ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • Համազգային
  • Լուրեր

Համազգայինի Լիբանանի Ընտանիքը Արժանավայել Հանդիսութեամբ Նշեց Իր Հիմնադրութեան 95-Ամեակը

20 Մարտ 2023

Ուրբաթ, 17 մարտ 2023-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան 95-ամեակի յոբելենական հանդիսութիւնը` ներկայութեամբ յարանուանութիւններու եւ կուսակցութիւններու, երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւններու ներկայացուցիչներու, կրթական եւ բարեսիրական հաստատութիւններու տնօրէններու, երեսփոխաններու, քաղաքապետերու, նախկին նախարարի, արուեստագէտներու եւ մտաւորականներու, համազգայնականներու եւ հոծ բազմութեան մը:

Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք հանդիսութեան բացման խօսքը արտասանեց Համազգայինի Շրջանային վարչութեան անդամ Շաղիկ Յովսէփեան Յարութիւնեան: Ան նկատել տուաւ, որ Համազգայինի օրը նշել կը նշանակէ իմաստաւորել անոր բեղուն գործունէութեան երթն ու կարեւորութիւնը, յարգել հիմնադիրները, կրթական ու մշակութային բոլոր մշակներն ու նուիրեալները, նաեւ ունենալ նոր տեսլականներ ու առաքելութիւններ, նպատակներ ու առաջադրանքներ:

«Հայ ժողովուրդի ճակատագրական նշանակալից մէկ պահուն, 1928 թուականի մայիսին, մտաւորականներէ բաղկացած խումբ մը, որոնց մէջ կը գտնուէին գրող եւ մանկավարժ Լեւոն Շանթ, հրապարակախօս ու քաղաքական գործիչ Նիկոլ Աղբալեան, Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան վարչապետ Համօ Օհանջանեան, ինչպէս նաեւ բեմադրիչ ու արուեստի քննադատ` Գասպար Իփէկեան, Գահիրէի մէջ կը հիմնեն Համազգային հրատարակչական ու մշակութային ընկերակցութիւնը` նպատակ ունենալով նոր սերունդին ջամբել կրթութիւն ու հայեցի դաստիարակութիւն, պահպանել ազգային գիտակցութիւնն ու մշակութային աւանդութիւնները: Այս կորիզն էր, որ յղացաւ իմաստուն միտքը` կազմակերպելու հայ ժողովուրդի մնացորդացը ու այս միաւորման ճամբով ապահովելու սփիւռքի հայ սերունդներու հայօրէն ապրելու եւ գոյատեւելու իրաւունքը», ըսաւ Շաղիկ Յովսէփեան-Յարութիւնեան, աւելցնելով, որ Համազգայինի աշխատանքը գնահատականներու կարիք երբեք չէ ունեցած: Միութիւնը իր գործունէութիւնը ծաւալելով հիմնականօրէն սփիւռքի տարբեր երկիրներուն մէջ, ապա հասնելով մինչեւ Հայաստան ու Արցախ, ընդմիշտ ծառայացուցած է իր առաջադրանքներու իրագործման, տեւաբար քայլ պահած ժամանակի պահանջներուն, տարիներու ընթացքին ինքզինք կազմակերպած ու, իր ծրագիրները լաւապէս ուսումնասիրելէ ետք, զանոնք կեանքի կոչած ու խօսքը գործի վերածած է:

«Համազգայինը լոկ ծրագիրներ իրականացնող միութիւն մը չէ միայն, այլ` ամէնօրեայ կեանք եւ աշխատանք: Ան իր ուսերուն կրած է ազգի կրթական ու մշակութային պահպանման ու զարգացման յանձնառութիւնը, նոր նուաճումներու ու վերելքի իրագործման հրամայականն ու բեռը: Պատմութիւնը պիտի վկայէ անպայման, որ Համազգայինը` մնալով միշտ երիտասարդ, արժանի կերպով հայակերտման ու հայապահպանութեան ջահակիրն է ու պիտի մնայ այդպիսին դեռ շատ երկար տարիներ», եզրափակեց Շաղիկ Յովսէփեան-Յարութիւնեան:

Այնուհետեւ «Գուսան» երգչախումբը` խմբավարութեամբ մայեսթրօ Գրիգոր Ալոզեանի, դաշնակի ընկերակցութեամբ Յասմիկ Գասպարեանի, մեկնաբանեց «Ահա ծագեց կարմիր արեւ», «Չինար եարի բան ասեմ», «Սիրուն ջան» երգերը, անկէ ետք «Եռեակ»-ը` ջութակի վրայ Արմէն Ճէնտէրէճեան, Սելլայ Սուաքճեան եւ դաշնակ` Վերոնա Ռուսիալեան, մեկնաբանեց երաժշտական կտոր մը, «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի անդամներէն Զաւէն Պաաքլինիի եւ Անի Պարիկեանի ներկայացուցին Լեւոն Շանթի «Հին Աստուածներ» թատերախաղէն հատուած մը, միջազգային դաշնակահար եւ յօրինող Սէրուժ Գրաճեան դաշնակի վրայ մեկնաբանեց «Խուժան ազգեար» երգը, իսկ ժողովրդական գործիքներու կատարումով տուտուկ` Գէորգ Քէշիշեան եւ տհոլ` Նարեկ Քէշիշեան մեկնաբանեցին երաժշտական կտոր մը: Ապա ցուցադրուեցաւ աշխարհի տարածքին Համազգայինի ունեցած գործունէութիւններուն մասին տեսերիզ մը:

Օրուան բանախօսն էր Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան եւ «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահի տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան: Ան նկատել տուաւ, որ Ցեղասպանութեան ենթարկուած, տարագրուած, անօթեւան եւ անկազմակերպ հայութեան բեկորներու անմխիթար վիճակին բերումով, Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան անկախութեան կորուստին պատճառով հայութիւնը` ազգովին կանգնած էր աղէտահար կացութեան մը դիմաց եւ անոր գոյութեան սպառնացող վտանգները օրէ օր կը խորանային ու կ՛արմատանայի՛ն: Ան շեշտեց, որ կար յստակ վարքագիծ` հայութեան ազգային մտածողութիւնը հարուածելու, անոր պահանջատիրական ոգին ջլատելու ու օտար ափերու վրայ մեր ժողովուրդը վերածելու անդիմագիծ հաւաքականութեան ու նախիրի, հետեւաբար պէտք էր անպայման յեղաշրջել հայութեան կեանքը: Բանախօսը նաեւ դիտել տուաւ, որ այդ փուլին պահանջատիրական նոր դիմագիծի դարբնումը կարեւոր նախադրեալ մը` հայկականութեան, հայոց լեզուի, մշակոյթի ու ինքնութեան պահպանման անյետաձգելի հրամայականը: Նման վիճակի մէջ այս պատասխանատուութիւնն ու յանձնառութիւն ստանձնեցին Առաջին Հանրապետութեան կերտիչներն ու գործիչները, որոնք որոշեցին հայութեան սպառնացող ձուլման ու հայկականութեան կորուստի թաւալգլոր ընթացքը յեղաշրջել: Հաւաթեան դիտել տուաւ, որ այս առումով Համազգայինի կողմէ Ճեմարանի հիմնադրութիւնը սփիւռքի մէջ հայութեան վերածնունդն էր, որ կ՛աւետէ՛ր, իսկ հրատարակչական գործի ծաւալումով հայ զանգուածներու մօտ վերազարթօնքի գաղափար կը դարբնէր: Մտաւորականութիւնը կոչուած էր դիմագիծ տալու սփիւռքին, զանգուածները պահելու զգաստ ու սերտօրէն առնչուած մեր իտէալներուն ու տեսլականներուն:

Բանախօսը ըսաւ, որ մեր ժամանակներուն, Հայաստանի վերանկախացումէն անմիջապէս ետք, Համազգայինը դէմ յանդիման կանգնեցաւ պետականութեան կայացման մարտահրաւէրին ու եղաւ առաջինը, որ հայրենիք-սփիւռք կապերու վերաթարմացման, զարգացման ու խորացման համար տուաւ իր կարելին եւ այս մէկը, կրթական ու մշակութային բոլոր բնագաւառներուն եւ ոլորտներուն մէջ:

«Համազգայինը ոչ մէկ ատեն իր անցեալի դրամագլուխով բաւարարուող, անցեալի նուաճումներն ու ձեռքբերումները շեփորահարող շինծու ինքնադրսեւորմամբ կը ծաւալէ իր գործունէութիւնը: Անցեալը Համազգայինի համար կը շարունակէ մնալ յենարան ու փորձառութեան անսպառ աղբիւր, բայց անոր գործելաոճն ու մտածելակերպի վերաթարմացումը միշտ ալ կը յաջողին Համազգայինին դիմաց բանալ ժամանակին հետ համահունչ ընթացող առաքելութեան նոր հորիզոններ», հաստատեց Յակոբ Հաւաթեան` աւելցնելով, որ 95 տարի ետք, ահաւասիկ Համազգայինը կը կանգնի ժողովուրդին դիմաց եւ իր հիմնադիրներու վճռակամութեամբ` նոր ժամանակներու համահունչ եւ վաղուան նոր պայքարին պատրաստ սերունդ կազմաւորելու նուիրական առաքելութեան մէջ կը դնէ ինքզինք եւ հոն է, որ կը տեսնէ իր գոյութեան իմաստն ու նպատակը: Բանախօսը հաստատեց, որ Համազգայինը սաղմնաւորուեցաւ ու կազմաւորուեցաւ հայրենիքի սահմանամերձ Մերձաւոր Արեւելքի գաղութներուն մէջ, անոր կառոյցները ուռճացան ու զարգացան Լիբանանի մէջ եւ կեդրոնատեղին դարձաւ Լիբանանը եւ Լիբանանէն ճառագայթեց անոր համասփիւռքեան, հայաստանեան, արցախեան գործունէութիւնը:

«Համազգայնականը ունի մեծ ու խորախորհուրդ երազ, որ թերեւս կրնայ անհասկնալի ու անբացատրելի թուիլ շատերուն, բայց ան միշտ` զգաստ ու պատրաստ, իր ստեղծագործ աշխատանքը, երգն ու պարը, թատրոնն ու կերպարուեստը եւ իր մշակութային բոլոր արտայայտութիւնները կը կատարէ Արարատի կարօտով ու այդ բոլորը վա՛ղը` Արարատի լանջին իրագործելու անխախտ տեսլականով», եզրափակեց Յակոբ Հաւաթեան:

Բանախօսութենէն ետք մենապարով հանդէս եկաւ Համազգայինի պարուսոյց Ճէնի Քոլոյեան, իսկ «Քնար» պարախումբը ներկայացուց պար մը:

Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Զաքար Քէշիշեան իր խօսքին մէջ նկատել տուաւ, որ Համազգայինի այս յոբելենական հանդիսութիւնը կը կատարուի հայութեան համար ամէնէն դժնդակ ու օրհասական օրերուն, երբ շրջափակման մէջ է Արցախը, տակաւին չենք թօթափած մարդկային ու հողային ահաւոր կորուստներուն տագնապը, հայրենի իշխանութիւնները, բայց մանաւանդ հայրենի ժողովուրդին նկատառելի մասը անտարբեր է արցախահայութեան ճակատագրին նկատմամբ, քաղաքատնտեսական ահռելի տագնապի մէջ են լիբանանահայութիւնն ու հալէպահայութիւնը, տնտեսական դժուարութիւններ, բայց մանաւանդ իւրաքանչիւր սերնդափոխութեան հետ ազգային արժեհամակարգէ հեռանալու եւ ուծանալու վտանգը, առաւել կամ նուազ չափով կը դիմագրաւեն սփիւռքահայ գրեթէ բոլոր գաղութները: Հայախօսութիւնը աղէտալի անկումի մէջ է:

Քէշիշեան ըսաւ, որ այս մարտահրաւէրներու գիտակցութեամբ է, որ Համազգայինը այսօր Լիբանանի մէջ կը սկսի իր հիմնադրութեան 95-ամեակի համագաղութային հանդիսութիւններու շարքին` հարց տալով, որ միթէ պայմանները աւելի՞ ձեռնտու եղած են 95 տարիներ առաջ, երբ մեր լուսամիտ հիմնադիրները, Համազգայինի հիմնադրմամբ, մտայղացան Ցեղասպանութենէն ճողոպրած հայութիւնը հաւաքել հայ դպրութեան ու հայ մշակոյթին շուրջ կամ միթէ աւելի՞ ձեռնհաս մարդիկ կային ամէնուրեք, ուր Համազգայինի նոր կառոյց կը հիմնուէր գրեթէ ամէն տեղ, կամ միթէ աւելի՞ խաղաղ ու տնտեսապէս բարւոք էր Լիբանանի քաղաքատնտեսական կացութիւնը, երբ օրուան վարչական պատասխանատուները հիմնադրեցին եւ կառուցեցին Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» եւ ապա` «Նիկոլ Աղբալեան» մշակութային կեդրոնները:

«Համազգայինը կեանք է ու կենսակերպ: Համազգայինը հայահաւաք կազմակերպութիւն է, այլ խօսքով` կազմակերպուած հաւաքականութիւն, որուն շուրջ կը հաւաքուին բոլոր անոնք, որոնք որոշած են հայօրէն ապրիլ այս կեանքը, այսինքն համախմբուիլ հայ մշակութային արժէքներուն շուրջ, սերտել եւ իւրացնել զանոնք ու անոնց մտերմութեան մէջ շարունակել ո՛չ միայն ապրիլ, այլ նաեւ` ապրեցնել», հաստատեց Զ. Քէշիշեան` աւելցնելով, որ Համազգայինը առաքելութիւն, նուիրաբերութիւն, յանձնառութիւն եւ երիտասարդութիւն է:

Եզրափակելով իր խօսքը Զաքար Քէշիշեան Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անունով շնորհաւորեց միութեան 95-ամեակի առիթով աշխարհատարած 19 շրջաններու վարչական կառոյցներն ու համազգայնական շարքերը` խոնարհելով յիշատակին առջեւ բոլոր այն համազգայնականներուն, որոնք խոր համոզումով ու նուիրումով համախմբուելով Համազգայինի շուրջ, անոր միջոցով շունչ տուին մեր հաւաքական գոյութեան: Իմաստ ու նշանակութիւն` մեր կրթական ու մշակութային կեանքին:

Այնուհետեւ, Կեդրոնական վարչութեան ատենապետը բեմ հրաւիրեց վաստակաւոր համազգայնականներ Կարօ Յովհաննէսեանը, դոկտ. Եդուարդ Թորիկեանը եւ Արմէն Ճէնտէրէճեանը եւ զանոնք պարգեւատրեց Համազգայինի շքանշանով: Ան նաեւ յայտնեց, որ նոյն օրը խումբ մը համազգայնականներով այցելած են լիբանանահայ մտաւորական, գրող, լրագրող եւ մեր հասարակական կեանքին մէջ ներդրում ունեցող Շահանդուխտին, անոր տան մէջ պատուած ենք զայն Համազգայինի շքանշանով:

Հանդիսութեան եզրափակիչ խօսքը արտասանեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան: Ան գոհունակութեամբ յայտնեց, որ հայ մշակոյթը մեր ցեղի ոգին ապրեցնող զօրութիւն կը պարունակէ իր մէջ` աւելցնելով, որ անցնող 95 տարիներուն այդ ոգին պաշտպանելու եւ տարածելու համար Համազգայինը իր կարելիութիւններուն լաւագոյնը տրամադրեց, որպէսզի հայեցի նկարագիրով յարատեւէ մեր կեանքը, եւ անկասկած համահայկական յարգանքին արժանի է Համազգայինի տարած դժուարին գործը: Սրբազանը դիտել տուաւ, որ յոբելենական մեծարանքի այս հանդիսութիւնը եզակի առիթ կը ստեղծէ մտածելու նաեւ մեր կառոյցներու մասին, որոնք իրենց երբեմն թերեւս համեստ, այլ սակայն` նուիրեալ աշխատանքով կը շարունակեն անգնահատելի վաստակ զետեղել սփիւռքահայ մեր կեանքին մէջ: Ան յայտնեց, որ 95-ամեակը պատեհութիւն կը ստեղծէ Համազգայինի համար կազմելու իր ապագայ աշխատանքներու յատակագիծը, որ անպայմանօրէն կ՛առնչուի մեր կեանքին եւ իրականութեան, աւելցնելով, որ այսօր պէտք է մտաւորապէս ու հոգեկան առումով դարձեալ դաստիարակել եւ զարգացնել մեր միջավայրը, որպէսզի ազգէն հեռանալու վտանգը տեղ չգտնէ մեր իրականութեան մէջ: Շահէ արք. շեշտեց, որ մեր ժողովուրդը լաւապէս պէտք է ըմբռնէ, թէ առանց ազգային արժէքներու գիտակցութեան վստահաբար պիտի սնանկանանք, նաեւ պէտք է գիտակցինք, թէ ամէն հաւաքականութիւն ու շրջանակ իր ստացած դաստիարակութեամբ եւ իր ունեցած արժէքներով կը վարէ իր կեանքը: «Հայօրէն ապրիլը կ՛ենթադրէ՛ գիտակից կեցուածք, շարունակական ճիգ ու մնայուն յանձնառութիւն: Կ՛աղօթե՛մ, որ իբրեւ կառոյց, իբրեւ առաքելութիւն եւ կոչում` Համազգայինը իր հեղինակութիւնն ու տեղը պահէ մեր կեանքին մէջ, եւ կը մաղթեմ, որ` իր ուխտին հաւատարիմ, ան շարունակէ մեր մէջ պահպանել հարազատն ու ընտիրը ու այդպիսով մեր կեանքը տանի դէպի վերելք», եզրափակեց առաջնորդ սրբազանը:

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Անկարա–Բաքու հարաբերությունների լարված

Անկարա–Բաքու հարաբերությունների լարվածությունը և դրա հնարավոր ազդեցությունը Հա

21 Հոկտեմբեր 2026
Իշխանությունները երկիրը դարձնում են բա

Եթե Եվրասիական միջկառավարական խորհրդի հաշվարկները նույնիսկ 50%-ով իրական են, ա

21 Հոկտեմբեր 2026
Հայ Դատի Տարեկան Ձեռնարկը Մեծ Յաջողութ

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը Կիրակի, Հոկտեմբեր 11ին, Հոլիվուտի «Տ

21 Հոկտեմբեր 2026
Ակնարկ. Եռակողմը Եւ 2+1 Յարաբերակցութի

Ռուսական եւ ամերիկեան պաշտօնական յայտարարութիւնները միաժամանակ կը խօսին Ուաշին

21 Հոկտեմբեր 2026
Յակոբ Բագրատունի` Խորհրդարանի Դիւանի Ա

Խորհրդարանը երէկ գումարեց ժողով մը, որուն ընթացքին միաձայնութեամբ ընտրեց իր դի

21 Հոկտեմբեր 2026
Հարցերի լուծման բանալին ձեզ դիմելը չէ,

ՀՅԴ Գերագույն մարմնի ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցության պատ

20 Հոկտեմբեր 2026
Թուրքական հետազոտական կենտրոնը բազմիցս

Անկարայում գործող «Եվրասիական հետազոտությունների կենտրոնը» (AVİM) ուսումնասիրո

20 Հոկտեմբեր 2026
Ակնարկ. Ֆրանսայի Ցոյցերը Եւ Ամերիկեան

Համաշխարհային լրատուադաշտը հեղեղուած է Ֆրանսայի մէջ արձանագրուած անհնազանդութե

20 Հոկտեմբեր 2026
COP-17-ը, կենսաբազմազանությունն ու աղե

Դժվար էր պատկերացնել, որ ցինիզմը՝ հենց ցինիզմը, կարող է դառնալ պետական քաղաքակ

19 Հոկտեմբեր 2026
Աղբալյանական լինելը պատիվ է. այսօր լրա

Ստորև ներկայացնում ենք միության շնորհավորանքը․ 1990 թվականի հոկտեմբերի 19-ի

19 Հոկտեմբեր 2026
ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալյան» ուսանողական միութ

ՀՀ իշխանությունների՝ հայ և թուրք ուսանողների փոխանակման ծրագիր նախաձեռնելու մտ

17 Հոկտեմբեր 2026
Սահմանները կբացվեն այն ժամանակ, երբ Հա

Հայ-թուրքական սահմանի բացման համար Թուրքիայի ներկայացրած բոլոր նախապայմաններն

17 Հոկտեմբեր 2026
Խմբագրական. Հայկական Աշխարհին Մէջ Լսել

«Վանայ Ձայն»-ի յոբելեանը նախ եւ առաջ առիթ է 40-ամեայ անցած ուղին արժեւորելու,

17 Հոկտեմբեր 2026
Հաղորդագրութիւն «Վանայ Ձայն»-ի Հիմնադր

40 տարուան տեւողութեան «Վանայ Ձայն»-ը իրապէս հանդիսացաւ ոչ միայն լիբանանահայու

17 Հոկտեմբեր 2026
Իշխան Սաղաթելյանը հանդիպել է Եվրոպական

Բրյուսել աշխատանքային այցի շրջանակում ՀՅԴ Հայաստանի Գերագույն մարմնի ներկայացո

16 Հոկտեմբեր 2026
Հայ դատի Ամերիկայի հանձնախումբը հրապար

Հայ դատի Ամերիկայի հանձնախումբը հրապարակել է ԱՄՆ Կոնգրեսի անդամների 2026թ․ գնա

16 Հոկտեմբեր 2026
Բնապահպանական Խոստումներ․․․Կենսաբազմազ

«Երկիրը չի մեռնիր․ զայն կը սպաննեն։ Եւ այդ սպաննողները անուններ ու հասցէներ ու

16 Հոկտեմբեր 2026
Նորացուած Համայնավարութեան Կեղծիքը

«Պատմութիւն ասելով հիմնականում հասկանում ենք այն, ինչ տեղի է ունեցել անցեալում

16 Հոկտեմբեր 2026
Խմբագրական. Մեր պատասխանը՝ գործն է

Մեր ժողովուրդի պատմութիւնը լաւագոյն վկան է այն իրողութեան, որ ազգային իտէալներ

16 Հոկտեմբեր 2026
Իշխան Սաղաթելյանը հանդիպել է Եվրոպայի

Բրյուսել աշխատանքային այցի շրջանակում ՀՅԴ Հայաստանի Գերագույն մարմնի ներկայացո

15 Հոկտեմբեր 2026
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company