիոյ ոճիրին դէմ, անոր կողին մնայուն դաշոյնը իր ձեռքին մէջ պահելու իրականութիւնները:
Թրքական հորդաներուն դէմ Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսայի մէջ բահով, բրիչով ու զէնքով թումբ կանգնած եւ 28 մայիս 1918-ով անկախ Հայաստան հաստատած հայութիւնը պիտի կարենա՞ր կռուիլ ու անկախանալ` առանց դաշնակցական Արամ Մանուկեանի եւ դաշնակցական ֆետայիներու:
Իսկ եթէ չըլլար Արամ Մանուկեանով անկախ Հայաստանը, պիտի մնա՞ր հայութիւն, պիտի մնա՞ր Հայաստան, եւ ի՞նչ աւերակներու ու խլեակներու վրայ պիտի հաստատուէին պոլշեւիկեան ուժերը ու հաստատուէր Խորհրդային Հայաստանը: Ու եթէ չըլլար 28 մայիսը, ինչպէ՞ս պիտի ըլլար Խորհրդային Հայաստանը, եւ այսօր ինչպէ՞ս պիտի ըլլար նոր Հայաստանը:
Եթէ չըլլար Դաշնակցութիւնը, ի՞նչ ճակատագիրի պիտի մատնուէին սփիւռքն ու սփիւռքահայը: Կազմակերպական ի՞նչ վիճակ պիտի պարզուէին արտահայաստանի կրթական, մշակութային, կրօնական, մարզական, երիտասարդական, բարեսիրական, մամուլի եւ հրատարակչական, այլ խօսքով` հայապահպանման ընդհանուր գործընթացը, ազգային պատկանելիութեան խնդիրը, Հայ դատի հետապնդումը, մեր համայնքներու եւ իրենց ապրած երկիրներու մէջ քաղաքական ներկայութիւնը եւ այդ ուժը ի սպաս մեր ժողովուրդի պաշտպանութեան եւ բարօրութեան դնելու պատրաստակամութիւնը, ի հարկին` ինքնապաշտպանութեամբ եւ արեան տուրքով:
Ո՞վ պիտի պատժէր ցեղասպանութիւն գործած ոճրագործները, ո՞վ պիտի կազմակերպէր «Նեմեսիս»-ը եւ ո՞վ համայն քաղաքակիրթ աշխարհին պիտի յուշէր, որ ցեղասպանութիւնը կ’արգիլուի, երբ ցեղասպանութեան հեղինակը կը պատժուի:
Եթէ Դաշնակցութիւնը չյուշէր Հայ դատի հետապնդման ճամբուն վերադառնալ հայկական յեղափոխական աւանդներուն, ո՞վ ճամբան պիտի բանար Հայ դատը քաղաքական դաշտէն պահանջատիրական ուժական դաշտ փոխադրելու, ներշնչման աղբիւր ըլլալու հայ ազատամարտիկներու եւ յիշեցնելու ողջ աշխարհին, բայց մանաւանդ` ցեղասպան Թուրքիոյ, որ հայութիւնը է՛ ու պիտի՛ մնայ պահանջատէր, այնքան ատեն որ ան չէ տիրացած միջազգային իրաւունքով ճշդուած իր բարոյական ու նիւթական հատուցումին, եւ ոճրագործի պատին չէ գամուած Թուրքիան:
Հայ ժողովուրդի արժէքային համակարգին ու հայութեան խորթ ապազգային համայնավարութիւնը ո՞վ պիտի քննադատէր, անոր բռնատիրական դիմագիծը ո՞վ պիտի խարանէր` Հայաստանի մէջ թէ արտերկրի, եթէ չըլլար Դաշնակցութիւնը: Ու եթէ չըլլար ան, ո՞վ գաղափարական սնունդ պիտի ներարկէր Հայաստանի մեր քոյրերուն ու եղբայրներուն, թէ օտար վարդապետութիւններ եւ օտար գրաւումներ չեն կրնար երկար գոյատեւել: Վարչակարգերը ժամանակաւոր են, գրաւող ուժերը վարձկաններու կը վերածուին, իսկ հիմնականը հողն է, հայն է, որ մնայուն են, իսկ մնացեալը` գնայուն:
Եւ եղաւ Արցախի գոյամարտ, ազատ ու անկախ Արցախ:
Եւ եղաւ համայնավար վարչակարգը խորտակող Հայաստան ու հայութիւն:
Արցա՛խ էր ու Հայաստան` Դաշնակցութեան միտքը, գաղափարը, ոգին: Հոն էին դաշնակցական մարտիկներ, դաշնակցական գումարտակ եւ ազատագրուած հողեր, ազատագրուած միտք:
Չըլլա՞ր Դաշնակցութիւնը:
Սիրելինե՛ր,
Կարելի է երկարել հարցադրումները: Կարելի է պատմական փաստեր բերել ու խօսիլ Դաշնակցութեան դերակատարութեան մասին Հայաստանի ու Արցախի, սփիւռքեան ամէն գաղութի մէջ, տարբեր բնագաւառներու մէջ: Ու մտածել, թռիչք տալ երեւակայութեան, ծանրախոհութեամբ կշռադատել ու տեւաբար հարց տալ.
Չըլլա՜ր Դաշնակցութիւնը:
128 տարի տեւաբար Դաշնակցութեան քանդումը նախատեսող, անոր քայքայումը ցանկացող, անոր յուղարկաւորութիւնը կազմակերպող, ժողովուրդի թշնամին նկատող, զայն պուրժուական հաւաքականութիւն ներկայացնող հայ եւ օտար բոլոր ուժերն ու սպասարկութիւնները, հակառակ իրենց համադաշնակցական մոլուցքին, գազազած կիրքերուն, հակառակ կատաղի հակադաշնակցութեան, Դաշնակցութիւնը ժողովուրդին հեռացնելու անխոնջ ջանքերուն, կրցա՞ծ են գտնել պատասխան, թէ ինչո՛ւ եւ ինչպէ՛ս ապրեցաւ ու դեռ պիտի ապրի Դաշնակցութիւնը:
Բայց կա՛յ Դաշնակցութիւնը: Կա՛յ ու պիտի՛ ապրի Դաշնակցութիւնը:
Թէ ինչո՞ւ,
Որովհետեւ ան ծնաւ պատմական անհրաժեշտութենէ,
Ծնաւ ժողովուրդին համար ու կ’աշխատի ժողովուրդին համար:
Կայ ու կ’ապրի Դաշնակցութիւնը` շնորհիւ իր գաղափարական ուժին, ժողովրդավարական ու ապակեդրոն կազմակերպուածութեան, անդամներուն կարգապահական բծախնդրութեան եւ խօսքէն առաջ` իրական գործին հաւատալու եւ զայն կեանքի վերածելու անզիջող վճռակամութեան:
Դաշնակցութիւնը կա՛յ ու կ’ապրի շնորհիւ ձեզի, սիրելի ու արժանապատիւ հա՛յ ժողովուրդ:
Դաշնակցութիւնը կայ ու կ’ապրի` շնորհիւ իր կեանքին վրայ երդում կատարած ու հայութեան եւ Հայաստանի համար դաշնակցական դարձած ընկերուհիներուն եւ ընկերներուն:
Դաշնակցութիւնը կայ ու կ’ապրի, որովհետեւ երբ հրապարակ եկաւ իր հիմնադրութիւնը ծանուցող ՀՅԴ առաջին մանիֆեսթով, ճշդեց իր նպատակները, կազմեց ՀՅԴ Ծրագիր, գործունէութեան ծրագիրներ որդեգրեց, ժողովրդավարութիւնը իբրեւ ընդհանրական հաւատք` կիրարկեց ներքնապէս, նետուեցաւ հրապարակ ու կայծ առած յեղափոխութիւնը տարածեց, զայն դարձուց համաժողովրդական ինքնասրբագրում եւ վերարժեւորում կատարեց, ինքզինք վերանորոգեց ու ամբողջ 128 տարի գործեց` առանց վարանումի, խիզախութեամբ եւ ապագայապաշտ տեսլականով:
Մենք ՀՅ Դաշնակցութեան մէջ սորվեցանք պաշտել Հայաստանը: Հոն դարձանք աւելի հայ, Հայաստանի ու հայութեան համար անզիջող հայ: Սորվեցանք ըլլալ հայադրոշմ` առանց ուրիշը մերժելու, անհատականէն անդին` հաւաքական հայութեամբ ծայրայեղօրէն ու արմատականութեամբ մաքառող հայ:
ՀՅ Դաշնակցութեան համար Հայաստանը եղած է ու կը մնայ գերագոյն արժէք, ի՛ր իսկ գոյութեան իմաստը:
Եւ որովհետեւ Դաշնակցութեան մէջ սորվեցանք պաշտել Հայաստանը, ականջալուր եղանք անոր կանչին ամէնուրեք եւ ամէն ժամանակ:
Իր ծրագիրով իսկ ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստանը գերնպատակ նկատող Դաշնակցութիւնը անզիջող է, երբ կը վտանգուի ազատութիւնը, անկախութիւնը, եւ` երբ մոռացութեան կը տրուին միացեալ Հայաստանի ու ամբողջական հայութեան գաղափարները:
Ու երբ վտանգուին ազատութիւնը, անկախութիւնը, հողը, ժողովրդավարութիւնը, ընկերային բարօրութիւնը, մենք բոլորս անխտիր զինուորներն ենք Հայաստանի ու կռիւի առաջամարտիկները, թէ ո՛վ կը ղեկավարէ երկիրը տուեալ ժամանակին, երկրորդական է միշտ: Հիմնականը Հայաստանն է:
Եւ Հայաստանի համար, անոր յաւերժութեան համար, զայն պաշտպանող հայոց բանակին համար արժէ ամէն ինչ տալ:
Ահա թէ ինչո՛ւ պատմական անհրաժեշտութեամբ Հայաստանի մէջ վերընձիւղուեցաւ Դաշնակցութիւնը իբրեւ կազմակերպութիւն, երբ արդէն տասնամեակներ շարունակ ան մարդոց հոգիներուն եւ սրտերուն մէջ էր:
Ահա թէ ինչո՛ւ Հայաստանի ու հայութեան յաւերժութեան համար մենք դէմ ենք ամէն տեսակի ապահայացնող, այլանդակութեան առաջնորդող, ապազգայնացնող, ազգային գաղափարախօսութիւնը ոտնակոխ ընող, աննպատակ զիջումներ ճառող կեցուածքներու եւ ուժերու:
Պաշտելի Հայաստանի մէջ այս արժէքներու պաշտպանութեան իբրեւ հետեւանք` եղաւ խորհրդային իշխանութիւններու հալածանքը Դաշնակցութեան դէմ:
Նոյն պատճառներով եւ Թուրքիոյ նկատմամբ թէ Արցախի հարցով զիջումնային քաղաքականութիւն որդեգրած Հայաստանի առաջին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեան հալածեց Դաշնակցութիւնը ու փորձեց հարուածել մեզ:
Նոյն ելակէտով պայքարեցանք նախագահ Սերժ Սարգսեանի դէմ` Հայ-թրքական արձանագրութիւններու ստորագրութեան ժամանակաշրջանին, եւ հալածանքի ենթարկուեցանք: Չհասկցուեցանք, երբ տեւաբար հնչեցուցինք Հայաստանի սպառնացող փտածութեան, օլիկարգի, արտագաղթի, ազատութիւններու բռնաբարման վտանգը եւ զայն դարձուցինք առաջնահերթութիւն` հայաստանեան մեր քաղաքականութեան մէջ: Պայքարեցանք հայօրէն, նախանձախնդրութեամբ, վեհանձնութեամբ` կառավարութեան մաս կազմելով կամ ընդդիմութեան մէջ ըլլալով:
Եւ եկաւ մայիսը: Նախորդ իշխանութիւններուն մօտ մեր կողմէ մատնանշուած վտանգներու յամեցումը եւ լուրջ ու զսպիչ քայլերու բացակայութիւնը մայիսը վերածեց ժողովրդային ցասումի ու այդ ցասումը առաջնորդեց իշխանափոխութեան: Շարժումի ղեկավար Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ այս շարժումին «Թաւշեայ յեղափոխութիւն» անուանումը անոր տուաւ յաւելեալ զգացականութիւն, տեսակ մը` ռոմանթիզմ:
Դաշնակցութիւնը, Հայաստանի մէջ թէ սփիւռքի, անմիջապէս ողջունեց ժողովրդային շարժումը, կանգնեցաւ անոր կողքին, առաջինը եղաւ, որ քանդեց նախկին կառավարական քոալիսիոնը, միաժամանակ անհրաժեշտ նկատեց մտածուած, հիմնաւորուած ու ծրագրուած փոփոխութիւններ, ժողովրդավարութեան պահպանում եւ Հայաստանի ու Արցախի անվտանգութիւն: Սկզբունքներ, որոնք ժողովրդային ցասումը կ’առաջնորդէին իրաւ յեղափոխութեան, հոգիներու եւ մտքերու ազատագրման, հպարտ քաղաքացիի կառուցումին, անաչառ, անկեղծ, հայադրոշմ արժէքները պահող ժողովրդավար պետութեան մը, որ ապաւէն պիտի ըլլար իւրաքանչիւր հայու:
Ու եթէ մատնանշեցինք կարգ մը սխալներ, բացթողումներ, կարծրացած տեսակէտներ, մտահոգուեցանք երկրի ընկերային, հողային թէ պետական անվտանգութեամբ, ու եթէ ժողովրդավարութեան սկզբունքով բարձրաձայնեցինք մեր կեցուածքները, այդ բոլորը ըրինք, որովհետեւ պաշտելի է Հայաստանը, եւ որովհետեւ մենք կը ձգտինք կատարուածը հասցնել յեղափոխութեան ու Հայաստանը վերածել անսասան ամրոցի, ամէն հայու տան, ողջ հայութեան Հայաստանի:
Երբեմն չհասկցուեցանք, երբեմն վարկաբեկուեցանք, երբեմն չարախօսութեան կամ թունաւոր հարուածներու ենթարկուեցանք, սակայն քաղցր է Հայաստանի համար այս լուծը շալկել:
Նահատակներ տուած, իր լաւագոյն տղաքը անարդարօրէն բանտերու մէջ տեսած Դաշնակցութիւնը չի կրնար կանգ առնել պաշտելի Հայաստանը ամուր ու յաւերժական տեսնելու իր գոյամարտին մէջ:
Այս կիրակի Հայաստանի մէջ կայանալիք խորհրդարանական ընտրութիւններուն ՀՅ Դաշնակցութիւնը եւս, իբրեւ քաղաքական ուժ, կը մասնակցի իր առաջադրած թեկնածուներով, բայց մանաւանդ` քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային ընտրական լուրջ ծրագիրով: Ինչ ալ ըլլան ընտրութեանց արդիւնքները, Դաշնակցութիւնը յաջողի մուտք գործել խորհրդարան կամ ոչ, Դաշնակցութիւնը պիտի մնայ Հայաստանի մէջ, պիտի գործէ եւ իր գործին միանալու պիտի հրաւիրէ, ինչպէս միշտ, Դաշնակցութեան աշխարհատարած կազմակերպութեան տարբեր կառոյցներ, իր համակիր զանգուածը ու իր առաւելագոյն ճիգը ի գործ պիտի դնէ Հայաստանի եւ Արցախի հզօրացման, ազգային գաղափարախօսութեան պահպանման, ամրապնդման եւ ճառագայթումին համար:
Մենք կը հաւատանք, որ տասնամեակներու ընթացքին կուտակուած ժողովրդային կարիքներու անտեսումը, պետական ինչքի կողոպուտը, փտածութիւնը, զանազան մարզերու մէջ կատարուած օրէնքներու բռնաբարումները, սակաւապետական մտածողութիւնը, գիւղացիներու եւ բանուորներու հարստահարումը, դասակարգային տարբերութեանց խորացումը, արտագաղթը, երկրի պաշտպանութեան բացթողումները եւ դեռ` բազում ընկերային, կենցաղային խնդիրներ, հարցեր են, որոնք ընտրարշաւի ընթացքին բարձրացնելէ, միթինկներու ճառերու նիւթ հայթայթելէ ու քուէ ապահովելէ անդին` կը կարօտին լուրջ քննարկումի, լայն խորհրդատուութեան, ծրագրուած աշխատանքի:
Ընտրութիւնները կիրակի գիշեր կ’աւարտին:
Ու որպէսզի ժողովրդային շարժումը վերածուի իսկական յեղափոխութեան, երկուշաբթի, 10 դեկտեմբերը հաւաքական պատասխանատուութեամբ կրնայ մեկնակէտը ըլլալ նոր Հայաստանի կառուցման, բոլորիս Հայաստանի կերտման հազար մղոնի արշաւին:
Լիբանանի հպա՛րտ հայորդիներ,
Անցնող տարեշրջանը Լիբանանի համար եղաւ քաղաքական ու տնտեսական ալեկոծ ժամանակաշրջան: Հակառակ քաղաքական բեւեռացումի` երկիրը ապահովական ցնցումի չենթարկուեցաւ: Մայիսի խորհրդարանական ընտրութիւնները նոր թափ տուին քաղաքական աշխուժութեան, որ, սակայն, ցարդ չթարգմանուեցաւ նոր կառավարութեան մը կազմութեամբ:
Մայիս 6-ին կատարուած խորհրդարանական ընտրութիւնները եւ այդ ընտրութիւններուն մասնակցողներուն համեմատութեան անկումը լաւագոյն ցուցանիշն է այն խոր դժգոհութեան, որ ունի լիբանանցի քաղաքացին երկրի քաղաքական, տնտեսական, ընկերային ու կենցաղային ոլորտներուն նկատմամբ: Այսուհանդերձ, Լիբանանի հայութիւնը իր մասնակցութեամբ մեզի շնորհեց երեք երեսփոխաններով Հայկական պլոքի կազմութիւն` յայտնելով իր վստահութիւնը մեզի հանդէպ, միաժամանակ մեզ դնելով յաւելեալ պատասխանատուութեամբ ժողովուրդին հարցերը հետապնդելու եւ լուծելու, միացած իբրեւ պետական երեսփոխաններ օրէնսդրական պարտաւորութեանց մէջ յաւելեալ ներդրում կատարելու հրամայականին առջեւ:
Դիւրին չէր ընտրապայքարը: Մեր ամբողջ ճիգը հայութեան ձայնը հայկական միջավայրի եւ հայ քաղաքական կուսակցութեանց արձագանգ եղող ձայնի հաստատումն էր: Միակ քաղաքական ուժն էինք, որ իր ընտրազանգուածին կոչ ուղղեց` քուէարկելու Հնչակեան կամ Ռամկավար կուսակցութեանց թեկնածուներուն, եթէ չեն ուզեր քուէարկել Դաշնակցութեան: Հայութեան միասնականութիւնը եւ մեր գաղութի անվտանգութիւնը մեզ կը պարտաւորեցնեն մտածել ու շարունակել գործել նոյն այս ոգիով:
Դժբախտաբար ընտրարշաւի ընթացքին լիբանանցի հայ քաղաքացին վարակուեցաւ նաեւ ընտրական վատ բարքերէ: Ընտրակաշառքին առջեւ տկարացան շարք մը հայեր, քուէավաճառք կատարուեցաւ, ու քուէին հետ գնուեցաւ նաեւ հայ քաղաքացիին ազատ խիղճը: Երբեմն նաեւ հայեր քուէարկեցին ոչ հայ թեկնածուներու` մոռնալով, որ վերջին հաշուով տակաւին համայնքային դրութեամբ գործող այս երկրին մէջ իւրաքանչիւր անհատ կը վերադառնայ իր համայնքին, իր կուսակցութեան, որոնք պարտին լուծել իր հարցերը: Ժխտական երեւոյթ մը, անկասկած, որ սակայն իրականութիւն է:
Մենք շնորհակալութեան խօսք ունինք անոնց, որոնք քուէարկեցին ի նպաստ մեր թեկնածուներուն:
Ձեր քուէն վստահութեան քուէ է անկասկած,
Ձեր ազատ կամքի պահպանման, ինքնութեան պահպանման, Լիբանանի հայութեան ամրացման քուէն է:
Ձեր ազատ կամքի քուէն է:
Հպարտ հայու քուէն է:
Ձեր վարձքը կատա՛ր:
Իսկ միւսները, հակառակ իրենց քուէին, են ու կը մնան մեր ժողովուրդի զաւակները, թէեւ` իրենց քուէով այլընտրանք կատարած կամ կաշառուած ու խոստումներ ստացած: Անոնք մեր մեծ ընտանիքի անդամներն են, փորձառութեամբ կրնան տեսնել ճիշդը ու վերանայիլ իրենց ընտրանքը: Մեր դռները բաց են բոլորին դիմաց:
Կը կրկնենք միշտ, որ մենք հպարտ քաղաքացիներ ենք, հպարտ ենք մեր հայութեամբ ու լիբանանցիութեամբ: Քաղաքացիական մեր պարկեշտութիւնը կու գայ երկրի ամբողջականութեան, ազատութեան, անկախութեան, միասնաբար խաղաղութեամբ ապրելու սկզբունքէն:
Տիպար քաղաքացի ըլլալ, սակայն, չի նշանակեր վիզը ծուռ ըլլալ, այլ պատիւի արժանի, յարգանքի արժանի քաղաքացի ըլլալ կը նշանակէ: Տիպար ու հպարտ լիբանանահայ ըլլալ` չի նշանակեր ըլլալ տկար, լեզուն կուլ տուած եւ իր իրաւունքներուն ոտնակոխման դիմաց չաղաղակող անհատ կամ հաւաքականութիւն:
Մենք հպարտ ենք, որ կառուցեցինք այս երկիրը:
Հպարտ ենք, որ չմասնակցեցանք Լիբանանը քանդելու խելագարութեան:
Հպարտ ենք, որ լիբանանեան դրօշ չենք այրած, այլ տեւաբար բարձր պահած ենք զայն:
Հպարտ ենք, որ ո՛չ սպաննած ենք, ո՛չ առեւանգած, ո՛չ թալանած,
այլ մնացած ենք լիբանանեան հայրենիքին հաւատարիմ ու մեր փորձառութեամբ հարստացուցած ենք Լիբանանն ու Լիբանանի ժողովուրդը:
Մեր այս կեցուածքները, սակայն, սակարկութեան նիւթ չեն դառնար, երբ խնդրոյ առարկայ կը դառնան հայութեան արժանապատուութիւնը եւ համայնքային իրաւունքները: Մեր գուրգուրանքը Լիբանանի հանդէպ եւ պարկեշտութիւնը ո՛չ կարելի է եւ ո՛չ ալ արտօնելի` տկարութեամբ թարգմանել հաւասարապէս դաշնակիցին եւ ընդդիմադիրին մօտ:
Մենք պիտի շարունակենք հաւատալ Լիբանանի եզակիութեան: Պիտի շարունակենք պաշտպանել Լիբանանի հայութիւնը եւ հետապնդել մեր իրաւունքները:
Լիբանանի հայութեան ինքնութեան պահպանման ու ամրապնդման հարցը կը շարունակէ մնալ մեր աշխատանքներուն կիզակէտը: Հայութենէ օտարութիւն արտահոսքը ինքնութեան կորուստ է, ազգայինէն ու հաւաքականէն դէպի անհատական ԵՍ` կղզիացումն է ու, վերջապէս, հայկական ծագումով աշխարհաքաղաքացիի տիպարին նոր հանդերձն է: Այս ձեւով նոր հայու տիպարը չէ, որ կը ստեղծուի, այլ` հայու աղաւաղուած, խճճուած, այլափոխուած մէկ նոր տիպար, որուն հայկականը զուտ ծագումնային է, իսկ մնացեալը ամէն ինչ` բացի հայկականութենէ:
Այս ճիգը կը պահանջէ հաւաքական աշխատանք, եկեղեցի, դպրոց, կուսակցութիւններ, միութիւններ ու մտաւորական շարժում, որոնք իւրաքանչիւրը առանձնաբար ու բոլորը միասնաբար պարտին ահազանգը լսել: Լիբանանի հայութիւնը կարիքը չունի գեղեցիկ ու մարմարապատ շէնքերու, այլ` հրամայականօրէն հայ մարդու կոթողական վերականգնման ու հայեցի ինքնութեան վերընձիւղման:
Լիբանանի մէջ քանդել հայութեան ինքնութիւնն ու հայկականութիւնը` կը նշանակէ հարուածել սփիւռքահայութիւնն ու Հայաստանը, կը նշանակէ հեռանալ Հայ դատի բարւոք լուծման գործընթացէն: Այլ խօսքով, կը նշանակէ շարունակել ու յաջողութեամբ իր լրումին հասցնել թուրքին սկսած ու կիսած մնացած գործը:
Լիբանանի հայութեան քանդումը կը ցանկան շատ մը օտար ուժեր: Գէթ հայութիւնը իր կրօնական եւ աշխարհական պատասխանատուներով ու ժողովուրդը հաւաքաբար պարտի հայու ձեռքով չիրականացնել թուրքին ու օտարին երազը:
Առհասարակ հայութեան ու յատկապէս լիբանանահայութեան համար հիմնաքար է իր երիտասարդութիւնը: Երիտասարդութիւնն է այն կարողականութիւնը, որ վաղը պիտի ստանձնէ մեր ժողովուրդին պատասխանատուութիւնը, շարունակէ վառ պահել կրակը, աւելիով բորբոքէ զայն ու իրականացնէ վերանորոգ իր երազը:
Բնական է եւ կեանքի օրէնք, որ տեւական դժգոհութիւն ծաւալի երիտասարդ սերունդին մօտ` երէց սերունդին նկատմամբ: Հակառակը պատմութեան ընթացքը կասեցնել կը նշանակէ:
Նոյնքան բնական է, որ երէց սերունդը մտահոգ ըլլայ այդ երիտասարդութեամբ ու գուրգուրանք ցուցաբերէ անոր նկատմամբ:
Բնական է ու հասկնալի` «որդիների պայքարը հայրերի դէմ», ծնողներու դէմ, աւանդական կարծրատիպերու դէմ, ընդունուած սովորութիւններու դէմ:
Բնական է, որ երիտասարդը պարտի քանդել` կառուցելու համար նորը: Ու այդ նորը պէտք է ըլլայ նախկինէն լաւ, նախկինէն ուժեղ, նախկինէն ամուր: Այդ նորը ամէն պարագայի պէտք է ըլլայ հայադրոշմ:
Համաշխարհայնացման կատաղի թաւալքին հետ, անհատը գերադաս ու ապա զայն թիւ եւ հաշիւ նկատելու ուսումնասիրուած ու արժէքները քանդող ծրագիրներու ի տես, մարդկային ու ընկերային փոքրամասնութիւններու արդար իրաւունքներու պաշտպանութեան դրօշին տակ մեծապետական, դրամատիրական, կեղծ ազատական բռնատիրութիւն հաստատելու ձգտումը ակնյայտ է թէ՛ պետութիւններու եւ թէ՛ անդրազգային առեւտրական, արհեստագիտական վիթխարի ընկերութիւններու կամ տեղեկատուական ուղեղալուացք կատարող հաստատութիւններու մօտ:
Հիմնական նպատակը` քանդել ազգ-արժէքը եւ ստեղծել աշխարհաքաղաքացիական միատեսակ եւ դրամատիրութեամբ ու նիւթապաշտութեամբ հեռակառավարուող մարդկային քանակական հասարակութիւն` զայն լաւագոյնս ծառայեցնելու, յաւելեալ նիւթական աղբիւրներ կուտակելու ու աշխարհի միահեծան տէրը ըլլալու քաղաքականութեան: Եւ այս գործընթացին մէջ բոլոր ազնիւ սկզբունքները, մարդկային իրաւունքները, ազգային թէ ընկերային փոքրամասնութիւններու պաշտպանութիւնը, դժբախտաբար, պիտի շահագործուին ու ծառայեն իսկական, թաքուն ու կասկածելի նպատակի իրագործման:
Հայադրոշմ նորը ստեղծելու մեր երիտասարդութեան պարտաւորութիւնն է` տեսնելով այս մէկը, գիտակցիլ անոր վտանգին ու կառուցել հայկական նորը: Եւ այս գործը իրականացնելու համար, ան պարտի գործօն մասնակցութիւն բերել ազգային-հասարակական մեր կեանքին, ունենալ հայկական օրիանթացիա, շաղուելով հանդերձ օտար մշակոյթներու եւ արդիականացման մտածողութեանց, որդեգրել այն, ինչ որ կը սազի հայկական մեր իրականութեան, հայկական արժէքներու վերարժեւորման ու առհասարակ մեր հարցերուն ու մեր Դատի նպաստաւորման:
Հեռու մնալ հայկական իրականութենէն, հրաւէրի սպասել, քննադատել` առանց խորքային ճանաչման, տարուիլ օտար բարքերէ ու գերագնահատել օտարը միաժամանակ վատ տեսնել կատարուած ձեռքբերումները եւ ամէն ինչ-որ հայկական է, չեն օգներ հայադրոշմ նորի կառուցման եւ ոչ ալ` երիտասարդութեան հայկականութեան ու, հետեւաբար, ապագայ սերունդներու ինքնութեան պահպանման խնդիրին:
Վերջապէս, սիրելի՛ ներկաներ, ու բոլոր անոնք, որոնք նախանձախնդիր են Դաշնակցութեան գոյութեան, ու բոլոր անոնք, որոնք ականջալուր են գազազած մարդոց հակադաշնակցական պայքարին, ու բոլոր անոնք, որոնք կ’աղօթեն Դաշնակցութեան քանդումին համար`
Դաշնակցութիւնը ծնած է ապրելու համար:
Ու այնքան ատեն որ կ’ապրի հայ ժողովուրդը, պիտի ապրի Դաշնակցութիւնը:
Դաշնակցութիւնը ամուր է, հսկայ կաղնի է, որուն տերեւները կրնան թափիլ, փոքր ճիւղերը կտրուիլ, բայց արմատը հայութեան ընդերքին մէջ, խորը, շատ խորը մխրճուած է ու պիտի մնայ հսկայ ու պիտի հսկայանայ աւելի:
Դաշնակցութիւնը ահազանգ է, կը հնչէ նախ դաշնակցականները զգաստացնելու ու միաժամանակ ընդհանրական բացթողումները սրբագրելու:
Դաշնակցութիւնը շունչ է, ոգի է, միտք է ու բազուկ:
Դաշնակցութիւնը զգօնութեան հրաւէր է:
Դաշնակցութիւնը ձերն է: Ամուր կը մնանք ձեզի համար:
Ամուր կը մնանք գալիք սերունդներուն համար:
Ամուր կը մնանք ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստանի համար:
Ու կը փափաքինք 128-ամեակի այս խօսքով վերյիշել սքանչելի բանաստեղծ Վահէ Օշականը, երբ կ’ըսէ
Ու մանաւանդ`
Պիտի տեւես դարերով, դարերո՜վ,
Որքան ատեն
Ժայթքին մարդիկ ու պահեր
Հայ հոգիին սպասարկու:
Ու
Սա հաւա՛տքը
Մեր հոգիի գեղեցկութեան,
Սա կա՛մքը
Այս հաւատքը պաշտպանելու
Սա ոգի՛ն
Կամ հայ ըլլալ` կամ ոչի՛նչ
Կամ հայրենիք` կամ ոչի՛նչ
Դաշնակցութիւն:
Կեցցէ՛ Հայաստանը
Կեցցէ՛ հայ ժողովուրդը
Կեցցէ Հայաստանի ու հայութեան ծառայ ու պաշտպան Դաշնակցութիւնը:
7 դեկտեմբեր 2018
aztagdaily.com