Ընկերական Զրոյց. Առողջ Քննադատութիւնը Հիմք` Կազմակերպութեան Յառաջընթացի Ու Յաջողութեան
03 Հունիս 2026
Դաշնակցութեան անցեալի եւ ներկայի ընդդիմախօսները ու նաե՛ւ «երդուեալ» հակադաշնակցականները 135 տարիներու ընթացքին միշտ փորձած են ու տակաւին կը փորձեն պոռոտախօսութեամբ ըսել, որ Դաշնակցութեան կազմակերպական կեանքին մէջ բացակայ է քննադատութիւնը: Այս մէկը եթէ կարգ մը պարագաներու թերի ճանաչողութեան հետեւանք է, ընդհանրապէս, սակայն, միտումնաւոր ցեխարձակում, որովհետեւ այդ ճամբով անոնք կը փորձեն Դաշնակցութեան կազմակերպական կուռ կառոյցը եւ դաշնակցականի գաղափարական յանձնառութիւնը թիրախաւորել` յագուրդ տալու համար իրենց փայփայած, բայց միշտ ալ անիրականանալի Դաշնակցութիւնը տկարացնելու միտող սին երազին:
Այս երեւոյթին մեծագոյն պատասխանը տուած է ու կը շարունակէ տալ հայ քաղաքական միտքը, եւ եթէ թերթատելու ըլլանք իրերայաջորդ տարիներու Դաշնակցութեան պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի եւ ընդհանրապէս դաշնակցական մամուլի խմբագրականները, ինչպէս նաեւ` ընկերական զրոյցներու եւ առաջնորդող յօդուածներու սիւնակները, հոն կը հանդիպինք կազմակերպական կեանքի աշխուժացման ու հարստացման առաջադրանքով տեղ գտած հրապարակային բուռն ինքնարժեւորումներու, ի պահանջել հարկին` ինքնաքննադատութիւններու եւ արդիւնաւէտ գործունէութիւն ծաւալելու պայծառ ու յախուռն տեսակէտներու: Անշո՛ւշտ, այս բոլորը գաղափարական մարդու հարուստ կազմաւորման եւ ձեռք բերած կենսափորձի արգասիքն է եւ ոչ թէ` ամբոխային տրամաբանութեամբ առաջնորդուելու եւ կամ` պարզապէս հաճոյալից թուալու այլոց նման ուղղուածութիւն:
ՀՅ Դաշնակցութեան բոլոր ժողովները, անխտի՛ր, օրինակարգուած սահմանումներով տուած են իրաւունք դաշնակցական անհատին` իր մտահոգութիւնները, արժեւորումները եւ տեսակէտները անկաշկանդօրէն արտայայտելու ու պաշտպանելու եւ հասցնելու մինչեւ բարձրագոյն ժողովներ ու մարմիններ: Այս իրաւունքի լիիրաւ կենսաւորումով դաշնակցականը աւելիով կ՛արժեւորէ իր դերը նաեւ` կուսակցութեան մէջ: Այսպիսի քննարկումներ, սակայն, կը պարտաւորեցնեն դաշնակցական անհատը, չառաջնորդուելու ենթակայական մօտեցումներով ու անձնական ընդվզումներու դրսեւորումներով, այլ` ընդհանրական շահը եւ կուսակցական կառոյցի վերելքը դարձնելու մտահոգութեան հիմնական առանցք: Դաշնակցական գործի քննարկումը միշտ ալ պահանջած է դաշնակցականի կատարեալ անկեղծութիւն եւ ոչ` հաշուենկատ մօտեցում: Այս հանգամանքը անհատը դուրս բերած է բոլոր կապանքներէն եւ հնարաւորութիւն տուած է անոր ունենալու իր ինքնուրոյն տեսակէտն ու անկաշկանդ մօտեցումը, եւ այս իրողութիւնը` իբրեւ գաղափարական եւ բարոյական հասկացողութիւն, դարձած է Դաշնակցութեան կազմակերպական կառոյցի հարստութեան աղբիւրը եւ ստեղծած` կարծիքներու բիւրեղացման առողջ ու կենարար միջավայր մը: Այս ուղղութեամբ հետեւեալը կը հաստատէ «Դրօշակ»-ի խմբագրականը (Ժ. տարի 1979, թիւ 31). «Հոն, ուր պատասխանատուութեան զգացում, պատասխանատուութեան գիտակցութիւն չկայ, հոն ոչ թէ ազատութիւնը կը ծաղկի, այլ պարզապէս անիշխանութիւնը կը տիրէ, այսինքն ազատութեան չարաշահութիւնը կը ծաւալի կամապաշտօրէն: Ահա թէ ինչո՛ւ անպատասխանատու մարդը, պատասխանատուութեան զգացումէ կամ գիտակցութենէ զուրկ անհատը ազատ անձ մը չէ՛ անպայման, այլ պարզապէս անիշխանական մըն է, այսինքն` իր անհատական, ենթակայական մղումներուն հպատակը»:
Դաշնակցականը իր քննադատութեան ընթացքին մի՛շտ ալ գիտակցած է եւ ստանձնած է տուեալ երեւոյթի մատնանշումին մէջ իր անհատական պատասխանատուութեան բաժինը, ու ճիշդ այդ անհատական պատասխանատուութեանց հանրագումարով հարստացած է դաշնակցական կառոյցին մէջ հաւաքական պատասխանատուութեան գործօնը: Հաւաքական պատասխանատուութեան շեշտադրումը միշտ ալ անհրաժեշտ է որեւէ ճակատագրական հիմնախնդրի քննարկման ու բիւրեղացման առումով: Դաշնակցականը վաղուց գիտակցած է, որ հաւաքական պատասխանատուութիւնը կը ստեղծէ հաւաքական գործի լայն հնարաւորութիւն, ինչ որ նախապայման է ռազմավարական նպատակներու ու առաջնահերթութիւններու գործնականացման համար: Հաւաքական պատասխանատուութիւնը նաեւ ինքնավստահ ղեկավարութեան նոր ու ժամանակակից պահանջ է, որովհետեւ այդ ճամբով եւ առանց բարդոյթի կարելի կ՛ըլլայ համախմբել մարդուժը` օգտագործելով անոր կարելիութիւնները եւ ամբողջ կարողականութիւնը` ի սպաս ընդհանուր գործին:
Ներկայ ժամանակներուն մէջ այդքան ալ դիւրին չէ ըմբռնել Դաշնակցութեան կազմակերպական կառոյցի ինքնատպութիւնը, որովհետեւ յանձնառութիւն, գաղափարականութիւն եւ կարգապահութիւն պահանջող այս ըմբռնողութիւնը ժխորին, իրարանցումին ու աղմուկին մէջ դժուար է անխախտ պահել: Այո՛, ներկայ ժամանակներուն մէջ աւելի դժուար է դաշնակցականօրէն ապրիլ, գործել ու նուիրում կենսաւորել: Աւելի՛ դժուար է ժամանակակից համաշխարհային հոսանքներու դիմաց թիավարել եւ համապատասխան կամք ու վճռակամութիւն դրսեւորել: Բայց պատմութիւնը մեծագոյն վկան է այն իրողութեան, որ 135 տարեկան, ինքզինք մշտանորոգ վերաշխուժացման մէջ դնող կուսակցութիւնը մի՛շտ ալ առաջնորդուած է այս բացարձակ արժէքներու ամբողջական ընկալումով: Այսօր ալ Դաշնակցութեան որդեգրած որոշումները յաճախ կրնան հաճելի չթուիլ հակադաշնակցական մունետիկներուն ու ենթարկուիլ անոնց կողմէ ժողովրդահաճոյ բանսարկումներու եւ քննադատութեանց: Դաշնակցականը, սակայն, կ՛առաջնորդուի հայութեան վաւերական իրաւունքներու ու իտէալներու նուաճման ճանապարհով: Որդեգրուած ճամբու երթը այդքան ալ հեզասահ չ՛ընթանար, որովհետեւ գործը ինքնին վիթխարի է, եւ բնական է նաեւ, որ այդ ճամբան տեղ մը պահանջէ` գերբնական ճիգ, նուիրում ու նաեւ երկաթեայ կարգապահութիւն: Այստեղ կը կայանայ ու կ՛ամրագրուի դաշնակցական անհատի հաւատքն ու համոզումը, եւ այստեղ ան ինքզինք կը դնէ քիչ մը աւելի դաշնակցականանալու պատասխանատուութեան դիմաց, որպէսզի ամբարէ յաւելեալ գաղափարական ուժ եւ չենթարկուի այլասերման ու տկարացման:
Դաշնակցական խօսքն ու գործը իրարու ամրօրէն ագուցուած են յանձնառութեան ու նուիրումի անքակտելի կապով: Գրիչը, իր կարգին, Դաշնակցութեան համար գաղափարական զէնք է, սովորական ինքնահոս չէ, որ պարզապէս կրնայ էութեամբ բովանդակազուրկ էջեր լեցնել: Այդ գրիչը կը զատորոշուի նաեւ վերլուծութիւններու եւ հարցերու պարզաբանման մէջ, որ յատուկ նկարագիր կու տայ բովանդակութեան ու կը պարտաւորեցնէ բոլորը, որ նոյնիսկ եթէ տարակարծիք ըլլան տուեալ մտածումին, յարգեն հոն տեղ գտած մտքի երկունքը:
Վերջապէս, գաղափարի մարտիկ Սարգիս Զէյթլեան «Դրօշակ»-ի նոյն թիւի (Ժ. տարի, 1979, թիւ 31) խմբագրականին մէջ յախուռն պատասխան կու տայ բոլորին, երբ կը նշէ. «Քննադատութիւնը, նաեւ` ինքնաքննադատութիւնը, առողջութեան, կենսունակութեան նշան է, անտարակոյս, եւ անհրաժեշտ է միշտ ու ամէն մարզի մէջ, այն միա՛կ պայմանով սակայն, որ տեղի ունենայ առարկայականօրէն, սրտցաւօրէն, դրական ու շինիչ ոգիով, այլ մանաւանդ` յանձնառո՛ւ մարդու մտայնութեամբ, հոգեբանութեամբ ու վարքագիծով»:
Հարկ է մի՛շտ մտածել այս մասին…
ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ
