Հայ գերիներու հարցով նամակներու ուղարկում Յունաստանի Հ.Յ.Դ. Հայ դատի յանձնախումբին կողմէ
10 Փետրվար 2021Ատրպէյճանի մէջ գերի պահուող հայորդիներու վերադարձի հարցը ամէնէն կարեւոր եւ արագ լուծում պահանջող խնդիրներէն մէկն է, որու լուծման համար ջանքեր կը գործադրուին համադրաբար։ Այս իմաստով, Յունաստանի Հ.Յ.Դ. Հայ դատի յանձնախումբը վերջերս նամակներ ուղարկեց Յունաստանի արտաքին գործոց նախարար Նիքոս Տենտիասին, ինչպէս եւ Հելլէն խորհրդարանի պաշտպանութեան եւ արտաքին հարցերու յանձնաժողովի նախագահ Գոսթաս Կիւլեքասին եւ 52 անդամ-երեսփոխաններուն, իրենց նկատողութեան յանձնելով հարցի կարեւորութիւնը եւ շեշտելով արագ միջամտութեան անհրաժեշտութիւնը։
Նամակին զուգահեռ խորհրդարանի անդամներուն տրամադրուեցան նաեւ Ատրպէյճանի ապօրինի արարքներուն կապուած փաստաթուղթերու թղթածրար եւ Հայաստանի մէջ մարդոց իրաւունքներու պաշտպանի զեկոյցի անգլերէն տարբերակը։
azator.gr