ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • Երիտասարդական
  • Լուրեր

Գանատայի տարածքին հանրահաւաքներ կայացան առ ի զօրակցութիւն հայրենիքի դիմադրութեան շարժումին

02 Մայիս 2022

Յանուն արդար վարչակարգի, յանուն Արցախի եւ Հայաստանի անվտանգութեան, յանուն հայութեան միասնակամութեան, յանուն խաղաղ ու արժանապատիւ կեանքի՝ գանատահայութիւնը իր պայքարի բռունցքը վեր բռնած մասնակից եղաւ մայիս 1-ին Երեւանի մէջ կայացածընդդիմութեան հանրահաւաքին, եւ իր զօրակցութիւնը յայտնեց Հայաստանի «Դիմադրութեան» շարժման:

ՀՅԴ ԳԵՄ-ի (Գանատայի Երիտասարդական Միութիւն) «Սիմոն Զաւարեան», «Լեւոն Շանթ», «Բեկոր Աշոտ», «Արամ Մանուկեան», «Յառաջ» եւ «Արշաւիր Շիրակեան» մասնաճիւղերու կազմակերպութեամբ տարբեր քաղաքներու մէջ կազմակերպուեցան զօրակցական հաւաքներ։

Մոնթրէալի հայ կեդրոնին մէջ կայացած զօրակցական հաւաքին հեռակապով իր պատգամը փոխանցեց Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի պատգամաւոր Լիլիթ Գալստեանը։ Ան ըսաւ, որ պետականութիւն ունենալ չունենալու խնդիր ունինք այսօր, Արցախի գոյութենական խնդիր ունինք, խաղաղութեան կեղծ օրակարգով կը պարտադրուի Արցախի հայաթումն ու հայոց պահանջատիրութենէն հրաժարումը։ Ան ըսաւ. «Այսօր մարդիկ միաւորուել էին յանուն մէկ նպատակի՝ պետականութեան պահպանումը։ Պայքարի ալիքը հասել է Արժանթին, Ուրուկուէյ, Կլէնտէյլ, Մինթրէալ, Թորոնթօ։ ՄԵնք առջեւում ունենք մէկ նպատակ՝ պետականութեան պահպանման եւ հայրեթինքի գոյութենականութեան պահպանման խնդիր»։

ՀՅԴ ԳԵՄի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Ռիթա Մուրատեան խոսք առնելով ըսաւ. «Դառնանք մէկ բռունց ու պայքարինք։ Այստեղ կը գտնուինք զօրակցելու եւ ոչ մէկ զիջում ընդունելու։ Դէմ ենք, որ մեր ազգի իրաւունքները ուրացուին։ Հայաստանի ընկերներ, մենք ձեր կողքին ենք, մենք այստեղ ենք, Արցախի ժողովուրդին յայտնելու, որ ձեր կողքին ենք։ Հեռացնենք այս ազգադաւ իշխանութիւնը։ Զարթի՛ր լաօ»։

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Մհեր Գարագաշեան խօսքը ուղղելով հաւաքին ըսաւ. «Հայ Ժողովուրդը կը մերժէ ենթարկուիլ մեծապետական քաղաքական բեմադրութիւններուն, կը մերժէ կեղծ «թաւշեայ» յեղափոխութիւնները։ Այսօր պէտք է պատրաստուինք երկարաշունչ պայքարի։ Մենք հայրենի ժողովուրդին թիկունքին պիտի կանգնինք։ Չենք կրնար հանգիստ ունենալ, երբ Արցախը դրուած է սակարկութեան սեղանին։ Մենք պիտի շարունակենք մեր զօրակցութիւնը դիմադրութեան շարժումին։ Այս պայքարը հայրենական իր բնոյթէն՝ վերածենք համազգային պայքարի։ «Արցախի նշաձողը վար բերելու» ազգակործան տեսութիւնը կը մերժենք։ Մենք մեր ճակատագրին տէրը պէտք է ըլլանք, եւ այսօր, մեր դիմադրող ընկերները, մեր դիմադրող ժողովուրդը հայութեան ճակատագրին տէրը ըլլալու կամքը դրսեւորեցին Մայիս 1-ին։ Ճակատագրական պահ է, Գերլարում պէտք է ճիգերու։ Կեցցէ՛ դիմադրութեան շարժումը, կեցցէ՛ մարտունակ Արցախը, կեցցէ՛ մեր համազգային պայքարը»։

Թորոնթոյի հանրահաւաքը սկիզբ առաւ Կիրակի, 1 Մայիս 2022-ին, յետմիջօրէի ժամը 1:00-ին, Թոյոնթոյի «Հայ կեդրոնին» դիմաց: Մինչ Հայաստանի եւ Արցախի դրօշները բարձր կը ծածանէին, ՀՄԸՄ-ի փողերախումբը հնչեցուց ազգային հայրենասիրական երգերու եղանակներ, որոնց միացաւ Ս. Աստուածածին եղեկեցւոյ զանգի ղօղանջը՝ պահը դարձնելով խորհրդաւոր ու ոգեւորիչ:

Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ օրուան հանդիսավար ՀՅԴ ԳԵՄի Սիմոն Զաւարեան մասնաճիւղի անդամ եւ ՀՅԴ «Ռոստոմ» պատանեկան միութեան վարիչ Վաչէ Այվազեան: Ան խօսքը ուղղելով համախմբուած հայորդիներուն, ըսաւ, որ Գէմպրիճի, Թորոնթոյի, Մոնթրէալ-Լաւալի եւ Վանգուվըրի մէջ նոյն պահուն իրականացուող հաւաքները կու գան հաստատելու, որ գանատահայութիւնը իր ամողջական զօրակցութիւնը կը յայտնէ Հայաստանի ընկերներուն, որոնք կը պայքարին հեռացնելու Փաշինեանն ու անոր վարչակարգը եւ փրկելու հայրենիքը գալիք աղէտէն:

Խօսք առաւ Թորոնթոհայ համայնքի գործունեայ ազգային Խորէն Մարտոյեանը: Ան խօսքին սկիզբը կարեւորեց Թորոնթոյի համախմբումը, որու առանցքը հայու պատիւն է, հայ ոգին, հայ ազգային գաղափարախօսթիւնը՝ անկախ քաղաքական հայեացքներէն ու կազմակերպական պատկանելութենէն, ըսաւ ան, ապա հայ համայնքի անունով կոչ ուղղեց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին. «Այստեղ կանգնած է արժանապատիւ սփիւռքը, այստեղ չկայ դաշնակցական, չկայ ռամկավար, չկայ հնչակեան, այստեղ կանգնած է արժանապատիւ հայը եւ կ’ըսէ ո՛չ թրքացման, ո՛չ պառակտման»:

Մարտոյեան լուսարձակի տակ առաւ վերջին 4 տարիներու ընթացքին տեղի ունեցած իրադարձութիւնները, ապա ըսաւ. «Շատ ճակատագրական պահ է մեր երկրին համար. նժարին դրուած է Հայաստանի պետականութիւնը, հայութեան լինելութեան հարցը, հայկական բանակը, հետեւաբար միասնաբար առանց վարանելու պէտք է մէկ բռունցք դառնանք եւ սատարենք Հայաստանի մեր հայրենակիցներուն, Արցախի մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն:

Անդրադառնալով Արցախի պատերազմին Մարտոյեան նշեց, որ 44-օրեայ պատերազմի ժամանակ հերոս տղաքը մինչեւ իրենց արեան վերջին կաթիլը կռիւ մղած են թշնամիին դէմ, մինչեւ իրենց արեան վերջին կաթիլը կանգնած են սահմանին վրայ, բայց նիկոլական իշխանութիւնը միտումնաւոր ձեւով բանակը տարած է պարտութեան, իսկ վերջերս ալ անամօթաբար յայտարարած, թէ կրնային զոհեր չունենալ, բայց կ’ունենային նոյն արդիւնքը. «Եթէ արդիւնքը նոյնն էր մնալու, ով էր, Նիկո՛լ, քեզ խանգարողը, 5000 լուսաւոր տղա՞քն էին քեզ խանգարողը, Քրիստափոր Արթի՞նն էր քեզ խանգարողը, Գէորգ Հաճեա՞նն էր, Յարութ Բանոյեա՞նն էր, Մովսէ՞սը, թէ՞ Յակոբն էր», հարցադրեց Մարտոյանը, ապա աւելցուց, որ Նիկոլ Փաշինեանը Հայաստանի Հանրապետութեան 30 տարուան դիւանագիտութիւնը հիմ քէն քանդեց եւ հասցուց զէրոյական կէտի: Մարտոյեան հաստատեց, որ Նիկոլ Փաշինեանի սարսափ կը պատճառեն արժանապիւ հայն ու Արցախի դրօշը: «Արցախը անոր համար հայրենիք չէ, Արցախը անոր համար ծանրութիւն էր, որմէ կ’ուզէր ձերբազատիլ ամէն գնով, բայց ի վերջոյ սփիւռքն ու ամբողջ հայութիւնը պիտի ձերբազատին Նիկոլէն» ըսաւ, ապա եզրափակեց խօսքը ուղղելով վարչապետ Նիկիլ Փաշինեանին. «Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւնները դուն խաթարած ես, Պատերազմն ու չարիքը դուն բերած ես, պառակտումն ու հայատեացութիւնը դուն բերած ես

Եւ մեր հերոս տղաներուն մահուան պատճառ դուն դարձած ես: Ոչ դուն կաս սփիւռքին համար, ոչ ալ քու թրքասէր կուսակցութիւնը: Սփիւռքը մեժած է քեզ: Պիտի պայքարինք մինչեւ վերջ, մինչեւ քեզ ու բոլոր թրքահպատակները դուրս շպրտենք մեր հայրենիքէն»:

Խօսք առաւ տէր Տաթեւ ա. քհնյ. Միքայէլեան: Ան նշեց, որ հայ ժողովուրդն ու հայրենիքը օրհասական պայմաններու մէջ կը գտնուին. մէկ կողմէն արտաքին թշնամին կը փորձէ հայոց հողերը գրաւել, միւս կողմէն ներքին դաւաճանութիւնը ծայրայեղութեան գագաթնակէտին հասած կը փորձէ զիջումներով, պարտութեան իրավիճակին մէջ ամէն ինչ յանձնել թշնամիին ու քալել, երբ տակաւին չէ ամոքած Արցախի ազատամարտի ընթացքին հայրենիքի պաշտպանութեան ճանապարհին նահատակուած հերոսներուն յիշատակը:

Խօսքի աւարտին տէր Տաթեւ քահանայ հաստատեց, որ հայ եկեղեցին միշտ իր ժողովուրդի կողքին եղած է պատմութեան ընթացքին ու պիտի շարունակէ կանգնիլ, հայ հոգեւորականները պատրաստ են զէնք վերցնելու Ղեւոնդ Երէցի, Գարեգին Յովսէփեանցի, Պարգեւ սրբազանի նման եւ ընդառաջ երթալու պաշտպանելու հայոց աշխարը եւ հայկական սրբութիւնները:

Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնի յարակից միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու պատգամը տուաւ Խաժակ Գուլաճեանը: Ան խօսքին սկիզբը լուսարձակի տակ առաւ 44-օրեայ Արցախի պատերազմէն մինչեւ այսօր հայ իրականութեան մէջ զարգացող դաժան իրադարձութիւնները, ապա մատնանշեց, որ ՀՀ իշխանութիւններու դրսեւորած վարքագիծը կը վտանգէ Արցախի ճակատագիրը և հարցականի տակ կը դնէ հայոց երկրորդ պետականութեան յետագայ կարգավիճակի հարցը, մինչ Ռուսական խաղաղապահ ուժերու ներկայութիւնը միայն փխրուն խաղաղութիւն կ՚ապահովէ Արցախի եւ արցախահայութեան համար:

Անդրադառնալով ահազանգային կացութեան պատգամաբերը ըսաւ, որ շարժման մէջ է Հայաստանը, Երեւանէն մինչեւ հեռաւոր քաղաքներ: Օրը մօտեցած է հայրենիքը վերջնականապէս ձերբազատելու կործանարար վարչախումբէն։ Զարթնումի կոչերը ուղղուած են նաեւ սփիւռքին: Հայաստանի ընդդիմադիներէն առաջ, անիկա հնչեց Արցախի խորհրդարանէն արձակուած միաձայն յայտարարութեան ճամբով: Ապա կոչ ուղղեց զարթնելու եւ ըսաւ. «Այսօր, Բոլո՛րս, Վանգուվըրէն Գէմպրիճ, Գէմպրիճէն Թորոնթօ, Թորոնթոյէն Մոնթրէալ ու Լաւալ եւ աշխարհի տարբեր անկիւններէն կը միանանք Հայաստանի պայքարող ժողովուրդին եւ մասնակից կը դառնանք պայքարին, բոլորի հետ միասին։ Զարթնինք պատերազմի ստեղծած յուսալքութեան թմբիրէն, զարթնինք թրքահաճոյ այս իշխանութիւններու մեզ կուրցուցած սուտերէն, զարթնինք անվտանգութեան սուտ լոզունգներ մեր գլխուն տեղացուցած տմարդի իշխանութիւններէն։ Վտարենք թուրքի կամակատար, իրենց տխմար շարասիւներով հայ մայր սպաննող իշխանութիւնները»:

Գուլաճեան իր խօսքին մէջ նշեց, որ պայքարը չի ճանչնար որևէ կուսակցական կամ խմբային պատկանելիութիւն: Հաւաքներու նպատակը ժեխը հեռացնելն է եւ երկիրը փրկել, որմէ ետք միայն կարելի պիտի ըլլայ ձեւաւորել արժանիներու կառավարութիւն, ազգային կառավարութիւն, որ կը ստանձնէ այս պատասխանատուութիւնը, կը կեդրոնացնէ ողջ հայ ժողովորդի ներուժը, կը համախմբէ ժողովուրդը, կը վերացնէ այս թշնամութիւնը ու երկիրը դուրս կը բերէ անել վիճակէն։

Խօսքի աւարին ան ըսաւ, որ ներկայ պայքարը ունի մէկ նշանաբան՝ յանուն հայի, յանուն Հայաստանի, յանուն Արցախի, յանուն հայ ժողովուրդի, արժանապատիւ ժողովուրդի, յանուն մեր պապերուն ու նահատակներուն պայքար՝ թօթափելու ատելութիւնը, բաժանարար գիծերը, ազգային արժէքներու պղծումը, ապա եզրափակեց խօսքը ըսելով. «Պայքար՝ փակելու համար պառակտուածութիւններու ու անհանդուրժողականութեան էջը։ Որպէսզի պահենք հայրենիքը, որպէսզի իմաստաւորենք մեր գոյութիւնը սփիւռքի մէջ, Որպէսզի պահենք այս եկեղեցին, այս կեդրոնը, այս դպրոցը։ Դիմադրե՛նք, որպէսզի հայ մնանք»:

Հանրահաւաքի ամբողջ ընթացքին ներկաները հնչեցուցին «Հայաստա՛ն, ոտքի», «Արցա՛խ, ոտքի, «Սփի՛ւռք, ոտքի», «Սփիւռքը Արցախի կողքին է», «Առանց Նիկոլ Հայաստան», «Թուրքն իմ թշնամին է», «Հայաստան թրքական միջանցք չէ», «Արցախը Ազրպէյճանի մաս պիտի չկազմէ», «Տէր ենք Արցախի, տէր ենք Հայաստանի» վանկարկումները:

ՀՅԴ Գանատայի պատանեկան միութիւններու, յանձնառու երիտասարդութեան եւ հայ համայնքի մասնակցութեամբ դիմադրութեան շարժման զօրակցական հաւաքներ կայացան նաեւ Վանգուվըրի, Գէմպրիճի, Համիլթընի եւ Սէնթ Գաթրինզի մէջ։

Սիլվի Աբէլեան

horizonweekly.ca

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Փաշինյանը հակահայկական հայտարարություն

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինյանը 2026 թ. սեպտեմբերի 17-ին Երևանում ելույթ ունեցավ «Համ

22 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Դերերու բաշխում, ոչ թէ հակ

23 Օգոստոս 1990-ին, Հայաստանի համաժողովրդային շարժումին յաջորդեց Անկախութեան հ

22 Սեպտեմբեր 2026
Տեղի ունեցավ «Հայաստան» խմբակցության մ

Այսօր՝ սեպտեմբերի 22-ին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագույն մարմնի ներկայացուցիչ, ԱԺ «Հայա

22 Սեպտեմբեր 2026
Հ․Հ․ Անկախութեան Խաւարային Ստուերը՝ 44

«Դուք չէք կրնար նկարագիր եւ քաջութիւն կերտել՝ մարդոցմէ խլելով իրենց նախաձեռնու

22 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական.- Հայաստանը՝ 35 Տարեկան

1991ի Սեպտեմբեր 21ին, երբ Հայաստան անկախութիւն հռչակեց Խորհրդային Միութենէն, ի

21 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Սեպտեմբերի 21. Պետականութի

Այսօր 2026 թ. Սեպտեմբերի 21-ը Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախութեան 35-ամեակ

21 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Անկախութիւն՝ բայց ի՞նչ տես

Հայաստանի անկախութեան 35-ամեակը բնականաբար առիթ է տօնելու, բայց միեւնոյն ժաման

21 Սեպտեմբեր 2026
ՀՅԴ Հայ Դատի Եվրոպայի գրասենյակը՝ Հայ

ՀՅԴ Հայ Դատի Եվրոպայի գրասենյակը ջերմագին մաղթանքներ է հղում և սրտանց շնորհավո

21 Սեպտեմբեր 2026
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագույն մարմնի հայտարա

Սիրելի՛ հայրենակիցներ, 1991 թվականի սեպտեմբերի 21-ին հայ ժողովուրդը վերահաս

21 Սեպտեմբեր 2026
Կեղծ խաղաղության կարգախոսների ներքո շա

Սեպտեմբերի 21-ի կապակցությամբ ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոբերտ Քոչարյանի ուղերձը.

21 Սեպտեմբեր 2026
Անկախութեան 35 տարիները՝ հաշուեկշիռ եւ

­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան վե­րան­կա­խաց­ման 35-ա­մեա­կը ա­ռիթ է վե­րար

21 Սեպտեմբեր 2026
Վերակառուցումէն Հռչակագիր, Ապա Անկախու

Հայաստանի վերանկախացման թուականի` 21 սեպտեմբեր 1991-ի 35-ամեակն է այս տարի:

21 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Գերիշխանութեան Պահպանման Հ

Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման տօնի նշումին արդիական հնչեղութիւն ապահո

21 Սեպտեմբեր 2026
Յայտարարութիւն ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի

Դաշնակցութեան դէմ բանաւոր յարձակումը, որ դարձեալ բռնկած է ՔՊ-ի կողմէ այս օրերո

21 Սեպտեմբեր 2026
Մուսա Լերան Հերոսամարտի 111-Ամեակի Եւ

Անցնող շաբաթավերջին, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական-

21 Սեպտեմբեր 2026
Մուսա Լերան Անմար Կրակը` Անցեալէն Դէպի

Սեպտեմբերեան այս օրերուն մեր նախահայրերուն յիշատակն է, որ կը լեցնէ մեր հոգիներ

20 Սեպտեմբեր 2026
Յայտարարութիւն Հ.Յ.Դ. Իրանի Հիւսիսային

Վերջին օրերին Հայաստանի Ազգային ժողովի ամբիոնից հնչեց յայտարարութիւն՝ դաշնակցա

20 Սեպտեմբեր 2026
Պարտավոր ենք հիշել․ ՀՅԴ Արցախի երիտասա

2020 թվականի 44-օրյա պատերազմը և 2023 թվականի սեպտեմբերի 19-ին Արցախի դեմ սանձ

20 Սեպտեմբեր 2026
Քաղաքացիություն ստանալը դժվարացնում են

Ըստ ՀՅԴ Հայ դատի և քաղաքական հարցերի գրասենյակի ղեկավարի` սփյուռքը չի կարող խա

20 Սեպտեմբեր 2026
Սեպտեմբերյան պատերազմները․․․

Երբեք չեմ հասկացել, թե ինչու՞ է 2020 թվականի սեպտեմբերի 27-ին Ադրբեջանի սանձազ

19 Սեպտեմբեր 2026
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company