Ընթացքի մէջ է «Հայ Ուսանողութիւնը Արցախի Համար» 2025ի ծրագիրը
30 Հունիս 2025
21 Յունիս 2025ին, տեղի ունեցաւ «Հայ Ուսանողութիւնը Արցախի Համար» 2025ի ծրագիրի մասնակիցներու եւ խորհրդատուներու առցանց հանդիպումը:
«Հայ Ուսանողութիւնը Արցախի Համար» կը նպատակադրէ մէկտեղել հայ ուսանողութեան մասնագիտական կարողականութիւնը, կատարուած ուսումնասիրութիւնները տրամադրել Արցախեան հիմնահարցի ի նպաստ գործող ազդեցիկ հիմնարկներու՝ օգտաշատ օգտագործման համար:
Այս շրջանի ծրագիրը ընթացք առած էր Մարտ 2025-ին: Անոր հովանաւորն է Արցախի Ազգային Ժողովի կողմէ լիազօրուած Արցախի ժողովուրդի հիմնական իրաւունքներու պաշտպանութեան Կոմիտէն: Այս տարուան ծրագրին գլխաւոր նիւթ կը հանդիսանայ «Արցախահայութեան Վերադարձի Իրաւունքը», իր զանազան երեսներով՝ իրաւագիտական, անվտանգային, քաղաքական եւ դիւանագիտական: Ծրագրին կը մասնակցին 27 ուսանողներ, 12 յիշեալ երկիրներէ՝ Հայաստան, Արցախ, Սուրիա, Լիբանան, Իրան, Թուրքիա, Վրաստան, Ֆրանսա, Ռուսիա, ԱՄՆ, Գանատա, Զուիցերիա:
Առցանց հանդիպման սկիզբը Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Երիտասարդական Հարցերով պատասխանատու ընկ Յովսէփ Տէր Գէորգեանը, շեշտելով ծրագրի կարեւորութիւնը, դրուատիքով խօսեցաւ ուսանողներուն բարձր գիտակցութեան եւ նիւթի հանդէպ տածած լրջութեան վերաբերեալ: Ապա առցանց հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ իրարու ծանօթացնելու ծրագրի մասնակիցները եւ խորհրդատուները, ինչպէս նաեւ լսելու ուսումնասիրութեան ընթացքին վերաբերող ուսանողներուն հարցումներուն եւ տպաւորութիւններուն մասին: Խօսք առին նաեւ խորհրդատուները, որոնք եւս բարձր գնահատանքով խօսեցան ուսանողներուն ցուցաբերած հետաքրքրութեան, լրջութեան եւ մասնագիտական մօտեցման մասին:
Նշենք, որ յաղթող մասնակիցներուն պիտի տրամադրուին կրթաթոշակներ: Լաւագոյն ուսումնասիրութիւնները պիտի հրատարակուին մամուլի մէջ, իսկ մրցանակի արժանացած ուսումնասիրութիւնները պիտի հրատարակուին յատուկ գրքոյկով մը: