«Վահէ Յակոբեան եւ Զաւակունք» անուան 150 հազարի նոր հիմնադրամի մը ստեծղծումը զարկ պիտի տայ Վանգուվըրի եւ գանատահայ այլ կառոյցներու հզօրացման
06 Դեկտեմբեր 2024
Վահէ Յակոբեան եւ Զաւակունք, համագործակցութեամբ Vancouver Armenian Community Center Society-ին ( ՀՅԴ Վանգուվըրի «Ս. Վրացեան» կոմիտէին) կը յայտարարեն 150 հազարի անձեռնմխելի հիմնադրամի յառաջացումը՝ Armenian Endowment Fund-ի (Թորոնթօ) հովանիին ներքոյ: Հիմնադրամը պիտի կոչուի «Վահէ Յակոբեան եւ Զաւակունք» ( VACCS) ֆոնտ:
Հիմնադրամին տարեկան շահոյթը պիտի յատկացուի մեծաւ մասամբ Վանգուվըրի Հայ կեդրոնի հովանիին ներքոյ գործող կազմակերպութեանց, տեղւոյն բարեսիրական, մշակութային, երիտասարդական-պատանեկան եւ Հայ Դատի ծրագիրներուն։
Եկամուտէն որոշ բաժին մը նպատակաուղղուած պիտի ըլլայ ՀՅԴ Բիւրոյի Հայաստանի եւ արցախահայութեան ծրագիրներուն, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի համագանատական ծրագիրներուն։
Յակոբեան ընտանիքը պիտի շարունակէ սատարել եւ աւելցնել հիմնադրամին մայր գումարը տարուէ տարի։
