Ֆրանսահայ Երիտասարդութիւնը Կը Մերժէ Աթաթուրքի Կիսանդրիի Տեղադրումը
01 Նոյեմբեր 202426 հոկտեմբերին Փարիզի հիւսիսային արուարձաններէն Էփինէ սիւր Սենի մէջ բացումը կատարուեցաւ Աթաթուրքի կիսանդրիին: Այս մասին եւ տեղւոյն հայ երիտասարդութեան ու գաղութին կեցուածքին մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ ունենալու նպատակով «Ազդակ» զրոյց մը ունեցաւ ՀՅԴ Ֆրանսայի «Նոր սերունդ» երիտասարդական միութեան Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Նժդեհ Գարագաւորեանին հետ:
Ան տեղեկացուց, որ իրենք նման քայլի մը մասին գիտցած են անհատներու ճամբով, որոնք նման լուր կարդացած են ընկերային ցանցերու վրայ թրքական էջերէ: Յետ փնտռտուքներու եւ ստուգումներու, ի յայտ եկած է, որ կայ այնպիսի ծրագիր, եւ անիկա բաւական երկար ժամանակէ պատրաստութեան մէջ է, մայիսին ստորագրած է անոր տեղադրման արտօնութիւնը բովանդակող փաստաթուղթ մը: «Մենք յետոյ, երբ աւելի պրպտեցինք համացանցի տարբեր հարթակներու վրայ, գտանք հրաւէրներ եւ քաղաքապետարանի թոյլատուութիւնը` տեղադրելու այս կիսանդրին», նշեց ան:
Պատասխանելով այն հարցումին, որ ցարդ եղած հետապնդումները արդիւնք տուի՞ն, եւ արդեօք տեղադրումէն ետք պիտի շարունակե՞ն աշխատանքը այս ուղղութեամբ, Ն. Գարագաւորեան ըսաւ. «Մենք` իբրեւ երիտասարդական միութիւն, եղանք առաջինը, որ այս լուրը հրապարակեցինք եւ փորձեցինք սկսիլ ճնշում բանեցնել թէ՛ քաղաքապետարանին եւ թէ՛ աջակողմեան մեր բոլոր գործընկերներուն վրայ` շեշտելով, որ այս հարցը մեզի համար ընդունելի չէ: Մենք որոշ տեղեր հասանք քանի մը ձեռքբերումներու, ուրիշ տեղեր ալ ձախողեցանք: Առաջինը` քաղաքապետը, որ սկզբունքով ներկայ պիտի գտնուէր այդ ձեռնարկին, ներկայ չգտնուեցաւ: Երկրորդ` օրեր շարունակ քաղաքապետարանին հեռաձայնային գիծը մնայուն զբաղած պահեցինք, որովհետեւ մենք մղեցինք գաղութը, որ անընդհատ հեռաձայնէ քաղաքապետարան:
«Բայց մեր պահանջին խոցելի կէտը այն է, որ իրենք պատճառաբանեցին, թէ այս կիսանդրին կը տեղադրեն իրենց Տրապիզոնի եւ շրջակայքի թրքական հայրենակցական միութեան կազմակերպութեան պատկանող շէնքի մը ետեւի պարտէզը, այսինքն հանրային վայր չէ: Թիֆլիսի մէջ գտնուող Հայտար Ալիեւի արձանի նման վայր մը չէ ասիկա, այլ պարզապէս իրենց շէնքի ետեւի բակին մէջ գտնուող պզտիկ պարտէզին մէջ է, որ տեղադրած են այս կիսանդրին: Ուրեմն քաղաքապետը ներկայ չգտնուեցաւ, եւ մամուլի անդրադարձը նուազագոյն չափով եղաւ, որովհետեւ ոչ մէկ ֆրանսական քաղաքական դէմք ներկայ եղաւ: Անշուշտ ասիկա մեզի համար յաղթանակ չէր, ընդհակառա՛կը, պարտութիւն է, թէկուզ մենք ունինք Լիզպոն հինգին նուիրուած յուշարձաններ, ունինք «Սողոմոն Թեհլիրեան» պողոտաներ եւ հրապարակներ Ֆրանսայի մէջ, բայց եւ այնպէս, մենք չենք ընդունիր Աթաթուրքի նման ջարդարար, ցեղային զտումներու մասնագէտ եւ Ցեղասպանութեան փաստը թաղած եւ ջնջած անձի մը կիսանդրին տեղակայումը Ֆրանսայի մէջ:
«Մեր պրպտումներուն ընթացքին բացայայտեցինք աւելի՛ վատը, գտանք նաեւ նկարներ, որ շրջանի քաղաքապետ Հերվէ Շըւրօ այցելած է Թուրքիա եւ նկարուած Աթաթուրքի շատ մեծ արձանի մը դիմաց` ընկերակցութեամբ նախագահին Տրապիզոնի եւ շրջակայքի թրքական հայրենակցական միութեան, որուն տարածքին մէջ ալ տեղադրուած է կիսանդրին: Պէտք է ըսեմ, որ Էփինէ սիւր Սենը մեծամասնութեամբ բնակուած է թուրքերու կողմէ եւ պարզապէս ընտրական հաշիւներով է, որ քաղաքապետը կը դիմէ այս քայլին: Քաղաքապետը աջակողմնեան է, եւ մենք աջակողմեաններուն հետ ունինք լաւ յարաբերութիւններ», յայտնեց ան:
Ն. Գարագաւորեան հաստատեց. «Մենք պիտի պայքարինք այս կիսանդրիին դէմ եւ յառաջիկայ օրերուն մենք ունինք նաեւ հանրային ընթրիք, որ աւանդական դարձած Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդին ընթրիքը չէ, այլ, այս պարագային, առաջին անգամ ըլլալով ՀՅԴ «Նոր սերունդ»-ը կը կազմակերպէ նման ձեռնարկ մը` հրաւիրելով Ֆրանսայի ամբողջ քաղաքական դաշտի երիտասարդական թեւերու ներկայացուցիչներ: Այս նիւթը հոն եւս պիտի արծարծուի, եւ մենք յստակ ուղերձ պիտի ուղղենք բոլորին, յատկապէս` աջակողմեաններուն, որ այս հարցը մեզի համար անընդունելի է: Ատկէ զատ, մենք տակաւին կը փորձենք ամէն կարելին ընել քաղաքակրթական, քաղաքական եւ քաղաքացիական ուղիներով, բայց ասիկա չի նշանակեր, որ մենք պատրաստ չենք այլ ձեւերու դիմելու, եթէ այս մեր առաջարկած ձեւերը մեզ յաջողութեան չհասցնեն:
«Գիտակից ենք, որ բարդ հարց է, յատկապէս այն պատճառով, որ անձնական տարածքի վրայ տեղադրուած է այս կիսանդրին, բայց մենք ամէն գնով պիտի շարունակենք մեր գործը, այնպէս մը պիտի ընենք, որ քաղաքապետարանը զղջայ այս որոշման համար, եւ այդ կիսանդրին վերցուի»:
Անդրադառնալով այն դիտարկման, թէ կրնա՞յ ըլլալ, որ այս արարքով ընդհանրապէս Ֆրանսայի մէջ մտածելակերպ եւ մօտեցում փոխուած է, թէ՞ պարագայական արարք մըն է եղածը` Նժդեհ Գարագաւորեան ըսաւ, որ խորքին մէջ ֆրանսական հանրային կարծիքն ու լրատուամիջոցները տեղեակ ալ չէին այս մասին, նախաձեռնողները ուշադիր էին այս գծով եւ ֆրանսերէնով ոչ մէկ հրապարակում կատարուած էր, այլ ամէն ինչ թրքերէն էր գրեթէ: Ֆրանսահայ երիտասարդներն են, որ լուսարձակի տակ բերին նման կիսանդրիի տեղադրութիւնն ու անոր անընդունելիութիւնը: Ֆրանսերէնով հրատարակուող մամուլը նոյնիսկ տուեալ չունէր այս մասին, եթէ «Նոր սերունդ»-ի երիտասարդները չպրպտէին ու չգտնէին տեղեկութիւններ. ասիկա անգամ մը եւս կը հաստատէ, որ իրենք բաւական ուշադիր էին այս հարցը ֆրանսական մամուլով արծարծելէ: «Անշուշտ մենք բացումէն ետք պիտի շարունակենք մեր պայքարը: Մենք նախատեսած ենք յոյներու եւ քիւրտերու հետ հանդիպումներ այս գծով, որովհետեւ յոյներն ու քիւրտերը նաեւ խօսք ունին ըսելիք այս մասին եւ իրենք կարողութիւնը չունին անհատաբար միայն իրենց գաղութով իրենց բողոքի ձայնը լսելի դարձնելու, միասնաբար կարելի է բաւականին բարձր աղմուկ հանել, եւ այդպէս ալ պիտի փորձենք ընել գալիք ամիսներուն` համադրելով հանդիպումներ, ժողովներ», եզրափակեց ՀՅԴ «Նոր սերունդ» երիտասարդական միութեան Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Նժդեհ Գարագաւորեան: