ՀՅԴ
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցություն պաշտոնական կայք arfd.am
Skip to content
ՀՅԴ

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ՊԱՇՏՈՆԱԿԱՆ ԿԱՅՔ

  • ՄԵՐ ՄԱՍԻՆ
    • Պատմություն
      • Պատմական ակնարկ
      • Կարևոր իրադարձություններ
      • գործիչներ
    • Ծրագիր
    • Կանոնագիր
    • Ընդհանուր ժողովներ
    • Կազմակերպական կառույց
      • ՀՅԴ Բյուրո
      • Հայաստան
        • Գերագույն մարմին
        • Տարածքային կառույցներ
        • ԱԺ խմբակցություն
        • ՀՅԴ-ն գործադիրում
      • Արցախ
      • Կազմակերպական շրջաններ
      • Երիտասարդական/ուսանողական
    • Հիմնարկներ և գրասենյակներ
    • Ուղեկից միություններ
    • Միջազգային համագործակցություն
  • ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
    • Լրահոս
    • Հայտարարություններ
    • Հոդվածներ
  • ՄԱՄՈՒԼ
    • «Դրօշակ» պաշտոնաթերթ
    • Լրատվամիջոցներ
  • ՇՏԵՄԱՐԱՆ
    • Գրադարան
    • Տեսադարան
    • Ձայնադարան
    • Լուսանկարներ
    • Թանգարան
    • Արխիվ
  • ՀԵՏԱԴԱՐՁ ԿԱՊ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
    • Դաս
    • Նոր
  1. ԳԼԽԱՎՈՐ ԷՋ
  2. ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ
  • Պատմություն, իրադարձություններ, գործիչներ
  • Հոդվածներ

Եղբ. Գրիգորը Պէտք չէ Մեռնի…

09 Հոկտեմբեր 2024

«Այն, ինչ մէկ անգամ խորապէս վայելած ենք, երբեք չենք կրնար կորսնցնել։ Ամէն ինչ, որ խորապէս սիրած ենք, մեր էութեան մէկ մասը կը դառնայ» – Հելեն Քելլեր.

Խոր վիշտով ու նաեւ իր ապրած կեանքին համար անսահման երախտագիտութեամբ կը սգամ իմ անզուգական միութենական եղբոր ու առաքինի ընկերոջ, ընտանեկան բարեկամի, մտաւորականի, հասարակական գործիչի, երկարամեայ ուսուցիչ եւ դաստիարակի՝ Եղբ.-Ընկ. Գրիգոր Հալլաճեանի մահը, որ պատահեցաւ Վիեննայ մէջ Սեպտեմբեր 22, 2024-ին։

Անոր ֆիզիքական մեկնումին հետեւանքով պարպուած տեղը դժուար (թերեւս անկարելի) պիտի ըլլայ լեցնել:

Եղբ. Գրիգորը, ո՛չ միայն եկաւ ու անցաւ կեանքէն, այլ գրկաբաց ընդունեց զայն, սիրե՛ց կեանքը ու կեանքո՛վ ապրեցաւ, պայքարեցաւ կեանքին համար եւ անձնուիրաբար ծառայեց իրեն շրջապատողներուն: Իր ապրած 79 գարուններու 60 տարիները, ընտանեկանի կողքին, միութենական ու հանրային-ազգային գործի նուիրեց: Չնայած իր դիմագրաուած բազմաթիւ ու վտանգաւոր հիւանդութիւններուն, ան երբեք չյանձնուեցաւ՝ պայքարեցաւ, յաղթեց, ու բազում անգամներ նորէն հիւանդացաւ ու կրկի՛ն պայքարեցաւ այնպիսի ոգիով մը, որ կը ներշնչէր ու կը համակէր բոլոր անոնց, որոնք բախտաւորութիւն ունեցան զինք ճանչնալու։

Պոլիս ծնաւ եղբ. Գրիգոր: Վաղ տարիքին զրկուեցաւ իր մօրմէն: Ճարտար պատմող էր ան: Ֆիլմի պէս կը պատկերացնէի իր բոլոր պատմութիւնները ու յատկապէս մօրը մահուան հետ կապուած անցուդարձերը, Պոլսոյ յիշատակները, իրենց ապրած շէնքը, եղբայրը, հայրը, դրացիները…: Մօրը կորուստը ծանր էր, որ շատերուն հոգին պիտի ճնշէր։ Սակայն ո՛չ իրեն։ Ան կրցաւ կերտել իր անձը՝ տեղափոխուեցաւ Պէյրութ, ու մօրեղբոր ու անոր տիկնոջ խնամքին տակ հասակ առաւ, որոնց մի՛շտ երախտապարտ էր: Ապա՝ երիտասարդ հասակին, 1960-ականներուն կեանքին նոր հանգրուանը Վիեննայի մէջ բացաւ, աշակերտելով տեղւոյն Մխիթարեան Միաբանութիւնը։ Այստեղ՝ իր գիտութեան նկատմամբ ունեցած սէրը ծաղկեցաւ, եւ ան մինչեւ իր վերջին շունչը վերածուեցաւ քալող գրադարանի, մարդկային հանրագիտարանի…։ Մխիթարեան Միաբանութենէն նետուեցաւ գործի ասպարէզ, ամուսնացաւ, ընտանիք կերտեց, իր զաւակներուն Նարեկին ու Լեւոնին թոռները գրկեց, անդադար աշխատեցաւ, ու վերջին 30 տարիներուն որպէս պարտաճանաչ ու գիտակից հաշուապահի ասպարեզ վաստակեց:

Ան ո՛չ միայն կարդացած էր, այլ՝ գիտուն. Զարգացա՛ծ էր, ժամանակակի՛ց էր, արհեստագիտութեան մօտ, խոհեմ ու փորձառու էր։ Միշտ կը ձգտէր ընդլայնել իր գիտելիքները, թարմացնել, եւ անոնք փոխանցել իր կողքիններուն։ Ամէն զրոյց, ամէն հանդիպում եղբայր Գրիգորին հետ, կը դառնար ներգործիչ ու տպաւորիչ փորձառութիւն, յիշողութիւն մը, որ կը դրոշմուի մտքիդ ու հոգիիդ մէջ։

Եղբ. Գրիգորին բնակարանը, մտաւորականութեան եւ մշակոյթի թանգարան մըն է: Անոր ամենաթանկագին գանձերը՝ իր հսկայական գրադարանը, մամուլի հաւաքածոներն ու հրատարակութիւնները, գրութիւնները, արուեստի կտորներն ու արխիւները, ձեռագործները, կիթարները, արխիւային ու ընտանեկան-միութենական նկարներ են զորս ան կը պահպանէր սրբութեամբ: Ի՛նչ պիտի ըլլան այդ գանձերը։ Այս առարկաները անոր համար նուիրական էին, իւրաքանչիւր գրքոյկ կամ գրութիւն իր առանձնայատուկ պատմութիւնը եւ կեանքի յիշատակ մը ունէր: Օ՜հ ինչ խնամքով կը գուրգուրար իր բոյսերն ու պոսթանները, որոնք ինք կը ցանէր ու կ՛աճեցնէր: Անկարելի էր, եղբ. Գրիգորենց այցելել եւ թանգարանային նոր արժէք մը չյայտնաբերել ու մխիթարիսթ խմիչքի ընկերակցութեամբ չնետուիլ գեղարուեստի ու բարձրորակ զրոյցներու ովկիանոսը:

Անոնք, որոնք իրեն մօտ էին, գիտէին, որ իր կեանքի մեծագոյն օժանդակութիւնն ու անսահման սիրոյ աղբիւրը իր նրբագեղ ու ազնուափայլ տիկինը՝ Մարգարիտն էր: Մարգարիտ, իրական գոհար մը, բառացիօրէն շատ բաներ զոհեց եղբ. Գրիգորին համար ու դարձաւ օրինակելի կողակից մը սիրոյ ու նուիրումի խոր զգացումով։ Ան, իր քաղցր ժպիտով ու քնքուշ ձայնով միշտ եղբ. Գրիգորին կողքին էր, անոր հաւատարիմ ուղղեկիցը՝ սիրալիր ու քաջալերող ամէն փորձութեան մէջ։ Եւ երբ գուցէ տառապանք կամ մենութիւն կար, եղբ.-ընկեր Գրիգորը միշտ կը նշէր, թէ ինչքան ուրախ էր, ինչքան հպարտ՝ իր կողքին ունենալով Մարգարիտը, որ իր կեանքը լիարժէք եւ յատկանշական կը դարձնէր:

Թէեւ ան մեզմէ տարիքով շատ աւելի մեծ էր, երբեք չզգացինք տարիքի տարբերութիւնը: Իր ոգին, միտքը, եւ տրամադրութիւնը միշտ երիտասարդ էին՝ նոյնիսկ մեզմէ աւելի երիտասարդ: Ան խրախուսող էր, հիանալի սուր հումորի զգացումով օժտուած, կատակասէր, կարեկցող, հասկցող բայց խստապահանջ ու կարգապահ, օրինակելի ընկեր: Ո՛չ մէկ ժամանակ իր տարիքի մեծութիւնը չարաշահեց իր տեսակետը պարտադրելու համար: Ան յաճախ կը տպաւորէր մեզ իր լայնախոհ մտածելակերպով, որոշումներով, պատասխանատուութեան գիտակցութեամբ ու մանաւանդ՝ դիմացկոտութեամբ: Տարիքի տարբերութիւնը չէինք զգար, որովհետեւ ան իր ոգիին մէջ նորաստեղծ էր եւ կենարար…:

Անոր կեանքի ու բնութեան հանդէպ ունեցած սէրը վարակիչ էր: Ան այնպիսի հմտութիւն մը ունէր ամէնէն մանր ու պարզ հաճոյքները տեսնելու, բնութիւնը զգալու, այնպիսի յատկութիւն մը՝ սովորական պահերը արտասովորի վերածելու։ Թէ՛ լուռ սուրճի պահ մը, Թէ՜ Աւստրիոյ գեղատեսիլ բնութեան գիրկը, այգիներուն, լճափներուն կամ հոյրիկեներուն (գինետուներուն) մէջ, եւ թէ՜ աւելի մեծ հաւաքներու ընթացքին՝ ան միշտ ջերմութիւն կը ճառագայթէր, բնութիւնը կը գովերգէր, մեծն ու փոքրը կը յարգէր եւ իր հարուստ գիտելիքով, խորաթափանց քննարկումներու դուռ կը բանար կամ ուրախութիւն կը ստեղծէր:

Վիեննայի Հայ Համայնքին ծառայելը իրեն համար լոկ պարտականութիւն չէր, այլ՝ կոչում ու առաքելութիւն: Ան հիմնադիրներէն է Վիեննայի շաբաթօրեայ Յովհաննէս Շիրազ դպրոցին, ուր առաջին տնօրէնի պաշտօնը զբաղեցուցած է, ինչպէս նաեւ խումբ մը տղոց հետ հիմնադրած ու արթուն պահակը դարձած է Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Վիեննայի Մասնաճիւղին: Նոյնիսկ երբ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի մասնաճիւղը որոշ շրջան մը կաղած է, ան եղունգներով կառչած մնացած է ակումբը բա՛ց պահելու…«երեք-չորս հոգիով տասը տարի ակումբ բաց պահեցինք, մինչեւ որ ետ վերաշխուժացաւ ու աւելի քան հարիւր անդամի հասանք» կը վկայէր ան: Հինգ տասնամեակներ շարունակ ան անձնուիրաբար ծառայեց, անցաւ Խոհրդային Հայաստան-Սփիւռք տագնապալի տարիներու եւ Եւրոպայի մէջ ընթացող հայ դատի պայքարի փոթորիկներէն, կառուցեց յարաբերութիւններ, ստեղծեց կամուրջներ, սերունդներ կերտեց:

Աւելի պարզ՝ հայերէն ու հայոց պատմութիւն դասաւանդեց, բազմաթիւ նիւթերու շուրջ դասախօսութիւններ ներկայացուց, դասընթացքներ, կուսակցական հետեւողական ու կազմակերպ կեանք վարեց, հայ դատի խոհրդաժողովներ ու սեմինարներ իրագործեց, բանակումներ, պարախումբեր, պտոյտներ ու դաշտագնացութիւններ կազմակերպեց: Աւելին՝ Արցախեան առաջին պատերազմի տարիներւն գերմանախօս մամուլի բոլոր հրատարակութիւնները հաւաքագրեց, երկրաշարժի ու իրարայաջորդ պատերազմներու եւ տագնապներու ժամանակ համայնքը զօրաշարժի ենթարկեց, Աւստրիական հասարակութեան մօտ հայութեան ու Հայաստանի շուրջ իրազեկութեան մակարդակը բարձրացուց, հայրենիքի օժանդակութեան հասաւ եւ այս բոլորը առաջնորդելու եւ ղեկավարելու նպաստեց։

Վերջին տասնամեակին մեծ ջանք ու ճիգ թափեց Միջին Արեւելքէն ու յատկապէս Սուրիական տագնապէն Վիեննա ապաստանած հայորդիներուն համար։ Բարիացակամ ու ազնիւ վերաբերմունք ցուցաբերեց նոր տեղափոխուածներուն, անոնց համարկման, Աւստրիական կեանքին ընտելանալու համար ծրագիրներ իրագործեց, օգնեց բոլորին իր կարողութիւններէն անդին:

Ան արդարօրէն արժանացաւ Վիեննայի Հայ Համայնքի սիրոյն ու գնահատանքին, ինչպէս նաեւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Ծառայութեան շքանշանին: Իր մահուան առթիւ, Աւստրա-Հայկական Մշակութային Ընկերութեան նախագահ Դոկտ. Յարթունեանը հետեւալը գրեց՝ «Հանգուցեալը համայնքիս սիրուած եւ յարգուած հայրենակիցներէն մէկն էր. ազնիւ հայրենակից, մտաւորական, գիտակից հայրենասէր, ազգային արժէքներու աւանդապահ, պարտաճանաչ, օգնելու միշտ պատրաստակամ, լաւատեղեակ հայ գրականութեան ու հայ ժողովրդի պատմութեան: Իր մահով աւստրիոյ հայութիւնը կորսնցուց համայնքի վերջին կէս դարի պատմութեան լաւատեղեակ անդամներէն մին:» Հակառակ այս իրաւացի վկայութեան, դժբախտաբար, եղբ. Գրիգորին վաստակը համահայակական կամ համասփիւռքեան արժանի ուշադրութեան ու գնահատանքին չարժանացաւ…: Արցախեան վերջին ողբերգութիւնները շատ ծանր ազդեցին վրան, չէր ուզեր խօսիլ, կը հեկեկար երբ մեր վերջին օրերու ողբալի վիճակին մասին հեռաձայնով կը խօսէինք…: Վիեննայի Հայ համայնքին հզօր ու անսասան սիւնն էր, մոհիկանը, յոյսի նշոյլը։ Մէկ խօսքով՝ անոր ժառանգութիւնը անգին է, իսկ՝ իրագործածը սերունդներուն կտակ:

«Եղբ. Գրիգորին նմանները պէտք չէ մեռնին» կ՛ըսէինք ես ու տիկինս Անին ամէն անգամ որ լիցքաւորուած ու բարձր տրմադրութեամբ կը բաժնուէինք եղբ. Գրիգորէն: Գիտէինք, թէ հիւանդութիւնը անողոք է, բայց կը հաւատայինք իր դիմացկոտութեան: Անոր կորուստը ցաւալի է, սակայն մխիթարութիւն կը գտնենք այն հարուստ յիշատակներուն մէջ, որոնք միասին ապրեցանք ու վայելեցինք անցնող տասնամեակին. Անկեղծ ու անշահախնդիր յարաբերութիւն մշակեցինք, զիրար լսեցինք ու գօտեպնդեցինք, անթիւ դասեր, խոհուրդներ ու կեանքի պատգամներ քաղեցինք, որոնք միշտ պիտի յիշենք:

Հանգչի՛ր խաղաղութեամբ, սիրելի եղբ.-ընկեր Գրիգոր: Հետեւելով նախաբանի խօսքին, որովհետեւ ես ու իմ ընտանիքը աւելի քան հարիւր անգամներ խորապէս վայելած ենք ու սիրած ենք քեզ, դուն մեր էութեան մէկ մասը կը դառնաս: Հետեւաբար, մինչ քու անցաւ մարմինդ այսօր բնութեան հետ կ՛ընդելուզուի, մեր միասին անցած ճանապարհն ու փորձառութիւնը՝ մեր էութեան:

Գէորգ Յակոբճեան
Հոկտեմբեր 8 2024, Լոս Անճելըս

https://www.arfd.am/wp-content/uploads/2024/10/AQNXd8Y-UNHdiDup4jZdob8V_yRVhgsHb8hW1Cl03ojMCAoGc7ogziPOvdXQKM1e9lT5AFG_cbOIG5SQDZ4s-Rbw.mp4
FacebookTwitterOdnoklassnikiTelegramPrint
Լրահոս
Խմբագրական.- Հայաստանը՝ 35 Տարեկան

1991ի Սեպտեմբեր 21ին, երբ Հայաստան անկախութիւն հռչակեց Խորհրդային Միութենէն, ի

21 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Սեպտեմբերի 21. Պետականութի

Այսօր 2026 թ. Սեպտեմբերի 21-ը Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախութեան 35-ամեակ

21 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Անկախութիւն՝ բայց ի՞նչ տես

Հայաստանի անկախութեան 35-ամեակը բնականաբար առիթ է տօնելու, բայց միեւնոյն ժաման

21 Սեպտեմբեր 2026
ՀՅԴ Հայ Դատի Եվրոպայի գրասենյակը՝ Հայ

ՀՅԴ Հայ Դատի Եվրոպայի գրասենյակը ջերմագին մաղթանքներ է հղում և սրտանց շնորհավո

21 Սեպտեմբեր 2026
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագույն մարմնի հայտարա

Սիրելի՛ հայրենակիցներ, 1991 թվականի սեպտեմբերի 21-ին հայ ժողովուրդը վերահաս

21 Սեպտեմբեր 2026
Կեղծ խաղաղության կարգախոսների ներքո շա

Սեպտեմբերի 21-ի կապակցությամբ ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոբերտ Քոչարյանի ուղերձը.

21 Սեպտեմբեր 2026
Անկախութեան 35 տարիները՝ հաշուեկշիռ եւ

­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան վե­րան­կա­խաց­ման 35-ա­մեա­կը ա­ռիթ է վե­րար

21 Սեպտեմբեր 2026
Վերակառուցումէն Հռչակագիր, Ապա Անկախու

Հայաստանի վերանկախացման թուականի` 21 սեպտեմբեր 1991-ի 35-ամեակն է այս տարի:

21 Սեպտեմբեր 2026
Խմբագրական. Գերիշխանութեան Պահպանման Հ

Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման տօնի նշումին արդիական հնչեղութիւն ապահո

21 Սեպտեմբեր 2026
Յայտարարութիւն ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի

Դաշնակցութեան դէմ բանաւոր յարձակումը, որ դարձեալ բռնկած է ՔՊ-ի կողմէ այս օրերո

21 Սեպտեմբեր 2026
Մուսա Լերան Հերոսամարտի 111-Ամեակի Եւ

Անցնող շաբաթավերջին, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական-

21 Սեպտեմբեր 2026
Մուսա Լերան Անմար Կրակը` Անցեալէն Դէպի

Սեպտեմբերեան այս օրերուն մեր նախահայրերուն յիշատակն է, որ կը լեցնէ մեր հոգիներ

20 Սեպտեմբեր 2026
Յայտարարութիւն Հ.Յ.Դ. Իրանի Հիւսիսային

Վերջին օրերին Հայաստանի Ազգային ժողովի ամբիոնից հնչեց յայտարարութիւն՝ դաշնակցա

20 Սեպտեմբեր 2026
Պարտավոր ենք հիշել․ ՀՅԴ Արցախի երիտասա

2020 թվականի 44-օրյա պատերազմը և 2023 թվականի սեպտեմբերի 19-ին Արցախի դեմ սանձ

20 Սեպտեմբեր 2026
Քաղաքացիություն ստանալը դժվարացնում են

Ըստ ՀՅԴ Հայ դատի և քաղաքական հարցերի գրասենյակի ղեկավարի` սփյուռքը չի կարող խա

20 Սեպտեմբեր 2026
Սեպտեմբերյան պատերազմները․․․

Երբեք չեմ հասկացել, թե ինչու՞ է 2020 թվականի սեպտեմբերի 27-ին Ադրբեջանի սանձազ

19 Սեպտեմբեր 2026
Երբ ասում են` Արցախը երբեք հայկական չի

ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթելյանը հանդես է եկել տեսաուղերձով․

19 Սեպտեմբեր 2026
Արցախի Հանրապետության Հանրային խորհրդի

2023 թվականի սեպտեմբերի 19-ին Ադրբեջանի կանխորոշմամբ և աշխարհի լուռ համաձայնու

19 Սեպտեմբեր 2026
Քանի դեռ կա թուրք-ադրբեջանական մոտեցու

Այսօր՝ սեպտեմբերի 19-ին, Արցախի հայաթափման 3-ամյա տարելիցին, տեղի է ունեցել «Հ

19 Սեպտեմբեր 2026
Արցախցիների հավաքական և անվտանգ վերադա

Արցախի Հանրապետության Ազգային ժողովի նախագահի պարտականությունները կատարող Գագի

19 Սեպտեմբեր 2026
Բոլոր Նյութերը
Հետեվեք մեզ
Facebook
Twitter
YouTube
Instagram
Ստացեք մեր լուրերը էլ.փոստով
Loading
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ Հասցե՝ ՀՀ, ք. Երևան, Մհեր Մկրտչյան 12/1 Հեռախոս՝ (+374) 10 52 17 65, (+374) 10 52 18 74 Էլ. փոստ՝ [email protected]
© ARF Dashnaktsutyun- ARMENIAN REVOLUTIONARY FEDERATION Website by Web Development Company