Գոյժ – Նազարէթ Դանիելեան
12 Հուլիս 2023
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Վռամեան կոմիտէն սրտի խոր կսկիծով կը գուժէ վաստակաւոր ընկերներէն, միշտ ազգին և համայնքին ծարայող ընկեր Նազարէթ Դանիելեանի մահը, որ պատահեցաւ այսօր երեկոյան։
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Վռամեան Ակումբի մեծ ընտանիքի անունով կու գանք մեր խորին վշտակցութիւնը յայտնելու իր դժբախտ մօր Ալիսիա Լափաճեան Դանիելեանին, զաւակներուն Լէօնարտօ եւ Սթեֆանիին, ընտանիքին, հարազատներուն, Մոնդեվիտէոյի հայ գաղութին եւ բոլոր գաղափարակից ընկերներուն ու ընկերուհիներուն:
