ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • Հայ դատ
  • Լուրեր

Յու­նա­հա­յու­թիւ­նը հա­մա­խումբ շար­քե­րով ո­գե­կո­չեց ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան 107-ա­մեա­կը

18 Ապրիլ 2022

Անց­նող շա­բա­թա­վեր­ջին, հա­յա­հոծ շրջան­նե­րուն մէջ, Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բի եւ շրջան­նե­րու մարզ­պե­տու­թեանց հա­մա­կազ­մա­կեր­պու­թեամբ, ժո­ղովր­դա­յին լայն մաս­նակ­ցու­թեամբ եւ մեծ ո­գե­ւո­րու­թեամբ ո­գե­կո­չո­ւե­ցաւ ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան 107-ա­մեա­կը, ո­րուն ըն­թաց­քին հա­յու­թիւ­նը ան­գամ մը եւս բարձ­րա­ցուց իր բո­ղո­քի ձայ­նը ընդ­դէմ թուրք-ատր­պէյ­ճա­նա­կան ա­րարք­նե­րուն, պա­հան­ջե­լով ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նա­չումն ու հա­տու­ցու­մը եւ դա­տա­պար­տե­լով ­Հա­յաս­տա­նի ու Ար­ցա­խի վրայ շղթա­յա­զեր­ծուած յար­ձա­կո­ղա­կա­նու­թիւ­նը։

Ն­կա­տե­լով, թէ ­Յու­նաս­տա­նի մէջ 24 Ապ­րի­լի օ­րը կը զու­գա­դի­պի յու­նաց Ս. ­Զա­տի­կին, ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բի եւ մարզ­պե­տու­թիւն­նե­րու կար­գադ­րու­թեամբ, յու­նա­հա­յու­թեան յար­գան­քի բո­լոր ե­լոյթ­նե­րը ի­րա­գոր­ծո­ւե­ցան շա­բաթ մը ա­ռաջ։

Ա­թէն­քի, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի, Թ­րա­կիոյ եւ ­Քա­լա­մա­թա­յի մէջ յու­նա­հայ ստո­ւար բազ­մու­թիւն­նե­րը, հա­մա­խումբ շար­քե­րով մաս­նակ­ցե­ցան յար­գան­քի ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն, ժո­ղովր­դա­յին բո­ղո­քի ցոյ­ցե­րուն եւ կեդ­րո­նա­կան քա­ղա­քա­կան ե­լոյթ­նե­րուն, ո­րոնց ներ­կայ ե­ղան, խօսք ա­ռին եւ դափ­նեպ­սակ­ներ զե­տե­ղե­ցին հել­լէն կա­ռա­վա­րու­թեան, խորհր­դա­րա­նի, կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու, մարզ­պե­տու­թիւն­նե­րու եւ քա­ղա­քա­պե­տու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը։

Հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թիւն ­Նէա Զ­միռ­նիի յու­շար­ձա­նին առ­ջեւ

­Շա­բաթ, 16 Ապ­րիլ 2022-ի ե­րե­կո­յեան, Ա­թէն­քի ա­րո­ւար­ձան­նե­րէն հա­յա­հոծ ­Նէա Զ­միռ­նիի ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան յու­շա­կո­թո­ղին առ­ջեւ, հայ յա­րա­նո­ւա­նու­թեանց կող­մէ տե­ղի ու­նե­ցաւ հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թիւն եւ գո­հա­բա­նա­կան մաղ­թանք, ի յի­շա­տակ ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան սրբա­դա­սո­ւած նա­հա­տակ­նե­րուն։ ­

­Կա­նու­խէն Հ.Մ.Ը.Մ.-ի ա­րի­նե­րը եւ ա­րե­նուշ­նե­րը, ­Հա­յաս­տա­նի, Ար­ցա­խի եւ ­Յու­նաս­տա­նի դրօշ­նե­րով պա­տո­ւոյ խումբ կազ­մած՝ պա­տո­ւի կ­՚առ­նէին ժա­մա­նող հիւ­րե­րը, իսկ տպա­ւո­րիչ պատ­կեր կը ներ­կա­յաց­նէր նաեւ ­Յու­նաս­տա­նի սպա­յից վար­ժա­րա­նին մէջ ու­սա­նող ա­պա­գայ հայ սպա­նե­րու պա­տո­ւոյ խում­բը։

­Ներ­կայ ե­ղան ­Յու­նա­հա­յոց Ա­ռաջ­նորդ ­Գե­ղամ արք. ­Խա­չե­րեան, ­Հայ կա­թո­ղի­կէ հա­մայն­քա­պետ ­Յով­սէփ Ծ.վրդ. ­Պէ­զա­զեան, ­Հայ ա­ւե­տա­րա­նա­կան հա­մայն­քի ա­ռաջ­նորդ ­Վե­րա­պա­տո­ւե­լի ­Վի­գէն ­Չո­լա­քեան, քա­հա­նա­յից դա­սը, Հ.Հ. ­Յու­նաս­տա­նի մէջ դես­պան պ. ­Տիգ­րան Մկրտ­չեան եւ զի­նո­ւո­րա­կան կցոր­դը, ­Յու­նաս­տա­նի խորհր­դա­րա­նի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ե­րես­փո­խան պ. ­Վա­սի­լիս Ս­փա­նա­քիս, Ա­թէն­քի մարզ­պե­տու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ տիկ. ­Տի­միթ­րա ­Նա­նու, ­Նէա Զ­միռ­նիի քա­ղա­քա­պետ պ. Ս­թաւ­րոս ­Ծու­լա­քիս, ­Պոն­տա­կան միու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Խ­րիս­թոս ­Տի­մո­փու­լոս, Ազ­գա­յին վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ պ. ­Թագ­ւոր ­Յո­վա­կի­մեան, Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Կեդր. կո­մի­տէի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ընկ. Հ­ռիփ­սի­մէ ­Յա­րու­թիւ­նեան, Հ.Կ.­Խա­չի, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի, ­Հա­մազ­գա­յի­նի եւ Հ.Յ.Դ. Ե­րիտ. միու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը եւ մեծ թի­ւով հայ­րե­նա­կից­ներ։

Սր­բա­զան հօր գլխա­ւո­րու­թեամբ, հո­գե­ւոր դա­սը կա­տա­րեց հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թիւն, ա­ղօթք բարձ­րաց­նե­լով մէ­կու­կէս մի­լիոն սրբա­դա­սո­ւած նա­հա­տակ­նե­րուն հա­մար, որ­մէ ետք ե­լոյ­թի բա­ցու­մը կա­տա­րեց ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խու­մբի ան­դամ ընկ. ­Սեր­գօ ­Գափ­լա­նեան։ Ան անդ­րա­դար­ձաւ հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան ան­պատ­ժե­լիու­թեան ու յա­տուկ խօ­սե­ցաւ Ար­ցա­խի վրայ ի­րա­գոր­ծո­ւած 44-օ­րեայ պա­տե­րազ­մին մա­սին։Ըն­կե­րոջ խօս­քը կու տանք ա­ռան­ձին։

­Խօ­սե­լու հրա­ւի­րո­ւե­ցաւ ­Նէա Զ­միռ­նիի հա­յազ­գի փոխ­քա­ղա­քա­պետ պ. ­Վան­կե­լիս ­Խա­չա­տու­րեան, որ խօ­սե­ցաւ իր ու­նե­ցած ապ­րում­նե­րուն մա­սին ­Հա­յաս­տան եւ Ար­ցախ այ­ցե­լած ըլ­լա­լով, ա­պա բուռն դա­տա­պար­տեց թուր­քե­ւատր­պէյ­ճա­նա­կան յար­ձա­կու­մը Ար­ցա­խի վրայ, որ խլեց հա­զա­րա­ւոր հա­յոր­դի­նե­րու կեան­քը։ ­Փոխ քա­ղա­քա­պե­տը շեշ­տեց, որ թրքա­կան պե­տու­թիւ­նը պար­տի ա­ռե­րե­սո­ւիլ իր պատ­մու­թեան հետ ու ճանչ­նալ մարդ­կու­թեան դէմ գոր­ծած ո­ճիր­նե­րը։
­Յա­ջոր­դա­բար, տե­ղի ու­նե­ցաւ դափ­նեպ­սակ­նե­րու զե­տե­ղում։

­Յու­նա­հայ գա­ղու­թի ա­նու­նով դափ­նեպ­սա­կը զե­տե­ղեց ընկ. Գ­րի­գոր ­Ճա­նի­կեան, ­Յու­նաս­տա­նի սկաու­տա­կան խնա­մա­կա­լու­թեան կող­մէ պ. ­Տի­միթ­րիս ­Քա­լու­փիս, ­Հա­մա­պոն­տա­կան միու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ պ. Խ­րիս­թոս ­Տի­մո­փու­լոս, ­Նէա Զ­միռ­նիի քա­ղա­քա­պետ պ. Ս­թաւ­րոս ­Ծու­լա­քիս, Ա­թէն­քի ­Մարզ­պե­տու­թեան կող­մէ տիկ. ­Նա­նու, Հ.Հ. դես­պան պ. ­Տիգ­րան Մկրտ­չեան եւ խորհր­դա­րա­նին կող­մէ ե­րես­փո­խան պ. Ս­փա­նա­քիս։

­Հայ­կա­կան եւ յու­նա­կան ո­գերգ­նե­րու կա­տա­րու­մին ներ­քոյ, ժո­ղո­վուր­դը իր յար­գան­քի տուր­քը կա­տա­րեց յու­շար­ձա­նին առ­ջեւ, իր գլու­խը խո­նար­հե­լով ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան նա­հա­տակ­նե­րուն ան­մառ յի­շա­տա­կին։

­Ժո­ղովր­դա­յին բո­ղո­քի ցոյց դէ­պի թրքա­կան դես­պա­նա­տուն 

Շա­բաթ, 16 Ապ­րիլ 2022-ի ե­րե­կո­յեան, Ա­թէն­քի ա­րո­ւար­ձան­նե­րէն հա­յա­հոծ ­Նէա Զ­միռ­նիի ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան յու­շա­կո­թո­ղին առ­ջեւ, հայ յա­րա­նո­ւա­նու­թեանց կող­մէ տե­ղի ու­նե­ցաւ հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թիւն եւ գո­հա­բա­նա­կան մաղ­թանք, ի յի­շա­տակ ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան սրբա­դա­սո­ւած նա­հա­տակ­նե­րուն։

­
­Նէա Զ­միռ­նիի հայ­կա­կան յու­շար­ձա­նին առ­ջեւ կա­տա­րո­ւած ա­րա­րո­ղու­թե­նէն ետք, ժո­ղո­վուր­դը ուղ­ղո­ւե­ցաւ դէ­պի Ա­թէն­քի կեդ­րո­նա­կան ­Սին­տաղ­մա հրա­պա­րա­կը, ուր Հ.Յ.Դ. Ե­րիտ. միու­թեան տե­ղե­կա­տո­ւա­կան կրպա­կին առ­ջեւ մեր ե­րի­տա­սարդ­նե­րը եւ պա­տա­նի­նե­րը ար­դէն կը սպա­սէին մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րուն, կա­տա­րե­լու հա­մար բո­ղո­քի քայ­լար­շա­ւի եւ ցոյ­ցի մեկ­նար­կը դէ­պի թրքա­կան դես­պա­նա­տուն։

Ա­ւե­լի քան հա­զար հո­գի­նոց բազ­մու­թիւ­նը ճամ­բայ ե­լաւ ա­ռաջ­նոր­դու­թեամբ Հ.Յ.Դ. ­Պա­տա­նե­կան միու­թեան ան­դամ­նե­րուն, ո­րոնք բռնած էին մե­ծա­դիր ե­ռա­գոյն մը, տպա­ւո­րիչ տե­սա­րան մը ներ­կա­յաց­նե­լով ամ­բողջ քայ­լեր­թի ըն­թաց­քին։ ­Կը յա­ջոր­դէին Հ.Յ.Դ. Ե­րիտ. միու­թեան ան­դամ­նե­րը մեծ պաս­տառ­նե­րով եւ ե­ռա­գոյն դրօ­շակ­նե­րով, ո­րոնց ե­տե­ւէն կը հե­տե­ւէր ժո­ղո­վուր­դը։

­Քայ­լար­շա­ւի ամ­բողջ տե­ւո­ղու­թեան, բարձ­րա­խօս­նե­րէն կը լսո­ւէին ­Թուր­քիոյ եւ Ատր­պէյ­ճա­նի յար­ձա­կո­ղա­կա­նու­թիւ­նը դա­տա­պար­տող լո­զունք­ներ, հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը ճանչ­նա­լու կո­չեր, Ար­ցա­խի վրայ ատր­պէյ­ճա­նա­կան յար­ձա­կու­մը դա­տա­պար­տող կան­չեր, ո­րոնք մեր ե­րի­տա­սարդ­նե­րը եւ ժո­ղո­վուր­դը միա­բե­րան կ­՚ար­տա­յայ­տէին զօ­րա­ւոր բա­ցա­գան­չու­թիւն­նե­րով։

­Ժո­ղովր­դա­յին քայ­լար­շա­ւի հսկո­ղու­թիւ­նը ստանձ­նած էին ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բի ըն­կեր­նե­րը, իսկ ոս­տի­կա­նա­կան նկա­տա­ռե­լի ու­ժեր կը հե­տե­ւէին ու կը հսկէին եր­թին վրայ։

Ն­շենք, որ յու­նա­կան եւ օ­տար լրա­տո­ւա­մի­ջոց­նե­րու լրագ­րող­ներ եւ լու­սան­կա­րիչ­ներ հե­տե­ւե­ցան ցոյ­ցին եւ ար­ձա­գան­գե­ցին յու­նա­հա­յու­թեան պա­հան­ջա­տի­րա­կան ե­լոյթ­նե­րուն։

­Ժո­ղովր­դա­յին եր­թը հա­սաւ ­Ռի­ղի­լիս հրա­պա­րա­կին առ­ջեւ, թրքա­կան դես­պա­նա­տու­նէն քա­նի մը հա­րիւր մեթր հե­ռա­ւո­րու­թեան վրայ, ուր այս ան­գամ ալ, ոս­տի­կա­նա­կան զրա­հա­պատ ինք­նա­շարժ­ներ եւ յա­տուկ ու­ժեր փա­կած էին ճամ­բան դէ­պի դես­պա­նա­տան շէն­քը։ Եր­թը կանգ ա­ռաւ հրա­պա­րա­կին եւ կեդ­րո­նա­կան պո­ղո­տա­յին վրայ, ուր գոր­ծադ­րո­ւե­ցաւ յա­տուկ յայ­տա­գիր, մինչ պա­տա­նի­ներն ու ե­րի­տա­սարդ­նե­րը, դրօ­շակ­նե­րով եւ պաս­տառ­նե­րով, լայն շրջա­նակ մը կազ­մած էին, ո­րոնց ե­տին կանգ­նած էր ժո­ղո­վուր­դը։

Ե­րի­տա­սար­դա­կան միու­թեան ե­ռան­դամ պա­տո­ւի­րա­կու­թիւն մը ճամ­բայ ե­լաւ դէ­պի դես­պա­նա­տուն, յանձ­նե­լու հա­մար ժո­ղո­վուր­դի ա­նու­նով յու­շա­գիր մը դես­պա­նա­տան պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րուն։

­Միա­ժա­մա­նակ, յու­նա­կան քա­ղա­քա­կան կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու եւ պոն­տա­կան միու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը մէկ առ մէկ խօսք ա­ռին եւ բուռն դա­տա­պար­տե­ցին ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան ան­պա­տիժ մնա­ցած ըլ­լա­լու ի­րո­ղու­թիւ­նը, Ար­ցա­խի վրայ Ատր­պէյ­ճա­նի սան­ձա­զեր­ծած պա­տե­րազ­մը, ­Յու­նաս­տա­նի դէմ ­Թուր­քիոյ յար­ձա­կո­ղա­կա­նու­թիւ­նը եւ ռազ­մա­շունչ գրգռու­թիւն­նե­րը, թրքա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը եւ մե­ծա­պե­տա­կան շա­հա­գոր­ծում­նե­րը։

Հ.Յ.Դ. ­Պա­տա­նե­կան միու­թեան ան­դամ­ներ ­Նա­թա­լի Է­քի­զեան եւ ­Մա­րիա ­Մար­տի­կեան կար­դա­ցին ու­ղերձ­ներ ի­րենց միու­թեան ա­նու­նով, իսկ Ե­րիտ. միու­թեան ­Կեդր. վար­չու­թեան ա­նու­նով ընկ. ­Վազ­գէն ­Սա­վու­լեան ներ­կա­յա­ցուց հայ ե­րի­տա­սար­դու­թեան խօս­քը եւ ­Հայ դա­տի ի­րա­գործ­ման հա­մար պայ­քա­րե­լու խոս­տու­մը, յու­նա­հայ ե­րի­տա­սար­դու­թեան զօ­րակ­ցու­թիւ­նը յայտ­նե­լով Ար­ցա­խի մարտն­չող ե­րի­տա­սար­դու­թեան եւ ժո­ղո­վուր­դին։

Դժ­բախ­տա­բար, նա­խորդ տա­րի­նե­րուն նման, թրքա­կան դես­պա­նա­տան դռնե­րը ան­գամ մը եւս փակ մնա­ցին մեր ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն առ­ջեւ, ցոյց տա­լով թուրք պե­տու­թեան կող­մէ շա­րու­նա­կո­ւող լռու­թեան պա­տի կանգ­նու­մը ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան անժխ­տե­լի ի­րո­ղու­թեան դի­մաց։

Ոս­տի­կա­նա­կան ու­ժե­րու ցուց­մուն­քը՝ յու­շա­գի­րը դես­պա­նա­տան դի­մաց գտնո­ւող ծա­ռի մը վրայ զե­տե­ղե­լու մա­սին, կտրա­կա­նա­պէս մեր­ժո­ւե­ցաւ մեր ե­րի­տա­սարդ­նե­րու պա­տուի­րա­կու­թեան կող­մէ, ո­րոնք վե­րա­դար­ձան հա­ւա­քո­ւած ժո­ղո­վուր­դին մօտ ա­ռանց գի­րը յանձ­նած ըլ­լա­լու։ ­Տեղ­ւոյն վրայ, ե­րի­տա­սար­դա­կա­նի կող­մէ ընկ. ­Լո­ռի ­Գու­յում­ճեան բարձ­րա­խօ­սէն ար­տա­յա­տո­ւե­ցաւ կա­տա­րո­ւած դէպ­քին մա­սին դես­պա­նա­տան առ­ջեւ եւ բուռն ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րով դա­տա­պար­տեց թրքա­կան մեր­ժու­մը։ Ան շեշ­տեց, որ հայ ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը պի­տի շա­րու­նա­կէ իր ան­դուլ պայ­քա­րը, ընդ­դէմ թրքա­կան ժխտո­ղա­կա­նու­թեան, մինչ ներ­կայ ժո­ղո­վուր­դը բարձրա­գոչ ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րով իր ընդվ­զու­մը յայտ­նեց կա­տա­րո­ւած ի­րո­ղու­թեան հա­մար։

Ե­րի­տա­սարդ­նե­րը ճամ­բուն վրայ զե­տե­ղե­ցին մէ­կու­կէս մի­լիոն թի­ւը խորհր­դան­շող եր­կար պա­րան մը, որ վա­րե­լով ստեղ­ծեց կայծկլ­տող պատ­կեր մը, իսկ չորս պա­տա­նի­ներ օ­դին վրայ ար­ձա­կե­ցին լու­սա­ւո­րո­ւած մեծ պա­րիկ­ներ, ո­րոնց մէջ վա­ռած կրա­կը խո­յա­ցաւ դէ­պի վեր, խորհր­դան­շե­լով մեր ժո­ղո­վուր­դի նա­հա­տա­կու­թեան լու­սա­ւոր յի­շո­ղու­թիւ­նը եւ յար­գան­քը։

­Ժո­ղովր­դա­յին բազ­մա­մա­մարդ ցոյ­ցը վերջ գտաւ ժո­ղո­վուր­դին կող­մէ հայ­կա­կան եւ յու­նա­կան ո­գերգ­նե­րու միա­բե­րան կա­տա­րու­մով։

azator.gr

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
ՀՀ ԱԺ «Հայաստան» խմբակցության հայտարար

Հայաստանում կալանքը վաղուց վերածվել է իշխանության քաղաքական հակառակորդներին լռ

10 Նոյեմբեր 2026
Ազգային օրակարգի շուրջ համախմբված կուս

Կալանավայրում մահացել է «Ուժեղ Հայաստան» կուսակցության՝ ՏԻՄ ընտրություններում

10 Նոյեմբեր 2026
Արցախի ի նպաստ հաւաք, լուռ քայլարշաւ ե

Կիրակի, Նոյեմբեր 8ի երեկոյեան, հայ համայնքի անդամները հաւաքուեցան Կլենտէյլի մէ

10 Նոյեմբեր 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Նամակ Մը

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը երէկ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի անդամ երկիրներ

10 Նոյեմբեր 2026
Ինչպէ՞ս Կարելի Է Համաձայն Ըլլալ Նիկոլ

Պէտք է իրերը կոչել իրենց անուններով։ Յայտարարելով, որ Հայոց ցեղասպանութեան միջ

09 Նոյեմբեր 2026
Նոյեմբերի 9-ից Պրահա․ ինչպես փոխվեց Ար

44-օրյա պատերազմը դադարեցվեց 2020 թվականի նոյեմբերի 9-ին՝ Հայաստանի, Ադրբեջանի

09 Նոյեմբեր 2026
Մեր հիմնական եւ առաջնային հարցը Արցախի

ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան հրատարակչական յանձնախումբը հետեւեալ հարցազրո

09 Նոյեմբեր 2026
«Հայաստան» խմբակցության պատգամավորներն

2020 թվականի նոյեմբերի 9-ի եռակողմ հայտարարության 6-րդ տարելիցի կապակցությամբ

09 Նոյեմբեր 2026
Բագրատունի. «Կը Զգուշացնենք Զէնքի Մենա

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի

09 Նոյեմբեր 2026
Հարաւային Ամերիկայի ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմ

Նոյեմբեր 9 - Ազգային յիշողութեան վրայի վէրքը եւ Հայաստանին ապագային հանդէպ յան

09 Նոյեմբեր 2026
Ակնարկ. Վճարամիջոց-Մանրադրամի Պատրուակ

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը ա

09 Նոյեմբեր 2026
ՀՄԸՄ-ի Միջդիւանական 12-րդ Խորհրդաժողով

Ուրբաթ, 6 նոյեմբերի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Երեւանի «Քոնկրես» հիւրանոցին մէջ ի

07 Նոյեմբեր 2026
Հայ դատի կենտրոնական խորհրդի հայտարարո

Հայ դատի կենտրոնական խորհուրդը ՄԱԿ-ի Անվտանգության խորհրդի անդամներին և ՄԱԿ-ի

06 Նոյեմբեր 2026
Համազգային Համախմբում

Չորեքշաբթի, 4 նոյեմբերի վաղ առաւօտուն Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութ

06 Նոյեմբեր 2026
Արտահերթ ընտրությունների գնալու միակ տ

Երեկ տեղի ունեցած հավաքում քննարկվել է ընդհանուր ստեղծված իրավիճակը, բռնաճնշու

05 Նոյեմբեր 2026
ՀՄԸՄի Միջդիւանական 12րդ Խորհրդաժողովը

ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան կազմակերպութեամբ, Նոյեմբեր 5ի առաւօտեան, Երեւանի «

05 Նոյեմբեր 2026
Հայ դատի Ամերիկայի հանձնախմբի աջակցութ

2026 թ. Կոնգրեսի միջանկյալ ընտրություններում ամերիկահայ ընտրողները նկատելի ազդ

05 Նոյեմբեր 2026
Ընդդիմադիր ուժերը հայտարարում են համազ

Մենք՝ ներքոստորագրյալ հայաստանյան քաղաքական ուժերս, գիտակցելով հայ ժողովրդի և

05 Նոյեմբեր 2026
Հ.Յ.Դ. Երիտասարդականը IUSY-ի միջազգայ

26-էն 31 Հոկտեմբեր 2026-ին, Ընկերվար Երիտասարդներու Միջազգային Միութեան (IUSY)

04 Նոյեմբեր 2026
Սա կարող է հնարավորություն ընձեռել ընդ

«Բարգավաճ Հայաստան» կուսակցության ղեկավար Գագիկ Ծառուկյանի գործով դատական նիստ

04 Նոյեմբեր 2026
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company