Լիբանանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Կը Դատապարտէ Արցախի Մէջ Անզէն Քաղաքայիններու Սպանութիւնը
20 Սեպտեմբեր 2023
Լիբանանի արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ ցաւ յայտնեց Արցախի մէջ զինուորական գործողութիւններուն վերսկսումին համար:
Նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ լուրջ մտահոգութիւն կը յայտնուի Արցախի մէջ գործուող պատերազմական գործողութիւններուն, սպանութեան եւ քանդումին առումով:
«Կոչ կ՛ուղղենք զինուորական գործողութիւնները կասեցնելու եւ զինադուլը յարգելու: Կ՛ընդգծենք ինքնազսպումի ենթարկուելու եւ զինուորական մագլցումէ խուսափելու անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ կարեւոր կը նկատենք միջազգային օրէնքի սկզբունքները եւ ստորագրուած համաձայնագիրները յարգելը», կը նշէ հաղորդագրութիւնը:
Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը խստիւ կը դատապարտէ քաղաքայիններու եւ անզէն մարդոց սպանութիւնն ու թիրախաւորումը:
Հաղորդագրութիւնը կոչ կ՛ուղղէ նաեւ որդեգրելու ՄԱԿ-ի հռչակագիրին մէջ ամրագրուած խաղաղ միջոցները` լուծելու համար տագնապները եւ Արցախի մէջ վերահաստատելու համար ապահովական կայունութիւնը:
aztagdaily.com
Սեպտեմբեր 19, 2023
