ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • Երիտասարդական
  • Լուրեր

ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» Պատանեկան Միութեան 50-Ամեակի Պաշտօնական Հանդիսութիւն

01 Հունիս 2023

Շաբաթ, 20 մայիս 2023-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին Ծաղկաձորի «Մայիս 28» պողոտային վրայ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» պատանեկան միութեան 50-ամեակի պաշտօնական հանդիսութիւնը` ներկայութեամբ հոգեւոր հայրերու, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամներու, երեսփոխան Յակոբ Թերզեանի, «Նիկոլ Աղբալեան» եւ «Հրայր Մարուխեան» կոմիտէներու ներկայացուցիչներուն, ծնողներու, պատանիներու եւ հայորդիներու:

Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներէն ետք ներկաները դիտեցին միութեան պատանիներուն ձայնագրած ու նկարահանած ՀՅԴ քայլերգը, որմէ ետք հաւաքի բացման խօսքը «Աղբալեան» պատանեկան միութեան անունով արտասանեց պատանի Քրիստոֆ Մաքտէսեան, որ ըսաւ. «Մենք հպա՛րտ ենք, որ անդամակցած ենք ՀՅԴ «Աղբալեան» պատանեկան միութեան: Մենք տէրը պիտի ըլլանք մեր խոստումին եւ պիտի նմանինք Պարոյրին ու պաշտպանենք ոչ միայն մեր թաղերը, ա՛յլ` ամբողջ հայրենիքը: Եւ պայքարի ոգին մեր մէջ` պիտի նմանինք Արային, որ մեր ձայնը արձագանգէ աշխարհի բոլոր մութ անկիւնները: Պիտի հետեւինք Սերժին, որ զոհեց իր կեանքը` փրկելու համար ընկերները: Եւ վերջապէս, պիտի ըլլանք Կարոյին նման` փրկելով մեր հայրենակիցները, մինչեւ մեր վերջին շունչը»:

Ապա ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» կոմիտէին ուղերձը կարդաց պատանի Լիմ Լիպարեան, որ նշեց, թէ անուրանալի է այս միութեան գործունէութիւնը շրջանին մէջ, որովհետեւ պատանեկան միութեան դաստիարակութիւն ստացած պատանիները ապագային կուսակցութեան մէջ կը ստանձնեն պատասխանատուութիւններ եւ պարտաւորութիւններ: Լիպարեան հաստատեց, որ «Աղբալեան» կոմիտէն իր ամբողջական զօրակցութիւնը կը յայտնէ պատանեկան շարքերու յաւելեալ աշխուժացման ու ծաւալման բոլոր ծրագիրներուն, որովհետեւ կը գիտակցի, որ կուսակցութեան ապագան այս կառոյցին մէջ է:

«Հրայր Մարուխեան» կոմիտէին ուղերձը ներկայացուց պատանի Քրիստ Ազէզեան, որ յայտնեց, թէ պատանեկան միութիւնը նման չէ որեւէ միութեան, որովհետեւ ան իր շարքերուն մէջ կերտած է ընկերներ, որոնք ի պաշտպանութիւն հայու պատուին` իրենց ամենաթանկագինը զոհաբերած են` միանալով նահատակ ընկերներու փաղանգին: Կոմիտէն անվերապահ նեցուկն ու աջակցութիւնը կը յայտնէ 50-ամեայ «Աղբալեան» պատանեկան միութեան` հաւաքաբար յաղթահարելու բոլոր դժուարութիւնները եւ ընդարձակելու գործունէութիւնը:

Իսկ ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու Ընդհանուր վարիչ մարմինին ուղերձը կարդաց պատանի Մելինա Շամլեան, որ նշեց, թէ մեր այսօրուան կազմակերպական կեանքի իրականութեան մէջ, Հայաստանէն մինչեւ հեռաւոր Ամերիկա, ծառայող փաղանգին մեծամասնութիւնը թրծուած է պատանեկան միութիւններու աթոռներու վրայ, իսկ «Աղբալեան» պատանեկան միութիւնը 50 տարի շարունակ, դժուար թէ բարօր պայմաններու մէջ, հաւատարիմ մնացած է իր կոչումին եւ շարունակած է գործել իրեն յատուկ ոճով ու տեսակով: Շամլեան շնորհաւորեց միութեան յիսնամեակը եւ մաղթեց յարատեւ վերելք ու նորանոր յաջողութիւններ:

Գեղարուեստական յայտագիրի առաջին բաժինով կրտսեր պատանի Կալիա երգեց «Սիրտս քոնն է, Հայաստան» երգը, որմէ ետք օրուան պատգամը տուաւ Շաղիկ Կոկոնեան-Չամիչեան, որ հաստատեց, թէ ՀՅԴ պատանեկան միութիւնները հայութեան ապագան են, եւ իւրաքանչիւր պատանի պիտի շարունակէ Հայ դատի պայքարի երթը (խօսքը` կցուած ամբողջութեամբ):

Պատգամախօսութենէն ետք պատանի Էնտի Տօնէրեան դաշնամուրով նուագեց ազգային երգաշար մը, որմէ ետք միութեան պարմանուհիները ներկայացուցին ազգագրական պար մը: Աւարտին ելոյթ ունեցան Լոռի Կիւլիւմեան եւ Էտի Նալպանեան, որոնք ներկայացուցին յեղափոխական երգեր:

ՀՅԴ «Աղբալեան» պատանեկան միութեան յիսնամեակի հանդիսութեան աւարտին Էտի Նալպանեան մեկնաբանեց «Դրոյի յիշատակին» երգը, իսկ Լոռի Կիւլիւմեան` «Գինի լից» երգը` նուագակցութեամբ Սեդօ Պաղտասարեանին: Հանդիսութիւնը փակուեցաւ երգիչներու եւ պատանիներու կողմէ «Արիւնոտ դրօշ»-ի միացեալ երգեցողութեամբ եւ հրավառութեամբ:

Օրուան Բանախօս Շաղիկ Կոկոնեանին Խօսքը

Մեծ ուրախութեամբ ու յուզմունքով է, որ ընդառաջեցի «Աղբալեան» պատանեկան միութեան 50-ամեակի այս ձեռնարկին իմ մասնակցութիւնս բերել ու յղել օրուան պատգամը:

Այս տարի կը նշուի նաեւ ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու 100-ամեակը: 100 տարիներու ընթացքին որքա՜ն սերունդներ դաստիարակուած են պատանեկան միութիւններէն ներս, որոնցմէ մէկը եղած եմ ես` երախտապարտ ընկերուհի` «Աղբալեան» պատանեկան միութեան:

Այսօրուան խօսքիս ընդմէջէն պիտի ուզէի ընդգծել, թէ հիմա, այսօր որքա՛ն ճակատագրական է, որ մեր զաւակները անդամակցին պատանեկան միութիւններու շարքերուն` լաւ ձեւով պատրաստուելու համար կեանքի մարտահրաւէրներուն, նախ` որպէս հայ անհատներ, ապագայի երիտասարդներ ու հետագային` չափահասներ ու անշուշտ` որպէս դաշնակցական ընկեր-ընկերուհիներ:

Մեր զաւակները կը ծնին մեզմէ, բայց չեն պատկանիր մեզի, անոնք կրնան շատ տարբեր ըլլալ մեզմէ իրենց նկարագրով, անհատականութեամբ: Անոնք տարբեր կրնան ըլլալ մեր երեւակայութեան մէջ մեր գծած պատկերէն: Այսօրուան փոքրիկները կը մեծնան այնպիսի դարի մը մէջ, ուր անհրաժեշտ է ըլլալ ինքնաբաւ ու ինքնավար, որպէսզի կարենան քայլ պահել արագ ընթացող կեանքին հետ: Անոնք շատ արագ կը դառնան կարծիքի տէր իւրայատուկ անհատներ: Իսկ արդեօք ի՞նչ է դերը այսօրուան ծնողքին: Յաճախ կը հանդիպինք այն խօսքին, որ ծնող մը իր զաւկին պէտք է տայ արմատներ եւ թեւեր, բայց արդեօք ի՞նչ կը նշանակէ այս մէկը եւ ինչպէ՞ս կարելի է գործնականացնել: Երբ կը խօսինք արմատներու մասին, կ՛ակնարկենք մեր ինքնութեան: Մենք հայ ենք, որքան ալ ոմանք երբեմն, կամայ թէ ակամայ, շեղին իրենց արմատներէն ու տարուին օտարի «փառքերով», մենք ծնած ենք ու կը մնանք հայ, եթէ գիտակցինք այս մէկուն, արդէն իսկ մեր զաւակներուն դաստիարակութեան ճամբան կը դառնայ աւելի յստակ:

Հայ ծնողը պիտի սկսի իր տան յարկին տակ պահպանել մեր աւանդութիւնները, սովորութիւնները, իր զաւակներուն հետ պիտի խօսի հայերէն, որովհետեւ այդ մանուկը իր մօր արգանդին մէջ եղած օրէն իսկ լսած ու ընտելացած է մայրենի լեզուին: Ապա ծնողը իր զաւակը պիտի վստահի հայ վարժարանին, ուր փոքրիկը պիտի ստանայ հայեցի դաստիարակութիւն եւ բարձրորակ ուսում: Եւ վերջապէս, զայն պիտի ուղղէ դէպի ակումբ, դէպի պատանեկան միութիւն: Հայ ծնողին դերն է ուղղութիւն տալ իր զաւակին, մղել դէպի այնպիսի միջավայր մը, ուր յոռի երեւոյթներ չկան, կայ առողջ մթնոլորտ, կան հարազատ ընկերներ: Պատանեկան միութեան մէջ այդ զաւակը, այդ իւրայատուկ անհատը պիտի թրծուի մարդկային ազնուագոյն սկզբունքներով:

Եկեղեցին, լեզուն, մշակոյթը, դարաւոր աւանդութիւնները, արժէքները մեր ազգային դիմագիծն ու ինքնութիւնը կը կազմեն: Երբ մեր շրջապատին մէջ կը սպառնայ այլասերումի վտանգը, օտար գաղութներու մէջ հետզհետէ աճ կ՛արձակեն յոռի երեւոյթներ, ընտանեկան, ընկերային արժէքները կ՛անհետանան, ազատութեան անունին տակ մենք մեր արժէքներով պէտք է զինենք ապագայ սերունդները, որպէսզի անոնց արմատները ըլլան ամուր: Ամուր արմատներ ունեցող ծառը կը դիմադրէ եկող-գացող քամիներուն ու կը մնայ կանգուն: Որպէս ծնող եւ դաստիարակ` բոլորս ալ կը մտահոգուինք մեր զաւակներու ապագայով, որովհետեւ յաճախ ապագան անորոշ է, մանաւանդ` արհեստագիտութեան արագ զարգացման ու համաշխարհայնացման պատճառով: Արդէն իսկ կը խօսինք արհեստական բանականութեան մասին, ինչ որ պիտի փոխէ աշխարհը, երբեմն չենք կրնար երեւակայել նոյնիսկ, թէ ի՛նչ պիտի ըլլան ապագայի գործերը, արհեստները: Ինչպէ՞ս պէտք է պատրաստել պատանին ապագայի կեանքին: Մտահոգիչ են նաեւ օտար շրջանակներու մէջ տարածուող գաղափարներն ու շարժումները, խորթ են մեզի համար, հեռու` մեր ընտանեկան ու մարդկային սրբութիւններէն: Ահա թէ ինչո՛ւ հարկ է մեր զաւակները զինել հմտութիւններով ու մարդկային արժանիքներով` հեռու պահելու համար այդ ախտերէն:

Պատանեկան միութիւններն են, որ ընտանեկան դաստիարակութեան ու դպրոցներու ուսումնական եւ հայեցի դաստիարակութեան կողքին, մեր զաւակներուն մէջ առաւել եւս պիտի զարգացնեն արժանիքներ` ազգասիրութիւն, հայրենասիրութիւն, հնազանդութիւն, խոնարհութիւն, ծառայասիրութիւն, ընկերասիրութիւն, համեստութիւն: Այս բոլորը պիտի կերտեն հզօր, անպարտ հայ անհատը, դաշնակցական պատանին, եւ երբ ժամանակը հասնի, որ ան թեւեր առնէ ու սկսի կազմաւորել իր ապագան, ուր որ ալ գտնուի, որքան ալ դժուարութիւններու ու փորձութիւններու հանդիպի, պիտի մնայ կանգուն, հաստատ ու պիտի շարունակէ իր յաջողութիւններուն ընդմէջէն ծառայել, զոհուիլ ու նեցուկ կանգնիլ հայութեան, հայրենիքին ու Հայ դատին: Այս է, որ կը զանազանէ դաշնակցական պատանին ուրիշ պատանիներէ:

Ներկայ դարի ստեղծած պայմաններուն մէջ, եկէք, բարձրաձայն մտածենք, թէ արդեօք պատանի տարիքի տղոց ու աղջիկներուն հետաքրքրութիւնները ի՞նչ են, ի՞նչն է, որ կը գրաւէ անոնց ուշադրութիւնը, ինչո՞վ կ՛անցընեն իրենց ժամանակը: Այսօրուան պատանին ունի անսահման ու յաճախ առանց հսկողութեան համացանցի դրութիւն: Արհեստագիտութեան հետ քայլ պէտք է պահենք բոլորս, փախուստ չկայ անկէ: Արհեստագիտութիւնը ապագան է, բայց արդեօ՞ք մեր պատանիները նպատակայարմար բաներու համար կը գործածեն համացանցը, թէ՞ տարուելով օտար մշակոյթներով` հեռու կը մնան հայկական արժէքներէ: Դժբախտաբար իրենց անձնական կեանքը ցուցադրող անօգուտ եւ ժամանակակորուստ բաներու հետեւելով է, որ յաճախ կը վատնենք մեր ժամանակը: Ինչո՞ւ հետաքրքրուինք օտարին առօրեայով, եկէք, մենք օրինակ դառնանք մեր պատանիներուն, մղենք զիրենք ընթերցանութեան, թող անոնք զարգացնեն իրենց լեզուն, բանան մտքի նոր հորիզոններ: Թող մեր վարիչ-վարչուհիները իրենց դաստիարակութեամբ կեանքի նուաճումներով ըլլան տիպար անձեր, թող դառնան իսկական ընկերները մեր պատանիներուն: Այն, ինչ որ ծնողքէն պիտի չընկալէ կամ ընդունի, թող որ իր մեծ ընկերոջմէն ընկալէ պատանին: Թող հարստացնէ իր մտային ու հոգեկան աշխարհը յեղափոխական դրուագներու, ֆետայիներու կամ նահատակներու պատմութիւններով` պատանեկան միութենէն ներս: Օտար շարժապատկերներու մէջ փնտռելու ու երեւակայական հերոսներով հմայուելու փոխարէն` մեր պատմութեան էջերուն մէջ թող գտնէ իսկական հերոսներ: Պատանեկան միութեան շարքերուն անդամակցելով` դաստիարակչական, ընկերային, մարզական ձեռնարկներու, բանակումներու մասնակցելով է, որ պիտի կերտուի միտքով, հոգիով ու մարմնով հզօր հայ պատանին:

Պատանեկան տարիներուն ձեռք բերուած փորձառութիւնները յաւերժ կը մնան մեզի հետ ու մաս կը կազմեն մեր էութեան:

Վա՛րձքը կատար մեր այսօրուան վարիչներուն, Ընդհանուր վարիչ մարմնին. ձեր գործը բաւական դժուար է, որովհետեւ հսկայական ջանքեր պէտք է ի գործ դնել ներգրաւելու համար այսօրուան պատանին, որ ընդհանրապէս տարուած է ու ընկղմած` տեղեկութիւններու առատութեան եւ այլազանութեան մէջ: Դուք անոնց փարոսն էք ու պիտի ընկերակցիք անոնց` դէպի ապահով ապագայ:

Ակումբի երդիքին տակ պատանին հեռու կը մնայ յոռի երեւոյթներէ եւ ախտերէ, կը դաստիարակուի մարդկային բարձր արժէքներով: Սիրելի՛ ծնողներ, վստահեցէք ձեր զաւակները պատանեկան միութիւններուն, ու միասնաբար մասամբ մը պիտի փարատին անոնց ապագայի նկատմամբ բոլորիս ունեցած մտահոգութիւնները:

Հայ փոքրիկին տանք արմատներ, ամուր ինքնութիւն ու ապա թեւեր` դէպի ապագայ, քաջ գիտակցելով, որ ան ի գործ պիտի դնէ ձեռք բերած հմտութիւնները, պիտի չշեղի իր արժէքներէն ու պիտի հպարտացնէ մեզ իր յաջողութիւններով` միշտ ու միշտ ծառայելով ազգին ու հայրենիքին:

Ու վերջապէս, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան պատանեկան միութիւններն են հայութեան ապագան, դուք էք, սիրելի՛ պատանիներ, հայութեան ու հայրենիքի ապագան: Այսօրուան Հայաստանը մեր բոլոր երազներու Հայաստանը չէ, այսօր Արցախը տառապանքի մէջ է: Իւրաքանչիւր պատանի պիտի շարունակէ Հայ դատի պայքարի երթը, իւրաքանչիւր պատանի յոյս կը ներշնչէ մեզի: Այս դարուս եւ այսօրուան ընկերութեան մէջ այդքան ալ դիւրին չէ տիպար պատանի ըլլալ, իսկ դաշնակցական պատանի ըլլալը կը պահանջէ յաւելեալ ճիգ ու զոհողութիւն: Այսօրուան պատանին վաղուան ղեկավարն է, պատասխանատուն է ու կը մարմնաւորէ Դաշնակցութեան ապագան:

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Ազգային օրակարգի շուրջ համախմբված կուս

Կալանավայրում մահացել է «Ուժեղ Հայաստան» կուսակցության՝ ՏԻՄ ընտրություններում

10 Նոյեմբեր 2026
Արցախի ի նպաստ հաւաք, լուռ քայլարշաւ ե

Կիրակի, Նոյեմբեր 8ի երեկոյեան, հայ համայնքի անդամները հաւաքուեցան Կլենտէյլի մէ

10 Նոյեմբեր 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Նամակ Մը

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը երէկ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի անդամ երկիրներ

10 Նոյեմբեր 2026
Ինչպէ՞ս Կարելի Է Համաձայն Ըլլալ Նիկոլ

Պէտք է իրերը կոչել իրենց անուններով։ Յայտարարելով, որ Հայոց ցեղասպանութեան միջ

09 Նոյեմբեր 2026
Նոյեմբերի 9-ից Պրահա․ ինչպես փոխվեց Ար

44-օրյա պատերազմը դադարեցվեց 2020 թվականի նոյեմբերի 9-ին՝ Հայաստանի, Ադրբեջանի

09 Նոյեմբեր 2026
Մեր հիմնական եւ առաջնային հարցը Արցախի

ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան հրատարակչական յանձնախումբը հետեւեալ հարցազրո

09 Նոյեմբեր 2026
«Հայաստան» խմբակցության պատգամավորներն

2020 թվականի նոյեմբերի 9-ի եռակողմ հայտարարության 6-րդ տարելիցի կապակցությամբ

09 Նոյեմբեր 2026
Բագրատունի. «Կը Զգուշացնենք Զէնքի Մենա

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի

09 Նոյեմբեր 2026
Հարաւային Ամերիկայի ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմ

Նոյեմբեր 9 - Ազգային յիշողութեան վրայի վէրքը եւ Հայաստանին ապագային հանդէպ յան

09 Նոյեմբեր 2026
Ակնարկ. Վճարամիջոց-Մանրադրամի Պատրուակ

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը ա

09 Նոյեմբեր 2026
ՀՄԸՄ-ի Միջդիւանական 12-րդ Խորհրդաժողով

Ուրբաթ, 6 նոյեմբերի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Երեւանի «Քոնկրես» հիւրանոցին մէջ ի

07 Նոյեմբեր 2026
Հայ դատի կենտրոնական խորհրդի հայտարարո

Հայ դատի կենտրոնական խորհուրդը ՄԱԿ-ի Անվտանգության խորհրդի անդամներին և ՄԱԿ-ի

06 Նոյեմբեր 2026
Համազգային Համախմբում

Չորեքշաբթի, 4 նոյեմբերի վաղ առաւօտուն Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութ

06 Նոյեմբեր 2026
Արտահերթ ընտրությունների գնալու միակ տ

Երեկ տեղի ունեցած հավաքում քննարկվել է ընդհանուր ստեղծված իրավիճակը, բռնաճնշու

05 Նոյեմբեր 2026
ՀՄԸՄի Միջդիւանական 12րդ Խորհրդաժողովը

ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան կազմակերպութեամբ, Նոյեմբեր 5ի առաւօտեան, Երեւանի «

05 Նոյեմբեր 2026
Հայ դատի Ամերիկայի հանձնախմբի աջակցութ

2026 թ. Կոնգրեսի միջանկյալ ընտրություններում ամերիկահայ ընտրողները նկատելի ազդ

05 Նոյեմբեր 2026
Ընդդիմադիր ուժերը հայտարարում են համազ

Մենք՝ ներքոստորագրյալ հայաստանյան քաղաքական ուժերս, գիտակցելով հայ ժողովրդի և

05 Նոյեմբեր 2026
Հ.Յ.Դ. Երիտասարդականը IUSY-ի միջազգայ

26-էն 31 Հոկտեմբեր 2026-ին, Ընկերվար Երիտասարդներու Միջազգային Միութեան (IUSY)

04 Նոյեմբեր 2026
Սա կարող է հնարավորություն ընձեռել ընդ

«Բարգավաճ Հայաստան» կուսակցության ղեկավար Գագիկ Ծառուկյանի գործով դատական նիստ

04 Նոյեմբեր 2026
Արարատն ու կեղծ երկընտրանքը. պետականու

Կան ազգային խորհրդանիշներ, որոնց խորհուրդն ու նշանակությունը վեր են ժամանակի ո

04 Նոյեմբեր 2026
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company