ՀամաՀՄԸՄական 13րդ Բանակումը Ընթացք Առաւ «Արարատի Համար՝ Կանգուն» Նշանաբանով
25 Հուլիս 2026
Ուրբաթ, 24 Յուլիսի երեկոյեան, Բիւրականի «Գառնիկ Մկրտիչեան» սկաուտական բանակավայրին մէջ ընթացք առաւ համաՀՄԸՄական 13րդ բանակումը, մասնակցութեամբ ՀՄԸՄի 26 շրջաններէն եւ Իրանի սկաուտական 4 միութիւններէն 900 բանակողներու։
Բացման հանդիսաւոր արարողութեան ներկայ գտնուեցան պաշտօնական հիւրեր, ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան ներկայ եւ նախկին անդամներ եւ հիւրընկալ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿի վարչութեան անդամներ։ Հիւրերու շարքին էին Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի ներկայացուցիչ Զաքարիա եպս. Բաղումեան, Հայաստանի մօտ Սուրիոյ դեսպան Նորա Արիսեան, Հայաստանի մօտ Լիբանանի դեսպան Տիմա Հատտատ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային վարչութեան համաատենապետ Ստեփան Տէր Պետրոսեան, Ազգային վարչութեան անդամ Տիգրան Ճինպաշեան, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Զաքար Քէշիշեան, ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Զոյա Քոչարեան, ՀՕՄի Հայաստանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Մարօ Քէշիշեան եւ վարչութեան անդամներ։
Հայաստանի, Արցախի եւ ՀՄԸՄի քայլերգներուն կատարումով բարձրացան բանակումին մասնակից 30 պատուիրակութիւններու 23 երկիրներու դրօշները՝ Հայաստան, Արցախ, Արժանթին, Անգլիա, Աւստրալիա, Աւստրիա, Պուլկարիա, Գանատա, Ֆրանսա, Վրաստան, Գերմանիա, Իրաք, Իրան (ՀՄԱԿ Թեհրան, Սպահան, «Նայիրի» եւ «Սիփան» միութիւններ), Յունաստան, Երուսաղէմ, Յորդանան, Քուէյթ, Լիբանան, Հոլանտա, Շուէտ, Սուրիա, Ուրուկուէյ եւ Միացեալ Նահանգներ։
Ողջոյնի խօսքեր արտասանեցին Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի ներկայացուցիչ Զաքարիա եպս. Բաղումեան, բանակումի ընդհանուր խմբապետ Ռուբէն Նալպանտեան, ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿի ատենապետ Ալէն Ասատուրեան, ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան սկաուտական կորիզի ներկայացուցիչ Ֆետի Խաժակ Գազանճեան եւ Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Յակոբ Խաչերեան։
Զաքարիա եպս. Բաղումեան բանակողները ողջունելով ըսաւ. «Բարի եկած էք հայրենիք ձեր ինքնութիւնը ամրացնելու, հայրենիքի հետ հաղորդուելու, իրարու հետ շփուելու համար եւ անմոռանալի յիշատակներով վերադառնալու ձեր երկիրները։ Մենք բոլորս զօրաւոր ենք մեր հայրենիքով, հայոց պետականութեամբ եւ մեր հայկականութեամբ։ Մեր կեանքը պայքար է եւ այդ պայքարին մէջ կը յաղթեն անոնք, որոնք հոգիով ամուր են, մարմնով զօրեղ են եւ ունին կամք ու եռանդ։ Մեր նախնիներու երազն էր ապրիլ ու արարել անկախ հայրենիքի մէջ։ Մենք այսօր ունինք հայրենիք, որ ունի բոլորիս գուրգուրանքին, փայփայանքին եւ սիրոյ։ Մենք մեր հայրենիքը կը սիրենք ոչ թէ անոր համար, որ մեր հայրենիքն է, այլ որովհետեւ այս սրբազան հողին վրայ նահատակուած են մեր նախնիները»։
ՀՄԸՄի պատմութեան եւ առաքելութեան անդրադառնալով՝ սրբազանը նշեց, որ ՀՄԸՄի հիմնադիրները տեսիլքը ունէին հայ ժողովուրդի նորահաս սերունդը համախմբուած տեսնելու ոչ միայն մարզախաղերու եւ սկաուտական շարժումի ճամբով, այլ նաեւ հողի զօրութեամբ։ Անոնց համար կարեւոր էր ո՛ միայն մարմնով զօրեղ ըլլալ, այլ նաեւ հոգիով։ «Այսօր, մենք եկած ենք այո՛ ըսելու այդ տեսլականին եւ աւելիով ամրանալու մեր հոգիով ու ինքնութեամբ», եզրափակեց ան։
Բանակումի ընդհանուր խմբապետ Ռուբէն Նալպանտեան իր խօսքին մէջ նշեց, որ բանակումին նպատակն է ազգային ու միութենական դաստիարակութիւն ջամբել եւ առիթ ստեղծել փոխադարձ ծանօթացման: Առ այդ, ծրագրուած են զանազան յայտագիրներ՝ հիմնուած մեր ազգային արժէքներուն եւ բանակումն նշանաբանին վրայ՝ «Արարատի համար՝ կանգուն»: Արարատի դիմաց համախմբուելով եւ ամէն օր լեռը դիտելով՝ սկաուտները ոչ միայն պիտի ապրին հայկական շունչով, այլ նաեւ պիտի մօտենան իրարու, ճանչնան զիրար եւ ամրապնդեն իրենց եղբայրական կապերը: Ան շեշտեց, որ մեր ամբողջ պատմութիւնը այս լերան շուրջ կը դառնայ, եւ մեր պարտականութիւնն է միշտ կանգուն մնալ, հաւատարիմ մնալ մեր ուխտին եւ պաշտպանել մեր ինքնութիւնն ու պատմութիւնը։
ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿի ատենապետ Ալէն Ասատուրեան նկատել տուաւ, որ այս բանակումը սովորական հաւաք մը չէ, ան եզակի իրադարձութիւն է, որ տեղի կ’ունենայ չորս տարին անգամ մը եւ մէկ յարկի տակ կը համախմբէ աշխարհի տարբեր ծայրերը ապրող հայ սկաուտները՝ մէկ գաղափարի, մէկ երդումի եւ մէկ հայրենիքի շուրջ։
«Այս տարի Բիւրականը իր գիրկը ընդունած է 900 ՀՄԸՄականներ, որոնք ժամանած են աշխարհի 23 երկիրներէ, եկած են տարբեր ցամաքամասներէ, մշակութային տարբեր միջավայրերէ եւ սակայն միացած են սկաուտական դաւանանքի, մէկ ինքնութեան եւ մէկ լեզուի շուրջ»։
Իր խօսքը բանակողներուն ուղղելով՝ Աւատուրեան ըսաւ. «Այս օրերուն դուք ոչ միայն կ’ապրիք սկաուտական կեանքով, այլ նաեւ կրկին ու կրկին կը ճանչնաք Հայաստանը՝ անոր բնութիւնը, պատմութիւնը, մշակոյթը։ Կրկին ու կրկին կը բացայայտէք դուք ձեզ եւ այն մեծ ուժը, զոր աշխարհի հայերը իրարու կը կապէ։ Համոզուած եմ, որ այս բանակումը իւրաքանչիւրիդ համար կ’ըլլայ նոր ընկերութիւններու, փորձառութեան, փոխադարձ ճանաչումի եւ ազգային միասնականութեան ամրապնդման կարեւոր օրրան»։
ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան սկաուտական կորիզի ներկայացուցիչ Ֆետի Խաժակ Գազանճեան ըսաւ. «Մեր շուրջը նայելով կը տեսնենք հայութեան հզօր ու կենսունակ զարկերակը։ Ու հոս՝ հայրենի սրբազան հողին վրայ, մեր բանակումը կ’ընթանայ մէկ վսեմ նշանաբանով՝ «Արարատի համար՝ կանգուն»։
Այս առիթով, ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնց անսակարկ ու միասնական ճիգերով կարելի դարձաւ բանակումին յաջողութիւնը։ Շարունակելով՝ ան հաստատեց. «ՀՄԸՄը գործի՛ միութիւն է։ Միութենական կեանքէն անդին՝ ան կեանքի դպրոց է, ուր կը պատրաստուին վաղուան առաջնորդներն ու ծնողները։ ՀՄԸՄը ակումբ մը չէ, այլ՝ սերունդներ կերտող դարբնոց է, ուր հայ մանուկն ու պատանին կը սորվին հայերէն մտածել, հայօրէն զգալ եւ հայօրէն ապրիլ։
«Այսօր,- շարունակեց ան,- աշխարհասփիւռ մեր կառոյցը՝ Եւրոպայէն մինչեւ Ամերիկաներ, Միջին Արեւելքէն մինչեւ Աւստրալիա, իր բազմաթիւ ծրագիրներով՝ բանակումներով, մարզական մրցաշարքներով, ընկերային յայտագիրներով, հանրային կապերու աշխատանքներով թէ երիտասարդական համագումարներով, ունի մէ՛կ գերագոյն նպատակ՝ վառ պահել հայու բոցավառ ոգին։ ՀՄԸՄը կը կերտէ առողջ մարմնով, առողջ միտքով եւ հզօր կամքով հայորդիներ, որոնք պատրաստ են ծառայելու նախ եւ առաջ իրենց ընտանիքին, միութեան, ապա՝ ազգին ու հայրենիքին»։
Այնուհետեւ, եզրափակիչ խօսքով հանդէս եկաւ ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Յակոբ Խաչերեան, որ ըսաւ. «Հայոց ցեղասպանութենէն ճողոպրած գաղթականներու ժառանգորդ 3րդ եւ 4րդ սերունդներու զաւակներ, աշխարհասփիւռ ցրուած հայորդիներ՝ Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան «Կամաւոր բանակ»ի տարազաւորներ ժամանած են մայր հայրենիք՝ միանալու Հայաստանի եւ Արցախի իրենց քոյրերուն եւ եղբայրներուն, բանակելու եւ վերանորոգելու իրենց ուխտը՝ ծառայելու հայ ազգին, Հայաստանին եւ հայութեան արդար դատին։
«Սերունդ, որ ծնունդ առաւ եւ հասակ նետեց հայրենիքի վերանկախացման հրճուալից եւ բարեբաստիկ տարիներուն։ Եւ կամ սերունդ, որ յաղթանակող հայու հպարտագին ցնծութեամբ երազներ ուրուագծեց ազատագրուած Արցախի ձեռքբերումով։ Բայց նաեւ սերունդ, որ ականատեսն է մաշող հայրենիքի, բազմաթիւ շերտերով պառակտուած ազգի, վերագրաւուած Արցախի, ազգային արժեհամակարգի անկումի, մաշող սփիւռքի։ Սակայն, յուսահատեցուցիչ այս խայտառակ մեր իրականութեան դէմ յանդիման ու հոսանքն ի վեր թիավարող, հորիզոններ նուաճելու կամքով ու վճռականութեամբ, ՀՄԸՄի շարքերը կը մնան անկոտրում, աներեր, Արարատի նման անսասան։ Դեռ չէ չորցած արմատը ՀՄԸՄի ծառին եւ դեռ կու տայ ծիլեր»:
Ապա, ՀՄԸՄի կենսունակութեան փաստերը ներկայացնելով, ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետը շեշտեց, որ, հակառակ ժողովուրդներու ապազգայնացում պարտադրել փորձող միջազգային փոթորիկներուն, որոնք դժբախտաբար իրենց աւերը գործած են նաեւ իր աւանդապահութեամբ բնորոշուած հայ ազգին հայրենիքէն ներս, ՀՄԸՄը եւ ՀՄԸՄականները, ամէնուրեք, ամուր կառչած պիտի մնան իրենց ազգային սկզբունքներուն ու մեր հաւատամքին։ Մե՛ր ծառին։
«Հակառակ նիւթապաշտութեամբ բնորոշուող եւ շպարումներով հրապոյր առթող բազում-բազում խաբկանքներու, ՀՄԸՄը պիտի մնայ աշխուժ իր իրապաշտական աշխատանքներու ծրագրումներով եւ կամաւոր բանակի նուիրումի հիմքով գործելու սկզբունքով, պատրաստելու եւ կազմաւորելու համար վաղուան հայը՝ իր քրտինքով ու կամքով գագաթներ նուաճող ՀԱՅը։ Արարատը տուն վերադարձնող հայը։
«Հակառակ մեր թշնամիներուն եւ կեղծ ու կեղծաւոր բարեկամներու ծաւալապաշտական անյագ ախորժակները բաւարարող նկրտումներուն, ՀՄԸՄը եւ ՀՄԸՄականները, աւելի քան երբեք վճռական, կառչած պիտի մնան անժամանակ մեր իրաւունքներուն․
«Հատուցու՛մ մեր նահատակ սուրբերու թափուած արեան։
«Իրականացու՛մ Արցախով ու Արեւմտեան Հայաստանով ամբողջական հայրենիքի», պատգամեց Յակոբ Խաչերեան։
Խօսքերէն ետք տեղի ունեցաւ սկաուտական բարձրագոյն՝ «Արարատեան» կարգի կրծքանշաններու եւ հաստատագիրներու տուչութիւն բարձրաստիճան այն 59 խմբապետ-խմբապետուհիներուն, որոնք անցնող օրերուն Աղվերանի մէջ մասնակցեցան կարգի գործնական փուլի վերջին փուլի եռօրեայ սեմինարին։
Բացման հանդիսութիւնը վերջ գտաւ բանակումի երգով (խօսք եւ երաժշտութիւն՝ Սեւակ Նազարեանի, գործիքաւորում՝ Յարութ Երէցեանի, կատարում՝ Սուրէն Աճէմեանի)։



