ՀՀ նախագահը հանդիպում ունեցաւ ՀՅԴ Բիւրոյի պատվիրակութան հետ
19 Փետրվար 2000ԵՐԵՒԱՆ, 19 Փետրուար 2000 (ՀՅԴ Մամլոյ Դիւան).- Այսօր, կէսօրին, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը ընդունեց այցելութիւնը ՀՅԴ Բիւրոյի պատուիրակութեան, գլխաւորութեամբ Բիւրոյի ներկայացուցիչ ընկ. Հրանդ Մարգարեանին:
Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Բիւրոյի անդամներ Ալպերթ Աճէմեան, Վահան Յովհաննիսեան եւ Վիգէն Ս. Յովսէփեան:
Հանդիպումը տեւեց աւելի քան մէկուկէս ժամ եւ անցաւ ջերմ մթնոլորտի մէջ:
Բիւրոյի նորընտիր կազմի անդամներու ներկայացումէն ետք, ընկ. Մարգարեան յայտնեց, թէ նորընտիր Բիւրոն իր առաջին քաղաքական հանդիպումը որոշած է ունենալ Հայաստանի Հանրպետութեան նախագահին հետ:
Այնուհետեւ, անկեղծ քննարկումի առարկայ դարձան Արցախի հարցի բանակցութիւնները, ինչպէս նաեւ երկրի ներքաղաքական վիճակն ու անոր հաւանական հետագայ զարգացումները :
Հանդիպումի աւարտին փափաք յայտնուեցաւ քանի մը շաբաթ ետք դարձեալ հանդիպիլ:
Հանդիպումէն ետք, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամները, Հայաստանի Գերագոյն մարմնի անդամներուն հետ, այցելեցին Մարզահամերգային համալիր, ուր երկու օրէ ի վեր զետեղուած է Զօրավար Անդրանիկի աճիւնը: