ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • Հայ դատ
  • Լուրեր

Հայոց ցեղասպանութեան 107-ամեակի քաղաքական ոգեկոչական ելոյթ Աթէնքի մէջ

19 Ապրիլ 2022

Յու­նաս­տա­նի մէջ նշո­ւած ­­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան 107-ա­մեա­կի ո­գե­կո­չա­կան ե­լոյթ­նե­րու շար­քին, ­­Կի­րա­կի, 17 Ապ­րիլ 2022-ի ա­ռա­ւօ­տեան, Ա­թէն­քի պա­տե­րազ­մա­կան թան­գա­րա­նի շքեղ սրա­հին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ կեդ­րո­նա­կան քա­ղա­քա­կան ե­լոյ­թը, ներ­կա­յու­թեամբ յոյն եւ հայ բազ­մու­թեան, բարձ­րաս­տի­ճան պե­տա­կան, քա­ղա­քա­կան, զի­նո­ւո­րա­կան անձ­նա­ւո­րու­թիւն­նե­րու եւ հո­գե­ւոր դա­սուն։

Ինչ­պէս նշած էինք մեր նա­խորդ թի­ւով, ե­լոյթ­նե­րու ամ­բողջ շար­քը ի­րա­գոր­ծո­ւե­ցաւ Հ.Յ.Դ. ­­Յու­նաս­տա­նի ­­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բի եւ Ա­թէն­քի, ­­Թե­սա­ղո­նի­կէի ու Թ­րա­կիոյ մարզ­պե­տու­թիւն­նե­րու հա­մա­կազ­մա­կեր­պու­թեամբ։

Ս­րա­հի մուտ­քին պա­տո­ւոյ խումբ կազ­մած էին Հ.Մ.Ը.Մ.-ի ա­րի-ա­րե­նուշ­նե­րը, ո­րոնք մէկ առ մէկ պա­տո­ւի ա­ռին ժա­մա­նող հիւ­րե­րը։ ­­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բի ան­դամ­նե­րը դի­մա­ւո­րե­ցին բո­լոր հիւ­րե­րը եւ ա­ռաջ­նոր­դե­ցին ի­րեն հա­մար նկա­տի առ­նուած տե­ղե­րը։ ­­Նաեւ սրա­հի նա­խա­մուտ­քին, զե­տե­ղո­ւած էին մե­ծա­դիր պաս­տառ­ներ, ո­րոնց վրայ կ­­՚ե­րե­ւէին նկար­ներ ­­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան եւ ­­Փոքր Ա­սիոյ ա­ղէ­տի պատ­մա­կան ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րէն։

­­Ներ­կայ ե­ղան ­­Յու­նաս­տա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց փոխ­նա­խա­րար ­­Քոնս­թան­տի­նոս Ֆ­րա­կոեան­նիս, հել­լէն խորհր­դա­րա­նի փոխ­նա­խա­գահ ­­Նի­քի­թաս ­­Քաք­լա­մա­նիս, Ա­թէն­քի եւ հա­մայն ­­Յու­նաս­տա­նի Իէ­րո­նի­մոս ար­քե­պիս­կո­պո­սի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ­­Ղաւ­րիիլ վար­դա­պե­տը, ­­Սի­րի­զա եւ ­­Քի­նալ կու­սակ­ցու­թեանց նա­խա­գահ­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը Ա­լեք­սանտ­րոս Թ­րիան­տա­ֆի­լի­տիս եւ ­­Ռոք­սա­նի ­­Պէի, հայ յու­նա­կան խորհր­դա­րա­նա­կան բա­րե­կա­մու­թեան նա­խա­գահ ե­րես­փո­խան ­­Տի­միթ­րիս ­­Մաք­րո­փու­լոս, ե­րես­փո­խան­ներ Եոր­ղոս ­­Քու­մու­ցա­քոս, Օլ­կա ­­Քե­ֆա­լոեան­նի եւ Իոան­նիս Թ­րա­ղա­քիս, եւ­րոե­րես­փո­խան Ան­նա-­­Մի­շէլ Ա­սի­մա­քո­փու­լու, Ատ­տի­կէի մարզ­պետ Եոր­ղոս ­­Փա­թու­լիս, Ա­թէն­քի, ­­Նէա Զ­միռ­նիի եւ ­­Մա­րա­թո­նա­յի փոխ­քա­ղա­քա­պետ­ներ Իոան­նիս ­­Պա­քա­ցե­լոս, ­­Վան­կե­լիս ­­Խա­չա­տու­րեան եւ Է­վան­կե­լոս ­­Քի­փա­րի­սիս։

­­Նաեւ ներ­կայ ե­ղան ­­Յու­նաս­տա­նի մէջ հրէա­կան հա­մայն­քի ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը, զի­նո­ւո­րա­կան, օ­տար դես­պա­նա­տու­նե­րու, ­­Յու­նաս­տա­նի հա­մա­պոն­տա­կան միու­թեան, ­­Յու­նաս­տա­նի ա­սո­րի­նե­րու միու­թեան, դա­տա­կան եւ կրօ­նա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը։

­­Հայ­կա­կան կող­մէն ներ­կայ ե­ղան ­­Յու­նա­հա­յոց Ա­ռաջ­նորդ ­­Գե­ղամ արք. ­­Խա­չե­րեան, հայ ա­ւե­տա­րա­նա­կան հա­մայն­քի վե­րա­պա­տո­ւե­լի ­­Վի­գէն ­­Չո­լա­քեան, քա­հա­նա­յից դա­սը, ­­Հա­յաս­տա­նի ­­Հան­րա­պե­տու­թեան ար­տա­կարգ եւ լիա­զօր դես­պան ­­Տիգ­րան Մկրտ­չեան, Ազ­գա­յին վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ ­­Թագ­ւոր ­­Յո­վա­կի­մեան, Հ.Յ.Դ. ­­Բիւ­րո­յի ան­դամ ընկ. Մկր­տիչ Մկր­տի­չեան, Հ.Յ.Դ. ­­Յու­նաս­տա­նի ­­Կեդ­րո­նա­կան կո­մի­տէի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ընկ. Հ­ռիփ­սի­մէ ­­Յա­րու­թիւ­նեան, ­­Մե­ծի ­­Տանն ­­Կի­լի­կիոյ կա­թո­ղի­կո­սու­թեան Ազ­գա­յին կեդր. վար­չու­թեան ան­դամ Ար­մէն ­­Տէ­րեան, Հ.Կ.­­Խա­չի, ­­Հա­մազ­գա­յի­նի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Շրջ. ­­Վար­չու­թեանց ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը եւ մեծ թի­ւով հայ­րե­նա­կից­ներ։

­­Հայ­կա­կան եւ յու­նա­կան ո­գերգ­նե­րու ունկնդ­րու­թե­նէն ետք, ե­լոյ­թի բա­ցու­մը կա­տա­րեց ընկ. ­­Յա­րու­թիւն Ս­պար­թա­լեան, որ վայր­կեա­նի մը յոտն­կայս լռու­թեամբ խնդրեց յար­գել ­­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան զո­հե­րու յի­շա­տա­կը։ ­­Յա­ջոր­դա­բար, անդ­րա­դար­ձաւ հայ-յու­նա­կան պատ­մա­կան կա­պե­րուն եւ եր­կու ժո­ղո­վուրդ­նե­րուն վրայ գոր­ծո­ւած ան­մարդ­կա­յին ո­ճիր­նե­րուն նոյն ցե­ղաս­պա­նի ձեռ­քով։ Ան մաս­նա­ւո­րա­պէս շեշ­տեց. «­­Մեր եր­կու ժո­ղո­վուրդ­նե­րու զու­գա­հեռ պատ­մու­թեամբ պի­տի շա­րու­նա­կենք ար­դա­րու­թիւն պա­հան­ջել ­­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան, ­­Փոքր Ա­սիոյ յոյ­նե­րու, պոն­տա­ցի­նե­րու եւ ա­սո­րի­նե­րու ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­նե­րու հա­տուց­ման հա­մար։ ­­Չենք կրնար մոռ­նալ ­­Փոքր Ա­սիոյ ա­ղէ­տը, չենք կրնար մոռ­նալ ­­Կիպ­րո­սի մէջ ներ­խու­ժու­մը։ ­­Մեր ամ­բողջ ու­ժով, պի­տի պայ­քա­րինք ար­դա­րու­թեան հա­տուց­ման հա­մար մեր ժո­ղո­վուրդ­նե­րուն»։

­­Բե­մի պաս­տա­ռին վրայ ցու­ցադ­րո­ւե­ցաւ կարճ տե­սա­նիւթ մը, ո­րուն մէջ ե­րեւ­ցան նկար­ներ ­­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան ար­հա­ւիր­քէն, ինչ­պէս նաեւ ցու­ցադ­րո­ւե­ցան պատ­կեր­ներ եւ տե­սա­րան­ներ ­­Փոքր Ա­սիոյ ա­ղէ­տէն, ­­Յու­նաս­տա­նի մէջ հաս­տա­տո­ւած գաղ­թա­կա­նու­թեան ա­ռա­ջին օ­րե­րէն, նաեւ յու­նա­հայ գա­ղու­թի ստեղ­ծա­գործ եւ պա­հան­ջա­տի­րա­կան ե­լոյթ­նե­րու շար­քէն, ո­րոնք տաս­նա­մեակ­նե­րու վրայ ծա­ւա­լած են եւ ցոյց կու տան հայ ժո­ղո­վուր­դի պայ­քա­րե­լու եւ վերջ­նա­կան հա­տու­ցում պա­հան­ջե­լու ո­գին։

­­Յու­նաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան ու վար­չա­պե­տին ա­նու­նով խօսք ա­ռաւ ար­տա­քին գոր­ծոց փոխ­նա­խա­րար ­­Քոս­թաս Ֆ­րա­կոեան­նիս, որ նշեց. «­­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը ե­ղաւ մարդ­կու­թեան հան­դէպ ա­մէ­նէն քսմտե­լի ո­ճիր­նե­րէն մէ­կը։ Ինձ­մէ ա­ւե­լի մաս­նա­գէտ­նե­րէ լսած եմ, որ ցե­ղաս­պա­նու­թեան վեր­ջին ա­րա­րը մո­ռա­ցու­թիւնն է, ճա­նաչ­ման լրիւ վե­րա­ցու­մը։ ­­Պէտք չէ մոռ­նալ, վստա­հա­բար։ ­­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման գոր­ծըն­թա­ցը եր­կար եւ դժո­ւար ե­ղած է հա­յե­րուն հա­մար։ ­­Սա­կայն, այ­սօր պէտք է հպարտ ըլ­լաք, որ ա­ւե­լի քան 30 եր­կիր­ներ, 17 մի­ջազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պու­թիւն­ներ եւ այլ բազ­մա­թիւ կա­ռոյց­ներ ճանչ­ցած են ­­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան անժխ­տե­լիու­թիւ­նը»։

­­Յու­նաս­տա­նի խոհր­դա­րա­նի նա­խա­գահ Ք. ­­Թա­սու­լա­սի ա­նու­նով ու­ղերձ կար­դաց ե­րես­փո­խան Ե. ­­Քու­մու­ցա­քոս եւ յայտ­նեց. «­­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան դա­հիճ­նե­րը մին­չեւ այ­սօր սար­սա­փա­հար կը խու­սա­փին, նոյ­նիսկ ծա­ծուկ, նե­րո­ղու­թիւն խնդրե­լ ի­րենց գոր­ծած ո­ճի­րին հա­մար, որ­պէս­զի այ­լեւս խա­ղա­ղու­թիւն գտնեն ան­հա­մար նա­հա­տակ­նե­րու հո­գի­նե­րը։ ­­Չեն հան­դուր­ժեր, չեն կրնար, չեն ու­զեր։ ­­Կը նա­խընտ­րեն պար­տա­կան մնալ Աս­տու­ծոյ եւ մարդ­կու­թեան առ­ջեւ, քան թէ ճանչ­նալ ի­րենց ո­ճի­րը»։

Ատ­տի­կէի մարզ­պետ Ե. ­­Փա­թու­լիս իր խօս­քին մէջ շեշ­տը դրաւ եր­կու ժո­ղո­վուրդ­նե­րու պատ­մա­կան կա­պե­րուն վրայ եւ յայտ­նեց, թէ այ­սօ­րո­ւան յի­շա­տա­կի ե­լոյ­թը յի­շեց­նել կու տայ այն գե­րա­գոյն պար­տա­կա­նու­թիւ­նը՝ եր­բեք չմոռ­նալ հա­յե­րուն վրայ գոր­ծո­ւած ե­ղեռ­նը եւ պա­հան­ջել ­­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նա­չու­մը։

­­Հա­յաս­տա­նի ­­Հան­րա­պե­տու­թեան դես­պան ­­Տիգ­րան Մկրտ­չեան իր ար­տա­սա­նած ու­ղեր­ձին մէջ ի մի­ջի այ­լոց ը­սաւ. «­­Դա­րից ա­ւել է ան­ցել այն օ­րե­րից, երբ Օս­մա­նեան կայս­րու­թեան պա­րագ­լուխ­ներն, օգ­տո­ւե­լով Ա­ռա­ջին աշ­խար­հա­մար­տի ի­րո­ղու­թիւն­նե­րի ըն­ձեռ­նած հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րից, ո­րո­շե­ցին, որ հա­զա­րա­մեակ­ներ շա­րու­նակ սե­փա­կան հայ­րե­նի­քում ապ­րած, ա­րա­րած, մշա­կու­թա­յին ու հո­գե­ւոր ար­ժէք­ներ ստեղ­ծած հայն այ­լեւս չպէտք է ապ­րի ու, ա­ռա­ւել եւս, չպէտք է ապ­րի սե­փա­կան հայ­րե­նի­քում: ­­Տե­ղի ու­նե­ցաւ հայ­րե­նազրկում, ո­րը հա­յի ճա­կա­տա­գի­րը սեւ գծով բա­ժա­նեց 1915-ից ա­ռա­ջի եւ յե­տո­յի՝ հա­յի հա­յեաց­քը յա­ւերժ սե­ւե­ռե­լով Ա­րա­րա­տին:

­­Դա­րից ա­ւել է ան­ցել այդ օ­րե­րից. ժա­մա­նակ­նե­րը փո­խո­ւել են ու, ցա­ւօք, չեն բա­րե­լա­ւո­ւել: ­­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան կազ­մա­կեր­պիչ մար­դա­տեաց­նե­րը մինչ օրս ոչ միայն գո­նէ յետ­մա­հու չեն ստա­ցել ի­րենց ար­ժա­նի դա­տավ­ճի­ռը, այ­լեւ նոյ­նիսկ այս «մար­դա­սէր» հռչա­կո­ւած 21-րդ ­դա­րում ո­գե­կոչ­ւում են, փա­ռա­բան­ւում, իսկ ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը շա­րու­նակ­ւում է ագ­րե­սի­ւօ­րէն ժխտո­ւել այն գոր­ծած պե­տու­թեան ի­րա­ւա­յա­ջոր­դի՝ ­­Թուր­քիա­յի կող­մից: Ու հենց այդ ժխտո­ղա­կա­նու­թիւնն է ստի­պում այ­սօր հա­յին ­­Հա­յաս­տա­նի ­­Հան­րա­պե­տու­թիւ­նում, Ար­ցա­խում ու աշ­խար­հի չորս ան­կիւն­նե­րում պայ­քա­րել յա­նուն պատ­մա­կան ար­դա­րու­թեան, յա­նուն ցե­ղաս­պա­նու­թեան մաս հան­դի­սա­ցող ժխտո­ղա­կա­նու­թեան պար­տու­թեան ու յա­նուն ցե­ղաս­պա­նու­թեան նման սար­սա­փե­լի եւ հա­մա­մարդ­կա­յին ող­բեր­գու­թիւն­նե­րի կրկնու­թեան բա­ցառ­ման՝ յա­ճախ նաեւ ա­ռե­րե­սո­ւե­լով նոր էթ­նիկ զտում­նե­րի սպառ­նա­լիք­նե­րի»:

Հ.Յ.Դ. ­­Յու­նաս­տա­նի Ե­րիտ. միու­թեան կող­մէ ու­ղերձ կար­դաց ընկ. ­­Սա­մո­ւէլ ­­Սա­մո­ւէ­լեան, որ շեշ­տեց. «107 տա­րի ետք, կը գտնո­ւինք այս­տեղ, որ­պէս­զի կանգ առ­նեն փանթր­քու­թեան նո­րա­նոր դրսե­ւո­րում­նե­րը, ո­րոնք կ­­՚ար­տա­յա­տո­ւին ­­Թուր­քիոյ ու Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ։ ­­Միա­ժա­մա­նակ, պար­տա­ւոր ենք յի­շեց­նե­լու ամ­բողջ մարդ­կու­թեան, թէ պարտք ու­նի կան­խե­լու եւ ար­դար հա­տու­ցում պա­հան­ջե­լու այն բո­լոր եր­կիր­նե­րէն, ո­րոնք ­­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան նման ո­ճիր­ներ կը գոր­ծեն, ըն­դու­նիլ ի­րենց ոճ­րա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը եւ կա­տա­րած ան­մարդ­կա­յին ա­րարք­նե­րը։ ­­Պի­տի պայ­քա­րինք որ­պէս­զի հա­յու­թեան վե­րա­դար­ձո­ւին ոչ միայն Ատր­պէյ­ճա­նին կող­մէ Ար­ցա­խէն պո­կո­ւած հո­ղե­րը, այ­լեւ այն բո­լոր տա­րածք­նե­րը, ո­րոնք այ­սօր կը գտնո­ւին թրքա­կան բռնի տի­րա­պե­տու­թեան տակ»։­­ Քա­ղա­քա­կան ո­գե­կո­չա­կան ե­լոյ­թի գլխա­ւոր բա­նա­խօսն էր ­­Յու­նաս­տա­նի մէջ ­­Կիպ­րո­սի դես­պան եւ դի­ւա­նա­գի­տա­կան կազ­մի ա­ւագ ­­Քի­րիա­քոս ­­Քե­նե­վե­զոս, որ անդ­րա­դառ­նա­լով ­­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան շեշ­տեց. «­­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը, ինչ­պէս նաեւ ա­մէն ցե­ղաս­պա­նու­թիւն, միայն հայ ժո­ղո­վուր­դին յա­տուկ չէ, այլ կը վե­րա­բե­րի բո­լոր ժո­ղո­վուրդ­նե­րուն, ա­մէն եր­կիր, իւ­րա­քան­չիւր ա­զատ մտա­ծող եւ գոր­ծող քա­ղա­քա­ցի, վեր­ջա­պէս ամ­բողջ մարդ­կու­թեա­ն։
­­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը հա­մայն մարդ­կու­թեան ուղ­ղո­ւած ո­ճիր ու հայ­հո­յանք է, եւ մենք պար­տա­ւոր ենք թոյլ չտալ ա­նոր կրկնու­մը։

­­Բո­լորս միա­սին, հա­մա­խո­հու­թեամբ, խո­րա­նա­լով այն կա­պե­րուն մէջ, ո­րոնք կը յատ­կան­շեն հա­սա­րա­կաց տա­ռա­պանք­ներ կրած ժո­ղո­վուրդ­նե­րը, կը յար­գենք Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան եւ թրքա­կան բար­բա­րո­սու­թեան հե­տե­ւան­քով զո­հե­րու յի­շա­տա­կը, կը շա­րու­նա­կենք անն­կուն պայ­քա­րիլ ար­դա­րու­թեան վե­րա­կանգ­նու­մին հա­մար, որ­պէս­զի մարդ­կու­թեան գի­տակ­ցու­թեան մէջ դա­տա­պար­տո­ւի ­­Թուր­քիան, որ­պէս պա­տաս­խա­նա­տուն 20-րդ ­դա­րու ա­ռա­ջին ցե­ղաս­պա­նու­թեան։

Այ­սօր, ­­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան 107-ա­մեա­կի սե­մին, մեր հա­յեաց­քը կ­­՚ուղ­ղենք դէ­պի ա­պա­գան, ստանձ­նե­լով մե­ծա­գոյն պար­տա­կա­նու­թիւ­նը ընդ­դէմ ան­տար­բե­րու­թեան եւ կռա­ւո­րա­կա­նու­թեան։ ­­Պարտք ու­նինք կան­խե­լու նման ո­ճիր­նե­րու կրկնու­մը, ձգտե­լով եւ սա­տա­րե­լով ար­դար, պար­կեշտ եւ բա­րո­յա­կան ա­պա­գա­յի մը կերտ­ման»։

­­Կիպ­րա­ցի դես­պա­նի ու բա­նա­խօ­սի խօս­քե­րը ըն­դու­նո­ւե­ցան ջերմ ծա­փող­ջոյն­նե­րով բո­լոր ներ­կա­նե­րուն կող­մէ։

azator.gr

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Փաշինյանը հակահայկական հայտարարություն

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինյանը 2026 թ. սեպտեմբերի 17-ին Երևանում ելույթ ունեցավ «Համ

22 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Դերերու բաշխում, ոչ թէ հակ

23 Օգոստոս 1990-ին, Հայաստանի համաժողովրդային շարժումին յաջորդեց Անկախութեան հ

22 Սեպտեմբեր 2026
Տեղի ունեցավ «Հայաստան» խմբակցության մ

Այսօր՝ սեպտեմբերի 22-ին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագույն մարմնի ներկայացուցիչ, ԱԺ «Հայա

22 Սեպտեմբեր 2026
Հ․Հ․ Անկախութեան Խաւարային Ստուերը՝ 44

«Դուք չէք կրնար նկարագիր եւ քաջութիւն կերտել՝ մարդոցմէ խլելով իրենց նախաձեռնու

22 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական.- Հայաստանը՝ 35 Տարեկան

1991ի Սեպտեմբեր 21ին, երբ Հայաստան անկախութիւն հռչակեց Խորհրդային Միութենէն, ի

21 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Սեպտեմբերի 21. Պետականութի

Այսօր 2026 թ. Սեպտեմբերի 21-ը Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախութեան 35-ամեակ

21 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Անկախութիւն՝ բայց ի՞նչ տես

Հայաստանի անկախութեան 35-ամեակը բնականաբար առիթ է տօնելու, բայց միեւնոյն ժաման

21 Սեպտեմբեր 2026
ՀՅԴ Հայ Դատի Եվրոպայի գրասենյակը՝ Հայ

ՀՅԴ Հայ Դատի Եվրոպայի գրասենյակը ջերմագին մաղթանքներ է հղում և սրտանց շնորհավո

21 Սեպտեմբեր 2026
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագույն մարմնի հայտարա

Սիրելի՛ հայրենակիցներ, 1991 թվականի սեպտեմբերի 21-ին հայ ժողովուրդը վերահաս

21 Սեպտեմբեր 2026
Կեղծ խաղաղության կարգախոսների ներքո շա

Սեպտեմբերի 21-ի կապակցությամբ ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոբերտ Քոչարյանի ուղերձը.

21 Սեպտեմբեր 2026
Անկախութեան 35 տարիները՝ հաշուեկշիռ եւ

­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան վե­րան­կա­խաց­ման 35-ա­մեա­կը ա­ռիթ է վե­րար

21 Սեպտեմբեր 2026
Վերակառուցումէն Հռչակագիր, Ապա Անկախու

Հայաստանի վերանկախացման թուականի` 21 սեպտեմբեր 1991-ի 35-ամեակն է այս տարի:

21 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Գերիշխանութեան Պահպանման Հ

Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման տօնի նշումին արդիական հնչեղութիւն ապահո

21 Սեպտեմբեր 2026
Յայտարարութիւն ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի

Դաշնակցութեան դէմ բանաւոր յարձակումը, որ դարձեալ բռնկած է ՔՊ-ի կողմէ այս օրերո

21 Սեպտեմբեր 2026
Մուսա Լերան Հերոսամարտի 111-Ամեակի Եւ

Անցնող շաբաթավերջին, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական-

21 Սեպտեմբեր 2026
Մուսա Լերան Անմար Կրակը` Անցեալէն Դէպի

Սեպտեմբերեան այս օրերուն մեր նախահայրերուն յիշատակն է, որ կը լեցնէ մեր հոգիներ

20 Սեպտեմբեր 2026
Յայտարարութիւն Հ.Յ.Դ. Իրանի Հիւսիսային

Վերջին օրերին Հայաստանի Ազգային ժողովի ամբիոնից հնչեց յայտարարութիւն՝ դաշնակցա

20 Սեպտեմբեր 2026
Պարտավոր ենք հիշել․ ՀՅԴ Արցախի երիտասա

2020 թվականի 44-օրյա պատերազմը և 2023 թվականի սեպտեմբերի 19-ին Արցախի դեմ սանձ

20 Սեպտեմբեր 2026
Քաղաքացիություն ստանալը դժվարացնում են

Ըստ ՀՅԴ Հայ դատի և քաղաքական հարցերի գրասենյակի ղեկավարի` սփյուռքը չի կարող խա

20 Սեպտեմբեր 2026
Սեպտեմբերյան պատերազմները․․․

Երբեք չեմ հասկացել, թե ինչու՞ է 2020 թվականի սեպտեմբերի 27-ին Ադրբեջանի սանձազ

19 Սեպտեմբեր 2026
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company