ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • Երիտասարդական
  • Հայ դատ

Թեսաղոնիկահայութիւնը ոգեկոչեց Հայոց ցեղասպանութեան 107-ամեակը

21 Ապրիլ 2022

­Յու­նաս­տա­նի մէջ ի­րա­գոր­ծո­ւած ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան ե­լոյթ­նե­րու ծի­րէն ներս, ­Թե­սա­ղո­նի­կա­հա­յու­թիւ­նը եւս ո­գե­կո­չեց մեր մէկ ու կէս մի­լիոն նա­հա­տակ­նե­րու յի­շա­տա­կը։

­Բո­լոր ե­լոյթ­նե­րը կազ­մա­կեր­պո­ւե­ցան Հ.Յ.Դ. ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բի հա­մադ­րու­մով եւ գոր­ծակ­ցու­թեամբ Հ.Յ.Դ. Ե­րի­տա­սար­դա­կան ­Միու­թեան ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «Ս. ­Թեհ­լի­րեան» խում­բին, Հ.Գ.Խ.ի ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «Ա­նի» ­Մաս­նա­ճիւ­ղին եւ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին» ե­կե­ղեց­ւոյ ­Թա­ղա­յին խոր­հուր­դին։

­Բա­րե­խօ­սա­կան կարգ «Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին» ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ

­Շա­բաթ, 16 Ապ­րիլ 2022-ի ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մը 11։00-ին, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին» Ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան սրբա­դա­սո­ւած նա­հա­տակ­նե­րուն ­Բա­րե­խօ­սա­կան կար­գը, հան­դի­սա­պե­տու­թեամբ շրջա­նի հո­գե­ւոր հո­վիւ Ս­տե­փա­նոս Ծ. վրդ. ­Փա­շա­յեա­նի, ներ­կա­յու­թեամբ Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Կեդ­րո­նա­կան կո­մի­տէի ան­դամ ընկ. ­Կա­րօ ­Նա­տեա­նի, Հ.Հ. հիւ­պա­տոս ­Տիգ­րան ­Վար­դա­նեա­նի, ­Թա­ղա­կան խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Ար­թին Աբ­րա­հա­մեա­նի եւ ան­դամ­նե­րուն, ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բին, ազգ. հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու եւ կա­ռոյց­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն, պե­տա­կան, զի­նո­ւո­րա­կան եւ քա­ղա­քա­կան բարձ­րաս­տի­ճան անձ­նա­ւո­րու­թիւն­նե­րու, ե­րես­փո­խան­նե­րու, ինչ­պէս նաեւ հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րու ­Թե­սա­ղո­նի­կէէն, ­Գո­մո­թի­նիիէն եւ ­Սեր­րէ­սէն։ ­Սոյն ե­կե­ղե­ցա­կան ա­րա­րո­ղու­թեան իր մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րաւ նաեւ տա­ղան­դա­ւոր սօփ­րա­նօ մե­ներգ­չու­հի ­Սի­րան ­Չա­լը­քեան՝ իր գեղ­գե­ղուն եւ տպա­ւո­րիչ ձայ­նով։

Ն­շենք, որ Ե­կե­ղեց­ւոյ կեդ­րո­նը զե­տե­ղո­ւած էր Ապ­րի­լեան Ս. ­Նա­հա­տակ­նե­րու նո­ւի­րո­ւած փայ­տեայ շար­ժուն յու­շար­ձա­նը, ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան նա­հա­տակ­նե­րու մա­սունք­նե­րով, ինչ­պէս նաեւ Ե­կե­ղեց­ւոյ ­Թա­ղա­յին խոր­հուր­դին կող­մէ զար­դա­րո­ւած ծա­ղիկ­ներ։

Ե­կե­ղե­ցա­կան ­Գո­հա­բա­նա­կան ա­րա­րո­ղու­թեան ա­ւար­տին, տե­ղի ու­նե­ցաւ պաշ­տօ­նա­կան ե­լոյ­թը։

Ապ­րի­լեան Ս. ­Նա­հա­տակ­նե­րու ո­գե­կոչ­ման առ­թիւ իր խօս­քը փո­խան­ցեց ­Թե­սա­ղո­նի­կէի ­Մար­զա­յին շրջա­նի ­Փոխ-­Մարզ­պե­տու­հի՝ ­Տիկ. ­Փա­րաս­քէ­վի ­Փա­թու­լի­տու։

ժո­ղովր­դա­յին բո­ղո­քի ցոյց դէ­պի թրքա­կան հիւ­պա­տո­սա­րան

­Կազ­մա­կեր­պու­թեամբ Հ.Յ.Դ. Ե­րի­տա­սար­դա­կան ­Միու­թեան ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «Ս. ­Թեհ­լի­րեան» խում­բին, ­Շա­բաթ, 16 Ապ­րիլ 2022-ի ե­րե­կո­յեան ժա­մը 6։00-էն սկսեալ, «Ա­րիս­տո­տէ­լեան» հրա­պա­րա­կին առ­ջեւ տե­ղադրո­ւած Ե­րի­տա­սար­դա­կան տա­ղա­ւա­րէն ըն­թացք ա­ռաւ ժո­ղովր­դա­յին բո­ղո­քի ցոյց դէ­պի ­Թե­սա­ղո­նի­կէի թրքա­կան հիւ­պա­տո­սա­րան, ներ­կա­յու­թեամբ հա­րիւ­րա­ւոր թե­սա­ղո­նի­կա­հայ պա­տա­նի­նե­րու, ե­րի­տա­սարդ­նե­րու, տա­րէց­նե­րոպ ու փոք­րե­րու, ո­րոնք ներ­կայ ե­ղան պատ­րաս­տա­կամ ուղ­ղո­ւե­լու տրա­մադ­րո­ւա­ծու­թեամբ։

Ն­շենք, որ ­Հինգ­շաբ­թի, 14 Ապ­րի­լէն մին­չեւ ­Կի­րա­կի, 17 Ապ­րիլ 2022, «Ա­րիս­տո­տէ­լեան» հրա­պա­րա­կին առ­ջեւ տե­ղադ­րո­ւած էր Ե­րի­տա­սար­դա­կան տա­ղա­ւա­րը, որ ան­ցորդ­նե­րուն՝ յոյն թէ հայ, ու մա­նա­ւանդ օ­տար­նե­րուն, տե­ղե­կու­թիւն­ներ փո­խան­ցե­ցին ­Հայ դա­տի վե­րա­բե­րեալ ու մաս­նա­ւո­րա­բար ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճշմար­տա­ցիու­թեան կա­պակ­ցու­թեամբ։

Ե­րե­կո­յեան ժա­մը 7։30-ին ըն­թացք ա­ռաւ բո­ղո­քի ցոյ­ցը, շար­քե­րու խմբուա­ծու­թեամբ, մեր ե­րի­տա­սարդ­նե­րու ճշդա­պահ կար­գա­պա­հու­թեամբ եւ բարձ­րա­խօս­նե­րու ու մա­նա­ւանդ օ­րո­ւան կար­գա­խօս­նե­րը պար­զող ցու­ցա­պաս­տառ­նե­րու եւ ցու­ցա­տախ­տակ­նե­րու կող­քին՝ Ե­ռա­գոյն դրօ­շով, ­Թե­սա­ղո­նի­կա­հա­յու­թիւ­նը իր բո­ղո­քի ցա­սու­մը յայտ­նեց ամ­բողջ տե­ւո­ղու­թեան։ Բ­նա­կա­նա­բար, ճամ­բու ըն­թաց­քին, ա­պա­հո­վու­թեան ոս­տի­կան­ներ հսկե­ցին ներ­կա­նե­րուն քայ­լեր­թին եւ օգ­տա­կար դար­ձան ճամ­բորդ­նե­րուն՝ ուղ­ղո­ւե­լու տար­բեր ճա­նա­պարհ­նե­րով։ Երբ բո­ղո­քի ցու­ցա­րար­նե­րը մօ­տե­ցան թրքա­կան հիւ­պա­տո­սա­րան, այս ան­գամ եւս՝ ինչ­պէս ան­ցեա­լին, յոյն ոս­տի­կան­ներ ար­գելք հան­դի­սա­ցան յա­ռա­ջա­նա­լու դէ­պի հիւ­պա­տո­սա­րա­նի շէն­քը, նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ ոս­տի­կա­նու­թիւ­նը իր հան­րա­կառ­քե­րով փա­կած էր հիւ­պա­տո­սա­րա­նի փո­ղո­ցը, հե­տե­ւա­բար, չար­տօ­նեց նաեւ որ ցոյ­ցը ներ­կա­յաց­նող պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րու պա­տո­ւի­րա­կու­թիւ­նը մօ­տե­նայ եւ յանձ­նէ յու­շա­գի­րը, այլ՝ թե­լադ­րեց պա­տի մը վրայ փակց­նել ­Հա­յու­թեան պա­հանջ­նե­րը։

­Ցու­ցա­րար­նե­րը ա­ւե­լի բարձ­րա­ձայն հնչե­ցու­ցին ար­դա­րու­թեան ձայ­նի պա­հանջ­նե­րը։ Ա­ւե­լի ուշ, թրքա­կան հիւ­պա­տո­սա­րա­նի փո­ղո­ցին վրայ լսո­ւե­ցան ազ­գա­յին եւ յե­ղա­փո­խա­կան եր­գեր, ժո­ղո­վուր­դի խուռ­նե­րամ մաս­նակ­ցու­թիւ­նը ա­ւե­լի ո­գեշն­չե­ցին ե­րի­տա­սարդ­նե­րը, որ­պէս­զի շա­րու­նա­կեն ի­րենց պա­հան­ջա­տի­րա­կան եր­թը։ Ի վեր­ջոյ, ե­րի­տա­սարդ­ներ յու­նա­րէն լե­զո­ւով խօսք ա­ռին եւ ո­գեշն­չիչ ու խրա­խու­սիչ պատ­գամ­նե­րով յոր­դո­րե­ցին բո­լո­րին, վճռա­կամ քայ­լե­րով շա­րու­նա­կե­լու մեր եր­թը, յա­նուն ար­դա­րու­թեան, յա­նուն պա­հան­ջա­տէր մեր ժո­ղո­վուր­դի զա­ւակ­նե­րուն ու մա­նա­ւանդ յա­նուն մեր Ս. ­Նա­հա­տակ­նե­րու թա­փած ա­րիւ­նի ա­մէն մէկ կա­թի­լի փո­խա­րէն։

­Բո­ղո­քի ցոյ­ցը եզ­րա­փա­կո­ւե­ցաւ ­Հա­յաս­տա­նի եւ ­Յու­նաս­տա­նի հան­րա­պե­տու­թիւն­նե­րու ազ­գա­յին քայ­լերգ­նե­րով։

Ա­րիւ­նա­տո­ւու­թիւն

Ար­դէն սո­վո­րու­թիւն դար­ձած, ա­մէն տա­րի, ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան նո­ւի­րո­ւած ո­գե­կո­չում­նե­րու ծի­րէն ներս, կը կա­տա­րո­ւի ա­րիւ­նա­տո­ւու­թիւն։ Այս տա­րի եւս, կազ­մա­կեր­պու­թեամբ Հ.Գ.Խ.ի ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «Ա­նի» մաս­նա­ճիւ­ղին, ­Կի­րա­կի, 17 Ապ­րիլ 2022-ի ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մը 9։30-13։30, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին» ե­կե­ղեց­ւոյ կից գտնո­ւող «­Տէր-­Զա­քա­րեան» սրա­հէն ներս տե­ղի ու­նե­ցաւ ա­րիւ­նա­տո­ւու­թիւն։

Ա­շա­կեր­տա­կան լուռ քայ­լար­շաւ

­Կազ­մա­կեր­պու­թեամբ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «­Մա­լա­քեան-­Գաս­պա­րեան» շա­բա­թօ­րեայ դպրո­ցի տնօ­րէ­նու­թեան, ու­սուց­չա­կան կազ­մին եւ ա­շա­կեր­տու­թեան, ­Շա­բաթ, 16 Ապ­րիլ 2022-ի ե­կե­ղե­ցա­կան պաշ­տօ­նա­կան բա­րե­խօ­սա­կան կար­գէն ան­մի­ջա­պէս ետք, դպրո­ցի մեծ ըն­տա­նի­քը, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին» ե­կե­ղեց­ւոյ մայր դռնէն սկսեալ սկսան լուռ քայ­լար­շաւ հաս­նե­լով մին­չեւ «Ս­պի­տակ Աշ­տա­րակ» եւ ա­պա մին­չեւ «Ա­րիս­տո­տէ­լեան» հրա­պա­րակ՝ ուր տե­ղադ­րո­ւած էր ե­րի­տա­սար­դա­կան տա­ղա­ւա­րը։ ­Հիա­նա­լի էր, երբ ա­շա­կերտ­նե­րը ի­րենց ձեռ­քեր­նին ու­նե­նա­լով Ե­ռա­գոյն դրօ­շը՝ մեր նա­խա­հայ­րե­րուն թո­ղած կտա­կը վառ պա­հե­լու նպա­տա­կով ի­րենց պար­տա­ւո­րու­թիւ­նը կա­տա­րե­ցին հան­դէպ մեր սրբա­դա­սո­ւած նա­հա­տակ­նե­րուն։

­Քա­ղա­քա­կան կեդ­րո­նա­կան ձեռ­նարկ

­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բի կազ­մա­կեր­պու­թեամբ եւ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի մար­զա­յին իշ­խա­նու­թեան գոր­ծակ­ցու­թեամբ, քա­ղա­քի «Ա­րիս­տո­տէ­լեան» հա­մալ­սա­րա­նի հան­դի­սաս­րա­հէն ներս տե­ղի ու­նե­ցաւ քա­ղա­քա­կան կեդ­րո­նա­կան ձեռ­նար­կը, նա­խա­գա­հու­թեամբ ընկ. Ք­րիս ­Ղա­լի­լէա-­Գալ­ֆա­յեա­նի եւ ներ­կա­յու­թեամբ շրջա­նի հո­գե­ւոր հո­վի­ւին, ազգ. կա­ռոյց­նե­րու եւ հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու, միու­թիւն­նե­րու, ինչ­պէս նաեւ հո­գե­ւոր, քա­ղա­քա­կան եւ պե­տա­կան անձ­նա­ւո­րու­թիւն­նե­րու եւ յոյն ու հայ ժո­ղո­վուր­դի ներ­կա­յու­թեան։

­Ձեռ­նար­կի ըն­թաց­քին ող­ջոյ­նի խօս­քեր ու­նե­ցան յու­նա­կան կա­ռա­վա­րու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Ս­թաւ­րոս ­Քա­լա­ֆա­թիս, Հ.Հ. դես­պա­նի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ, հիւ­պա­տոս ­Տիգ­րան ­Վար­դա­նեան, ­Մա­կե­դո­նիոյ նա­հան­գա­պետ Ա­փոս­թո­լոս ­Ծի­ծի­քոս­թաս, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի քա­ղա­քա­պետ ­Քոս­տան­տի­նոս ­Զեր­վաս, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի մար­զա­յին շրջա­նի փոխ­մարզ­պե­տու­հի ­Փա­րաս­քէ­վի ­Փա­թու­լի­տու եւ Հ.Յ.Դ. Ե­րի­տա­սար­դա­կան միու­թեան կող­մէ ընկ. Ա­րիս ­Գա­սա­պեան։

­Ձեռ­նար­կին բա­նա­խօ­սեց խորհր­դա­րա­նի ան­դամ եւ «­Փան­տիօ» հա­մալ­սա­րա­նի մի­ջազ­գա­յին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու դա­սա­խօս փրոֆ. ­Տի­միթ­րիս ­Քե­րի­տիս նիւթ ու­նե­նա­լով «­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը, ժխտու­մը եւ այժ­մէա­կան ­Թուր­քիան»։ Ան մեծ դրո­ւա­տի­քով խօ­սե­ցաւ ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան եւ հայ ­Ժո­ղո­վուր­դի տա­ռա­պանք­նե­րուն ու չար­չա­րանք­նե­րուն մա­սին։ Մ­շա­կու­թա­յին ծի­րէն ներս, գոր­ծադ­րո­ւե­ցաւ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի հա­մեր­գաս­րա­հի ե­րի­տա­սար­դա­կան «­Մու­սա» սին­ֆո­նիկ նո­ւա­գա­խում­բը, ղե­կա­վա­րու­թեամբ մաէսթ­րօ ­Թո­տո­րիս ­Փա­փա­տի­միթ­րիուի՝ եւ­րո­պա­կան եւ հայ­կա­կան գե­ղե­ցիկ ե­րաժշ­տու­թեամբ։ ­Քա­ղա­քա­կան ձեռ­նար­կի ա­ւար­տին, տե­ղի ու­նե­ցաւ քայ­լար­շաւ դէ­պի Եր­րորդ զօ­րա­բա­նա­կի Ան­ծա­նօթ զի­նո­ւո­րի յու­շար­ձա­նը՝ ծաղ­կեպ­սակ­ներ զե­տե­ղե­լու հա­մար։

Ե­լոյ­թը եզ­րա­փա­կո­ւե­ցաւ ­Հա­յաս­տա­նի եւ ­Յու­նաս­տա­նի հան­րա­պե­տու­թիւն­նե­րու ազ­գա­յին քայ­լերգ­նե­րու կա­տա­րու­մով։

«­Թող մեր նա­հա­տակ­նե­րուն թա­փած ան­մեղ ա­րիւ­նը
եր­բե՛ք մեր ազ­գա­յին ինք­նա­գի­տակ­ցու­մին մէջ մո­ռա­ցու­թեան չտրո­ւի»

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Արմէն Ռուստամեան հանդիպում ունեցաւ Գան

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան, ուրբաթ՝ մարտ 6-ին, Վանքուվըրի մէջ

07 Մարտ 2026
ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստա

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան, որ փետրուար 26-էն ի վեր կը գտնուի

07 Մարտ 2026
Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչ Արմէն Ռու

Հինգշաբթի մարտ 5-ին, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան հանդիպումնե

07 Մարտ 2026
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ընդունեց ՀՅԴ Բի

Երկուշաբթի, 2 մարտ 2026-ին, Գանատայի Հայոց Թեմի Բարեխնամ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ.

07 Մարտ 2026
Յակոբ Բագրատունի. «Պատերազմը Անմիջական

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի

07 Մարտ 2026
Ակնարկ. Պատերազմի Աշխարհագրութեան Երկր

Միջին Արեւելքի պատերազմի աշխահագրութեան ընդլայնման հաւանականութիւնը առաջին հեր

06 Մարտ 2026
«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»-ի Արտակար

Հայ Եկեղեցւոյ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ը

06 Մարտ 2026
Գանատայի մէջ 17 նորագիրներ միացան ՀՅԴ

Նախաձեռնութեամբ ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէին՝ անցնող շաբթուան ընթացքին Գան

06 Մարտ 2026
Ա­թէն­քի եւ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի մէջ հան­

Ան նաեւ ա­ւել­ցուց. «Իսկ ե­թէ խո­րա­նանք, պի­տի տես­նենք աշ­խար­հա­տա­րած, ժրա

06 Մարտ 2026
Դուք շարունակում եք մնալ հայկական իրակ

Նիկոլ Փաշինյան, Հայաստանի, հայ ժողովրդի, ազգային անվտանգության թիվ մեկ սպառնալ

06 Մարտ 2026
Ինչո՞ւ Սփիւռքի Նուիրուած Խորհրդաժողով

Մարտ ամսուան կիսուն, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը (ՀՅԴ) Լոս Անճելըսի մէջ պիտ

06 Մարտ 2026
Հայաստանի համար մասնատված Իրանը կարող

Մարտի 5-ին Հրապարակ TV-ի «Հինգշաբթի» հաղորդաշարի հյուրն էր ՀՅԴ Հայաստանի Գերագ

06 Մարտ 2026
Իրանեան փորձաքարը՝ պո՞ւմ, թէ՞ պումըրան

Յունիս 2025-ին ալ կացութիւնը լարուած էր։ Ա․Մ․Ն․ եւ Իսրայէլ միասնաբար սկսած էին

06 Մարտ 2026
Հ.Յ.Դ . Բիւրոյի ներկայացուցիչ Արմէն Ռո

Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան, որ Գանատա կը գտնուի մասնակցելու

05 Մարտ 2026
Խմբագրական. «Ազդակ»-ի Ուղին (Դէպի 100-

«Ազդակ» այսօր թեւակոխեց իր հիմնադրութեան 100-ամեակը: Յառաջիկայ տարի, մարտ 5-ին

05 Մարտ 2026
Կանխել է պետք Հայաստանի՝ կցորդ պետությ

ՀՅԴ 135-ամյակի տոնակատարությունների շրջանակում Կանադայում գտնվող ՀՅԴ Բյուրոյի

04 Մարտ 2026
Լիբանանում անհանգիստ ու անորոշ վիճակ է

«Այս պահի դրությամբ հայկական համայնքային կենտրոնները չեն տուժել, մարդկային կո

04 Մարտ 2026
Դաշնակցութեան մշտնջենաւոր այժմէականութ

Հարիւր երեսունհինգ տարիներու ընթացքին Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը դիմագրաւա

04 Մարտ 2026
ՀՅԴ ներկայացուցիչներն այցելել են Հայաս

ՀՅԴ Բյուրոյի անդամ Արսեն Համբարձումյանը եւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագույն մարմնի ներկ

04 Մարտ 2026
Միաբեւեռ Աշխարհի Չարիքը

Կ՛ըսուէր, որ Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ բանակցութիւնները դրական ընթացք

04 Մարտ 2026
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company