Տխրունի — Գալուստ Չամասեան
23 Մարտ 2024
Քառասուն օրեր առաջ, թեսաղոնիկահայութենէն հրաժեշտ առաւ իր արժանաւոր անդամներէն՝ ընկ. Գալուստ Չամասեան։ Հանգուցեալը տասնեակ տարիներ հաւատարմութեամբ գործեց համայնքի կեանքէն ներս, առանց երբեք զլանալու իր ամբողջ կարելիութիւններով մասնակից դառնալ հանրային կեանքին։
Ծնած էր 1937-ին Թեսաղոնիկէի մէջ եւ փոքր տարիքէն եղած էր Հ.Մ.Ը.Մ.-ի անդամ, իսկ նոյն հաւատարմութեամբ երիտասարդ տարիքին իր երդումը տալով՝ մտած էր Հ.Յ.Դաշնակցոթեան շարքերը, որուն ծառայեց անսակարկ նուիրումով։
Ուսումնասէր իր նկարագիրը իրեն մղեց ուսանիլ դեղագործութիւն, իսկ նոյն ասպարէզին մէջ ան դարձաւ յարգուած ու սիրուած գիտնական մը։
Ծայր աստիճան ընթերցասէր՝ ինքնաշխատութեամբ տիրացաւ հայերէն լեզուին եւ այլ լեզուներու բարձր մակարդակին։ Տարիներուն ընթացքին կազմեց հայերէն գիրքերու հարուստ գրադարան մը, իսկ ամէն առիթով Հայաստանէն ու արտասահմանէն կը ստանար հայկական գիրքեր, որոնք կը կարդար մեծ յափշտակութեամբ։ Հաւատաւոր ընթերցողն էր «Ազատ Օր»-ին, միշտ անհամբեր սպասելով, որ թերթը հասնի իր մօտ եւ զայն կարդայ մեծ հաճոյքով։
Որպէս շրջանի կոմիտէի անդամ, ան հետամուտ եղաւ Հայ դատի ծանօթացման օտար շրջանակներուն մէջ։ Մաս կազմեց նաեւ Թեսաղոնիկէի թաղային խորհուրդին, հոն եւս երկար տարիներու ծառայութիւն մատուցելով։
Թաղման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Թեսաղոնիկէի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ ներկայութեամբ բազմաթիւ բարեկամնմերու եւ գաղափարի ընկերներուն։ Շրջանի հոգեւոր հովիւի տուած քարոզէն ետք, հայերէնով եւ յունարէնով դամբանական խօսեցան ընկերներ Յովիկ Գասապեան եւ Պետրոս Հալաճեան, որոնք վեր առին հանգուցեալի արժանիքները։ Ապա, բոլորին սիրելի ընկերոոջ մարմինը հողին յանձնուեցաւ «Վէրքերով լի» երգի ծանր կշռոյթին տակ։
***
Ընկ. Յովիկ Գասապեանի դամբանականը
Սիրելի ընկեր Գալուստ,
Մահուան լուրը տխրութիւն պատճառեց բոլորիս, աւելի աղքատ դարձնելով մեր կազմը, ինչպէս նաեւ առհասարակ հայկական համայնքը եւ տեղական ազգային կեանքը։ Երէկ գիշեր, երբ ընկերներով այցելեցինք բնակարանդ յարգանքի տուրք մատուցելու համար ընտանիքիդ, խնդրեցի տիկինէդ ցոյց տալ գրադարանդ։ Այո՛, մտածումներս ճիշդ էին։ Հայոց պատմութեան հատորներ, երգարաններ, գրականութեան նմուշներ եւ այլ հրատարակութիւններ կը կազմէին հոգեւոր զինանոցդ։ Դուն աւագ սերունդի այդ ընկերներէն էիր, որ միշտ քաջ կը գիտակցէիր ե՛ւ ազգային գործի, ե՛ւ անոր նպատակին հասնելու համար ներքին գաղափարական պատրաստութեան անհրաժեշտութիւնը։ Այսօրուան ցաւալի իրողութիւնը այն է, որ քիչ են այլեւս քեզ նման գրագէտ պատրաստութիւն ունեցող հայերը, բան մը, որ կը պակսի ժամանակէ ի վեր մեր շրջանակներուն մէջ եւս։
Համեստ, խոնարհ, ընթերցասէր, լաւ մասնագէտ որպէս հին դեղագործ, ազնիւ բնաւորութիւն ունեցող մարդ՝ ձերբազատուած ամէն տեսակի մեծամիտական եւ պարծանքի բարդոյթներէ։ Կ՚արժէ յիշել, որ 90-ականներուն սկիզբը մաս կազմեցիր մարդասիրական օգնութեան թռիչքներուն դէպի նորանկախ եւ Արցախի ազատագրական պայքարին մէջ մղուած Հայաստանի Հանրապետութիւնը։ Ներդրումդ որպէս դեղագործ մեծ էր՝ մանաւանդ առողջապահական բնոյթ ունեցող մթերքին վերաբերեալ, որ պիտի հասնէր հայրենիք։ Այդ օրհասական ժամերուն՝ Կարապետին, Վահէին եւ օրուան կոմիտէի ընկերներուն հետ կազմակերպական լուրջ աշխատանքով թիկունք կանգնեցաք անմիջական ձեւով Հայաստանին եւ հայ ժողովուրդին։
Սիրելի ընկեր,
ծառայեցիր հաւատարմութեամբ մինչեւ վերջերս Հ.Յ.Դաշնակցութեան կազմին մէջ, մեզի թողնելով որպէս ժառանգ անմոռանալի յիշատակդ, գործունէութիւնդ եւ անշուշտ որդիդ՝ Մերուժանը, որ վերջին տարիներուն ստանձնեց շրջանիս Հ.Մ.Ը.Մ-ի սկաուտական կորիզի ստեղծման դժուար առաքելութիւնը։
Երթաս բարով, սիրելի ընկեր Գալուստ։
