Դիւանագիտական սայթաքումներ եւ «բռնազբօսիկ միամտութիւն»
27 Հունիս 2025
Հայաստանի ներքաղաքական կեանքը այնքան շիկացած է վարչախումբ-եկեղեցի եւ վարչախումբ-ընդդիմութիւն՝ ձիւնակոյտի նման հետզհետէ ծաւալող խնդիրներուն պատճառով, որ Հայաստանի մամուլի լուսարձակներէն գրեթէ աննկատ անցաւ կարեւոր եղելութիւն մը։
Ակնարկը Սեւծովեան Տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան 65-րդ լիագումար նիստին մասին է, որ տեղի ունեցաւ 17-19 Յունիսին, Ատրպէյճանի մայրաքաղաք Պաքուի մէջ։
Առաջին հայեացքով, յատուկ պատճառ պիտի չըլլար անդրադառնալ ընթացիկ խորհրդաժողովի մը մասին, որ հերթաբար կը հիւրընկալուի մասնակցող երկիրներու մայրաքաղաքներուն մէջ։ Սեւծովեան գործակցութեան համախմբումը որոշիչ դերակատարութիւն ունեցող հարթակ մը չէ, այլ խորհրդատուական ատեան մըն է, նպատակ ունենալով տարածաշրջանի երկիրներու գործակցութեան, տնտեսական աճման եւ կենսոլորտի խնդիրներուն մասին հասարակաց գիծեր որդեգրելու բեմ ըլլալ։ Այսպէս, վերջին լիագումար նիստն ալ կրնար լրատուութեան երկրորդ գիծին անցած ըլլար, եթէ ժողովի լուսանցքին, հիւրընկալող երկիրը՝ Ատրպէյճանը, լարած չըլլար իր քարոզչական մեքենան։
Անգամ մը եւս, Պաքուի բռնատիրական վարչակարգը առիթը չփախցուց որդեգրելու իր ծանօթ հակահայ վարքագիծը եւ խորհրդաժողովին մասնակցող պատգամաւորները առաջնորդելու դէպի բռնագրաւեալ Արցախ, ծաւալելու համար իր ծանօթ հայատեաց քաղաքականութիւնը, այս անգամ ունկնդիրներ գտնելով օտար ներկայացուցիչներուն մէջ։
Յատկանշական են նկարները Շուշիի բերդէն, ուր օտար պատգամաւորները նկարուած են ատրպէյճանական ոճով գրուած քաղաքի անունին տակ։ Այսքանն ալ բաւարար չէ, որովհետեւ միտումնաւոր եւ կանխածրագրուած այցելութիւնը նպատակ ունէր Արցախի բռնագրաւեալ հողերուն վրայ նախ խեղաթիւրել մեր Արծուաբոյնի հերոսածին հայ ժողովուրդի հազարամեայ պատմութիւնը, նուաստացնել արցախեան հերոսապատումը, հայ ժողովուրդը ներկայացնել որպէս ցեղասպան եւ յարձակողապաշտ ցեղ եւ վերջապէս, օտար ներկայացուցիչներու ներկայութեան՝ «օրինականացման շղարշով» քօղարկել Ատրպէյճանի ցեղասպանական արարքներն ու Արցախի հայապատկան հողերու ապօրինի գրաւումը։
Այս զաւեշտա-ողբերգական բեմադրութեան մէջ, խոր ցասում եւ զայրոյթ կը պատճառէ Յունաստանի խորհրդարանի ներկայացուցիչներու մասնակցութիւնը, որոնց շարքին էին նախկին նախարար Սոֆիա Վուլթեփսի եւ երեսփոխաններ Վասիլիոս Եոյաքաս, Քալիոփի Վեթա եւ Եորղոս Սթիլիոս, որոնք մաս կազմեցին դէպի Արցախ ուղեւորութեան։
Յունական հանրային կարծիքին ուղղուելով, անմիջական եղաւ Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Երիտասարդական միութեան յայտարարութիւնը, որ իր զայրոյթը կը յայտնէ յոյն երեսփոխաններուն՝ Շուշիի պատմական յուշարձանին առջեւ բռնազբօսիկ միամտութեամբ ատրպէյճանական քարոզչութեան զոհը դառնալու համար։ Յայտարարութիւնը կը յիշեցնէ, թէ տուեալ քաղաքական անձերը ամբողջութեամբ կ՚անտեսեն Արցախի հայաթափումը եւ 120.000 հայերու բռնի հեռացումը իրենց պապենական հողերէն։ Հ.Յ.Դ. երիտասարդները կը դատապարտեն նման կեցուածքներ, որոնք դիւանագիտական, քաղաքական եւ տնտեսական շահերու լոյսին տակ, յայտնապէս ոտնակոխ կ՚ընեն արդարութեան, ազատութեան եւ ժողովրդավարութեան տարրական սկզբունքները։
Յայտարարութիւնը արձագանգ գտաւ յունական լրատուական եւ համացանցային միջոցներուն մէջ, որուն համար յոյն լրագրողներ ու փորձագէտներ փութացին դատապարտել այցելութիւնը եւ մատնանշել հայ ժողովուրդի կրած ողբերգութիւնը Պաքուի բռնատիրական վարչախումբին կողմէ։ Անոնք չվարանեցան քաղաքական անմտութիւն ու արժանապատուութեան պակաս տեսնել յոյն երեսփոխաններու մասնակցութեան մէջ, նաեւ աչք փակելով հայ ժողովուրդի պատմական կոթողներու ոչնչացման դիմաց։
Դժբախտաբար, նմանօրինակ կեցուածք որդեգրեց նաեւ հայ ժողովուրդի դաշնակից երկիրին՝ Ատրպէյճանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանը, որ Շուշի, Լաչին եւ Աղտամ այցելութեան առիթով, իր ունեցած ելոյթով հարցականի տակ առաւ Արցախի բազմադարեան հայկական պատկանելիութիւնը եւ քօղարկեց ատրպէյճանական յանցագործութիւնները։
Իսկապէս, մեր զարմանքէն անդին, հարց կու տանք յոյն երեսփոխաններու անմիտ եւ քաղաքական ողջմտութենէ զուրկ կեցուածքին համար։ Մտածել, թէ անոնք եւ իրենց քաղաքական ու կառավարական խմբաւորումները ինչպէ՞ս պիտի հակազդէին, եթէ նման այցելութիւն մը կատարուած ըլլար բռնագրաւեալ Կիպրոսի Ֆամակուսթա կամ Փաֆոս քաղաքները։ Տակաւին, յունական քաղաքական աշխարհը հարկաւոր ուշադրութեամբ չէ մօտեցած վերջերս կատարուած երկու ազերի լրտեսներու ձերբակալումին, որոնք Կիպրոսի եւ Կրետէ կղզիին մէջ կը լուսանկարէին ռազմական խարիսխներ, ցոյց տալով, թէ ազերի վարձկաններ ոչինչ պիտի խնայեն լրտեսութիւն կատարելու համար ի վնաս Յունաստանին։
Ի վերայ ամենայնի, Յունաստանի համար աւելի խոր մտահոգութիւն պէտք է ստեղծէ Ատրպէյճանի յայտարարած կեցուածքը, թէ «մէկ ազգ, երկու պետութիւն» նորօսմանական զինակցութեան մէջ, Ատրպէյճան ամբողջական նուիրումով պիտի կանգնի իր մեծ եղբօր կողքին, Յունաստան-Թուրքիա եւ Կիպրոս-Թուրքիա տարածաշրջանային կնճիռներուն առնչութեամբ։
Վերջապէս, խօսքը կը վերաբերի նաեւ հայկական դիւանագիտութեան։ Երեւան պարտի անմիջականօրէն հակազդել ատրպէյճանական ապակողմնորոշիչ քաղաքականութեան եւ յորդորել դաշնակից երկիրներուն ըլլալ աւելի զգօն ու աչալուրջ Պաքուի քարոզչամեքենայի դաւադրութիւններուն դիմաց։ Կը սպասենք, որ հայկական դիւանագիտութիւնը անտես պիտի չառնէ ստեղծուած իրականութիւնը եւ պատշաճ հասցէագրումով կարգի պիտի հրաւիրէ դիւանագիտական սայթաքումի մէջ ինկած բարեկամ երկիրներու խորհրդարանական եւ պետական ներկայացուցիչները։
Ազատ օր