ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • Հաղորդագրութիւն
  • ՀՄԸՄ

Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 13-րդ բանակումը աւարտեցաւ մեծ յաջողութեամբ

03 Օգոստոս 2026

«Արարատի համար՝ կանգուն» մնալու հաստատակամութեամբ եւ չորս տարի ետք կրկին հանդիպելու խոստումով, Շաբաթ, 1 Օգոստոսի երեկոյեան, համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 13-րդ բանակումը իր աւարտին հասաւ փակման հանդիսաւոր արարողութեամբ մը, որ վկան դարձաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի համահայկական ընտանիքին նոր յաջողութեան եւ յարատեւ կենսունակութեան։

1978-ին ճամբայ ելած համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական բանակումներու պատմութեան մէջ, անկասկած, 13-րդ բանակումը ունեցաւ իր յատուկ տեղը՝ լաւ կազմակերպուածութեամբ, նորարար յայտագիրներով եւ տեղեկատուական-քարոզչական մեծ արձագանգով։

ՓԱԿՄԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆԸ

Բիւրականի «Գառնիկ Մկրտիչեան» սկաուտական բանակավայրին մէջ, փակման հանդիսութիւնը ընթացք առաւ Շաբաթ, երեկոյեան ժամը 6.15-ին, ներկայութեամբ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ Արսէն Համբարձումեանի, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ներկայ եւ նախկին անդամներու, Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Զաքար Քէշիշեանի, Հ.Մ.Ը.Մ.-ՀԱՍԿ-ի վարչութեան եւ մեծ թիւով ծնողներու։

Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներուն կատարումէն ետք, կատարուեցաւ մրցանակաբաշխութիւն բանակումի աշխատանքներուն լաւագոյն մասնակցութիւնը ունեցած պատուիրակութիւններուն (ընկերային ցանցեր, ձեռային աշխատանքներ, զարգացման մրցում, ռալի մրցում, մշակութային օր, խարուկահանդէս) եւ սկաուտներուն (ընկերային ցանցերու լաւագոյն սկաուտ, տիպար սկաուտ)։

Յաջորդեց յուշանուէրներու փոխանակումը պատուիրակութիւններու պատասխանատուներուն եւ Կեդրոնական Վարչութեան անդամներուն միջեւ։

Յուշանուէրներ տրուեցան նաեւ բանակումին յաջողութեան նպաստած անձնակազմին (բժիշկներ, ընկերային ցանցերու խմբակ, նշանակի, երգի եւ յուշանուէրներու հեղինակներ, «Կինես» մրցանիշի արձանագրութեան վկաներ, դասախօսներ, արուեստի աշխատանք կատարողներ, Կեդրոնական Վարչութեան գործավարութիւն, բանակումի օժանդակներ, գործադիր մարմինի անդամներ, հերթապահ եւ բանակումի խմբապետական կազմ)։

Այնուհետեւ, հրաժեշտի խօսքեր արտասանեցին բանակումի ընդհանուր խմբապետ եղբ. Ռուբէն Նալպանտեան եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եղբ. Վահէ Թանաշեան։

Եղբ. Ռուբէն Նալպանտեան յայտնեց, որ բանակումին նպատակը 900 սկաուտներ քով-քովի բերել, իրարու ծանօթացնել եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ական կապերը ամրապնդել էր։ Աւարտին, կարելի է հաստատել, որ բանակումը լիովին իրագործեց իր առաջադրած նպատակը եւ աւելին՝ աննախընթաց յաջողութիւն արձանագրեց Արագածի գագաթ մեծաթիւ այցելութեամբ եւ համաշխարհային սկաուտական մրցանիշի արձանագրութեամբ։ Այս առիթով, ընդհանուր խմբապետ եղբ. Ռուբէն Նալպանտեան հաստատեց. «Մեր նպատակը միայն Արարատը չէ։ Մեր նպատակը Եռագոյնը բարձրացնել է արեւելքէն արեւմուտք՝ Գանձասարէն մինչեւ Աղթամար կղզի եւ վերականգնել մեր բոլոր իրաւունքները»։

Եղբ. Վահէ Թանաշեան Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անունով շնորհակալութիւն յայտնեց բանակումին յաջողութեան նպաստած խմբապետական կազմին եւ գործադիր մարմինի խմբապետներուն, Հ.Մ.Ը.Մ.-ՀԱՍԿ-ին եւ օժանդակ կազմին, շրջաններու խմբապետներուն եւ բանակումին մասնակցած սկաուտներուն, որոնք Հ.Մ.Ը.Մ.ականի վայել համագործակցութեան ոգիով աշխատեցան եւ ծառայեցին, իրենց բոլոր գիտելիքներն ու փորձառութիւնները ի սպաս դնելով համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 13-րդ բանակումին յաջողութեան։

Եղբայրը իր խօսքին մէջ նշեց, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ը հիմնուած է երեք անսասան արժէքներու վրայ՝ ազգային ոգի, եղբայրասիրութիւն եւ կարգապահութիւն։ Այս երեքը միայն գաղափարներ չեն, այլ՝ կեանքի ուղեցոյցներ են, որոնք պէտք է արտայայտուին միութենական կեանքին եւ առօրեային մէջ։ Ապա, այդ արժէքներէն իւրաքանչիւրին մասին խօսելով, ան իր խօսքը եզրափակեց ըսելով՝ «Այս բանակումին մենք բոլորս միայն յիշատակներ չկերտեցինք, այլ՝ բնաւորութիւն։ Միային բարեկամութիւններ չստեղծեցինք, այլ՝ եղբայրութիւն։ Միայն փորձառութիւն չստացանք, այլ՝ նոր պատասխանատուութիւններ ստանձնեցինք։

«Հետեւաբար,- շարունակեց ան,- մեր շրջանները վերադառնալով՝ մեզմէ իւրաքանչիւրը թող այս բանակումին լոյսը տանի իր մասնաճիւղը։

Հ.Մ.Ը.Մ.ի իսկական արժէքը չի չափուիր միայն բանակումներու, մրցումներու կամ հանդիսութիւններու յաջողութեամբ, այլ այն ծառայութեամբ, զոր Հ.Մ.Ը.Մ.ականը ամբողջ կեանքին ընթացքին կը մատուցանէ իր ժողովուրդին։ Ուրեմն, մեր ազգային ոգին թող վերածուի ծառայութեան, մեր եղբայրասիրութիւնը՝ միասնութեան, իսկ մեր կարգապահութիւնը՝ օրինակելի կեանքի։ Միայն այդպէս պիտի արժեւորենք այս բանակումին բոլոր դասերը եւ պիտի շարունակենք կերտել աւելի հզօր Հ.Մ.Ը.Մ. եւ աւելի հզօր հայութիւն», շեշտեց ան։

Խօսքերէն ետք, վար առնուեցան 9 օր բանակավայրին մէջ ծածանած դրօշները եւ բանակումին դրօշը պաշտօնական արարողութեամբ մը յանձնուեցաւ բանակումի ընդհանուր խմբապետին։

Հանդիսութիւնն ու բանակումը փակուեցան բանակումի եւ ցտեսութեան երգերով՝ բոլորը միասնաբար մէկ մեծ շղթայ կազմած, ազգային միասնականութեան եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ական գօտեպնդումի գեղեցկագոյն պատկերով։

ՓԱԿՄԱՆ ԽՐԱԽՃԱՆՔԸ

Փակման հանդիսութեան յաջորդեց Կիրակի, 2 Օգոստոսին կազմակերպուած խրախճանքը՝ Երեւանի «Հարսնաքար» ճաշարանին մէջ, որ համախմբեց բանակող սկաուտներն ու Հ.Մ.Ը.Մ.ի բարեկամները, աւելի քան 1000 մասնակիցներ։ Երեկոն խանդավառեցին երգիչներ Աբօ Սահակեան եւ Եսայի Ալթունեան։

Խրախճանքին Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան խօսքը արտասանեց եղբ. Վիգէն Աւագեան։ Ան շնորհաւորեց ներկաները Հ.Մ.Ը.Մ.ի նորագոյն յաջողութեան համար եւ նշեց, որ արձանագրուած յաջողութիւնը կը պարտաւորեցնէ, որ այսուհետեւ համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական ձեռնարկները ըլլան նոյնքան եւ աւելի յաջող։ Մեր ժողովուրդը կարօտը ունի յաջողութիւններու, յաղթանակներու,- շեշտեց ան,- եւ ի զուր չէ, որ տագնապի պահերուն Հ.Մ.Ը.Մ., իբրեւ յոյսի փարոս, լաւատեսութիւն եւ հայրենասիրութիւն կը սփռէ իր շրջապատին։ Հ.Մ.Ը.Մ. կը հանդիսանայ ազգային վերականգնումի եւ հաւաքական ուժականութեան աղբիւր։ Հ.Մ.Ը.Մ. յաջողութիւններու բերկրանքը եւ յաղթանակներու հպարտութիւնը կու տայ իր ժողովուրդին։ Այսօր, ընդհանուր յուսալքութեան, անտարբերութեան եւ ապազգայնացման պայմաններու մէջ, նման յաջողութեամբ եւ սքանչելի նման երիտասարդութեամբ, Հ.Մ.Ը.Մ. անգամ մը եւս աշխարհին կը պատգամէ, որ հայութիւնը իր ճակատագիրին լքուած չէ, ընկրկումներու եւ պարտութիւններու հետ հաշտուած չէ, այնքան ատեն որ ան կը պատրաստէ «Արարատի համար՝ կանգուն» սերունդներ, ամբողջական հայութեան եւ ամբողջական Հայաստանի տեսլականին համար գործող միութենականներ, որոնք միշտ պատրաստ են իրենց առօրեայէն վեր բարձրանալու եւ իրենց հետ նաեւ իրենց ժողովուրդը բարձրացնելու ազգային ընդհանրական նպատակներու եւ հաւաքական տենչերու իրականացման պատուանդանին վրայ։

ԲԱՆԱԿԱՎԱՅՐԷՆ ԴՈՒՐՍ

Իննօրեայ բանակումը ունեցաւ ներքին ու արտաքին այլազան յայտագիրներ։ Բացման հանդիսութեան յաջորդող օրը, Շաբաթ, 25 Յուլիսին, մասնակիցները իրենց աւանդական տողանցքը կատարեցին Երեւանի մէջ։ Նոյն օրը անոնք այցելեցին Ծիծեռնակաբերդ եւ Եռաբլուր՝ յարգանքի իրենց տուրքը մատուցանելու Հայոց Ցեղասպանութեան սրբադասուած մեր զոհերուն եւ Արցախեան պատերազմներու նահատակներուն։
Երկուշաբթի, 27 Յուլիսին, բանակողները բարձրացան Արագած լեռ եւ գագաթի նուաճման Հ.Մ.Ը.Մ.ական մրցանիշ մը հաստատեցին՝ 600 սկաուտներու լեռնագնացութեան մասնակցութեամբ։ Նոյն օրը, այլ խումբ մը այցելեց Սաղմոսավանք եւ Ապարանի տառերու պուրակ։
29 եւ 30 Յուլիսին, բանակողները երկու մեծ խումբի բաժնուած՝ այցելեցին Կիւմրի եւ Սեւանայ լիճ։ Կիւմրի այցելողները խաղացին քաղաքին ծանօթացման խաղը (City hunt), մինչ Սեւանայ լիճ մեկնողները ընկերային հաճելի պահեր անցուցին Սեւանի լճափը։ Այցելեցին թերակղզի եւ ծանօթացան տեղւոյն դարաւոր եկեղեցւոյ եւ եւ անոր պատմութեան։

Հինգշաբթի, 30 Յուլիսին, բանակողներէն 350 հոգինոց պատուիրակութիւն մը այցելեց Սուրբ Էջմիածին, ուր դիմաւորուեցաւ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին կողմէ։ Տեղի ունեցաւ խօսքերու փոխանակում։ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ քոյր Թալին Օրտողլեան պատուիրակութեան անունով ողջունեց Վեհափառ Հայրը, որ իր կարգին օրհնութեան խօսք արտասանեց աշխարհի 26 երկիրներէն ժամանած սկաուտներուն։

Նոյն օրը, բանակողներու այլ խումբ մը Աշտարակի գիւղերուն մէջ կատարեց ռալի-արշաւ՝ մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծելով շրջանի բնակիչներուն մօտ։

ԲԱՆԱԿԱՎԱՅՐԷՆ ՆԵՐՍ

Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 13-րդ բանակումը յատկանշուեցաւ սկաուտական եւ դաստիարակչական հարուստ յայտագիրներով։ Երեկոները մասնակից պատուիրակութիւններու կողմէ կազմակերպուած խարուկահանդէսները ստեղծեցին ընկերային յիշատակելի պահեր։ Երկուշաբթի, 27 Յուլիսի երեկոյեան, բանակողները յատուկ ձեռնարկով մը նշեցին Լիզպոնի հերոսական գործողութեան 43-ամեակը։ Յայտագիրին իրենց մասնակցութիւնը բերին պատուիրակութիւններու ներկայացուցիչներ։ Խմբապետական կազմին խօսքը արտասանեց բանակումի փոխ ընդհանուր խմբապետ քոյր Ալիք Տէր Պետրոսեան-Մելքոնեան, իսկ բանակողներուն իր սրտի խօսքը փոխանցեց Մուրատ Թոփալեան։ Յայտագիրին յաջորդեց ազգային-յեղափոխական երգերու երեկոյ՝ երգիչ Սուրէն Աճէմեանի կատարողութեամբ։

Բանակումին երրորդ օրը, Կիրակի, 26 Յուլիսին, յատկացուեցաւ սկաուտական խաղերու (Camp olympics) եւ զարգացման մրցումի։ Հինգերորդ օրը, 28 Յուլիսին, տեղի ունեցաւ պատմական իրագործումը՝ սկաուտներով աշխարհի մեծագոյն Շուշանածաղիկի կազմութիւնը, ինչ որ հաստատեց համաշխարհային նոր մրցանիշ եւ մուտք գործեց մրցանիշներու «Կինես» գիրք։ Նոյն օրը յետմիջօրէին կազմակերպուեցաւ բազմամշակութային օր, ուր պատուիրակութիւններ յատուկ տաղաւարներով ներկայացուցին իրենց երկիրներու մշակոյթը, տարազն ու ուտելիքները։ Բազմամշակութային օրուան մասնակցեցան յատուկ խնամքի կարօտ «Հրաշք» պատանիներն ու երիտասարդները։

Եօթներորդ օրը տրամադրուեցաւ հայկական արուեստներու։ ՀՕՄ-ի Հայաստանի Շրջանային Վարչութեան ձեռարուեստի յանձնախումբի անդամներ բանակողներուն ներկայացուցին հայկական ասեղնագործութիւնը, մաքրամէն, ուտեստը (Արցախի «ժենկալով հացը» եւ աւանդական լաւաշը), կարպետագործութիւնը, թռչնագիր անուանատառեր գրելու արուեստը եւ ընկոյզի վրայ սարդակար (Սիւնիք-Արցախի յատուկ չարխափան) պատրաստելու վարժութիւնը։ Հիւր մասնագէտներ սորվեցուցին նաեւ քանդակագործութիւն, պար եւ ժողովրդային նուագարաններու գործածութիւն։

Բանակողները լսեցին նաեւ դասախօսութիւններ՝ «Սկաուտութիւնը եւ թուային աշխարհը», «Կեանքի հմտութիւններ» եւ Արցախի հարցին մասին։

Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական բանակումը լայնօրէն լուսաբանուեցաւ լրատուամիջոցներով եւ ընկերային ցանցերով։ Սկաուտներու յատուկ խմբակ մը ինը օր շարունակ նորութիւններով ողողեց հայ թէ օտար լրատուադաշտը, որ մեծապէս արձագանգեց համաշխարհային մրցանիշի արձանագրութեան, Երեւանի տողանցքին, Արագածի գագաթին մեծաթիւ սկաուտներու նուաճման եւ Ծիծեռնակաբերդ ու Եռաբլուր այցելութիւններուն։

Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 13-րդ բանակումը «Արարատի համար՝ կանգուն» նշանաբանով անգամ մը եւս հաստատեց, որ 108-ամեայ Հ.Մ.Ը.Մ.ը կը մնայ սերնդափոխութեան աւանդով տեւաբար ինքզինք վերանորոգող, առողջ ու նորարար միութիւն, որ գիտէ ժամանակին հետ քայլ պահել եւ միութիւնն ու հայութիւնը յաջողութենէ յաջողութիւն եւ մինչեւ… համաշխարհային իրագործումի առաջնորդել։

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Հաստատվել է «Հրայր Մարուխյան» հիմնադրա

Առաջադիմական հետազոտությունների եվրոպական հիմնադրամի (Foundation for European

14 Նոյեմբեր 2026
Ցեղասպանութիւնը ուրացողները եւ չՍփիւռք

Շուշիի մէջ Ալիեւ-Էրտողան տանդեմը կը տօնէ Քառասունչորսօրեայ պատերազմի յաղթանակը

14 Նոյեմբեր 2026
Արեւմտեան Գանատայի Հայ Դատի յանձնախում

ՎԱՆԳՈՒՎԸՐ.- Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի Արեւմտեան շրջանի ներկայացուցիչներ Յ

13 Նոյեմբեր 2026
Խօսողին Լսող Է Պէտք

Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցաւ ՀԱՊԿ-ի (Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակեր

13 Նոյեմբեր 2026
Ակնարկ. Իրանեան Ուղերձներ` Սպառնական-Գ

Իրանի հոգեւոր պետի խորհրդականին եւ փոխնախագահին` Հայաստանի ուղղութեամբ կատարած

13 Նոյեմբեր 2026
Փաշինյանը ցանկանում է նոր Սահմանադրութ

Նիկոլ Փաշինյանը կրկին կարող է ընդունել Ադրբեջանի նախագահ Իլհամ Ալիևի և Թուրքիա

12 Նոյեմբեր 2026
Հ.Յ.Դ. Աւստրալիոյ 53-րդ Շրջանային Ժողո

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Աւստրալիոյ կառոյցի 53-րդ Շրջանային Ժողովը սկսաւ

11 Նոյեմբեր 2026
Ո՛չ՝ պարտադրուած Սահմանադրութեան

Հայաստանի Սահմանադրութեան շուրջ ծաւալող պայքարը պարզապէս իշխանութեան եւ ընդդիմ

11 Նոյեմբեր 2026
Խաղաղութեան գինը …

Հայաստանի ներկայիս իշխանախումբը 2018 թւականին կառավարական համակարգը բռնազաւթել

11 Նոյեմբեր 2026
Ակնարկ. Թրքական Եւ Ազրպէյճանական Առաւե

Հայաստանի առաջին նախագահին գլխաւոր խորհրդականին տուած հարցազրոյցին ընթացքին հն

11 Նոյեմբեր 2026
Նոյեմբերի 9-ի դասերն ու միակողմանի զիջ

Նոյեմբերի 9-ը հայկական պետականության ռազմավարական սնանկության և սուբյեկտայնութ

11 Նոյեմբեր 2026
Փաշինյանի անիմաստ ելույթը Համաշխարհայի

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինյանը ելույթ է ունեցել նոյեմբերի 6-ին Երևանում անցկացված Հա

10 Նոյեմբեր 2026
ՀՀ ԱԺ «Հայաստան» խմբակցության հայտարար

Հայաստանում կալանքը վաղուց վերածվել է իշխանության քաղաքական հակառակորդներին լռ

10 Նոյեմբեր 2026
Ազգային օրակարգի շուրջ համախմբված կուս

Կալանավայրում մահացել է «Ուժեղ Հայաստան» կուսակցության՝ ՏԻՄ ընտրություններում

10 Նոյեմբեր 2026
Արցախի ի նպաստ հաւաք, լուռ քայլարշաւ ե

Կիրակի, Նոյեմբեր 8ի երեկոյեան, հայ համայնքի անդամները հաւաքուեցան Կլենտէյլի մէ

10 Նոյեմբեր 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Նամակ Մը

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը երէկ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի անդամ երկիրներ

10 Նոյեմբեր 2026
Ինչպէ՞ս Կարելի Է Համաձայն Ըլլալ Նիկոլ

Պէտք է իրերը կոչել իրենց անուններով։ Յայտարարելով, որ Հայոց ցեղասպանութեան միջ

09 Նոյեմբեր 2026
Նոյեմբերի 9-ից Պրահա․ ինչպես փոխվեց Ար

44-օրյա պատերազմը դադարեցվեց 2020 թվականի նոյեմբերի 9-ին՝ Հայաստանի, Ադրբեջանի

09 Նոյեմբեր 2026
Մեր հիմնական եւ առաջնային հարցը Արցախի

ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան հրատարակչական յանձնախումբը հետեւեալ հարցազրո

09 Նոյեմբեր 2026
«Հայաստան» խմբակցության պատգամավորներն

2020 թվականի նոյեմբերի 9-ի եռակողմ հայտարարության 6-րդ տարելիցի կապակցությամբ

09 Նոյեմբեր 2026
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company