Հայաստանի Անկախութեան 34րդ տարեդարձի նշում Լաւալի Քաղաքապետարանէն ներս
18 Սեպտեմբեր 2025
15 Սեպտեմբեր 2025-ին, նախաձեռնութեամբ եւ կազմակերպութեամբ Լաւալի քաղաքապետարանին, հանդիսաւոր կերպով նշուեցաւ Հայաստանի անկախութեան տարեդարձը քաղաքապետարանէն ներս։
Ձեռնարկին ներկայ էին Լաւալի հայ համայնքի ներկայացուցիչներ, հասարակական գործիչներ և համայնքային կառոյցներու ներկայացուցիչներ։
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Լաւալի քաղաքապետ Սթեֆան Պուայիէն։ Այս առթիւ, ան իր շնորհաւորութիւնները փոխանցեց տեղւոյն հայ համայնքին եւ ընդգծեց հայերու կարևոր դերակատարութիւնը քաղաքի հասարակական և մշակութային կեանքին մէջ։ Քաղաքապետը նաև յիշեցուց, որ Լաւալը Գանատայի մէջ առաջին քաղաքն էր, որը ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, եւ Լաւալի մէջ տեղադրուած յուշարձանը կը յաւերժացնէ այդ պատմական իրադարձութիւնը։
Իր կարգին, Քեպէգ նահանգի ՀՀ պատուոյ հիւպատոս Լևոն Աֆէեան իր շնորհակալութիւնը յայտնեց քաղաքապետարանին, Հայաստանի Անկախութեան տարեդարձը նշելու համար։ Ան ընդգծեց հայ համայնքի աշխոյժ ներկայութիւնը և անոր ունեցած կարևոր ներդրումը` Լաւալի կեանքէն ներս, շեշտելով քաղաքապետարանի ցուցաբերած բարեկամական վերաբերումը և հայութեան նեցուկ կանգնելու պատրաստակամութիւնը։ Իր ելոյթին մէջ, հիւպատոսը նաև անդրադարձաւ վերջին մէկ տարուան ընթացքին Հայաստանի մէջ իրականացուած ծրագիրներուն։
Լաւալի քաղաքապետարանի միջ-մշակութային հարցերու պատասխանատու Ալին Տիպ առանձնացուց հայ համայնքի աւանդը քաղաքի բազմամշակութային միջավայրի հարստացման գործին մէջ։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց լաւալաբնակ հայ համայնքին՝ իր նուիրուածութեան և Լաւալի հասարակական կեանքէն ներս ունեցած նշանակալի ներդրումին համար։
Այնուհետեւ, Քաղաքապետարանի խորհուրդի անդամ Սեդա Թոփուզեան իր արտասանած խօսքին մէջ նշեց, որ հայ ժողովուրդը բազմաթիւ դժուարութիւններու միջով անցած է, սակայն այդ դժուարութիւնները յաջողած է յաղթահարել եւ լիարժէքօրէն ներկայութիւն է Լաւալէն ներս։ Ան նաեւ աւելցուց, որ նման միջոցառումներ ոչ միայն կ’ամրապնդեն համայնքներու միջև կապերը, այլև կը նպաստեն համերաշխ և համախմբուած հասարակութեան մը ձևաւորման։
Սոյն ձեռնարկը աւարտեցաւ ջերմ շնորհաւորութիւններու ներկայացումով և տեղւոյն վրայ ստեղծուած ջերմ մթնոլորտի մէջ, ուր անգամ մը եւս ի յայտ եկաւ հայկական համայնքի կարեւոր տեղը Լաւալի հասարակական կեանքէն ներս։