ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • Երիտասարդական
  • Լուրեր

Հալէպի մէջ Արցախի ու Կազզայի ժողովուրդներուն զօրակցական հաւաք

30 Հոկտեմբեր 2023

ՁԵՌՆԱՐԿԻ ՊԱՏԳԱՄԱԲԵՐՆԵՐ. «ԱՐՑԱԽԻ ԵՒ ԿԱԶԶԱՅԻ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴՆԵՐԸ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՏԵՂԱՀԱՆՄԱՆ ՆՈՅՆ ՈՃԻՐՆԵՐՈՒՆ Կ՚ԵՆԹԱՐԿՈՒԻՆ, ՆՈՅՆ ԾՐԱԳՐՈՂՆԵՐՈՒՆ ՁԵՌԱԳՐՈՎ»

Հալէպի հայ եւ արաբ, քրիստոնեայ եւ իսլամ համայնքներու ներկայացուցիչներն ու ժողովուրդի զաւակները Արցախի եւ Կազզայի զօրակցական միացեալ հաւաքին ընթացքին շեշտեցին, որ նոյն թշնամական ծրագրեալ ոճիրներուն կ՚ենթարկուին արդարութեան ու հայրենիքի համար պայքարող հայ, սուրիացի եւ պաղեստինցի ժողովուրդները։

Արդարեւ, Կիրակի, 29 Հոկտեմբերին, Հայ Երիտասարդական միութեան(ՀԵՄ) կազմակերպութեամբ, Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդին հովանաւորութեամբ տեղի ունեցած զօրակցական հաւաքին ներկայ էին քրիստոնեայ եւ իսլամ կրօնապետներ, սուրիական կուսակցութիւններու, պաղեստինեան «Քուտս» գումարտակի, պաղեստինեան ապստամբութեան «Ֆաթհ» շարժումի պատասխանատուները, Հալէպի մէջ Իրանի հիւպատոսին խորհրդականը, Սուրիոյ խորհրդարանի, հալէպահայ կազմակերպութիւններու, միութիւններու եւ ազգային իշխանութեան ներկայացուցիչներ, Հալէպի կրօնական կալուածներու տնօրէնը, Արաբ Գրողներու Միութեան նախագահը, բարեսիրական միութիւններու ներկայացուցիչներ, դատախազներ, Հալէպի պետական համալսարանի դատախօսներ եւ հոծ բազմութիւն մը։

Զօրակցական հաւաքը սկսաւ Սուրիոյ քայլերգով, ապա հանդիսավար Ամէր Տրաու ներկաները հրաւիրեց մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելու Արցախի եւ Պաղեստինի նահատակներուն յիշատակը ու շեշտեց որ զօրակցական այս հաւաքով կը հաստատենք արդար պայքարը արցախահայութեան եւ Կազզայի ժողովուրդներուն. այն ժողովուրդներուն, որոնք տասնամեակներ շարունակ ենթակայ դարձան բռնարարքներու՝ իրենց պատմական հողին վրայ։

Այնուհետեւ «Քուտս» գումարտակի խօսքը ուղղեց գումարտակի քաղաքական թեւի պատասխանատու Ատէլ Ապտուլ Հաք։ Ան դատապարտեց միջազգայինօրէն ծրագրուած ահաբեկչութիւնը, որ կը միտի ազգեր բնաջնջել քաղաքական նպատակներու համար, աւելցնելով որ Թուրքիան է՛ր ու կը մնայ գործիքը մեր տարածաշրջանին մէջ ահաբեկչական ծրագիրներու իրագործման։ Փաստօրէն Հայոց Ցեղասպանութիւնը վկան է այս իրողութեան, ու ահա Թուրքիան, այսօր, Ատրպէյճանի ձեռամբ՝ կազմակերպուած ցեղասպանութիւն կը հովանաւորէ Արցախի մէջ, Արցախի բնակչութիւնը բռնի տեղահանութեան կ՚ենթարկէ եւ շրջանի ժողովրդագրական պատկերը կը փոխէ։ Եթէ մանրակրկիտ կերպով դիտենք նման երեւոյթներ աշխարհի մէջ ընդհանրապէս, պիտի տեսնենք, թէ ուր որ ահաբեկչութիւն գոյութիւն ունի, հրահրուած է Միացեալ Նահանգներուն եւ սիոնիստական շարժումին կողմէ, եւրոպական կարգ մը երկիրներու եւ յատկապէս Թուրքիոյ մեղսակցութեամբ։

«Սակայն իրաւունքը չի՛ մեռնիր, եթէ պահանջատէր ունի։ Եւ ահաւասիկ «Աքսայի հեղեղ»-ը աստուածային նախախնամութեամբ կու գայ անիրատեսական համարելու Իսրայէլի անպարտելի ըլլալու տեսութիւնը եւ թշնամին նիւթական ու մարդկային վնասներ կը կրէ, ինչ որ ուժերու հաւասարակշռութիւնը կը խախտէ եւ անել կացութեան կը մատնէ Իսրայէլը, վերջինս մղելով անմարդկային արարքներու», ըսաւ ան։

Ապա խօսք առաւ Արաբ Աւետարանական Համայնքի պետ Իպրահիմ Նսէիր, որ ըսաւ․ «Ողջոյնի խօսք կ՛ուղղենք Հալէպէն, որ ահաբեկչութեան ծրագիրը շրջեց։ Ու այնպէս ինչպէս, Սուրիոյ նախագահին իսկ խօսքով, Հալէպի ազատագրութեան մարտերը պատմութիւնը փոխեցին, նոյնպէս ալ Կազզայի մէջ պաղեստինցիներուն մղած պատերազմը պիտի փոխէ պատմութիւնը։ Այստեղ ենք հաստատելու, որ Կազզայի պատերազմը յստակօրէն բացայայտեց ծաւալապաշտական եւ թշնամական նկրտումներ ունեցողները։ Փաստօրէն ան որ 1915-ին մեր նախահայրերը ցեղասպանութեան ենթարկեց Օսմանեան կայսրութեան մէջ, նոյն թշնամին է, որ Արցախի մեր քոյրերն ու եղբայրները ցեղասպանութեան ու բռնի տեղահանման ենթարկեց, նոյն թշնամին է որ Սուրիոյ մեր զաւակները սպանեց ու այսօր Պաղեստինի մէջ մեր եղբայրներն ու քոյրերը կը սպանէ։ Նոյն թշնամին է, սիոնական շարժումը, իսկ պատճառը այն է, որ մեր ժողովուրդները մշակոյթ ունին, ինքնութեան համար կը պայքարին։

Մենք խաղաղասէր ժողովուրդներ ենք, սակայն պիտի պաշտպանենք մենք մեզ ու թոյլ պիտի չտանք որ մեզ վերացնեն։ Այսօր կը հաստատենք, որ Պաղեստինի եւ Արցախի դատերը մեր բոլորին դատերն են, անոնք արդարութեան, ազատութեան համար յառաջ մղուող դատեր են»։

Գեղարուեստական յայտագիրով Մարինէ Մարգարեան երգեց «Արձակէ՛ Փամփուշտդ» արաբերէն երգը, Աննա Սաղպազարեան մեներգեց «Արցա՛խ, իմ Տուն» երգը, Անի Պօղիկեան (դաշնամուր) եւ Տեսիլ Սարեան (ջութակ) նուագեցին «Կեանք ու Կռիւ»-ը, իսկ Արա Մութաֆեան ասմունքեց իր հեղինակած «Հայրենիքի Յարութիւնը» արաբերէն քերթուածը։

Այնուհետեւ խօսք առին Պաղեստինեան «Ֆաթհ» ապստամբութեան շարժման պատասխանատուն, Հալէպի կրօնական կալուածներու տնօրէնութեան կողմէ շէլխ դոկտ․ Ճեմէլ Համմէշը, Սուրիական Ազգային Հասարակական Կուսակցութեան ներկայացուցիչը, Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան Ժիրայր Րէիսեանը եւ «Պաաս» կուսակցութեան Հալէպի քարտուղարին ներկայացուցիչը, որոնք լուսարձակի տակ առին Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի հայութեան դէմ ի գործ դրուած ցեղասպանութիւնը եւ բռնի տեղահանումն ու հայկական Արցախի բռնագրաւումը, Պաղեստինի ժողովուրդին ցեղասպանութիւնն ու բռնի տեղահանումը իսրայէլեան ուժերուն կողմէ, վեր առին երկու ժողովուրդներուն իրենց պատմական հողերուն վրայ ազատ ապրելու իրաւունքն ու պահանջեցին մարդկային իրաւունքներու անունով հանդէս եկող միջազգային կազմակերպութիւններէն դիտորդի դերին մէջ մնալով մեղսակից չըլլալ տեղի ունեցող բռնարարքներուն, որովհետեւ բռնարարքները անպատիժ պիտի չմնան, ու այս ժողովուրդներու զաւակներն ու թոռները պիտի ժառանգեն պահանջատիրութեան ջահը։

Ցուցադրուեցաւ Արցախի ու Պաղեստինի մասին տեսերիզ մը։

Զօրակցական հաւաքը փակուեցաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Մակար Սրբ․ Եպս․ Աշգարեանի եզրափակիչ խօսքով։

Մակար սրբազան դիտել տուաւ, որ որոշ ժողովուրդներ հեռանալով Աստուծոյ պատուիրաններէն, սպանելով իրենց նմանը՝ մարդը, եւ յանուն իրենց նիւթական շահերուն Սատանային հետ դաշնակցելով պատմական իրականութիւններ շրջեցին, ցեղասպանութիւններ իրագործեցին ու ժողովուրդներ իրենց հայրենիքներէն վտարանդի դարձուցին։ Արցախի եւ Կազզայի մէջ պատահածները չեն տարբերիր 1915-ի Հայոց Ցեղասպանութենէն։ «Ո՞ւր են միջազգային կազմակերպութիւնները, ո՞ւր է ԻւՆԻՍԷՖ-ը, ո՞ւր են խաղաղութեան, մարդկային իրաւունքներու անունով հանդէս եկող կազմակերպութիւնները։ Ամօ՛թ բոլորին։ Կը զօրակցինք Պաղեստինի մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն, կը զօրակցինք արցախահայութեան։ Կը դատապարտենք բոլոր բռնարարքները, որոնք կը քանդեն խաղաղ գոյակցութեան հիմքերն ու ատելութիւն կը սերմանեն աշխարհի մէջ՝ շրջանցելով արդարութիւնը, խաղաղութիւնն ու մարդու իրաւունքները։ Իրաւացի էր նահատակ հայ բանաստեղծ Սիամանթօն երբ կ՛ըսէր․ «Ով մարդկային արդարութի՛ւն, թող ես թքնեմ քու ճակտին»․․․ Կը հաւատանք վերջապէս որ արդարութեան համար մաքառող ժողովուրդները ուշ կամ կանուխ պիտի վերատիրանան իրենց իրաւունքներուն, քանի որ պիտի պայքարին անոնց համար ու այդ պայքարի շունչը վառ պիտի պահեն սերունդէ սերունդ։ Մեր երախտագիտութիւնը կը յայտնենք այստեղ գտնուողներուն եւ անոնց զօրակցութեան Արցախի եւ Պաղեստինի ժողովուրդներուն, ինչպէս նաեւ այս ձեռնարկը կազմակերպողներուն։ Թող Աստուած պահէ սուրիական հայրենիքն ու անոր իմաստուն նախագահ Պաշշար ալ- Ասատը։ Թող Աստուած պահէ սուրիական բանակը եւ օգնելով յաղթանակի առաջնորդէ Արցախի ու Պաղեստինի իրաւատէր ժողովուրդները», ըսաւ սրբազանը։

Աւարտին Սուրիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբի ատենապետ Ծերուն Գահուէճեան ընթերցեց Բերիոյ Հայոց Թեմին եւ անոր մարմիններուն կողմէ դատապարտագիր մը, ուր կը դատապարտուէին թրքական, ատրպէյճանական եւ սիոնիստական ցեղասպանական արարքները հայ եւ արաբ ժողովուրդներուն դէմ ու միջազգային ընտանիքին կոչ կ՛ուղղուէր՝ պատժելու բոլոր պատասխանատուները։ Դատապարտագիրը ստորագրուեցաւ նաեւ հաւաքին մասնակիցներուն կողմէ։

FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Մուսա Լերան Հերոսներուն Յիշատակը Կը Պա

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեանի խօսքը՝ Մուսա Լ

24 Սեպտեմբեր 2026
Հըզպալլայի Պատուիրակութիւնը Այցելեց «Շ

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեան 23 սեպտեմբեր 20

24 Սեպտեմբեր 2026
Փաշինյանը հակահայկական հայտարարություն

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինյանը 2026 թ. սեպտեմբերի 17-ին Երևանում ելույթ ունեցավ «Համ

22 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Դերերու բաշխում, ոչ թէ հակ

23 Օգոստոս 1990-ին, Հայաստանի համաժողովրդային շարժումին յաջորդեց Անկախութեան հ

22 Սեպտեմբեր 2026
Տեղի ունեցավ «Հայաստան» խմբակցության մ

Այսօր՝ սեպտեմբերի 22-ին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագույն մարմնի ներկայացուցիչ, ԱԺ «Հայա

22 Սեպտեմբեր 2026
Հ․Հ․ Անկախութեան Խաւարային Ստուերը՝ 44

«Դուք չէք կրնար նկարագիր եւ քաջութիւն կերտել՝ մարդոցմէ խլելով իրենց նախաձեռնու

22 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական.- Հայաստանը՝ 35 Տարեկան

1991ի Սեպտեմբեր 21ին, երբ Հայաստան անկախութիւն հռչակեց Խորհրդային Միութենէն, ի

21 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Սեպտեմբերի 21. Պետականութի

Այսօր 2026 թ. Սեպտեմբերի 21-ը Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախութեան 35-ամեակ

21 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Անկախութիւն՝ բայց ի՞նչ տես

Հայաստանի անկախութեան 35-ամեակը բնականաբար առիթ է տօնելու, բայց միեւնոյն ժաման

21 Սեպտեմբեր 2026
ՀՅԴ Հայ Դատի Եվրոպայի գրասենյակը՝ Հայ

ՀՅԴ Հայ Դատի Եվրոպայի գրասենյակը ջերմագին մաղթանքներ է հղում և սրտանց շնորհավո

21 Սեպտեմբեր 2026
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագույն մարմնի հայտարա

Սիրելի՛ հայրենակիցներ, 1991 թվականի սեպտեմբերի 21-ին հայ ժողովուրդը վերահաս

21 Սեպտեմբեր 2026
Կեղծ խաղաղության կարգախոսների ներքո շա

Սեպտեմբերի 21-ի կապակցությամբ ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոբերտ Քոչարյանի ուղերձը.

21 Սեպտեմբեր 2026
Անկախութեան 35 տարիները՝ հաշուեկշիռ եւ

­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան վե­րան­կա­խաց­ման 35-ա­մեա­կը ա­ռիթ է վե­րար

21 Սեպտեմբեր 2026
Վերակառուցումէն Հռչակագիր, Ապա Անկախու

Հայաստանի վերանկախացման թուականի` 21 սեպտեմբեր 1991-ի 35-ամեակն է այս տարի:

21 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Գերիշխանութեան Պահպանման Հ

Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման տօնի նշումին արդիական հնչեղութիւն ապահո

21 Սեպտեմբեր 2026
Յայտարարութիւն ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի

Դաշնակցութեան դէմ բանաւոր յարձակումը, որ դարձեալ բռնկած է ՔՊ-ի կողմէ այս օրերո

21 Սեպտեմբեր 2026
Մուսա Լերան Հերոսամարտի 111-Ամեակի Եւ

Անցնող շաբաթավերջին, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական-

21 Սեպտեմբեր 2026
Մուսա Լերան Անմար Կրակը` Անցեալէն Դէպի

Սեպտեմբերեան այս օրերուն մեր նախահայրերուն յիշատակն է, որ կը լեցնէ մեր հոգիներ

20 Սեպտեմբեր 2026
Յայտարարութիւն Հ.Յ.Դ. Իրանի Հիւսիսային

Վերջին օրերին Հայաստանի Ազգային ժողովի ամբիոնից հնչեց յայտարարութիւն՝ դաշնակցա

20 Սեպտեմբեր 2026
Պարտավոր ենք հիշել․ ՀՅԴ Արցախի երիտասա

2020 թվականի 44-օրյա պատերազմը և 2023 թվականի սեպտեմբերի 19-ին Արցախի դեմ սանձ

20 Սեպտեմբեր 2026
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company