Լիզպոնի Գործողութեան 40-Ամեակ. Երգի Մը Պատմութիւնը. Հայ Դատի Պահանջատիրութեան Ուխտապահներու Լիզպոնի Հինգի Յիշատակը Յաւերժացնող Երգերուն Պատգամները
21 Հուլիս 20231984-ին, երկուշաբթի, 23 յուլիսէն կիրակի 29 յուլիս երկարող շաբաթը, Պէյրութի մէջ ՀՅԴ-ԼԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան կազմակերպութեամբ, «Մերօրեայ հերոսներուն» խորագիրով զանազան ձեռնարկներ տեղի ունեցան: Մերօրեայ հերոսներուն նուիրուած շաբաթը վերջ գտաւ կիրակի, 29 յուլիս 1984-ին, Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճի բակին մէջ կատարուած ժողովրդային հանրահաւաքով մը: Սոյն հանրահաւաքին, բանախօսութիւններու կողքին, գործադրուեցաւ նաեւ գեղարուեստական յայտագիր:
Արդարեւ, երգացանկին մէջ վերը նշուած Լիզպոնի տղոց նուիրուած «Ռմբակէզներ» երգէն զատ` երգուեցաւ նոյնպէս Լիզպոնի հինգին ձօնուած «Հայդուկներ» երգը:
Նշուած երկու երգերն ալ այդ հանրահաւաքին երգած է Ծովիկ Պօղոսեանը` դաշնակահար Ստեփան Վ. Էմմիեանի ընկերակցութեամբ:
Բանաստեղծութեան հեղինակն է Ճորճ Ատուրեանը, իսկ երաժշտութիւնը յօրինած է Ստեփան Վ. Էմմիեանը:
Դաշնակահար, յօրինող եւ դասախօս Ստեփան Էմմիեան ծնած է 2 ապրիլ 1930-ին, Լիբանան: Ուսանած է Լիբանանի Գեղարուեստից կաճառին մէջ: Աշակերտած է երաժիշտ Էրաստ Պելինկի` ղեկավար Ս. Փեթերսպուրկի ցարական Ֆիլհարմոնիայի նուագախումբին: Դաշնակի ուսուցիչ ունեցած է` Միշէլ Չեսքինոֆ եւ Միշէլ Պուրժօ: Վկայուած է Ֆրանսական մշակութային առաքելութեան Պէյրութի երաժշտական ուսմանց կեդրոնէն, Լիբանան:
Պէյրութի պետական երաժշտանոցին ընկերակցող դաշնակահար` 1968-1994: Դաշնակի ուսուցիչ եւ դասախօս էր Քասլիքի համալսարանի երաժշտութեան ամպիոնին մէջ:
Լիբանանի թէ արտասահմանի մէջ ունեցած է բազմաթիւ ելոյթներ:
Հրատարակած է փրելիւտներու շարք մը` Նոյէլ Սիրեաք, դաշնամուրի համար:
Ունի երաժշտական բազմաթիւ անտիպ գործեր:
Պարգեւատրուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան զոյգ վեհափառներուն կողմէ` «Կիլիկեան ասպետ»-ի շքանշանով, ինչպէս նաեւ Լիբանանի նախագահ Ամին Ժեմայէլի կողմէ` Լիբանանի «Արժանեաց» շքանշանով:
Ստեփան Էմմիեան մահացած է 24 յունուար 1994-ին:
«Հայդուկներ» երգը վերլուծելէ առաջ հարկ է նախ երկու բառով բնութագրել հայդուկ բառը: Փոխառութիւն` պուլկարերէն hajdúk, հունգարերէն hajdú, յոգնակի hajdúk «հետեւակ» <rайдук <հունգ. hajdúk հետեւակ: Այդ իսկ պատճառով առաւելապէս Պալքաններու մէջ եւ նախկին Օսմանեան կայսրութեան այլ տարածքներու մէջ փարթիզանական պայքար մղող ազատամարտիկներուն տարածուած անուանումն է: Երբեմն գործածուած է իբրեւ ֆետայի բառի հոմանիշ` նկատի ունենալով 19-րդ եւ 20-րդ դարերու մէջ օսմանեան բռնապետութեան դէմ կռուող հայ մարտիկները:
«Հայդուկներ» երգը, մեր յաջորդ երգն ըլլալով, հոն կը հանդիպինք առաւելաբար «Հայ դատի», «Սուրբ դատի առաքեալներ»-ու ընդգծումին եւ շեշտադրումին:
Լիզպոն, 27 յուլիս 1983: Խումբ մը քաջասիրտ հայդուկներ, հաւատարիմ` իրենց արեան շաղախին ու գաղափարական դաստիարակութեան, յանուն ազգային ազատագրական պայքարի բոցավառումին եւ Հայ դատի նուիրական աշխատանքներու ամրապնդումին, յանձն կ՛առնէին ամբողջ աշխարհի ուշադրութեան կիզակէտը հանդիսանալ սրբազան արարքով մը, որով անոնք պիտի ցնցէին միջազգային հանրային կարծիքը եւ դիմակազերծէին վաշխառու պետութիւններու պատեհապաշտ ու գազանաբարոյ վարքագիծները:
Ակնյայտ իրողութիւն էր, որ իրենք զիրենք ռումբի վերածած հայդուկները նոր չափանիշներ գծեցին:
Այստեղ, բնականաբար, Հայ դատի եւ ազգային-ազատագրական պայքարի գաղափարները մեծապէս կը զուգորդուին իրարու հետ:
Վերոնշեալ գաղափարը Լիզպոնի անձնազոհերէն Արա Քըրճըլեանը այսպէս պիտի բնութագրէր. «Քանի որ հայ ծնած եմ, ժամանակ չունիմ անհատական կեանքիս մասին մտածելու: Եթէ Դատ ունեցող ժողովուրդի մը զաւակ չըլլայի, այդ պարագային կը մտածէի վայելքներու մասին»:
Այս խօսքն էր, որ Արա միշտ կը կրկնէր եւ այս ճամբուն վրայ ալ ան արհամարհեց ամէն ինչ, մինչեւ իսկ` կեանքը: Եղաւ Հայ դատի զինուոր` գիտակցաբար կեանքը զոհելով իր միակ ձգտումին` Հայ դատի լուծման:
Արա Քըրճըլեան ծնած է 8 յունիս 1963-ին, Պէյրութ: Նախ կը յաճախէ Ազգային Մարտիկեան վարժարանի մանկապարտէզը եւ ապա` Ազգային Սուրէն Խանամիրեան քոլեճ, որուն ընթացքը չի կրնար աւարտել հօրը մահուան պատճառով: 1978-ին, տակաւին 8-րդ դասարանի աշակերտ, հօրը մահէն ետք տան ապրուստը հոգալու համար կը ձգէ դպրոցը եւ կը դիմէ արհեստի եւ կը սորվի ոսկերչութիւն:
Տան պատասխանատուութիւնը, սակայն, անոր մոռցնել չի տար Հայ դատի հանդէպ իր ունեցած պատասխանատուութիւնները եւ պարտաւորութիւնները: Այս պատճառով ալ ան կ՛ապրի ժուժկալ կեանք մը:
Ազգային իր գիտակցութեան ներշնչման աղբիւրը եւ մղիչ ուժը կ՛ըլլայ իր մայրը, որ իրեն միշտ կը պատմէ հայ ժողովուրդի տառապանքներուն մասին` թրքական եաթաղանին տակ:
Արա շատ կը սիրէր փոքրերը: Իր շուրջ կը հաւաքէր զանոնք եւ կը պատմէր անոնց հայերուն կրած տառապանքներուն մասին: Անոնց մէջ եւս կ՛արթնցնէր ազգին սէրը: Իր այս վարմունքին պատճառով մանուկները եւ պատանիները շատ կը սիրէին զինք եւ միշտ կը փնտռէին անոր ներկայութիւնը:
Մարզասէր էր Արա: Կը սիրէր լողալ եւ դահուկել: Կը սիրէր նաեւ երաժշտութիւնը: Յաճախ տունէն կը բացակայէր եւ մասնաւոր բացատրութիւն չէր տար այդ մասին:
Վերջին օրերուն ան մօրը կ՛ըսէ, որ պտոյտի համար կ՛ուզէ Յունաստան մեկնիլ, սակայն մայրը կ՛ընդդիմանայ: Քանի մը օր ետք Արան կ՛ըսէ, որ ընկերներով բանակումի պիտի երթան գիւղերը, եւ այդ պատրուակով կը մեկնի տունէն, 22 յուլիս 1983-ին:
Ճորճ Ատուրեանի գրիչին պատկանող «Հայդուկներ» երգը կը բաղկանայ 6 տուներէ, բառերուն մէջ զգալի է, որ Լիզպոնի հինգ տղոց գործողութեան տարողութիւնը ահաւոր ներշնչում տուած է Ճորճի գրիչին: Հոն կը դրսեւորուին անոր զգացումները, տագնապները եւ բոլոր այն գաղափարները, որոնք հինգ հայդուկներու տեսլականն էին, գաղափարն էր` յանուն հայրենիքի, յանուն արդարութեան անձնասպանական գործողութիւն իրականացնել: Ճ. Ատուրեան այստեղ հմտօրէն օգտագործած է գրական եւ յեղափոխական զուգահեռ բարձր ոճ:
«Հայդուկներ» երգը սկիզբ կ՛առնէ դաշնամուրի երաժշտական դանդաղ կշռոյթով եւ հանդարտահոս ընթացքով, որ իւրայատուկ կատարումով աւելի զգացմունքային մեղեդիով յառաջ կը տանի երգին առաջին երկու տուներուն բառերը: Ապա 3-4-5 եւ 6-րդ տուները քայլերգային բնոյթ կը ստանան, երաժշտական կշռոյթը կը զօրանայ եւ կ՛արտացոլացնէ պոռթկումի եւ ընդվզումի ալիքը:
Հարկ է նշել, որ յատկապէս վերջին 4 տուներու պարագային, ռազմունակ յեղափոխական շունչն ու ոգին ցայտուն կերպով կը դրսեւորուին: Երաժշտութիւնը բառերուն հետ շաղախուելով, անոնց միանալով Ծովիկի առինքնող ձայնը, մեզի կը ներկայանայ բարձրաճաշակ երգ մը ու մանաւանդ` քաղաքական եւ ազգային բնոյթով շատ մը պատգամներ ու խորհուրդներ փոխանցող:
Հայդուկներ
Խօսք` Ճորճ Ատուրեանի
Երաժշտ.` Ստեփան Վ. Էմմիեանի
Հինգ հայդուկներ ծաղկատի, մեկնեցան արշաւասոյր,
Սուրբ Դատի առաքեալներ` յանձնառու մարտնչելու,
Հաղորդութիւն ընկալած` գացին անդա՛րձ, ա՛նհամբոյր,
Գացին մեռնիլ անսակարկ, մահուամբ նոր կեանք կերտելու:
Հայ սիրտերը արիւնոտ տարօրէն տրոփեցին,
Եւ աչքերն արտասուաթոր Ձեր կորուստը ողբացին:
Ձեր մայրերու արցունքով մեր պայքարի քուրային
Ձէթ ու քարիւղ ծորեցինք` բոցակիզուող հրայրքին:
Խոյանքով Ձեր անկաշկա՛նդ շանթանման սուրացիք,
Խիզախութեան թռիչքով հորիզոններ պատռեցիք.
Ձեր բորբոքած ռումբերով ոչ թէ շէնք մը քանդեցիք,
Այլ «լռութեան մեծ պատը» անսանձ ժայթքով փշրեցիք:
Դուք հրագունդ` ատրաշէկ, մրրկայոյզ սլացքով
Խուժեցիք վայր մ՛անծանօթ, իբրեւ հարցի ռազմադաշտ
Սառած աչքերն աշխարհի տեսան զՁեզ ապշանքով`
Որ մեռնի՛լ գիտէք անվախ, նետուիլ կռուի մէջ` անհաշտ…
«Մա՛հ կամ իրաւո՛ւնք» ըսիք, «եւ կամ` յեղափոխութի՛ւն».
Անկարելի է լռել, երբ չկայ արդարութիւն,
«Հարկ է, որ զոհաբերուի՛նք սրբազան նպատակին,
Որովհետեւ անկուշտ է ատրուշանը Հայ դատին»:
Դո՛ւք եւ Դո՛ւք մահուամբ ծնաք, հայորդինե՛ր, հայդուկնե՛ր,
Համազգային գուպարի յառաջապահ մարտիկնե՛ր,
Վսեմ նահատակութեամբ մեր երթին` ռահվիրանե՛ր,
Սերունդները խթանող` տիպար Ձեր անվեհեր:
ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ
aztagdaily.com
(Շար. 4)