ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • Երիտասարդական
  • Լուրեր

Լիզպոնի Գործողութեան 38-Ամեակի Ոգեկոչում Եւ Հոգեհանգստեան Արարողութիւն

27 Հուլիս 2021

ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան Քարոզչական յանձնախումբին կազմակերպութեամբ, 25 յուլիս 2021-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատան մէջ տեղի ունեցաւ Լիզպոնի գործողութեան 38-ամեակի ոգեկոչում:

Լիզպոնի հերոսներու դամբարանին դիմաց տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն, որմէ ետք ոգեկոչման հանդիսութիւնը սկսաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն ունկնդրութեամբ:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Սոնիա Հաւաթեան, որ դիտել տուաւ, թէ աւանդութեան վերածուած ուխտին հաւատարիմ մնալով անգամ մը եւս հաւաքուած ենք վերանորոգելու համար մեր գաղափարական-յեղափոխական ուխտը եւ կատարելու մեր անցած ուղիի հաշուետուութիւնը: Ըստ անոր, 38 տարի շարունակ պահանջատէր հայ երիտասարդութիւնը Լիզպոնի հերոսներուն սուրբ գործը շարունակելու եւ Հայ դատի պայքարը ծաւալելու ու ընդարձակելու ուխտը կատարեց եւ իր կեանքը իմաստաւորեց` շարունակելով ծառայել ազգին, հայրենիքին եւ իր անժամանցելի դատին, ուր արձանագրուեցան կարեւոր արդիւնքներ եւ մեծ նուաճումներ, միւս կողմէ` Արցախ աշխարհը վերակերտեց իր հայկական ինքնութիւնը եւ դարձաւ անկախ ու ինքնիշխան, յանձնառու ու գաղափարական հայ երիտասարդութիւնը սփիւռքի տարածքին նաեւ շարունակեց պահանջատիրական պայքարի ջահը մի՛շտ բարձր պահել: Սոնիա Հաւաթեան ըսաւ, որ այս տարի տարբեր է պատկերն ու մթնորոլտը. «Այսօր կոտրած հոգիներով, հիասթափութեամբ եւ ներքին ուժեղ ու խոր անհանգստութեամբ հաւաքուած ենք դարձեալ, եւ դժուարութիւն ունինք մէկ բառ իսկ արտայայտելու: Ի՞նչ ըսենք, ափսոս ձեզի, տղա՛ք: Տղա՛ք, մենք պարտուեցանք, տղա՛ք, մենք ազգովին դարձեալ դաւաճանութեան զոհ դարձանք, տղա՛ք, օտարը մեզի դարձեալ կուլ տուաւ, մեր հողերը կորսնցուցինք եւ դեռ մաս առ մաս կը կորսնցնենք, տղա՛ք, ամբողջական Հայաստանի իտէալը մեզմէ խլելու փորձ կը կատարուի:

«Այսօր եկած ենք դարձեալ, մեր հերոսներու լուռ պատգամը լսելու, ի տես այն համազգային պատմական աղէտին, որ պատահեցաւ անցնող տարի, եւ հայու ձեռքով ու ամօթալի կերպով ստորագրուեցաւ Արցախ աշխարհի տարածքներու երկու երրորդի յանձնումը թշնամի թուրք- ազերիին: Արցախին, որուն համար անցնող 33 տարիներուն համայն հայութիւնը կատարեց հսկայածաւալ զոհողութիւններ եւ Արցախով շնչեց ու ապրեցաւ ամէն վայրկեան: Եկած ենք մեր հերոսներու սթափութեան կոչը առնելու եւ տարածելու հայրենիքի, Արցախի եւ սփիւռքի ամէն անկիւն եւ գոռալու մեր ամողջ էութեամբ», շեշտեց ան:

Սոնիա Հաւաթեան ԼԵՄ-ականներուն անունով ուխտեց հաստատակամ կերպով վերջ ըսել պարտուողական ընթացքին, վե՛րջ հայկական ասպետական ոգիի խամրումին, վե՛րջ ազգային արժէքներու նօսրացման եւ վե՛րջ այլասերման: Ան շեշտեց, որ 38 տարի ետք Լիզպոնի հերոսներու յիշատակի ոգեկոչման երիտասարդութիւնը եկած է պարտութիւնը դարձնելու մեծ փորձառութիւն, ապա` յաղթանակ, եկած է անբիծ պատուով երդուելու շարունակել պայքարը եւ վերատիրանալ ազգային արժանապատուութեան: «Կ՛երդնունք, որ Հայ յեղափոխութեան, Հայ դատի պայքարի եւ հայրենիքի պաշտպանութեան սուրբ գործին համար ինկած մեր բոլոր հերոսներուն, եւ մանաւա՛նդ արցախեան վերջին պատերազմին ինկած մեր 5000 մատղաշ տղոց արիւնը յօդս պիտի չցնդի, եւ մենք ու գալիք սերունդները պիտի ընդարձակեն պայքարը», եզրափակեց Սոնիա Հաւաթեան:

Ապա գեղարուեստական բաժինով նուագեց ԼԵՄ-ի պենտը:

Օրուան պատգամը ուղղեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Դաւիթ Գազանճեան, որ ըսաւ, թէ Լիզպոնի գործողութիւնը իր ամբողջութեան մէջ պէտք է տեսնել` իբրեւ ուսումնասիրելի գործողութիւն, իր ժամանակաշրջանին, իր վայրին եւ իր իւրայատկութեան մէջ: Ան նշեց, թէ այս գործողութիւնը իր մէջ ունեցաւ 1890-ականներէն ծնունդ առած հայ պահանջատիրական եւ ցուցական աքթերը, իր տեսակով նման էր Պանք Օթոմանի գրաւման, Խանասորի արշաւանքին, նման է նաեւ եւ անկասկած «Նեմեսիս» գործողութիւններու շարքին, արդարեւ, բոլոր պարագաներուն ալ առաւելագոյնը կատարուեցաւ խնայելու անմեղներուն, նաեւ 1920-ականներուն ծնունդ առած, ծրագրուած եւ ի գործ դրուած հսկայական աշխատանքը շարունակուեցաւ Լիզպոնով, որ փաստեց համայն աշխարհին եւ ի մասնաւորի արիւնարբու թուրքին, թէ որքա՛ն ալ անցնին տարիներ, ազատամիտ, ազատատենչ, ազգասէր եւ պահանջատէր հայ երիտասարդները ամէն գնով պիտի մերժեն անարդարութիւնը եւ հետապնդեն իրենց իրաւունքները:

«Լիզպոնի տղաքը եկան այս բոլոր միտքերը գործի դնելու` համոզուած, որ միայն զէնքով կայ հայոց փրկութիւն, որ միայն ու միայն պէտք է ապաւինիլ մեր բազուկներուն եւ չփնտռել ողորմութիւն կամ թէկուզ օժանդակութիւն այլոց մօտ: Եղան լռութեան շղթան կտրողները, շղթայ մը, որ մեր ազգը կապած էր դարեր շարունակ եւ կաշկանդած ազատ արտայայտուիլ: Եղան կարմիր գիծերը շրջանցողները, գիծեր, որոնք երբեմն մենք մեզի համար գծած էինք մեր վախին եւ տատամսումին պատճառով: Լիզպոնի ողջակէզները եղան այս բոլոր օրէնքները խախտողները եւ եկան փաստելու, որ այս անարդար աշխարհին մէջ միայն մէկ օրէնք կայ, այդ ալ ուժն է», դիտել տուաւ ան:

Դաւիթ Գազանճեան նշեց, որ Լիզպոնի պայթումին ձայնի ուժգնութիւնը ցնցեց ամբողջ աշխարհը, մասնաւորապէս եւրոպական պետութիւնները եւ ի մասնաւորի Թուրքիան, անոր արձագանգները դրական ազդեցութիւն ունեցան մեր նորօրեայ պայքարին վրայ, օտար պետութիւններ աւելի լրջութեամբ սկսան հետաքրքրուիլ Հայ դատով եւ անոր արդար պահանջատիրութեամբ, անոնք գիտակցեցան, թէ տակաւին կան պահանջատէր երիտասարդներ, որոնք ուխտած են անպատիժ չձգել Ցեղասպանութիւն ծրագրած եւ գործադրած Օսմանեան կայսրութեան ժառանգորդները, ի զուր չէր, որ շատ կարճ ժամանակ ետք բազմաթիւ պետութիւններ սկսան պաշտօնապէս ճանչնալ եւ դատապարտել Հայոց ցեղասպանութիւնը:

Բանախօսը յայտնեց, որ Լիզպոնի հինգ անձնազոհները եղան մղիչ ուժ եւ ներշնչարան յաջորդ սերունդներուն, որոնց մէջ եղան արցախեան պահանջատիրական աշխատանքներուն լծուածներ, տղոց երազը գործնապէս հետապնդողներ:

«Սակայն այսօր ժամանակներն ու պայմանները փոխուած են, մեր հեռաւոր, բայց մեր սրտին հետ բաբախող Արցախը վիրաւոր է եւ աւելի քան երբեք կարիք ունի խոհեմ, քաջասիրտ եւ այժմէականացած երիտասարդներու: Երիտասարդներ, որոնք լաւապէս ըմբռնած են Լիզպոնի տղոց ձգած պատգամը, երիտասարդներ, որոնք, գիտեն հողին արժէքը, երիտասարդներ, որոնք համոզուած են այն գաղափարին, որ հաւաքական շահը վեր է անձնականէն, երիտասարդներ, որոնք գիտեն զատորոշել լաւն ու վատը, ազգայինն ու ապազգայինը: Կասկած չկայ, որ ԼԵՄ-ի շարքերը լեցուն են նման երիտասարդներով, որոնք երդուած են, թէկուզ մահուան գնով, պահել մեր հայրենիքի ներկայ սահմանները եւ ճիգ չխնայել ընդարձակելու պայքարը` վերատիրանալու մեր պապենական ու պատմական հողերուն: Կան բազմաթիւ ԼԵՄ-ականներ, որոնք գիտեն պահել Լիզպոնի տղոց կամքը, համոզումով կ՛երազեն ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի մը մասին, որ իրականութիւն կը դառնայ ազգաշունչ հայ իշխանով: ԼԵՄ-ի շարքերը լեցուն են պարտութիւն չգիտցող հայ երիտասարդներով, պարտութիւնը մերժող եւ պարտութեան ընդմէջէն ուժ հաւաքող երիտասարդութեամբ», հաստատեց Դաւիթ Գազանճեան:

Ան նշեց, որ այսօր պարտին ներում հայցել Արայէն, Վաչէէն, Սագոյէն, Սիմոնէն եւ Սեդրակէն, Պետոյէն, Վարդանէն եւ Մերուժանէն: «Մեր ազգը չկրցաւ պահել իրենց երազը իրականութիւն դարձուցած, մեր նահատակ կամ պայքարը յաջողութեամբ աւարտած մեր ընկերներուն սուրբ գործը եւ անգամ մը եւս քանի մը քայլ նահանջելով` կորսնցուցինք Արցախ աշխարհի կարեւորագոյն բաժինները եւ աւելի՛ն` վտանգի տակ մնացին Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայ սահմանները:

«Այս մտախառն եւ հակասական զգացմունքներով լեցուն ժամանակաշրջանին, հայ երիտասարդութեան եւ մասնաւորաբար ԼԵՄ-ականներու ուսերուն դրուած է ծանր բեռ: Ինչպէս Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի օրերուն ԼԵՄ-ական տղաքը եղան մեր հայահոծ թաղերը պաշտպանողները եւ հայ կարիքաւոր ընտանիքներուն հասնողները, այսօր եւս նոյն մարտահրաւէրին առջեւ կը գտնուինք եւ ականատես կ՛ըլլանք ԼԵՄ-ականներու անձնազոհ աշխատանքին: Լիբանանի դիմագրաւած տնտեսական այս ճգնաժամային օրերուն բազմաթիւ տղաք ու աղջիկներ օրական դրութեամբ կը փութան հայ ընտանիքներու օժանդակութեան: Համաճարակի թէ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի օրերուն ԼԵՄ-ական տղոց աշխատանքը կարելի չէ անտեսել եւ չգնահատել», շեշտեց բանախօսը:

Ապա խօսքին վերջին բաժինով ԼԵՄ-ականներուն դիմելով` Դաւիթ Գազանճեան ըսաւ, որ անոնք կոչուած են ըլլալու պատասխանատու եւ գործը ստանձնողներ, կոչուած են ըլլալու արի ու յանձնառու մնալու, հայրենասէր` Լիզպոնի մեր հերոսներուն նման, կոչուած են տէր կանգնելու իրենց ուխտին եւ երդումին, կոչուած են նեցուկ ու յենարան ըլլալու ազգին, նաեւ պարտին սթափութեան հրաւիրելու անտարբեր երիտասարդները, որոնք օրէ օր կը պարպուին հայութենէ եւ կը տառապին օտարամոլութենէ, պարտին յեղափոխականացնել մեր ժողովուրդի միտքն ու հոգին` իրենց կարգապահութեամբ, մարտունակութեամբ եւ գործով, պարտին վառ պահել Լիզպոնի տղոց ջահը եւ փոխանցել սերունդէ սերունդ, պարտին ապրիլ հայօրէն, գործել հայօրէն եւ կառչած մնալ հայկականին ու ազգայինին:

Ձեռնարկը վերջ գտաւ «Վէրքերով լի» երգով:

aztagdaily.com

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Փաշինյանը հակահայկական հայտարարություն

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինյանը 2026 թ. սեպտեմբերի 17-ին Երևանում ելույթ ունեցավ «Համ

22 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Դերերու բաշխում, ոչ թէ հակ

23 Օգոստոս 1990-ին, Հայաստանի համաժողովրդային շարժումին յաջորդեց Անկախութեան հ

22 Սեպտեմբեր 2026
Տեղի ունեցավ «Հայաստան» խմբակցության մ

Այսօր՝ սեպտեմբերի 22-ին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագույն մարմնի ներկայացուցիչ, ԱԺ «Հայա

22 Սեպտեմբեր 2026
Հ․Հ․ Անկախութեան Խաւարային Ստուերը՝ 44

«Դուք չէք կրնար նկարագիր եւ քաջութիւն կերտել՝ մարդոցմէ խլելով իրենց նախաձեռնու

22 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական.- Հայաստանը՝ 35 Տարեկան

1991ի Սեպտեմբեր 21ին, երբ Հայաստան անկախութիւն հռչակեց Խորհրդային Միութենէն, ի

21 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Սեպտեմբերի 21. Պետականութի

Այսօր 2026 թ. Սեպտեմբերի 21-ը Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախութեան 35-ամեակ

21 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Անկախութիւն՝ բայց ի՞նչ տես

Հայաստանի անկախութեան 35-ամեակը բնականաբար առիթ է տօնելու, բայց միեւնոյն ժաման

21 Սեպտեմբեր 2026
ՀՅԴ Հայ Դատի Եվրոպայի գրասենյակը՝ Հայ

ՀՅԴ Հայ Դատի Եվրոպայի գրասենյակը ջերմագին մաղթանքներ է հղում և սրտանց շնորհավո

21 Սեպտեմբեր 2026
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագույն մարմնի հայտարա

Սիրելի՛ հայրենակիցներ, 1991 թվականի սեպտեմբերի 21-ին հայ ժողովուրդը վերահաս

21 Սեպտեմբեր 2026
Կեղծ խաղաղության կարգախոսների ներքո շա

Սեպտեմբերի 21-ի կապակցությամբ ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոբերտ Քոչարյանի ուղերձը.

21 Սեպտեմբեր 2026
Անկախութեան 35 տարիները՝ հաշուեկշիռ եւ

­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան վե­րան­կա­խաց­ման 35-ա­մեա­կը ա­ռիթ է վե­րար

21 Սեպտեմբեր 2026
Վերակառուցումէն Հռչակագիր, Ապա Անկախու

Հայաստանի վերանկախացման թուականի` 21 սեպտեմբեր 1991-ի 35-ամեակն է այս տարի:

21 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Գերիշխանութեան Պահպանման Հ

Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման տօնի նշումին արդիական հնչեղութիւն ապահո

21 Սեպտեմբեր 2026
Յայտարարութիւն ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի

Դաշնակցութեան դէմ բանաւոր յարձակումը, որ դարձեալ բռնկած է ՔՊ-ի կողմէ այս օրերո

21 Սեպտեմբեր 2026
Մուսա Լերան Հերոսամարտի 111-Ամեակի Եւ

Անցնող շաբաթավերջին, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական-

21 Սեպտեմբեր 2026
Մուսա Լերան Անմար Կրակը` Անցեալէն Դէպի

Սեպտեմբերեան այս օրերուն մեր նախահայրերուն յիշատակն է, որ կը լեցնէ մեր հոգիներ

20 Սեպտեմբեր 2026
Յայտարարութիւն Հ.Յ.Դ. Իրանի Հիւսիսային

Վերջին օրերին Հայաստանի Ազգային ժողովի ամբիոնից հնչեց յայտարարութիւն՝ դաշնակցա

20 Սեպտեմբեր 2026
Պարտավոր ենք հիշել․ ՀՅԴ Արցախի երիտասա

2020 թվականի 44-օրյա պատերազմը և 2023 թվականի սեպտեմբերի 19-ին Արցախի դեմ սանձ

20 Սեպտեմբեր 2026
Քաղաքացիություն ստանալը դժվարացնում են

Ըստ ՀՅԴ Հայ դատի և քաղաքական հարցերի գրասենյակի ղեկավարի` սփյուռքը չի կարող խա

20 Սեպտեմբեր 2026
Սեպտեմբերյան պատերազմները․․․

Երբեք չեմ հասկացել, թե ինչու՞ է 2020 թվականի սեպտեմբերի 27-ին Ադրբեջանի սանձազ

19 Սեպտեմբեր 2026
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company