Յայտարարութիւն Հ.Յ.Դ. Հիւսիսեան Առանձնակի Կոմիտէի
30 Հունիս 2025
Հայաստանի մէջ գործող իշխանութիւնը անդադար կը շարունակէ իր ապազգային գործողութիւնները եւ վեջին օրերուն ականատես եղանք թէ ինչպէս այս բռնի իշխանութիւնը Թշնամիին կամքը իրականացնելով հրահանգեց իրաւապահ մարմիններուն, որոնք այս օրերուն կը ծառայեն միայն Նիկոլ Փաշինեանին, ներխուժել Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին եւ վեհարան։
Հ.Յ.Դ. Հիւսիսեան Առանձնակի Կոմիտէն խստօրէն կը դատապարտէ իշխող ուժի վարքագիծը եւ իրաւապահ ու դատական մարմինները բռնատիրութեան հաստատման գործիք դարձնելու ընթացքը, ինչպէս նաեւ կը հաստատէ իր անվերապահ զօրակցութիւնը բոլոր անոնց, որոնք թիրախ դարցած են այս թրքամէտ իշխանութեան, մասնաւորի ՀՅԴ Հայաստանի մեր ընկերներուն եւ յատկապէս դարերով մեր ազգային ինքնութիւնը պահպանող Հայ Առաքելական սուրբ եկեղեցիին։
Հիւսիսեան Առանձնակի Կոմիտէ
Յունիս 29, 2026թ
