Սարդարապատի զանգաշտարակի յաղթաձայն ղօղանջները կը յուշեն հայ ժողովուրդի գերագոյն ծառացման հերոսապատումը
28 Մայիս 2025
«Մայիս 28 տօնել կը նշանակէ պրկե՛լ մեր աղեղը: Կը նշանակէ պրկել մեր հոգի՛ն եւ կա՛մքը: Կը նշանակէ ո՛չ ըսել աշխարհի բոլոր բարիքներուն, որովհետեւ ո՛չ մէկ բարիք կայ, որ փոխարինէ բարիքներուն գերագո՛յնը, որ ՀԱՅՐԵՆԻՔ-ն է»:
Սարգիս Զէյթլեան
1878-էն ետք միջազգային քաղաքական օրակարգ մտած Հայկական հարցի զարթօնքէն, անոր յաջորդող ազատագրական պայքարի վարարող պոռթկումներէն, Հայոց Ցեղասպանութեան արհաւրալից արարէն ետք՝ Հայաստանի վերջին ժայռաբեկորին կառչած հայ ժողովուրդի մնացորդացը գերագոյն ծառացումով մաքառեցաւ հայ ազգը արմատախլելու պատրաստուող թրքական հորդաներուն դէմ։
1918 թուականի 21-29, Արարատեան դաշտին վրայ մարտնչող հայ ռազմիկներու զէնքերու շկահիւնը այսօր կ՚արձագանգէ Սարդարապատի յուշակոթողի զանգաշտարակի ղօղանջներով եւ մեզի կը յուշէ, որ Սարդարապատի ճակատամարտի ընթացքին հայ զինուորը մենամարտելով կասեցուց թշնամին եւ կերտեց անկախ հայրենիքը։
Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադիր ղեկավարներու անկոտրում կամքն ու ազգային գաղափարախօսութեան այն ժառանգութիւնը կտակեցին գալիք սերունդներուն, որ կերտեց ազգի արժանապատուութեան վերականգնման պատմական յիշողութեան վէմը։
Անուրանալի է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան եւ անոր առաջամարտիկներուն ունեցած դերակատարութիւնը անկախութեան վերընձիւղման եւ պետականութեան ձեւաւորման առաքելութեան մէջ։
Հանրապետութիւն մը, որ հիմնադրուեցաւ հայ ժողովուրդի համար տաժանագոյն պայմաններուն մէջ, երբ Հայոց Ցեղասպանութենէն ճողոպրած հարիւր հազարաւոր գաղթականներու ծանր կացութիւն ու սով կը տիրէր:
Միաժամանակ Անկախութեան ժամանակահատուածին, նորաստեղծ պետութիւնը պարտադրուած էր պատերազմ մղելու երեք ճակատներու վրայ՝ թրքական, վրացական եւ ատրպէյճանական։ Աշխարհաքաղաքական նման բարդ իրավիճակի մը մէջ շատ արագընթաց ստեղծուեցաւ եւ կազմաւորուեցաւ նորաստեղծ պետութեան ազգային բանակը։ Ընդամէնը երկու տարուան ընթացքին, հայոց բանակը ընդարձակեց երկրի սահմանները 11 հազար քառ. քլմ. տարածութենէն 70 հազարի։ Իսկ համաձայն 10 Օգոստոս 1920-ին ստորագրուած Սեւրի Դաշնագրի պայմաններուն, անկախ Հայաստանի տարածքը պիտի դառնար 160,000 քառ. քլմ.:
Ժողովրդավար հիմերու վրայ ծնունդ առած հանրապետութիւնը արագօրէն կազմակերպեց օրէնսդիր ու գործադիր իշխանութիւններու գործադաշտը, արդարադատութեան եւ կրթական համակարգերը, պետութեան զինուած ուժերը եւ տնտեսութեան ոլորտը։ Առաջին անգամ ըլլալով կեանքի կոչուեցան Ազգային խորհրդանիշերը՝ պետական դրօշը, զինանշանը եւ օրհներգը։
Այսօր, զրկուած Արցախի ռազմագիտական պատուարէն, հանրապետութեան գերիշխանութիւնը ինքնին կը գտնուի ճգնաժամի մէջ, այնքան ատեն, որ պետականութեան գոյատեւելիութեան պատուհասող գործօն է ներկայ վարչախումբը։ Իրականութիւնը մեզի կը յուշէ, որ անկախութիւնն ու գերիշխանութիւնը բեկման ընթացքի մէջ են, որովհետեւ 2018-էն ետք, «Նոր Հայաստան»ի խոստումներով բեմ եկած վարչախումբը, սահմանազատումներով եւ սահմանասիւներով ապահոված կը նկատէ երկրի անվտանգութիւնը, «Խաղաղաութեան խաչմերուկ»ներու վրայ զոհասեղանին վրայ դնելով Սիւնիքի, Գեղարգունիքի եւ Տաւուշի տարածքներ։ Ժամանակն է, որ 2018-ի թաւշեայ շարժման ինքնակուրացումէն դուրս գայ ժողովուրդը եւ հեռացնէ գործող վարչախումբը. այլապէս՝ պետական ինքնիշխանութեան գահավիժումը կրնայ սրընթաց շարունակուիլ։
Այսօր, վերարժեւորելով առաջին հանրապետութեան անցած անկախութեան ճանապարհը, կը հաստատենք, որ Մայիսեան գուպարները վկայութիւնն են հայ ժողովուրդի հայկեան ազատատենչութեան, վկայութիւնն են այն պատմական իրողութեան, որ կորստեան եզրին գտնուող հայրենիքին կարելի է յարութիւն ներշնչել եւ մաքառող ոգիով կեանքի կոչել ազգային իղձը՝ միաւորուած ու ազատ հայրենիքին մէջ համախումբ ապրելու որպէս ազգային գաղափարախօսութեամբ սպառազինուած ազգ։
«Հորիզոն»ի խմբագրական