Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական ձեռնարկներու աշխոյժ եռուզեռով ամիսներ
29 Հունիս 2026
Հ.Մ.Ը.Մ.ի համահայկական ընտանիքը աշխոյժ եռուզեռի մէջ է։ Միջին Արեւելքէն Եւրոպա, Հայաստան, Ամերիկաներ եւ Աւստրալիա, միութեան աշխարհասփիւռ շրջաններն ու մասնաճիւղերը կը պատրաստուին իրենց մասնակցութիւնը բերելու Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան սկաուտական, քարոզչական, կազմակերպչական եւ ընկերային բնոյթի հինգ մեծ ձեռնարկներուն։
Ձեռնարկներուն շարքը կը սկսի 13 Յուլիսին, Գերմանիայէն, ուրկէ ընթացք կ’առնէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի առաջին նաւապտոյտը՝ Դանուբ գետին վրայ։ Եօթնօրեայ նաւապտոյտը կը համախմբէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի բարեկամներ եւ բարերարներ, որոնք ընկերային հաճելի մթնոլորտի մէջ, նաւով կ’այցելեն եւրոպական չորս երկիրներու (Գերմանիա, Աւստրիա, Սլովաքիա, Հունգարիա) եօթը քաղաքներ։
Յաջորդ ձեռնարկը, դարձեալ առաջին անգամ ըլլալով, 20-22 Յուլիսին, Երեւանի մէջ կը համախմբէ միութեան համահայկական կառոյցի քարոզչական պատասխանատուները, որոնք եռօրեայ համագումարի մը ընթացքին կը քննեն արդի երիտասարդութեան հետ խօսակից դառնալու ժամանակակից միջոցները եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ը հայութեան աւելի լայն շերտերուն հասանելի դարձնելու կարելիութիւնները։ Համագումարին մասնակիցները կ’այցելեն քարոզչական մարզի մասնագիտական կեդրոններ։
Սկաուտական աշխատանքները, իրենց կարգին, կարեւոր տեղ կը գրաւեն Հ.Մ.Ը.Մ.ի համահայկական ձեռնարկներուն մէջ։ 21-23 Յուլիսին, Աղվերանի մէջ, Հայաստան, տեղի կ’ունենայ միութեան «Արարատեան» կարգի մասնակիցներուն սեմինարը, մասնակցութեամբ 63 բարձրաստիճան քոյր-եղբայրներու, որոնք մէկուկէս տարուան տեսական եւ գործնական իրենց դասընթացքները աւարտելէ ետք՝ սեմինարին կը ներկայացնեն իրենց ուսումնասիրական աշխատանքները եւ համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական բանակումի բացման հանդիսութեան կը ստանան սկաուտական միութենական իրենց բարձրագոյն կարգը։
«Արարատեան» կարգի սեմինարին կը յաջորդէ Բիւրականի մէջ կատարուելիք համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 13-րդ ընդհանուր բանակումը, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն միութեան 28 շրջաններէն աւելի քան 900 սկաուտներ։ Բանակումին կը մասնակցին նաեւ Թեհրանի Հայ Մշակութային «Արարատ» Կազմակերպութիւնը (Հ.Մ.Ա.Կ.), «Սիփան», «Նայիրի» եւ Սպահանի «Արարատ» միութիւնները։
«Արարատի համար՝ կանգուն» նշանաբանով բանակումը կ’երկարի 24 Յուլիսէն 2 Օգոստոս 2026 եւ, ինչպէս միշտ, կը յատկանշուի իր բազմամշակութային օրով, դէպի Արագածի գագաթ արշաւով, Երեւանի հրապարակային տողանցքով եւ Լիզպոնի հերոսական գործողութեան ոգեկոչումով։
Սեպտեմբերի վերջաւորութեան աշխատանքի դաշտը կը փոխադրուի Սիտնի, Աւստրալիա, ուր տեղի կ’ունենան շրջանի բարձրաստիճան խմբապետներու սկաուտական «Վկայեալ» կարգի դասընթացքները, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան աջակցութեամբ եւ Եւրոպայէն յատուկ խմբապետներու գործուղումով։ Խմբապետներուն կ’ընկերանայ Կեդրոնական Վարչութեան անդամ մը։
Այնուհետեւ, 2026-ի տարուան համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական ձեռնարկներուն եզրափակումը կը կատարուի 5-6 Նոյեմբերին, երբ միութեան համահայկական ընտանիքը Երեւանի մէջ կը կատարէ միջ-դիւանական իր 12-րդ խորհրդաժողովը, որուն կը նախորդեն Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան 2023-2027 քառամեակի չորրորդ լիագումարի նիստերը։
Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ


