ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • Հաղորդագրութիւն
  • ՀՄԸՄ

Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական բանակումի մասնակիցները կը տողանցեն Երեւանի մէջ եւ յարգանքի տուրք կ’ընծայեն Եռաբլուրի եւ Ծիծեռնակաբերդի մէջ

26 Հուլիս 2026

Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական բանակումին երկրորդ օրը, Շաբաթ, 25 Յուլիսին, 900 բանակողներ հանդիսաւոր տողանցք կատարեցին Երեւանի մէջ։

Երեկոյեան ժամը 5-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի շեփորախումբին առաջնորդութեամբ, կարգապահ ու տպաւորիչ շարքերով, անոնք տողանցեցին Մաշտոցի անուան մատենադարանէն մինչեւ օփերայի «Ազատութեան» հրապարակ, ուր դիմաւորուեցան Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ներկայ ու նախկին անդամներու եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի պատասխանատուներու կողմէ։

Հրապարակին վրայ, բանակողները ողջունեց համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական բանակումի հերթապահ Շահան Աթմաճեան։ Ապա, տողանցքի մասնակիցներուն խօսք արտասանեց բանակումի ընդհանուր խմբապետ եղբ. Ռուբէն Նալպանտեան։ Ան ըսաւ, որ աւելի քան հարիւր տարիներ առաջ եւ Հայոց Ցեղասպանութենէն հազիւ երեք տարի ետք, Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւնը՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ը հիմնուեցաւ համարձակ տեսլականով մը՝ վերակերտել եւ վերակազմակերպել հայ ժողովուրդը՝ դաստիարակելով հայ երիտասարդութիւնը սկաուտական եւ մարզական խումբերով, կազմաւորելով հայորդիներու սերունդներ, որոնք կ’առաջնորդուին լաւ բարքով, կը ծառայեն խոնարհութեամբ եւ իրենց հայրենիքը կը սիրեն անշահախնդրութեամբ։

Եղբ. Նալպանտեան պատմական անցեալը ոգեկոչելով նշեց, որ 1920-ին, Վահան Չերազ Կիւմրի ժամանեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի այս տեսլականը Հայաստան բերելու առաքելութեամբ։ Անոր նպատակը Ցեղասպանութենէն ճողապրած որբերուն սկաուտութիւն սորվեցնել չէր միայն, այլ՝ կերտել սերունդ մը, որ ունենայ կարգապահութիւն, պատասխանատուութիւն, ծառայութեան ոգի, միասնականութիւն եւ հայրենասիրութիւն։ Օրին, դժբախտաբար, պայմանները չարտօնեցին, որ այդ առաքելութիւնը արմատանայ Հայաստանի մէջ։ Բայց եւ այնպէս, այդ առաքելութիւնը երբեք չաւարտեցաւ եւ Հայաստանի անկախութենէն ետք, Հ.Մ.Ը.Մ. հայրենիք վերադարձաւ նոյն նպատակով։

Բանակումի ընդհանուր խմբապետի խօսքէն ետք, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան պատգամը փոխանցեց քոյր Սանտրա Վարդանեան։ Ան ըսաւ, որ համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական իւրաքանչիւր ձեռնարկ վերջին տարիներուն եկած է ապացուցելու միութեան մեծագոյն արժէքներուն եւ գաղափարներուն յարատեւութիւնն ու ուժը: Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 13-րդ բանակումը եւս այս իմաստով բացառություն չէ։

Քոյր Վարդանեան հաստատեց, որ «26 երկիրներէ աւելի քան 900 սկաուտներ Երեւանի փողոցներուն մէջ տողանցեցին խրոխտ քայլերով, կրկին փաստելու, որ Հայաստան, Արցախ, Սփիւռք եռամիասնութիւնը, հակառակ բոլոր հոսանքներու եւ ժամանակաւոր իրողութիւններու, անքակտելի ուժ է. վկայ՝ մեր համահայկական կամաւոր բանակի շարքերուն երթը»:

«Այս օրերուն,- շարունակեց քոյր Վարդանեան,- երբ ամբողջ աշխարհի մէջ կը տիրեն անհանգիստ տրամադրութիւններ, պատերազմներ եւ մարդկային ու համամարդկային արժէքներու ոտնահարման ընթացքներ, իսկ մենք ազգովին կ’ապրինք մեր պատմութեան ամէնէն դժուարին եւ յուսահատեցնող շրջաններէն մէկը` պատերազմի ու հայրենազրկման դառն հետեւանքները կրելով, Հ.Մ.Ը.Մ.ական սկաուտները իրենց քայլերուն զարկով, իրենց մտքին պայծառութեամբ, իրենց գաղափարին մաքրութեամբ ու արդարութեամբ, իրենց գործին ազնուութեամբ հաւաքուած են բանակում կատարելու եւ փաստելու, որ մեր երկրին ու ազգին ընթացքը յարատեւ է ու հաստատուն, որ մեր ապագայի միտքը պայծառ է ու գիտակից, որ մեր երազանքներն ու իղձերը արդար են ու ազնիւ, որ մեր նուիրումը հանդէպ հայրենիքի ու Արցախի անկոտրում է, իսկ մեր բոլորին հայեացքը դէպի Արարատ է, ու մեր ոգին` Արարատի համար` կանգուն»:

Խօսքերէն ետք, տողանցքը փակուեցաւ համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 13-րդ բանակումի երգով։

ԵՌԱԲԼՈՒՐԻ ՄԷՋ

Նախքան Երեւանի տողանցքը, կէսօրէ առաջ ժամը 11-ին, համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 13-րդ բանակումի մասնակիցները այցելեցին Եռաբլուրի նահատակաց պանթէոն՝ յարգանքի տուրք ընծայելու Արցախեան ազատամարտի, քառօրեայ եւ 44-օրեայ պատերազմներու նահատակներուն։

Եռաբլուր հասնելով, 26 շրջաններու եւ Իրանի սկաուտական չորս միութիւններու բանակողները նախ նկարուեցան միասնականութեան յիշատակի նկար մը, ապա Դադիվանքի նախկին վանահայր եւ Եռաբլուրի Սրբոց Նահատակաց մատրան հոգեւոր հայր Յովհաննէս Քհնյ. Յովհաննէսեան ներկաները հրաւիրեց Տէրունական աղօթքը արտասանելու։ Արտասանեց նաեւ «Պահպանիչ» եւ բաւարարուեցաւ կարճ ու բովանդակալից մէկ տողնոց պատգամով՝ «Որքան ձեզի նման սկաուտներ տեսնենք՝ այնքան կ’աւելնայ Արցախ վերադարձի մեր յոյսը»։

Աղօթքէն ետք, բանակող սկաուտներ դրօշակակիրներու, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան եւ բանակումի խմբապետական կազմի առաջնորդութեամբ ուղղուեցան նահատակաց պանթէոնի յուշապատին մօտ, ուր Հ.Մ.Ը.Մ.ի ընտանիքին անունով ծաղկեպսակ մը զետեղեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ եղբ. Յակոբ Խաչերեան։

Բանակումի խմբապետական կազմին անունով կարճ խօսք մը արտասանեց համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական բանակումի փոխ խմբապետ եղբ. Սեւակ Նազարեան։

«Եռաբլուրի մէջ կը հանգչին ոչ միայն մեր հազարաւոր նահատակներուն մարմինները, այլեւ՝ այստեղ ամփոփուած են մեր ազգային իտէալներուն եւ ազգային գաղափարներուն համար իրենց ամէնէն թանկը՝ կեանքը չխնայած եղբայրներուն մարմինները,- նշեց եղբ. Նազարեան եւ աւելցուց. եթէ Եռաբլուրը մեր նահատակներու մարմինները կրողն է, ապա մեր ամբողջ հայրենիքը իր ամբողջականութեան եւ միասնականութեան մէջ, կրողն է մեր նահատակներու եւ նուիրեալներու հոգիներուն։ Մեր բոլոր նահատակներուն՝ թէ 1990-ականներու Արցախեան ազատամարտի, թէ՛ քառօրեայ եւ թէ 44-օրեայ պատերազմներու մեր բոլոր նահատակներուն հոգիները կը թեւածեն մեր հայրենիքի իւրաքանչիւր անկիւնը։

Եղբ. Նազարեան նաեւ շեշտեց, որ Եռաբլուրը խօսքի տեղ չէ եւ այս պարագային խօսքերը երկարելու եւ աւելի բան ըսելու կարիքը չկայ։

Հիմա կը գտնուինք Եռաբլուր, ուր իւրաքանչիւր մեթրը, իւրաքանչիւր քարը իր մէջ կը կրէ մէկ ամբողջ ազգային գաղափարախօսութիւն եւ դաստիարակութիւն։ Պէտք է հաւատանք, որ ինչպէս 1990-ականներուն մեր հայրերը, մեր աւագ եղբայրներն ու ընկերները ազատագրեցին Արցախը, իրենց մտքին մէջ ունենալով Մուշի, Վանի, Սասունի ազատագրումը, ինչպէս քառօրեայ եւ 44-օրեայ պատերազմներուն մեր եղբայրները պաշտպանեցին մեր ազգային իտէալներու հաւաքակայան դարձած Արցախը, այդպէս ալ մենք այսօր, Եռաբլուրի մէջ գտնուելով, պէտք է շարունակենք եւ կրողը դառնանք Արարատի համար կանգուն ուխտին, որ մեզի պէտք է տանի դէպի ազգային մեր իտէալներու ամբողջական իրականացում։ Վստահ եղէք, որ Եռաբլուրի տուած դաստիարակութեամբ կ’անցնի ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստան ունենալու նպատակին հասնելու ճանապարհը, հաստատեց եղբ. Նազարեան։

Այնուհետեւ, բանակող սկաուտները երգեցին «Յառաջ նահատակ» քայլերգը, որմէ ետք խումբերու բաժնուած՝ շրջեցան նահատակաց պանթէոնին զանազան բաժինները եւ ծաղիկներ խոնարհեցին ազգային նուիրեալներու (Զօր. Անդրանիկ, Զօր. Սեպուհ, Սօսէ մայրիկ….) եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ական հերոսներու շիրիմներուն։

ԾԻԾԵՌՆԱԿԱԲԵՐԴԻ ՄԷՋ

Երեկոյեան, տողանցքէն ետք, բանակողները այցելեցին Հայոց Ցեղասպանութեան 1.5 միլիոն սրբադասուած զոհերու Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր եւ յուշարձանին առջեւ շարքեր կազմած՝ կատարեցին կարճ հանդիսութիւն մը։

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետը եւ համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական բանակումի ընդհանուր խմբապետը նախ ծաղկեպսակ մը զետեղեցին՝ յիշելով ու ոգեկոչելով 1915-ի անմեռ նահատակները։ Ապա, Տէրունական աղօթքէն ետք, խօսքեր արտասանեցին բանակումի խմբապետական գործադիր կազմի անդամ եղբ. Րաֆֆի Դաւիթեան եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եղբ. Աւետիս Տէրվիշեան։

Եղբ. Րաֆֆի Դաւիթեան նշեց, որ բանակողներուն համար յիշատակելի օր մըն է այսօր։ Օրը սկսաւ Եռաբլուր այցելութեամբ եւ այժմ կը գտնուինք այս սրբազան վայրին մէջ՝ յիշելու եւ յարգանք մատուցելու մեր 1․5 միլիոն հայրենակիցներուն, որոնք նահատակվեցան 111 տարիներ առաջ։

«Բոլորս ունինք այն գիտակցութիւնը, որ յիշելը առանձինն բաւարար չէ, ծաղիկ մը դնելը շիրիմի մը առջեւ կամ յուշարձանի մը առջեւ բաւարար չէ։ Մեր նահատակները կը յարգենք ու կը պատուենք՝ մեր կարգին զոհուելով ու ծառայելով», ըսաւ եղբ. Դաւիթեան եւ շարունակեց. «Իւրաքանչիւրիս ծառայութիւնը տարբեր ձեւ մը ունի կամ տարբեր ձեւ մը պիտի ունենայ, բայց բոլորս կը ծառայենք մէ՛կ նպատակի համար՝ մեր ազգին ու հայրենիքին համար, հայուն անունը բարձր պահելու համար»։

Հետեւաբար, եղբ. Դաւիթեան թելադրեց՝ «Եկէք այս սրբազան վայրին մէջ վերանորոգենք մեր խոստումը՝ ծառայելու մեր ազգին ու հայրենիքին։ Եկէք հոսկէ մեկնինք այն գիտակցութեամբ ու այն խոստումով, որ յաւերժ պիտի մնանք մեր նահատակներուն համար կանգուն, մեր հայ լեզուին ու հայ մշակոյթին համար կանգուն, մեր հայ դատին համար կանգուն եւ մեր Արարատին համար կանգուն։

Իր կարգին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եղբ. Աւետիս Տէրվիշեան յայտնեց, որ Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակաց յուշարձանին առջեւ համախմբուելով, յուզումնախառն զգացումներով մեր մտահորիզոնը կը թեւածէ դէպի Հ.Մ.Ը.Մ.ի հիմնադրութեան տարիները, այն դժուարին օրերը, երբ Հ.Մ.Ը.Մ.ը իր հիմնադիրներուն տեսլականով մէկ դրօշի տակ համախմբեց 1915-ի Հայոց Ցեղասպանութեան զոհ դարձած հայ ժողովուրդի գաղթական եւ տարագիր զաւակները եւ ապահովեց անոնց հայեցի եւ ազգային դաստիարակութիւնը, հիմնական նպատակ ունենալով՝ «Ըլլալ հաւատարիմ Աստուծոյ եւ ծառայել Ազգին ու Հայրենիքին»:

Հայոց Ցեղասպանութենէն 111 տարիներ անցած են,- դիտել տուաւ եղբ. Տէրվիշեան,- սակայն հայ դատը տակաւին կը մնայ անլոյծ: Իբրեւ նահատակ ցեղի ժառանգորդ Հ.Մ.Ը.Մ.ականներ, այսօր Ծիծեռնակաբերդի անմար կրակին առջեւ կ՚ուխտենք շարունակել մեր պահանջատիրական երթը եւ բարձրացնել արդարութեան ձայնը, մինչեւ մեզմէ խլուած իրաւունքներուն վերատիացումը: Իսկ յուշահամալիրին վերասլաց սիւնը մեզի կը պատգամէ մեր նշանաբանը՝ չընկճուիլ, բարձրանալ եւ մեր ետեւէն բարձրացնել ամբողջ ազգը, նշեց ան:

Շարունակելով, եղբ. Տէրվիշեան հաստատեց, որ «Հ.Մ.Ը.Մ.ը իր սկաուտական եւ մարզական շարքերով, նաեւ գիտակից երիտասարդութեամբ, այսօր կը շարունակէ հայապահպանման իր երթը, կեդրոնական եւ առաջնահերթ տեղ տալով մայր Հայրենիքին՝ Հայաստանին, նպաստելով անոր հզօրացումին եւ մաքառելով հայրենիքի շահերու պաշտպանութեան համար: Թէեւ վիրաւոր ենք Արցախի կորուստով , սակայն մեր յոյսը չենք կտրած, ընդհակառակը, Տէր Զօրի անապատներէն Փիւնիկի նման յառնելով, առաւել պայքարունակ ոգիով եւ ազգային արժէքներու կառչելով կը շարունակենք մեր գոյապայքարը», շեշտեց ան։

Հանդիսութեան աւարտին, բանակող սկաուտները երգեցին Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Յառաջ նահատակ» քայլերգը եւ Ծիծեռնակաբերդին հրաժեշտ տուին մէկական ծաղիկ խոնարհելով յուշահամալիրի անմար կրակին շուրջ։

ԱՅՍՕՐ

Յայտնենք, որ վաղը, երկուշաբթի երեկոյեան, բանակողները Բիւրականի «Գառնիկ Մկրտիչեան» բանակավայրին մէջ կը նշեն Լիզպոնի հերոսական գործողութեան 43-ամեակը։ Բանակումին մասնակից պատուիրակութիւնները կը ներկայացնեն պատշաճ յայտագիր, որուն եզրափակումը կը կատարուի ազգային-յեղափոխական երգերու երեկոյով։

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Խմբագրական. ­Լիզպոնի կտակը՝ ուղերձ ժա

­Լիզ­պո­նի հինգ հե­րոս­նե­րու ող­ջա­կիզ­ման յու­շը ան­ցած է ժա­մա­նա­կի թա­ւա­

27 Հուլիս 2026
Լիզբոնի ոգին. պատմական պատասխանատվությ

«Մեզ վարանումներ չեն հարկաւոր, այլ հաւատ, մեզ խօսքեր չեն հարկաւոր, այլ գործեր

27 Հուլիս 2026
Ի Յիշատակ Լիզպոնի «Խենթեր»-ուն

Ո՛չ․․․դժբախտաբար մենք երիտասարդներս, մեր սերնդակիցները այդ օր՝ 23 Յուլիս 1983-

27 Հուլիս 2026
Խմբագրական. Լիզպոնի Պատգամներուն Դէմ Բ

Լիզպոնի գործողութիւնը, յեղափոխական աւանդներու վերադարձի կարգախօսով իրականացուա

27 Հուլիս 2026
Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական բանակումի մասնակիցնե

Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական բանակումին երկրորդ օրը, Շաբաթ, 25 Յուլիսին, 900 բանակողներ հ

26 Հուլիս 2026
ՀամաՀՄԸՄական 13րդ Բանակումը Ընթացք Առա

Ուրբաթ, 24 Յուլիսի երեկոյեան, Բիւրականի «Գառնիկ Մկրտիչեան» սկաուտական բանակավա

25 Հուլիս 2026
Հայ պատանդների ազատ արձակումը իրական խ

Միացյալ Նահանգների Ներկայացուցիչների պալատի արտաքին հարաբերությունների հանձնաժ

25 Հուլիս 2026
Խանասորի Արշաւանքը՝ Հայութեան Պատժող Բ

Յուլիս 25-ը միայն տարեդարձ մը չի՛ խորհրդանշեր, այլ անկիւնադարձ մը, որ կը վերակ

25 Հուլիս 2026
Իշխանությունները փորձում են ծնկի բերել

Ավելի քան ակնհայտ է, որ Գագիկ Ծառուկյանի նկատմամբ, ինչպես նաև բազմաթիվ քաղաքակ

24 Հուլիս 2026
ԹՐԻՓՓ՝ Միգապատ Ճամբան

Շփումներն ու հանդիպումները աւելի յաճախականութեամբ կը շարունակուին եւ ըստ Հ․Հ․

24 Հուլիս 2026
Պայքարը խորհրդարանում պետք է շարունակե

ՀՅԴ Բյուրոյի անդամ, «Հայաստան» խմբակցության պատգամավոր Լիլիթ Գալստյանը հարցազր

24 Հուլիս 2026
Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.-ական աշխուժութեամբ եռուն

Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.-ական աշխուժութեամբ եռուն օրերը կը շարունակուին Հայաստանի մէջ, ու

23 Հուլիս 2026
Տեղի ունեցաւ Սփիւռքի Ազգային Զօրաշարժի

18 Յուլիս 2026-ին Սփիւռքի Զօրաշարժի Խորհրդաժողովի Համադրող Կազﬕ նախաձեռնութեամ

23 Հուլիս 2026
Ընտրվել է «Հայաստան» խմբակցության ղեկա

«Հայաստան» դաշինքի առաջնորդ Ռոբերտ Քոչարյանի գլխավորությամբ տեղի է ունեցել «Հա

23 Հուլիս 2026
ԱՄՆ Ներկայացուցիչների պալատի հանձնաժող

ԱՄՆ Ներկայացուցիչների պալատի արտաքին գործերի հանձնաժողովը կոչ է արել Ադրբեջանի

23 Հուլիս 2026
Իսրայելը Հայոց ցեղասպանության հարցն օգ

Գործնականում մենք մեծ ակնկալիքներ չունեինք, որ Իսրայելի խորհրդարանը՝ Քնեսեթը,

23 Հուլիս 2026
Քնեսէթի իսկական դերը ներկայ խաղին մէջ

Յուլիս 6, 2026 թուակիր իմ յօդուածով («Ռէալփոլիթիքը Իր Իսկական Դիմագծով») հարցա

23 Հուլիս 2026
«Հայ Մարզիկի Օր»-ուան Առիթով Արցախի Մա

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան քարոզչական յաձնախումբին կազմակերպութեամբ եւ Համա-

22 Հուլիս 2026
«Թաւշեայ» թալանչիները…

Հայաստանի յետընտրական շրջանից սկսեալ ամենօրեայ լուրեր տարածւեցին առ այն, որ նի

22 Հուլիս 2026
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագույն մարմնի հայտարա

Լեգիտիմության ճգնաժամի մեջ հայտնված ՀՀ գործող իշխանությունը նոր մակարդակի է հա

22 Հուլիս 2026
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company