Ակնարկ. Համակարգում Իտլիպի Մէջ` Վերահսկողութեան Եւ Արտօնութեան Միջեւ
15 Մարտ 2019 Մոսկուա-Անգարա պաշտպանութեան գերատեսչութիւններու պետերու միջեւ կնքուած համաձայնագիրի շրջագիծին մէջ, ըստ Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարին, սուրիական Իտլիպի մէջ կը հաստատուի գործողութիւններու համակարգման կեդրոն:Տարի մը առաջ ստորագրուած էր Իտլիպը ապառազմականացուած գօտիի վերածելու մասին համաձայնագիրը երկու երկիրներուն միջեւ: Այդ համաձայնագիրին հետեւողութեամբ է փաստօրէն նոր առաջադրանքը:
Հիմա կը բխի հետեւեալ հարցադրումը. համաձայնութիւնը կը վերաբերէր ապառազմականացնելուն: Ապառազմականացման համար կար անշուշտ քաղաքական երկու հիմնական ընկալում: Ռուսական կողմին համար շրջակայքի ահաբեկչական տարրերուն մաքրազտումն էր, մինչ Անգարայի համար` քրտական զինեալ ուժերու պարպումը:
Հիմա արդէն կը խօսուի գործողութիւններու համակարգումին մասին, ինչ որ մաքրազտումներու գործողութեան յաջորդող փուլն է: Այդ գործողութիւնները բնականաբար կ՛ունենան նաեւ ռազմական բնոյթ: Ապառազմականացումին պիտի յաջորդէ վերառազմականացումը` այլ տեսքով անշուշտ:
Նման համաձայնագիրով եւ համակարգումի կեդրոն ստեղծելով` Անգարան իր զինուորական ներկայութեան ապահովման համար ճիշդ է, որ քայլ կ՛արձանագրէ: Աւելի՛ն` քրտական գործօնի չէզոքացման ուղղութեամբ եւս նկատելի փուլ կը թեւակոխէ քրտական զինեալ ներկայութիւններու միջեւ կարեւոր կամուրջի մը վերահսկողութեամբ: Այդուհանդերձ իր ստացած ուղերձները` քիւրտերուն դէմ պատերազմական գործողութիւններուն կարմիր գիծերը չհատելու, կ՛ենթադրեն, որ քրտական գործօնը տակաւին պիտի շարունակէ մղձաւանջային դեր ունենալ Անգարայի համար, նաեւ սուրիական տարածքներու վրայ:
Անգարայի հետ ռազմավարական գետնի վրայ նման համագործակցութիւն իրականացնելով Մոսկուան փաստօրէն որոշակի առումով կը չէզոքացնէ թրքական աջակցութիւնը իսլամական ահաբեկչութեան տարրերուն: Ուժերու տեղաշարժը միայն քիւրտերուն չի վերաբերիր, այլ նաեւ իսլամական ահաբեկիչներուն: Երկկողմանի տեղաշարժերու ռազմաքաղաքական առեւտուրն է, որ դրսեւորում կը ստանայ Իտլիպի եւ անոր շրջակայքին մէջ:
Զտումի այս տեղաշարժային գործողութիւններէն ետք այժմ ներկայութեան, վերահսկողութեան եւ հետագայ ռազմաքաղաքական հեռանկարներուն ուղղութեամբ համակարգումի նախապատրաստութիւն կը յայտարարուի: Միացեալ կեդրոնը այդ կը յուշէ:
Հայկական ոսպնեակը այստեղ մանրադիտակի տակ կը բերէ Անգարայի յայտարարած եւ իրագործած կամ չիրագործած առաջադրանքային բաժինները: Թրքական ներկայութիւնը կամ համակարգումի կեդրոնը Անգարայի յանկերգած անվտանգութեան գօտիի բովանդակութենէն եւ տեսքէն հեռու է: Պարզ այն պատճառով, որ քրտական գործօնի աշխատելու հաւանականութիւնը չի բացառուիր այս ձեւով:
Հիմնականը սակայն, Անգարայի արդի դաշնակից Մոսկուայի գերակայութեան խնդիրն է, որ ակներեւ է, այն առումով, որ իրեն համար խիստ կենսական այս տարածքին մէջ ռազմական ամէն գործողութիւն Անգարան պէտք է համակարգէ Մոսկուայի հետ: Բնականաբար նոյնը չէ պարագան սուրիական այն տարածքներուն, ուր ռուսական զինուորական ներկայութիւն գոյութիւն ունի եւ ուր զինուորական շարժումները ռուսական առումով ինքնուրոյն կը կատարուին:
Քաղաքական տրամաբանութիւնը կը յուշէ, որ ռուսերը միայն Իտլիպի համար համակարգումի կեդրոն ստեղծելով պարզ կը դարձնեն, որ այլ տարածքներու վրայ առանց համակարգելու, ինքնուրոյն շարժելու առաձգականութիւնը ունին: Մինչդեռ թուրքերը, հիմնականին մէջ Իտլիպով շահագրգռուած պիտի համակարգեն ամէն քայլ իրենց ռուս գործընկերներուն հետ: Չէ բացառուած անշուշտ, որ սահմանափակ այլ առեւտրային համաձայնութիւններ իրենք զիրենք դրսեւորեն այլ տարածքներու վրայ: Պարզ է սակայն, որ ռուսական գերակայութիւնը երկրին մէջ թոյլ չի տար առանց համաձայնեցնելու, ինքնուրոյն գործողութիւններ կազմակերպել որեւէ երկրի, ներկայ պահու դրութեամբ:
«Ա.»
aztagdaily.com