Շիֆ Արցախի Հայութեան Վնասուց Հատուցում Ապահովելու Բանաձեւ Մը Ներկայացուց
19 Սեպտեմբեր 2024Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի փոխատենապետ Էտըմ Շիֆ Չորեքշաբթի օր ներկայացուց բանաձեւ մը` վնասուց հատուցում ապահովելու Արցախէն բռնի տեղահանուած հայութեան եւ հաշուետուութեան կանչելու Ատրպէյճանի իշխանութիւնները, որոնք մօտաւորապէս տարի մը առաջ չհրահրուած ռազմական գործողութեան մը դիմելով հայաթափեցին Արցախի Հանրապետութիւնը։
«Արցախի ժողովուրդին դէմ Ատրպէյճանի շարունակական գործողութիւնները մարդկային աղէտ մը պատճառեցին, առաջնորդելով ցեղային մաքրագործումի։ Արցախի անմեղ զոհերուն վնասուց հատուցում պէտք է ապահովենք, հաշուետուութեան կանչելով պատասխանատուները», ըսաւ Շիֆ։
Պըրպենքի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Սարգիս Սիմոնեան եւ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան ողջունեցին Շիֆի այս յանդուգն նախաձեռնութիւնը, որուն նպատակը Արցախի հայութեան տարրական իրաւունքները պաշտպանել է։
Բանաձեւը պիտի պահանջէ Ատրպէյճանի պետական գումարներ պահող հաստատութիւններուն, որ Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարարութեան մանրամասն տեղեկութիւններ փոխանցեն անոնց մասին, որմէ 90 օր ետք նախագահը պէտք է գրաւէ զանոնք։
Գրաւուած գումարներով պիտի հաստատուի յատուկ հիմնադրամ մը՝ վնասուց հատուցում տրամադրելու համար իրենց հայրենիքէն տեղահանուած արցախահայերուն, աջակցութիւն ստանալու դիմումները դիւրացնելու կողքին։
Նոյն նպատակին համար կը պահանջուի գրաւել ատրպէյճանցի բարձրաստիճան պաշտօնատարներուն եւ անոնց ընտանեկան պարագաներուն հարստութիւնը, անոնց Ամերիկա մուտքի արտօնութիւնը արգիլելու կողքին։
Բանաձեւը համահովանաւորողներն են՝ Ֆրենք Փալոն, Աննա Էշու, Կէյպ Ամօ, Ճոյս Պիթի, Ճիմ Քոսթա, Ճաշ Կաթիմըր, Տակ ԼաՄալֆա, Սեթ Մեկըզինըր, Ճէյմզ ՄըքԿավըրն, Կրէյս Մենկ, Քեւըն Մալըն, Կրէյս Նափոլիթանօ, Էլընոր Հոլմզ Նորթըն, Ճեն Շաքովսքի, Լինտա Սանչեզ, Պրետ Շըրմըն, Տինա Թայթըս եւ Լորի Թրահան։
Բանաձեւը ամբողջութեամբ կարդալու համար այցելել կայքէջը։