Քեպէգի Ազգային Ժողովը միաձայնութեամբ դատապարտեց Արցախի դէմ գործադրուած ատրպէյճանական յարձակումը
26 Հոկտեմբեր 2023
Հոկտեմբեր 25-ին կայացած նիստի ընթացքին, Գանատայի Քեպէգ նահանգի Ազգային Ժողովի պատգամաւորները միաձայնութեամբ դատապարտեցին Արցախի դէմ կատարուած ատրպէյճանական յարձակումը եւ պահանջեցին մարդասիրական գետնի վրայ լուծում գտնել Արցախէն բռնագաղթի ենթարկուած 120,000 հայերուն համար: Իշխող Coalition Avenir Québe (CAQ) կուսակցութեան հայազգի պատգամաւոր Սելին Հայթայեանի ներկայացուցած դատապարտման բանաձեւը միաձայնութեամբ ընդունուեցաւ Ազգային Ժողովին կողմէ։ Բանաձեւը նաեւ կը պահանջէ Արցախի Հանրապետութեան մէջ տակաւին ապրող հայ քաղաքացիներու պաշտպանութեան ապահովումը։
